Աւելին ունենալու ձգտումը
Աւելին ունենալու ձգտումը
«Եթէ միշտ ուզենք աւելին ունենալ, երբեք պիտի չգոհանանք»։—A Worldwatch Institute report
«Ի՞ՆՉ կ’ուզենք։ Ամէ՛ն բան։ Ե՞րբ կ’ուզենք։ Հի՛մա»։ 1960–ական թուականներուն այս լոզունգը ժողովրդական էր քոլէճներուն մէջ։ Այսօր թերեւս ճիշդ այս բառերը չենք լսեր, բայց հիմնական գաղափարը տակաւին մնացած է։ Արդարեւ, աւելին ունենալու ձգտումը կը յատկորոշէ մեր դարաշրջանը։
Շատեր հարստութիւն եւ ստացուածքներ դիզելուն նախապատուութիւն կու տան։ Մ.Ն. նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր առիթով մը ըսաւ. «Անհատ մը այլեւս չի ճանչցուիր իր ըրածով, այլ՝ իր ունեցած նիւթական ստացուածքներով»։ Ինչքէն աւելի կարեւոր արժանիքներ կա՞ն։ Եթէ կան, ի՞նչ են եւ ի՞նչ օգուտներ կը բերեն։