Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձեր խղճմտանքը պահպանեցէք

Ձեր խղճմտանքը պահպանեցէք

Ձեր խղճմտանքը պահպանեցէք

ՍԽԱԼ կերպով յայտագրուած համակարգիչ ունեցող օդանաւով մը թռիչք առնելու գաղափարը կը սարսափեցնէ։ Իսկ երեւակայեցէք որ անհատ մը օդանաւի ուղղութեան սարքին հետ խաղցած ըլլայ, կամ անոր տուեալները գիտակցաբար կեղծած ըլլայ։ Այո, այլաբանական իմաստով, ճիշդ ա՛յս է որ անհատ մը կը փորձէ ընել ձեր խղճմտանքին։ Ան վճռած է ձեր բարոյական ուղղութեան սարքը խափանել։ Անոր նպատակն է ձեզ Աստուծոյ հակընդդէմ ընթացքի մը մէջ դնել։—Յոբայ 2։2-5. Յովհաննու 8։44

Այս չարամիտ խափանարարը ո՞վ է։ Աստուածաշունչը զայն կը կոչէ «այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ (Յայտնութիւն 12։9) Ան գործի անցաւ Եդեմի պարտէզին մէջ, կեղծ պատճառաբանութիւն մը գործածելով Եւային համոզեց որ շիտակ բանը անտեսէ եւ Աստուծոյ դէմ ըմբոստանայ։ (Ծննդոց 3։1-6, 16-19) Անկէ ի վեր, Սատանան խաբկանքի հսկայական հաստատութիւններու զարգացման ոյժ տուած է, որպէսզի մեծ թիւով մարդիկ Աստուծոյ հետ թշնամանան։ Այս հաստատութիւններէն ամենէն մեղադրելին սուտ կրօնքն է։—Բ. Կորնթացիս 11։14, 15

Սուտ Կրօնքը կ’Ապականէ Խղճմտանքը

Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գրքին մէջ սուտ կրօնքը ներկայացուած է որպէս Մեծ Բաբելոն կոչուած պոռնիկ մը։ Անոր ուսուցումները շատերը բարոյապէս անզգայ դարձուցած են եւ պատճառ եղած են որ անոնք ատեն, եւ նոյնիսկ վայրագօրէն վարուին, տարբեր հաւատալիքներ ունեցողներուն հանդէպ։ Արդարեւ, ըստ Յայտնութիւն գրքին, Աստուած սուտ կրօնքը համարատու կը բռնէ «երկրի վրայ բոլոր սպաննուածներուն»՝ մէջը ըլլալով Աստուծոյ երկրպագուներուն՝ արեան համար։—Յայտնութիւն 17։1-6. 18։3, 24

Յիսուս իր աշակերտները կանխազգուշացուց թէ սուտ կրօնքը ո՛ր աստիճան բարոյական կողմնացոյցը պիտի խանգարէր, երբ ըսաւ. «Ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ»։ Այսպիսի վայրագ անհատներ որքա՜ն կոյր են բարոյական գետնի վրայ։ Յիսուս ըսաւ որ անոնք «ո՛չ Հայրը ճանչցան, ո՛չ ալ՝ զիս»։ (Յովհաննու 16։2, 3) Յիսուս այս խօսքերը խօսելէն քիչ ետք, ինքն ալ սպաննուեցաւ կրօնական կարգ մը առաջնորդներու հրամանով, որոնք կրցան իրենց ոճիրը հաշտեցնել իրենց խղճմտանքին հետ։ (Յովհաննու 11։47-50) Ասոր հակառակը, Յիսուս ըսաւ որ իր ճշմարիտ հետեւորդները իրարու հանդէպ իրենց ունեցած սէրէն պիտի ճանչցուէին։ Բայց անոնց սէրը աւելի հեռուն կ’երթայ, քանի որ անոնք նոյնիսկ իրենց թշնամիները կը սիրեն։—Մատթէոս 5։44-48. Յովհաննու 13։35

Սուտ կրօնքը շատերուն խղճմտանքը խափանած է նաեւ, արտօնելով ժողովրդական եղած որեւէ բարոյականութիւն՝ կամ անոր չգոյութիւնը։ Ասիկա նախագուշակելով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Պիտի գայ ժամանակ, երբ պիտի չանսան ողջմիտ վարդապետութեան, այլ իւրաքանչիւրը, ըստ իր ցանկութիւններուն, ուսուցանողներ պիտի կուտակէ իր շուրջը, իր ականջներուն ախորժելի բաներ լսելու մարմաջով»։—Բ. Տիմոթէոս 4։3, Երուսաղէմ

Մեր օրերուն, կրօնական առաջնորդներ մարդոց ականջներուն ախորժելի կը դառնան, ըսելով որ արտամուսնական յարաբերութիւնները կրնան Աստուծոյ ընդունելի ըլլալ։ Ուրիշներ կը հանդուրժեն միասեռականութիւնը։ Իրականութեան մէջ, կղերներէն ոմանք իրե՛նք միասեռական են։ Անգլիական լրագրին՝ Տը Թայմզ–ին մէջ յօդուած մը կը նշէր թէ «հանրապէս ճանչցուած տասներեք միասեռական կղերներ» ընտրուեցան, որ Անգլիոյ Եկեղեցիին Ընդհանուր Սինոդին մասնակցին։ Երբ եկեղեցիի առաջնորդներ կը լքեն Աստուածաշունչի բարոյականութիւնը եւ իրենց եկեղեցիները լուռ կը կենան, իրենց ծուխերը ի՞նչ չափանիշներ պիտի որդեգրեն։ Զարմանալի չէ որ միլիոնաւոր անհատներ կորսուած կը զգան։

Որքա՜ն նախընտրելի է Աստուածաշունչի սորվեցուցած՝ ազդանշանի նմանող բարոյական եւ հոգեւոր ճշմարտութիւններով առաջնորդուիլ։ (Սաղմոս 43։3. Յովհաննու 17։17) Օրինակ՝ Աստուածաշունչը կ’ուսուցանէ թէ ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ ալ շնացողները «Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն»։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Անիկա կ’ըսէ թէ տղամարդիկ ու կիներ, որոնք «բնական պէտքը բնութեան դէմ եղող պէտքի կը փոխեն», Աստուծոյ աչքին «խայտառակութիւն կը գործեն»։ (Հռովմայեցիս 1։26, 27, 32) Բարոյական այս ճշմարտութիւնները անկատար մարդոց հնարքը չեն. անոնք Աստուծոյ ներշնչեալ չափանիշներն են, որոնք բնաւ չեղեալ չէ յայտարարած։ (Գաղատացիս 1։8. Բ. Տիմոթէոս 3։16) Բայց Սատանան խղճմտանքը խափանելու այլ կերպեր ալ ունի։

Ձեր Զբօսանքը Ընտրեցէք

Բոլորովին տարբեր է երբ անհատի մը կը ստիպեն որ չար արարք մը ընէ, եւ երբ ի՛նք կ’ուզէ այսպիսի արարք մը ընել։ «Այս աշխարհի իշխան»ին՝ Սատանային՝ նպատակը ա՛յս է։ Իր ստորին խորհելակերպը յիմարին կամ անզգոյշին, մանաւանդ ամենէն անպաշտպանին՝ երիտասարդին, մտքին ու սրտին վրայ դրոշմելու համար, ան կը գործածէ միջոցներ, ինչպէս՝ կասկածելի գրականութիւն, շարժապատկերներ, երաժշտութիւն, համակարգիչի խաղեր եւ Ինթըրնէթի վրայ պոռնկագրական վայրեր։—Յովհաննու 14։30. Եփեսացիս 2։2

«[Միացեալ Նահանգներու մէջ] պատանիներ ամէն տարի միջին հաշուով 10,000 բռնարարքներ կը դիտեն, երախաներուն յայտագրին մէջինները ամենէն վայրագը ըլլալով», ըսաւ Փէտիաթրիքս լրագրին մէկ տեղեկագրութիւնը։ Տեղեկագրութիւնը նաեւ յայտնեց թէ «ամէն տարի, պատանիներ մօտաւորապէս 15,000 սեռային ուղղակի կամ անուղղակի տեղեկութիւններ եւ կատակներ կը դիտեն»։ Անիկա նշեց որ նոյնիսկ հեռատեսիլի գլխաւոր ժամերը «ժամական աւելի քան 8 սեռային միջադէպեր կը պարունակեն, 1976–ին տեղի ունեցածէն չորս անգամ աւելի»։ Զարմանալի չէ որ ուսումնասիրութիւնը անդրադարձաւ նաեւ թէ «ռամիկ լեզուն ալ վերելք կ’արձանագրէ»։ Սակայն, թէ՛ Աստուածաշունչը եւ թէ անթիւ գիտական ուսումնասիրութիւններ կը զգուշացնեն որ այսպիսի նիւթերով սնանիլը մարդիկը աւելի վատ կը դարձնէ։ Ուստի, եթէ իրապէս կ’ուզէք Աստուած հաճեցնել ու ձեր անձին օգտակար ըլլալ, ուշադրութիւն ընծայեցէք Առակաց 4։23–ին, ուր կ’ըսէ. «Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են»։—Եսայեայ 48։17

Ժողովրդական երաժշտութիւններէն շատեր ալ խղճմտանքը կ’ապականեն։ Երգիչ մը, որուն երգերը երգի ցանկերուն վրայ գլխաւոր տեղը կը գրաւեն կարգ մը Արեւմտեան երկիրներու մէջ, «մասնաւոր ջանք կը թափէ որ տհաճ զգացմունք յառաջացնէ», կը տեղեկացնէ աւստրալիական օրաթերթը՝ Տը Սանտէյ Մէյլ։ Յօդուածը կը նշէ թէ «իր երգերը կը փառաբանեն թմրեցուցիչը, ազգապղծութիւնը եւ բռնաբարութիւնը», եւ թէ ան «կ’երգէ իր կինը սպաննելու եւ անոր մարմինը լիճի մը մէջ նետելու մասին»։ Իսկ ուրիշ երգերու բառերը ա՛յնքան գարշելի են որ չենք ուզեր կրկնել։ Այսուհանդերձ, իր երաժշտութիւնը մրցանակի արժանացուց զինք։ Պիտի ուզէի՞ք ձեր մտքին ու սրտին մէջ վերոյիշեալին նման վնասակար խորհուրդներ ցանել, նոյնիսկ երբ անոնք երաժշտութեամբ անուշցուած են։ Կը յուսանք որ ո՛չ, քանի որ այսպէս վարուողները իրենց խղճմտանքը կը պղծեն, եւ ի վերջոյ իրենց մէջ կը ստեղծեն «չար սիրտ» մը եւ Աստուծոյ թշնամիները կը դառնան։—Եբրայեցիս 3։12. Մատթէոս 12։33-35

Ուստի, ձեր զբօսանքը իմաստութեամբ ընտրեցէք։ Աստուածաշունչը հետեւեալ յորդորը կու տայ. «Ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք»։—Փիլիպպեցիս 4։8

Ընկերակցութիւններ կ’Ազդեն Ձեր Խղճմտանքին

Նիլ եւ Ֆրանզ իրենց երախայութեան հաճելի ընկերակցութիւն մը կը վայելէին անկեղծ Քրիստոնեաներու հետ։ * Բայց Նիլ կ’ըսէ, ժամանակի ընթացքին, «սկսայ չար ընկերներու հետ ժամանակ անցընել»։ վերջաւորութիւնը, ցաւօք սրտի, ոճիր եւ բանտարկութիւն եղաւ։ Ֆրանզին պատմութիւնն ալ նոյնն է։ «Կը խորհէի որ կրնայի աշխարհային երիտասարդներուն հետ ըլլալ՝ առանց անոնցմէ ազդուելու», հառաչելով ըսաւ ան։ «Բայց ինչպէս Գաղատացիս 6։7, 8–ը կ’ըսէ, ‘Աստուած ծաղր չըլլար։ Վասն զի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ’։ Ապտակ մը ուտելով սորվեցայ որ ես սխալ էի եւ Եհովան շիտակ էր։ Գործած սխալիս համար ցկեանս դատապարտուեցայ»։

Նիլի եւ Ֆրանզի պէս անհատներ մէկ օրէն միւսը ոճրագործ չեն դառնար. սկիզբը՝ այս գաղափարն անգամ իրենց համար սարսափելի կրնայ թուիլ։ Խոտորիլը աստիճանաբար տեղի կ’ունենայ, իսկ չար ընկերակցութիւնը յաճախ առաջին քայլն է։ (Ա. Կորնթացիս 15։33) Անոր կրնայ յաջորդել թմրեցուցիչը կամ խմիչքի չափազանցութիւնը։ Տեղին ըլլալով խղճմտանքը նկարագրուած է որպէս «անձնաւորութեան ա՛յն մասը, որ ալքոլի մէջ կը լուծուի»։ Ասկէ միայն պզտիկ քայլ մը անդին կը գտնուի ոճիրը կամ անբարոյութիւնը։

Արդ, ինչո՞ւ այդ առաջին քայլը առնէք։ Անոր տեղ, ընկերակցեցէք իմաստուն մարդոց հետ, որոնք իրապէս Աստուած կը սիրեն։ Անոնք ձեզի պիտի օգնեն որ ձեր խղճմտանքը զօրացնէք, որպէսզի անիկա ձեզի շիտակ ուղղութիւն տայ, շատ մը ցաւերէ խնայելով ձեզ։ (Առակաց 13։20) Թէեւ տակաւին բանտի մէջ են, բայց Նիլը եւ Ֆրանզը հիմա իրենց խիղճը կը նկատեն որպէս աստուածային պարգեւ մը, որ լաւ կերպով պէտք է մարզուի, եւ արդարեւ հոգատարութեան արժանի բան մը։ Ասկէ զատ, անոնք ծանր կ’աշխատին, իրենց Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ հետ լաւ յարաբերութիւն մը կերտելու համար։ Իմաստո՛ւն եղէք, եւ անոնց սխալներէն սորվեցէք։—Առակաց 22։3

Ձեր Խղճմտանքին Հոգ Տարէք

Երբ Աստուծոյ հանդէպ սէր ու հաւատք կը կերտենք, ինչպէս նաեւ իրեն հանդէպ առողջ վախ կ’ունենանք, ցոյց կու տանք որ կ’ուզենք հոգ տանիլ մեր խղճմտանքին։ (Առակաց 8։13. Ա. Յովհաննու 5։3) Աստուածաշունչը կը յայտնէ որ այսպիսի ազդակներէ զուրկ խղճմտանք մը յաճախ բարոյական կայունութիւն չ’ունենար։ Օրինակ, Սաղմոս 14։1–ը կը խօսի անոնց մասին, որոնք իրենց սրտին մէջ կ’ըսեն. «Աստուած չկայ»։ Հաւատքի այս պակասը ի՞նչպէս կ’ազդէ իրենց վարքին։ Համարը կը շարունակէ ըսել. «Ապականեցան ու պիղծ գործեր ըրին»։

Աստուծոյ վրայ իրական հաւատք չունեցող անհատները նաեւ աւելի լաւ ապագայի մը հաստատ յոյսը չունին։ Անոր համար կ’ապրին միայն ներկային համար, մարմնաւոր ցանկութիւններու անձնատուր ըլլալով։ Անոնց փիլիսոփայութիւնն է՝ «ուտենք ու խմենք, վասն զի վաղը պիտի մեռնինք»։ (Ա. Կորնթացիս 15։32) Միւս կողմէ, անոնք որ իրենց աչքերը յաւիտենական կեանքի մրցանակին վրայ սեւեռած կը պահեն, աշխարհի վաղանցուկ հաճոյքներով չեն տարուիր։ Ճշգրիտ ուղղութիւն ցոյց տուող համակարգիչի մը նման, իրենց մարզուած խիղճը Աստուծոյ հանդէպ հաւատարիմ հնազանդութեան ուղիին մէջ կը պահէ զիրենք։—Փիլիպպեցիս 3։8

Ձեր խղճմտանքը իր զօրութիւնը եւ ճշգրտութիւնը պահելու համար, պէտք է կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքով առաջնորդուի։ Աստուածաշունչը կը նշէ որ այսպիսի առաջնորդութիւն մը մատչելի է, երբ պատկերալից կերպով կ’ըսէ. «Երբ աջ կողմը կամ ձախ կողմը խոտորելու ըլլաս, քու ականջներդ ետեւէդ խօսք մը պիտի լսեն, որ կ’ըսէ. ‘Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք’»։ (Եսայեայ 30։21) Ուստի Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութեան համար ժամանակ յատկացուցէք։ Ասիկա ձեզ պիտի զօրացնէ ու քաջալերէ, երբ շիտակը ընելու համար պայքար կը մղէք, կամ երբ մտահոգութեան ու մտավախութեան ամպեր ձեզ կը պատեն։ Վստահ եղէք որ Եհովա բարոյապէս եւ հոգեւորապէս պիտի առաջնորդէ ձեզ, եթէ լիովին իրեն ապաւինիք։ Այո, ընդօրինակեցէք սաղմոսերգուն, որ գրեց. «Ամէն ատեն Տէրը իմ առջեւս դրի. որովհետեւ իմ աջ կողմս է, պիտի չսասանիմ»։—Սաղմոս 16։8. 55։22

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 16 Անունները փոխուած են։

[Նկարներ՝ էջ 5]

Սուտ կրօնքը, որ Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած է որպէս «Մեծ Բաբելոն», շատերուն խղճմտանքը բթացնելու պատասխանատու է

[Նկարին աղբիւրը]

Priest blessing troops։ U.S. Army photo

[Նկարներ՝ էջ 6]

Բռնութիւն եւ անբարոյութիւն դիտելը ձեր խղճմտանքը պիտի ապականէ

[Նկար՝ էջ 7]

Աստուծոյ Խօսքին կանոնաւոր առաջնորդութիւնը պիտի պահպանէ ձեր խղճմտանքը