Մարզուած խղճմտանքի պէտք ունիք
Մարզուած խղճմտանքի պէտք ունիք
Անմոռանալի օր մը կը սպասէր Անթարկտիդա ուղղուող՝ Էր Նիու Զիլէնտ Ֆլայթ 901–ի ճամբորդներուն։ Լուսանկարչական գործիքները կազմ ու պատրաստ էին, եւ ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէր, մինչ DC-10 տիպի օդանաւը կը մօտենար ճերմակ ցամաքամասին, սաւառնելով ոչ շատ բարձրութեան վրայ եւ հոյակապ տեսարան մը պարզելով։
ՕԴԱՆԱՒԱՊԵՏԸ՝ 15 տարուան օդաչու մը, ընդամէնը աւելի քան 11,000 ժամ թռիչք կատարած էր։ Թռիչք առնելէն առաջ, ան թռիչքի ծրագիրը զգուշութեամբ զետեղած էր իր օդանաւի համակարգիչին մէջ, տեղեակ չըլլալով որ իրեն տրուած համակարգչական հաշիւները շիտակ չէին։ Միայն 600 մեթրի վրայ գտնուող ամպի մը մէջէն անցնելով, DC-10–ն զարնուեցաւ Երեբոս Լերան ստորին լանջերուն, իր մէջի 257 հոգիները սպաննելով։
Ճիշդ ինչպէս որ ներկայիս օդանաւերը երկնքի մէջ իրենց ուղղութիւն տուող համակարգիչներուն կը վստահին, մարդոց ալ խղճմտանք մը տրուած է, որպէսզի զիրենք կեանքի ճամբուն մէջ առաջնորդէ։ Իսկ Ֆլայթ 901–ի ահաւոր ողբերգութիւնը կրնայ մեզի շատ ազդեցիկ դասեր սորվեցնել մեր խղճմտանքին մասին։ Օրինակ, ճիշդ ինչպէս որ թռիչքի մը անվտանգութիւնը կախեալ է լաւ աշխատող նաւավարական սարքէ եւ ուղեցոյցէ մը, նոյնպէս ալ մեր հոգեւոր, բարոյական եւ նոյնիսկ ֆիզիքական բարօրութիւնը կախեալ է բարոյական շիտակ ուղեցոյցի մը կողմէ առաջնորդուած ընդառաջող խղճմտանքէ մը։
Ցաւալիօրէն, ներկայ աշխարհին մէջ, այսպիսի ուղեցոյցներ շուտով կը չքանան կամ կ’անտեսուին։ «Ներկայիս շատ կը լսենք, թէ սովորական դպրոցական տղայ մը կարդալ ու գրել չի գիտեր եւ Ֆրանսան քարտէսին վրայ գտնելու դժուարութիւն ունի», ըսաւ Ամերիկացի ուսուցչուհի մը։ «Նաեւ ճիշդ է որ ան շիտակը սխալէն չի կրնար զանազանել։ Անգրագիտութեան եւ անչափագիտութեան կողքին, կրթական դժուարութիւններու ցանկին վրայ պէտք է աւելցնել բարոյական խոր շփոթութիւնը»։ Ան նաեւ դիտել տուաւ թէ «ներկայ երիտասարդները բարոյական անորոշութեան մէջ կ’ապրին։ Փորձեցէք անոնցմէ մէկուն հարցնել թէ ‘շիտակ եւ սխալ’ բաներ գոյութիւն ունին թէ ոչ, եւ յանկարծ ձեր դիմաց կը գտնէք շփոթած, անխօս, ջղային եւ անապահով անհատ մը։ . . . Երբ անոնք քոլէճ երթան, այս շփոթութիւնը փոխանակ բարելաւուելու, կը վատթարանայ»։
Այս շփոթութեան պատճառներէն մէկը բարոյական յարաբերապաշտութիւնն է. համատարած տեսակէտ մը, ըստ որու չափանիշները կը տարբերին անձնական կամ մշակութային նախընտրութիւններու համաձայն։ Պահ մը երեւակայեցէք թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ եթէ օդաչուները ո՛չ թէ որոշ ուղեցոյցով մը առաջնորդուէին, հապա՝ ազդանշաններով, որոնք աննախատեսելիօրէն կը փոխուին եւ երբեմն ամբողջովին կ’անհետանան։ Անկասկած, Երեբոս Լերան արկածին նման արկածներ սովորական բաներ պիտի ըլլային։ Նոյն կերպով, բարոյական հաստատ չափանիշները մէկդի դնելով, աշխարհ կը հնձէ մռայլ եւ հետզհետէ աւելցող թշուառութեան ու մահուան հունձք մը. ընտանիքներ կը քայքայուին անհաւատարմութեան պատճառով եւ միլիոնաւորներ կը տառապին ԷՅՏԾ–էն կամ սեռային գետնի վրայ տարափոխիկ այլ ախտերէ։
Բարոյական յարաբերապաշտութիւնը կրնայ զարգացում նկատուիլ, բայց իրականութեան մէջ անոր հետեւորդները վաղեմի Նինուէցիներուն նման են, որոնք «աջ ու ձախ ձեռքին տարբերութիւնը» չէին գիտեր։ Բարոյական յարաբերապաշտութեան հետեւորդները կը նմանին հաւատուրաց Իսրայելացիներուն, որոնք ‘չարին բարի կ’ըսէին ու բարիին՝ չար’։—Յովնանու 4։11. Եսայեայ 5։20
Ուստի, ո՞ւր կրնանք գտնել յստակ, երկդիմի չեղող օրէնքներ եւ սկզբունքներ մեր խղճմտանքը մարզելու համար, որպէսզի մեզի ապահով առաջնորդ մը ըլլայ։ Միլիոնաւորներ անդրադարձած են որ Աստուածաշունչը կը լեցնէ այդ կարիքը։ Բ. Տիմոթէոս 3։16) Անիկա դարերէ ի վեր ամբողջովին վստահելի ըլլալը ապացուցանած է։ Քանի որ Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշները բարձրագոյն հեղինակութեան՝ մեր Ստեղծիչին՝ կողմէ հաստատուած են, անոնք կը յարմարին բոլոր մարդոց։ Ուստի, բարոյական անորոշութեան մէջ ապրելու պատճառ չունինք։
Աստուածաշունչը կարեւոր ո՛չ մէկ բան կ’անտեսէ, բարոյականութենէ սկսած մինչեւ գործի բարոյագիտութիւնը, եւ զաւակներ կրթելէն մինչեւ աստուածպաշտութիւնը։ (Սակայն, այս օրերուն, ձեր խղճմտանքը որեւէ ատենէ աւելի յարձակումի ենթարկուած է։ Ի՞նչ կերպով։ Իսկ ի՞նչպէս կրնաք պաշտպանել ձեր խղճմտանքը։ Իմաստութիւն է գիտնալ այս յարձակման ակունքը եւ անոր հնարամտութիւնները։ Ասոնց մասին պիտի խօսինք յաջորդ յօդուածին մէջ։