Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ծառեր փճացնողները

Ծառեր փճացնողները

Ծառեր փճացնողները

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ժամանակներուն, ծառերը արժէքաւոր ապրանքներ նկատուած էին։ Օրինակ, երբ Աբրահամ գերեզման մը գնեց իր սիրելի կնոջ՝ Սառային՝ համար, ծառերը կալուածին յանձնումի համաձայնագրութեան մէջ հաշուըւած էին։—Ծննդոց 23։15-18

Այսօր ալ ծառերուն մեծ արժէք կը տրուի եւ անտառներու պահպանումը միջազգային հոգածութեան առարկայ դարձած է։ Աշխարհի Վիճակը 1998–ին խորագրով գիրքը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Մինչ հիւսիսային երկիրներու բնակիչներէն շատեր մտահոգութեամբ կը նային արեւադարձային անտառներուն, բայց թերեւս տեղեակ չեն որ իրենց իսկ երկիրներուն մէջ բարեխառն կլիմայի անտառները ամենէն ցանցառ եւ վտանգուած անտառներուն շարքին են»։ Ի՞նչ բան կը սպառնայ հիւսիսային Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի անտառներու առողջութեան։ Շատեր անտառահատութեան կը վերագրեն, բայց կան ուրիշ ուժեր, որոնք տերեւ առ տերեւ, կամ ստեւ առ ստեւ գաղտագողի կը փճացնեն ծառերը։ Ի՞նչ են անոնք։ Օդի ապականութիւնն ու թթու անձրեւը։ Այս ապականիչները կրնան դանդաղօրէն տկարացնել ծառերը, մակաբոյծներու եւ ախտերու դէմ անպաշտպան դարձնելով զանոնք։

Տասնեակ տարիներէ ի վեր, միջավայրի պաշտպաններ եւ այլ հետաքրքրուած անհատներ, երկրին մարմիններու փոխյարաբերութեանց համակարգը պաշտպանելու ազդարարութիւնը հնչեցուցած են։ 1980–ական թուականներուն, Գերմանիոյ մէջ գիտնականներ միջավայրին վրայ օդի ապականութեան եւ թթու անձրեւին ազդեցութիւնը սերտելէ ետք, եզրակացուցած են. ‘Եթէ առաջքը չառնուի, 2000–ի ատենները, մարդիկ անտառներուն վրայ պիտի սքանչանան միայն հին պատկերներու եւ շարժապատկերներու ընդմէջէն’։ Բարեբախտաբար, երկրին վերականգնումի զօրութեան շնորհիւ է որ այսքան վնասներէ ետք անտառները դիմացած են։

Սակայն ի վերջոյ, Աստուած է որ մեր՝ մարմիններու փոխյարաբերութեանց համակարգը պաշտպանելու համար պէտք եղածը պիտի ընէ։ «Անիկա իր վերնատուններէն լեռները կը ջրէ», եւ «անասուններուն համար խոտ կը բուսցնէ ու մարդուն ծառայութեան համար՝ բոյս»։ Իսկ խոստացած է ‘երկիրը ապականողները ապականել’։ (Սաղմոս 104։13, 14. Յայտնութիւն 11։18) Ի՜նչ հոյակապ պիտի ըլլայ, երբ երկրի բնակիչները կարենան յաւիտեան վայելել ապականութենէ զերծ աշխարհ մը։—Սաղմոս 37։9-11