Հաւատարիմ ու անվախ՝ նացի կեղեքումին դիմաց
Հաւատարիմ ու անվախ՝ նացի կեղեքումին դիմաց
Հոլանտայի Վիլհելմինա Թագուհին 17 Յունիս 1946–ին ցաւակցական պատգամ մը ուղարկեց Եհովայի Վկայ ընտանիքի մը, Ամսթերտամի մէջ։ Անոր նպատակն էր իր հիացումը արտայայտել այդ ընտանիքի զաւկին՝ Ճէյքոպ վան Պէնէքոմի հանդէպ, որ Բ. Աշխարհամարտին՝ Նացիներուն կողմէ մահապատիժի ենթարկուած էր։ Քանի մը տարի առաջ, Հոլանտայի արեւելեան մասին մէջ գտնուող Տիւթինքըմ գիւղաքաղաքի խորհրդաժողովը որոշեց փողոց մը կոչել Պերնար Բօլմէնի անունով, որ նաեւ Եհովայի Վկայ մըն էր եւ պատերազմի ժամանակ մահապատիժի ենթարկուած էր։
ՆԱՑԻՆԵՐԸ ինչո՞ւ Ճէյքոպին, Պերնարին եւ Հոլանտայի մէջ եղող ուրիշ Եհովայի Վկաներու հակառակեցան Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին։ Իսկ ի՞նչ բան կարող դարձուց այս Վկաները որ տարիներ վայրագ հալածանքի ներքեւ հաւատարիմ մնան, եւ ի վերջոյ իրենց հայրենակիցներուն եւ թագուհիին յարգանքին ու հիացմունքին արժանանան։ Ասիկա գիտնալու համար, վերաքաղ ընենք կարգ մը դէպքեր, որոնք առաջնորդեցին Դաւիթ–Գողիաթական ճակատումի մը՝ Եհովայի Վկաներու խմբակի մը եւ Նացիներու հսկայ ռազմական մեքենայութեան միջեւ։
Արգիլուած՝ Սակայն Որեւէ Ժամանակէ Աւելի Գործունեայ
10 Մայիս 1940–ին, Նացի բանակը յանկարծ խոյացաւ Հոլանտայի վրայ։ Քանի որ Եհովայի Վկաներու բաշխած գրականութիւնները Նացիականութեան ամբարիշտ գործերը կը քօղազերծէին եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ջատագովէին, Նացիները անմիջապէս փորձեցին Վկաներուն գործունէութիւնը կասեցնել։ Նացիները Հոլանտա ներխուժելէն երեք շաբաթ չանցած, գաղտնի հրամանագիր մը հանեցին Եհովայի Վկաները արգիլելով։ 10 Մարտ 1941–ին, մամուլի տեղեկագրութեամբ այս արգելքը հանրութեան գիտցուեցաւ, Վկաները ամբաստանելով
որպէս «պետական եւ եկեղեցական բոլոր հաստատութիւններու դէմ» պայքարողներ։ Որպէս արդիւնք՝ Վկաները ձերբակալելու արշաւը սաստկացաւ։Հետաքրքրականօրէն, սակայն, տխրահռչակ Կէսթափօն, կամ՝ գաղտնի ոստիկանութիւնը, բոլոր եկեղեցիները հսկողութեան տակ պահեց, եւ միայն մէկ քրիստոնէական կազմակերպութիւն սաստիկ կերպով հալածեց։ Հոլանտացի պատմաբան, Տոքթ. Լուի տը Եօնկ կը նշէ. «Մինչեւ մահ հալածանքը, միայն մէկ կրօնական խումբ հարուածեց՝ Եհովայի Վկաները»։—Հոլանտայի Թագաւորութիւնը Երկրորդ Աշխարհամարտի Ընթացքին (Հոլանտերէնով)
Հոլանտական ոստիկանութիւնը կը համագործակցէր Կէսթափոյին հետ, Վկաները գտնելու եւ ձերբակալելու մէջ։ Ասկէ զատ, ճամբորդող տեսուչ մը, որ վախնալով հաւատուրաց դարձած էր, Նացիներուն տեղեկութիւն հայթայթած էր իր նախկին հաւատակիցներուն մասին։ Մինչեւ 1941 Ապրիլի վերջաւորութեան, 113 Վկաներ ձերբակալուած էին։ Այս կատաղի յարձակումը քարոզչութեան գործունէութիւնները կասեցո՞ւց։
Պատասխանը կը գտնուի պաշտօնաթուղթի մը մէջ՝ Տեղեկագրութիւններ Հոլանտայէն, զոր Գերմանացի Զիշըրհայթբոլիցայ–ը (Ապահովութեան Ոստիկանութիւն) պատրաստած էր Ապրիլ 1941–ին։ Տեղեկագիրը հետեւեալը կ’ըսէր Եհովայի Վկաներուն մասին. «Այս արգիլուած աղանդը կը շարունակէ իր եռանդուն գործունէութիւնը ամբողջ երկրին մէջ, ապօրինի ժողովներ գումարելով եւ հետեւեալին նման լոզունգներ կրող թերթիկներ փակցնելով՝ ‘Աստուծոյ Վկաները հալածելը ոճիր մըն է’ եւ ‘Եհովան հալածիչները յաւիտենական կործանումով պիտի պատժէ’»։ Երկու շաբաթ ետք, նոյն աղբիւրը տեղեկագրեց թէ «հակառակ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն գործունէութիւններուն դէմ Ապահովութեան Ոստիկանութեան առած խիստ միջոցառումներու սաստկացման, անոնց գործունէութիւնները կը շարունակեն աւելնալ»։ Այո,ի հեճուկս ձերբակալութեան վտանգին, Վկաները շարունակեցին իրենց գործը, մի՛այն 1941–ին՝ աւելի քան 350,000 գրականութիւն բաշխելով հանրութեան։
Ի՞նչ բան կարող դարձուց որ այս փոքր, սակայն, հետզհետէ աճող քանի մը հարիւր Վկաներէ բաղկացած խմբակը, անվախօրէն ընդդիմանայ իր ահաւոր թշնամիներուն։ Վաղեմի հաւատարիմ Եսայի մարգարէին նման, Վկաները Աստուծմէ վախցան եւ ոչ թէ՝ մարդէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք Եհովայի հաւաստիացուցիչ խօսքերուն հանդէպ զօրաւոր վստահութիւն ունէին. «Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ ձեզ կը մխիթարեմ։ Դուն ո՞վ ես, որ մահկանացու մարդէն ու խոտի նմանող մարդու զաւկէն կը վախնաս»։—Եսայեայ 51։12
Անվախութիւնը Յարգանք կը Պարտադրէ
1941–ի վերջաւորութեան, ձերբակալուած Վկաներուն թիւը 241–ի բարձրացած էր։ Սակայն, քիչեր մարդու վախի անձնատուր եղան։ Վիլի Լակըսի՝ Գերման գաղտնի ոստիկանութեան
վատահամբաւ մէկ անդամին՝ խօսքերը մէջբերուած են, ըստ որու «Եհովայի Վկաներուն 90 տոկոսը մերժեց որեւէ գաղտնիք յայտնել, մինչ այլ կրօնքներու միայն պզտիկ տոկոսը զօրութիւնը ունեցաւ լուռ մնալու»։ Կարգ մը Վկաներու հետ բանտարկուած Հոլանտացի կղերականի մը՝ Եոհաննէս Ժ. Պէօսքէսի՝ մէկ դիտողութիւնը կը հաստատէ Լակըսի ըսածը։ 1951–ին Պէօսքէս գրեց.«Այն ժամանակ, իրենց հանդէպ խոր յարգանք զարգացուցի, իրենց ունեցած վստահութեան եւ հաւատքի զօրութեան պատճառաւ։ Երբեք պիտի չմոռնամ այդ երիտասարդը՝ հազիւ 19 տարեկան, որ Հիթլէրի եւ Երրորդ Ռայխի անկումը նախագուշակող թերթիկներ բաժնած էր։ . . . Ան կրնար կէս տարուան մէջ ազատ արձակուիլ, եթէ խոստանար թէ այլեւս այսպիսի գործունէութիւն պիտի չունենար։ Անիկա այս առաջարկը վճռականօրէն մերժեց, եւ անորոշ ժամանակուան մը համար տաժանակիր աշխատանքի դատապարտուեցաւ Գերմանիոյ մէջ։ Քաջ գիտէինք որ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէր։ Յաջորդ առաւօտ երբ զինք կը տանէին եւ իրեն հրաժեշտ կու տայինք, իրեն ըսի որ իր մասին պիտի մտածէինք եւ իրեն համար պիտի աղօթէինք։ Իր միա՛կ պատասխանը եղաւ. ‘Ինծի համար հոգ մի՛ ընէք։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ա՛նպայման պիտի գայ’։ Այսպիսի բան մը չե՛ս կրնար մոռնալ, նոյնիսկ եթէ այս Եհովայի Վկաներու ուսուցումներուն դէմ ամէն հաւանական առարկութիւն ունիս»։
Ի հեճուկս անգութ հակառակութեան, Վկաներուն թիւը կը շարունակէր աճիլ։ Մինչ Երկրորդ Աշխարհամարտէն քիչ առաջ շուրջ 300 Վկաներ կային, 1943–ին անոնց թիւը 1,379–ի բարձրացած էր։ Դժբախտաբար, այդ նոյն տարուան վերջաւորութեան, աւելի քան 350 ձերբակալուած Վկաներէն 54–ը մահացան կեդրոնացման ճամբարներու մէջ։ Իսկ 1944–ին, Հոլանտայէն 141 Եհովայի Վկաներ տակաւին կեդրոնացման տարբեր ճամբարներու մէջ արգելափակուած էին։
Նացիական Հալածանքին Վերջին Տարին
6 Յունիս 1944–ի պատմական օրուընէ (Տի տէյ) ետք, Վկաներուն հալածանքը իր վերջին տարուան մէջ մտաւ։ Զինուորական գետնի վրայ, Նացիները եւ իրենց գործակիցները պարտութիւն կը դիմագրաւէին։ Անհատ մը պիտի մտածէր թէ այս վիճակին մէջ Նացիները պիտի հրաժարէին անմեղ Քրիստոնեաները հալածելէ։ Այսուհանդերձ, այդ տարուան ընթացքին, ուրիշ 48 Վկաներ ձերբակալուեցան, եւ բանտարկուած Վկաներէն աւելի քան 68 հոգի մեռաւ։ Վերոյիշեալ Ճէյքոպ վան Պէնէքոմ անոնցմէ մէկն էր։
Տասնըութ տարեկան Ճէյքոպը, 1941–ին որպէս Եհովայի Վկայ մկրտուած 580 անհատներէն մէկն էր։ Անկէ անմիջապէս ետք, իր շահաբեր գործը ձգեց, քանի որ անիկա կը պահանջէր իր քրիստոնէական չէզոքութիւնը բեկանել։ Ան պատգամաբերի գործ մը ստանձնեց, եւ սկսաւ որպէս լիաժամ քարոզիչ ծառայել։ Մինչ սուրբ գրային գրականութիւններ կը փոխադրէր, բռնուեցաւ եւ ձերբակալուեցաւ։ Օգոստոս 1944–ին,
21 տարեկան Ճէյքոպ, Ռոթըրտամ քաղաքին մէջ գտնուող բանտէն, իր ծնողքին նամակ մը գրեց.«Շատ լաւ վիճակի մէջ եմ եւ՝ ուրախութեամբ լեցուն։ . . . Մինչեւ հիմա չորս անգամ հարցաքննուեցայ։ Առաջին երկու անգամները բաւական խիստ էին, եւ գէշ կերպով ծեծուեցայ, սակայն Տիրոջը զօրութեամբ եւ անարժան ողորմութեամբ, մինչեւ հիմա կարողացայ որեւէ բան չյայտնել։ . . . Մինչեւ հիմա կրցայ ընդամէնը վեց դասախօսութիւն տալ հոս, 102 ունկնդիրներու դիմաց։ Անոնցմէ ոմանք լաւ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, եւ խոստացան որ հազիւ ազատ արձակուին, պիտի շարունակեն հետաքրքրուիլ»։
14 Սեպտեմբեր 1944–ին, Ճէյքոպ Հոլանտայի Ամըրսֆուրդ քաղաքին մէջ գտնուող կեդրոնացման ճամբար մը տարուեցաւ։ Նոյնիսկ հոն, ան շարունակեց քարոզել։ Ի՞նչպէս։ Բանտակից մը կը յիշէ. «Բանտարկեալները պահակներուն նետած ծխախոտը կը հաւաքէին, եւ Աստուածաշունչի մը էջերը որպէս ծխախոտի թուղթ կը գործածէին։ Երբեմն Ճէյքոպ կը յաջողէր Աստուածաշունչի էջէ մը քանի մը բառ կարդալ, որպէս ծխախոտի փաթթոց գործածուելէն ճիշդ առաջ։ Իր կարդացած բառերը անմիջապէս որպէս հիմ կը գործածէր մեզի քարոզելու համար։ Շատ չանցած՝ Ճէյքոպին ‘Աստուածաշունչի Մարդը’ ծածկանունը դրինք»։
Հոկտեմբեր 1944–ին, Ճէյքոպ բանտարկեալներու մեծ խումբի մը մէջ էր, որու հրամայուեցաւ հրասայլերը ծուղակի մէջ ձգելու համար փոսեր բանալ։ Ճէյքոպ մերժեց այդ գործը, քանի որ իր խիղճը չէր արտօներ որ պատերազմի ջանքերուն թիկունք կանգնէր։ Թէեւ պահակները տեւական կը սպառնային իրեն, բայց ան տեղի չտուաւ։ 13 Հոկտեմբերին զինուորական պաշտօնեայ մը զինք մենախուցէն դուրս հանելով աշխատավայր տարաւ։ Դարձեալ, Ճէյքոպ հաստատ մնաց։ Վերջապէս, Ճէյքոպի հրամայուեցաւ իր իսկ գերեզմանը փորել, ապա գնդակահարուեցաւ։
Վկաներու Որսը կը Շարունակուի
Ճէյքոպի եւ ուրիշներու խիզախ կեցուածքը զայրացուց Նացիները, եւ Վկաները որսալու նոր ալիք մը բարձրացուց։ Իրենց թիրախներէն մէկն էր 18 տարեկան Էվէրդ Քէթէլարէյը։ Սկիզբը, Էվէրդ կրցաւ խոյս տալ եւ պահուըտիլ, սակայն հետագային ձերբակալուեցաւ եւ սաստիկ կերպով ծեծուեցաւ, որպէսզի ուրիշ Վկաներու մասին տեղեկութիւն յայտնէ։ Ան մերժեց եւ տաժանակիր աշխատանքի համար Գերմանիա ղրկուեցաւ։
Նոյն ամիսը, 1944–ի Հոկտեմբերին, ոստիկանութիւնը Էվէրդի քեռայրը՝ Պերնար Լէօմէսը
սկսաւ հետապնդել։ Երբ զինք գտան, անիկա երկու ուրիշ Վկաներու՝ Անթոնի Րէմէյըրի եւ Ալպերթուս Պօզի հետ էր։ Ալպերթուսը արդէն 14 ամիս անցուցած էր կեդրոնացման ճամբարի մը մէջ։ Սակայն երբ արձակուեցաւ, եռանդուն կերպով իր քարոզչութիւնը շարունակեց։ Նախ՝ այս երեք մարդիկը անխղճօրէն ծեծուեցան Նացիներուն կողմէ, ապա գնդակահարուեցան։ Պատերազմէն ետքն էր որ անոնց մարմինները գտնուեցան եւ կրկին թաղուեցան։ Պատերազմէն քիչ ետք, քանի մը տեղական օրաթերթեր տեղեկագրեցին այս մահավճիռին գործադրութիւնը։ Օրաթերթերէն մին գրեց թէ երեք Վկաները հաստատօրէն մերժած էին Նացիներուն մատուցանել որեւէ սպասարկութիւն, որ Աստուծոյ օրէնքին հակառակ էր, եւ աւելցուց որ «ասոր համար, իրենց կեա՛նքը վճարեցին»։Մինչ այդ, 10 Նոյեմբեր 1944–ին, նախապէս յիշուած Պերնար Բօլմէնը ձերբակալուեցաւ եւ զինուորական ծրագրի մը վրայ աշխատելու ղրկուեցաւ։ Ան միակ Վկան էր տաժանակիր աշխատաւորներուն մէջ, եւ միակն էր որ մերժեց այս գործը ընել։ Պահակները տարբեր ռազմավարութիւններ գործածեցին որ անոր զիջումներ ընել տան։ Իրեն կերակուր չտուին։ Նաեւ զինք բիրերով, բահով եւ հրացանի կոթով ծեծեցին։ Ասոր հետ մէկտեղ, զինք պարտադրեցին որ մինչեւ ծունկը հասնող պաղ ջուրի մէջէն քալէր, ապա զինք խոնաւ մառանի մը մէջ բանտարկեցին, ուր իր թաց հագուստներով ստիպուեցաւ գիշերել։ Այսուհանդերձ, Պերնար տեղի չտուաւ։
Այդ միջոցին, Պերնարի քոյրերէն երկուքը, որոնք Եհովայի Վկաներ չէին, արտօնութիւն ստացան իրեն այցելելու։ Անոնք աղաչեցին որ իր միտքը փոխէր, սակայն, ան անսասան մնաց։ Երբ Պերնարի հարցուցին թէ կրնայի՞ն իրեն համար բան մը ընել, ան թելադրեց որ տուն երթային եւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրէին։ Ապա իր հալածիչները արտօնեցին որ իր յղի կինը իրեն այցելէ, յուսալով որ ան պիտի կարենար իր դիմադրողականութիւնը բեկանել։ Սակայն անոր ներկայութիւնն ու քաջալերական խօսքերը, Աստուծոյ հաւատարիմ մնալու Պերնարին որոշումը ամրապնդելու ծառայեցին։ 17 Նոյեմբեր 1944–ին Պերնար գնդակահարուեցաւ իր հինգ չարչրկողներուն կողմէ, բոլոր միւս տաժանակիր աշխատաւորներու ներկայութեան։ Պերնարի մահէն ետքն իսկ, իր մարմինը փամփուշտներով ծակծկուեցաւ. պատասխանատու պաշտօնեան ա՛յնքան կատղած էր, որ իր ատրճանակը քաշեց եւ Պերնարի երկու աչքերէն կրակեց։
Թէեւ այս վայրագ վերաբերմունքը մահապատիժին մասին տեղեկացող Վկաները ցնցեց, սակայն անոնք հաւատարիմ ու անվախ մնացին, եւ իրենց քրիստոնէական գործունէութիւնը շարունակեցին։ Պերնարի սպանութեան վայրին մօտիկ գտնուող Եհովայի Վկաներու պզտիկ ժողովք մը, մահապատիժի գործադրութենէն քիչ ժամանակ ետք տեղեկագրեց. «Այս ամիս, հակառակ խիստ օդին եւ մեր ճամբուն վրայ Սատանայի դրած դժուարութիւններուն, կարողացանք մեր գործունէութիւնը աւելցնել։ Դաշտի ծառայութեան ժամերը 429–էն 765–ի բարձրացան։ . . . Քարոզելու ընթացքին եղբայր մը մարդու մը հանդիպեցաւ, եւ կրցաւ անոր լաւ վկայութիւն մը տալ։ Մարդը հարցուց թէ մենք գնդակահարուած մարդուն հաւատքի՞ն կը պատկանինք։ Երբ լսեց թէ այդ էր պարագան, մարդը բացագանչեց. ‘Ի՜նչ մարդ. ի՜նչ հաւատք։ Ա՛յս է որ հաւատքի հերոս կը կոչեմ’»։
Եհովա կը Յիշէ Զիրենք
1945–ի Մայիսին Նացիները պարտուեցան եւ Հոլանտայէն դուրս քշուեցան։ Հակառակ պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած կատաղի հալածանքին, Եհովայի Վկաներուն թիւը քանի մը հարիւրէն՝ աւելի քան 2,000–ի բարձրացած էր։ Պատերազմի ժամանակուան այս Վկաներուն մասին խօսելով, պատմաբան Տոքթ. տը Եօնկ կ’ընդունի. «Անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մերժեց իր հաւատքը ուրանալ, հակառակ սպառնալիքներու եւ տանջանքի»։
Հետեւաբար, լաւ պատճառով է որ կարգ մը աշխարհային հեղինակութիւններ Եհովայի Վկաները յիշած են, Նացի իշխանութեան դէմ իրենց քաջարի կեցուածքին համար։ Սակայն, աւելի կարեւորը, Եհովա եւ Յիսուս պիտի յիշեն պատերազմի ժամանակուան այս Վկաներուն բարձրորակ արձանագրութիւնը։ (Եբրայեցիս 6։10) Յիսուս Քրիստոսի մօտալուտ Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, այս հաւատարիմ եւ անվախ Վկաները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին Աստուծոյ ծառայութեան մէջ, յիշատակի գերեզմաններէն պիտի յարուցուին, դրախտ երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի հեռանկարով։—Յովհաննու 5։28, 29
[Նկար՝ էջ 24]
Ճէյքոպ վան Պէնէքոմ
[Նկար՝ էջ 26]
Օրաթերթի քաղուածք մը՝ Եհովայի Վկաները արգիլող հրամանագրին մասին
[Նկարներ՝ էջ 27]
Աջին՝ Պերնար Լէօմէս. վարը՝ Ալպերթուս Պօզ (ձախին) եւ Անթոնի Րէմէյըր. յատակը՝ Ընկերութեան գրասենեակը Հիմսդէտի մէջ