ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
11. Աշխատասէր ըլլալ
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ
Աշխատասէր անհատները գործէն չեն փախիր։ Ընդհակառակը, անոնք հաճոյքով ծանր կ’աշխատին, նոյնիսկ եթէ իրենց գործը հրապուրիչ չէ, որպէսզի կարենան իրենց պէտքերը ապահովել եւ ուրիշներուն օգնել։
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
Ուզես կամ չուզես, կեանքը պատասխանատուութիւններով լեցուն է։ Աշխատասէր ըլլալը օգուտներ ունի այս աշխարհին մէջ, ուր շատեր չեն սիրեր ծանր աշխատելու գաղափարը (Ժողովող 3։13)։
«Փորձառաբար տեսած եմ որ երբ ծանր կ’աշխատիս, դուն քեզմով հպարտ ու գոհունակ կը զգաս։ Իրականութեան մէջ, այդ գոհունակութիւնը զիս մղած է աշխատանքը սիրելու։ Նաեւ երբ ծանր կ’աշխատիս, լաւ անուն ձեռք կը ձգես» (Ռէյըն)։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ» (Առակաց 14։23)։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ
Հետեւեալ քայլերը առնելով ջանա՛ դրական աչքով նայիլ գործին։
Գործը լաւ կերպով ընելով գոհունակութիւն ունեցիր։ Ի՛նչ ալ ըլլայ ըրած գործդ,– տնային պարտականութիւն, դպրոցական դաս կամ աշխարհիկ գործ,– սրտանց աշխատէ։ Երբ տեսնես որ գործը լաւ կ’ընես, նայէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ա՛լ աւելի լաւ կամ աւելի արագ ընել զայն։ Որքա՛ն աւելի վարպետ ըլլաս գործիդ մէջ, այնքան աւելի հաճոյք պիտի առնես ատկէ։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Իր գործին մէջ ժիր մարդ մը կը տեսնե՞ս, անիկա թագաւորներուն առջեւ պիտի կենայ, բայց աննշան մարդոց առջեւ պիտի չկենայ» (Առակաց 22։29)։
Տես թէ ուրիշները ինչպէ՛ս կ’օգտուին։ Ընդհանրապէս, երբ պատասխանատուութիւններդ լաւ կերպով կատարես, ուրիշներն ալ կ’օգտուին։ Օրինակ, երբ աշխատասիրութեամբ ընես տնային պարտականութիւններդ, ընտանիքիդ միւս անդամներուն բեռը կը թեթեւցնես։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35)։
Ակնկալուածէն աւելին ըրէ։ Փոխանակ գործիդ մէջ նուազագոյն ջանքը թափելու, ջանա՛ պահանջուածէն աւելին ընել։ Այսպիսով, դուն կառավարած կ’ըլլաս կեանքդ, այսինքն՝ դո՛ւն որոշած կ’ըլլաս աւելին ընել, եւ ոչ թէ ուրիշները քեզ ստիպած կ’ըլլան (Մատթէոս 5։41)։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Քու բարերարութիւնդ իբր թէ ստիպմամբ եղած չըլլայ, հապա՝ կամաւ» (Փիլիմոն 14)։
Հաւասարակշռուած եղիր։ Աշխատասէր անհատները ծոյլ չեն ըլլար, ոչ ալ գործի մոլի կ’ըլլան։ Անոնք հաւասարակշռուած են. թէ՛ ծանր աշխատելէն հաճոյք կ’առնեն, թէ ալ հանգիստ ընելէն։
ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Աւելի աղէկ է մէկ լեցուն ձեռք հանգստութեամբ, քան թէ երկու լեցուն ձեռք, որ աշխատանքով ու հոգիի տանջանքով է» (Ժողովող 4։6)։