Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դրախտ՝ քեզի՞ համար

Դրախտ՝ քեզի՞ համար

Դրախտ՝ քեզի՞ համար

«Կը ճանչնամ մարդ մը Քրիստոսով՝ . . . [որ] յափշտակուեցաւ դրախտը»։—Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 12։2-4, ԱՎ

1. Շատեր Աստուածաշունչի ո՞ր խոստումները գրաւիչ կը գտնեն։

ԴՐԱ՜ԽՏ։ Կը յիշե՞ս թէ ի՛նչ զգացիր, երբ առաջին անգամ իմացար որ Աստուած երկրային դրախտ խոստացած է։ Հաւանաբար սորվեցար թէ ‘կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին, խուլերուն ականջները պիտի բացուին եւ անապատը’ բերրի պիտի դառնայ։ Կարդացիր այն մարգարէութիւնը թէ գայլը գառին հետ պիտի բնակի ու ինձը ուլին հետ պիտի պառկի։ Վստահաբար ոգեւորուեցար, երբ տեղեկացար որ սիրելի ննջեցեալները ետ կեանք պիտի ստանան, այդ Դրախտին մէջ մնալու հեռանկարով։—Եսայեայ 11։6. 35։5, 6. Յովհաննու 5։28, 29

2, 3. (ա) Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած յոյսդ անհիմն չէ։ (բ) Յոյսի ի՞նչ յաւելեալ հիմ ունինք։

2 Յոյսդ անհիմն չէ։ Դրախտի մասին Աստուածաշունչի խոստումներուն հաւատալու պատճառ ունիս։ Օրինակ, ցցահարուած չարագործին ուղղուած Յիսուսի խօսքին հանդէպ վստահութիւն ունիս. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։ (Ղուկաս 23։43) Կը վստահիս սա խոստումին. «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ Նաեւ կը վստահիս այն խոստումին թէ Աստուած մեր աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ. ա՛լ մահ պիտի չըլլայ. սուգը, աղաղակը եւ ցաւը վերջ պիտի գտնեն։ Ասիկա կը նշանակէ թէ երկրային դրախտ մը վերստին պիտի գոյանայ։—Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։4

3 Այս Դրախտի յոյսին ուրիշ մէկ հիմն է՝ բան մը, որուն այժմ մաս կը կազմեն Քրիստոնեաները համայն աշխարհի մէջ։ Ի՞նչ է այդ։ Աստուած հոգեւոր դրախտ մը արտադրած է եւ իր ժողովուրդը անոր մէջ բերած է։ «Հոգեւոր դրախտ» արտայայտութիւնը կրնայ վերացական ու անըմբռնելի թուիլ, բայց անիկա նախագուշակուած էր եւ իրապէս գոյութիւն ունի։

Տեսիլք՝ Դրախտի մը Մասին

4. Բ. Կորնթացիս 12։2-4 ի՞նչ տեսիլք կը յիշէ, եւ հաւանաբար ո՞վ տեսաւ զայն։

4 Ասոր առնչութեամբ, նկատէ Պօղոս առաքեալի գրածը. «Կը ճանչնամ մարդ մը Քրիստոսով՝ . . . [որ] յափշտակուեցաւ մինչեւ երրորդ երկինքը։ Եւ գիտեմ թէ այդպիսի մարդ մը, (արդեօք մարմինո՞վ էր թէ մարմինէն դուրս էր, չեմ գիտեր, Աստուա՛ծ գիտէ,) որ յափշտակուեցաւ դրախտը ու լսեց անճառելի խօսքեր, որոնց մասին մարդու մը համար արտօնուած չէ խօսիլ»։ (Բ. Կորնթացիս 12։2-4, ԱՎ) Այս հատուածը անմիջապէս կը յաջորդէ այն համարներուն, որոնց մէջ Պօղոս իր առաքեալ ըլլալը պաշտպանեց։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը չի խօսիր ոեւէ ուրիշ անհատի մասին որ այսպիսի փորձառութիւն մը ունեցաւ, եւ Պօղոսն է որ անոր մասին մեզի կը պատմէ։ Ուստի հաւանաբար Պօղո՛ս տեսաւ այս տեսիլքը։ Ան աստուածատուր տեսիլքով ի՞նչ «դրախտ» մտաւ։—Բ. Կորնթացիս 11։5, 23-31

5. Պօղոս ի՞նչ չտեսաւ, եւ հետեւաբար իր տեսածը ի՞նչպիսի «դրախտ» էր։

5 Բովանդակութիւնը չի թելադրեր որ «երրորդ երկինքը» կ’ակնարկէ երկրագունդի մթնոլորտին, անջրպետին կամ այլ տիեզերքի մը, ինչպէս աստղաբնագէտներ կ’ենթադրեն։ Աստուածաշունչը յաճախ թիւ երեքը կը գործածէ շեշտելու համար, կամ ուժգնութիւն կամ յաւելեալ զօրութիւն ցոյց տալու համար։ (Ժողովողի 4։12. Եսայեայ 6։3. Մատթէոս 26։34, 75. Յայտնութիւն 4։8) Ուստի տեսիլքի մէջ Պօղոսի տեսածը վեհ կամ վսեմ էր։ Անիկա հոգեւոր էր։

6. Պատմական ո՞ր զարգացումը Պօղոսի տեսիլքին նկատմամբ խորատեսութիւն կ’ընծայէ։

6 Աստուածաշունչի նախկին մարգարէութիւններ մեզի խորատեսութիւն կ’ընծայեն։ Իր վաղեմի ժողովուրդը անհաւատարիմ գտնուելով, Աստուած վճռեց Բաբելոնացիներուն թոյլ տալ որ Յուդայի եւ Երուսաղէմի վրայ յարձակին։ Անոնք կործանեցան Հ.Դ.Ա. 607–ին, աստուածաշնչական ժամանակագրութեան համաձայն։ Մարգարէութիւնը ըսաւ թէ երկիրը 70 տարի ամայի պիտի մնար. ապա Աստուած զղջացող Հրեաներու թոյլ պիտի տար որ վերադառնան ու ճշմարիտ պաշտամունքը վերահաստատեն։ Ասիկա տեղի ունեցաւ Հ.Դ.Ա. 537–էն սկսեալ։ (Բ. Օրինաց 28։15, 62-68. Դ. Թագաւորաց 21։10-15. 24։12-16. 25։1-4. Երեմեայ 29։10-14) Սակայն ի՞նչ պատահեցաւ երկրին։ Այդ 70 տարուան ընթացքին, անիկա վայրի բոյսերով, անջրդի շրջաններով ու շնագայլերով լեցուեցաւ։ (Երեմեայ 4։26. 10։22) Այսուհանդերձ սա խոստումը կար. «Տէրը Սիօնը պիտի մխիթարէ. անոր բոլոր աւերակները պիտի մխիթարէ, անոր անապատը՝ Եդեմի պէս, անոր ամայութիւնը Տէրոջը դրախտին պէս պիտի ընէ»։—Եսայեայ 51։3

7. 70 տարուան ամայացումէն ետք, ի՞նչ տեղի պիտի ունենար։

7 Ասիկա տեղի ունեցաւ 70 տարուան ամայացումէն ետք։ Աստուծոյ օրհնութեամբ վիճակները բարելաւուեցան։ Հետեւեալը մտապատկերէ. «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի։ Անիկա բոլորովին պիտի ծաղկի եւ ցնծութեամբ ու երգերով պիտի ուրախանայ։ . . . Կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ, քանզի անապատին մէջ ջուրեր ու անբնակ երկրին մէջ հեղեղներ պիտի բղխին։ Խորշակահար երկիրը լիճի պիտի դառնայ ու ծարաւուտ երկիրը ջուրի աղբիւրներ պիտի բղխեցնէ եւ չագալներուն պառկած բնակարանը եղէգի ու կնիւնի գաւիթ պիտի ըլլայ»։—Եսայեայ 35։1-7

Վերահաստատուած ու Փոխակերպուած Ժողովուրդ

8. Ի՞նչպէս գիտենք թէ Եսայեայ 35–րդ գլուխը մարդոց վրայ կը կեդրոնանար։

8 Ի՜նչ փոխակերպութիւն։ Ամայացում ապա դրախտ։ Սակայն այս եւ ուրիշ վստահելի մարգարէութիւններ ցոյց տուին թէ մարդիկ ալ պիտի փոխուին, ինչպէս աւերակ երկիր մը պտղաբեր կը դառնայ։ Ասիկա կրնանք ըսել, քանի որ Եսայի կը կեդրոնանար «Տէրոջը փրկածներ»ուն վրայ, որոնք իրենց երկիրը «երգով» պիտի վերադառնային ու «ցնծութիւն եւ ուրախութիւն» պիտի ստանային։ (Եսայեայ 35։10) Ասիկա ո՛չ թէ բառացի երկրին կիրարկուեցաւ, այլ՝ մարդոց։ Ասկէ զատ, Եսայի այլուր նախագուշակեց Սիօնի մէջ վերահաստատուած ժողովուրդին մասին. «Զանոնք պիտի անուանեն Արդարութեան բեւեկնիներ, որոնք Տէրը տնկեր է . . . ։ Քանզի ինչպէս երկիր իր տունկը կ’աճեցնէ . . . այնպէս Տէր Եհովան բոլոր ազգերուն առջեւ արդարութիւն ու գովութիւն պիտի բուսցնէ»։ Եսայի Աստուծոյ ժողովուրդին մասին նաեւ ըսաւ. «Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ, . . . ոսկորներդ պիտի զօրացնէ. դուն ջրարբի պարտէզի պէս . . . պիտի ըլլաս»։ (Եսայեայ 58։11. 61։3, 11. Երեմեայ 31։10-12) Ուստի ճիշդ ինչպէս բառացի երկրին կենսոլորտային վիճակները պիտի բարելաւուէին, վերահաստատուած Հրեայ ժողովուրդին մէջ ալ փոփոխութիւններ պիտի ըլլային։

9. Պօղոս ի՞նչ «դրախտ» տեսաւ, եւ անոր կատարումը ե՞րբ էր։

9 Այս պատմական նախատիպը մեզի կ’օգնէ հասկնալու ի՛նչ որ Պօղոս տեսիլքին մէջ տեսաւ։ Անիկա պիտի պարփակէր քրիստոնէական ժողովքը, որ ան կոչեց «Աստուծոյ մշակութիւն»ը, եւ պտղաբեր պէտք էր ըլլար։ (Ա. Կորնթացիս 3։9) Այդ տեսիլքը ե՞րբ պիտի կատարուէր։ Պօղոս իր տեսածը ‘յայտնութիւն’ կոչեց,– ապագային տեղի ունենալիք բան մը։ Ան գիտէր որ իր մահէն ետք, ընդարձակ հաւատուրացութիւն մը պիտի զարգանար։ (Բ. Կորնթացիս 12։1. Գործք 20։29, 30. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։3, 7) Երբ հաւատուրացները տիրեցին ու ճշմարիտ Քրիստոնեաները շուքի մէջ ձգեցին, կարելի չէր զանոնք ուռճացող պարտէզի մը նմանցնել։ Սակայն ժամանակ պիտի գար, երբ ճշմարիտ պաշտամունքը դարձեալ պիտի բարձրանար։ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի վերահաստատուէր, որպէսզի ‘արդարները կարենային փայլիլ արեւի պէս՝ իրենց Հօր թագաւորութեան մէջ’։ (Մատթէոս 13։24-30, 36-43) Ասիկա տեղի ունեցաւ՝ երկինքի մէջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուելէն քանի մը տարի ետք։ Իսկ անկէ ի վեր, շատ բացայայտ կը դառնայ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը հոգեւոր դրախտ կը վայելէ, որ Պօղոս տեսաւ այդ տեսիլքին մէջ։

10, 11. Անկատար ըլլալով հանդերձ, ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ հոգեւոր դրախտի մէջ ենք։

10 Գիտենք թէ անկատար ենք, ուստի չենք զարմանար որ երբեմն խնդիրներ կը ծագին, ինչպէս Պօղոսի օրուան Քրիստոնեաներուն մէջ ալ ծագեցան։ (Ա. Կորնթացիս 1։10-13. Փիլիպպեցիս 4։2, 3. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։6-14) Սակայն մտածէ մեր վայելած հոգեւոր դրախտին մասին։ Մեր նախկին հիւանդ վիճակին հետ բաղդատած, այժմ հոգեւորապէս բուժուած ենք։ Նաեւ հակադրէ մեր անցեալի սովաբեկ վիճակը, մեր ներկայ ճոխ հոգեւոր վիճակին հետ։ Փոխանակ ճգնելու որպէս թէ անջրդի հոգեւոր երկրի մը մէջ, Աստուծոյ ժողովուրդը իր հաւանութիւնը եւ յորդառատ օրհնութիւններ կը վայելէ։ (Եսայեայ 35։1, 7) Փոխանակ կուրանալու զնտանանման հոգեւոր խաւարի մէջ, կը տեսնենք ազատութեան եւ Աստուծոյ հաճութեան լոյսը։ Շատեր որոնք խուլի մը նման աստուածաշնչական մարգարէութիւնները չէին լսած, այժմ կը հասկնան Սուրբ Գրութիւններուն ըսածը։ (Եսայեայ 35։5) Օրինակ, համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւոր Եհովայի Վկաներ ուսումնասիրեցին Դանիէլի մարգարէութիւնը, համար առ համար։ Ապա անոնք խորապէս քննարկեցին Եսայեայ գիրքին իւրաքանչիւր գլուխը։ Արդարեւ այս կազդուրիչ հոգեւոր սնունդը կ’ապացուցանէ մեր հոգեւոր դրախտը։

11 Նաեւ մտածէ նկարագրի գիծերուն կրած փոփոխութեան մասին, մինչ ամէն խաւէ անկեղծ անհատներ կը ջանան Աստուծոյ Խօսքը հասկնալ ու կիրարկել։ Անոնք գլխաւորաբար ջանք թափած են զիրենք յատկորոշող անասնական յատկանիշները արմատախիլ ընելու։ Հոգեւոր եղբայրներուդ ու քոյրերուդ նման, թերեւս դուն ալ նկարագրի որոշ գիծ մը յաղթահարած ես։ (Կողոսացիս 3։8-14) Հետեւաբար Եհովայի Վկաներու ժողովքին մէջ կը նկատենք անհատներ որ աւելի խաղաղասէր ու հաճելի դարձած են։ Անոնք տակաւին կատարեալ չեն, բայց վստահաբար կարելի չէ զանոնք նկարագրել իբր կատաղի առիւծներ կամ յօշոտիչ գազաններ։ (Եսայեայ 35։9) Այս խաղաղ հոգեւոր ընկերակցութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ։ Բացայայտ է թէ կը վայելենք հոգեւոր վիճակ մը որ իրապէս կրնանք հոգեւոր դրախտ կոչել։ Իսկ մեր հոգեւոր դրախտը կը նախապատկերացնէ երկրային դրախտը, որ պիտի վայելենք եթէ Աստուծոյ հաւատարիմ մնանք։

12, 13. Մեր հոգեւոր դրախտին մէջ մնալու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։

12 Բայց կայ բան մը որ պէտք չէ անտեսենք։ Աստուած Իսրայելացիներուն ըսաւ. «Պահեցէք այն ամէն պատուիրանքները, որոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի զօրանաք ու մտնէք այն երկիրը, ուր կ’երթաք զանիկա ժառանգելու»։ (Բ. Օրինաց 11։8) Ղեւտացւոց 20։22, 24–ի մէջ, այդ նոյն երկիրը կը յիշուի. «Իմ բոլոր կանոններս եւ իմ բոլոր պատուիրանքներս պահեցէ՛ք ու կատարեցէ՛ք զանոնք, որպէս զի այն երկիրը, ուր ձեզ պիտի տանիմ բնակելու, դուրս չփսխէ ձեզ։ Եւ ըսի ձեզի. ‘Անոնց երկիրը դուք պիտի ժառանգէք ու ես զանիկա ձեզի պիտի տամ իբր ստացուածք, երկիր մը՝ ուր կաթ ու մեղր կը բղխի’»։ Այո, Խոստացեալ Երկրին տիրանալը Եհովա Աստուծոյ հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալէ կախեալ էր։ Որովհետեւ Իսրայելացիները իրեն չհնազանդեցան, Աստուած թոյլ տուաւ Բաբելոնացիներուն որ զանոնք նուաճեն ու տեղահանեն։

13 Մեր հոգեւոր դրախտին մէջ բազմաթիւ հաճոյալի ազդակներ կան։ Միջավայրը աչքին հաճելի է, իսկ ջիղերուն՝ հանդարտեցուցիչ։ Խաղաղութեան մէջ ենք այն Քրիստոնեաներուն հետ, որոնք անասնական յատկանիշներէն ձերբազատուելու համար ծանր աշխատած են։ Անոնք կը ջանան քաղցր ու օգտակար ըլլալ։ Սակայն մեր հոգեւոր դրախտին մէջ մնալը, անոնց հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալէ աւելին կը պահանջէ։ Անիկա կը պահանջէ Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալ եւ իր կամքը կատարել։ (Միքիայ 6։8) Մենք այս հոգեւոր դրախտը կամովին մտանք, բայց կրնանք աստիճանաբար անկէ հեռանալ,– կամ դուրս դրուիլ,– եթէ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը չպահպանենք։

14. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ հոգեւոր դրախտին մէջ մնանք։

14 Աստուծոյ Խօսքով շարունակ զօրանալը մեզի օգնող կարեւոր ազդակ մըն է։ Նկատէ Սաղմոս 1։1-3–ի մէջ գործածուած այլաբանական լեզուն. «Երանելի է այն մարդը, որ ամբարիշտներուն խորհուրդին մէջ չի քալեր, . . . հապա անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։ Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. ու անոր տերեւը պիտի չթափի, եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի»։ Ասկէ զատ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին՝ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւնները, հոգեւոր դրախտին մէջ հոգեւոր սնունդ կը հայթայթեն։—Մատթէոս 24։45-47

Դրախտին Այլ Նախանմոյշ մը

15. Մովսէս ինչո՞ւ չէր կրնար Իսրայելացիները Խոստացեալ Երկիր մտցնել, բայց ան ի՞նչ տեսաւ։

15 Նկատի առ Դրախտին ուրիշ մէկ նախօրինակը։ Իսրայէլ անապատին մէջ 40 տարի թափառելէ ետք, Մովսէս զիրենք հասցուց Մովաբի դաշտերը, Յորդանան գետին արեւելքը։ Մովսէսի անցեալ մէկ թերացումին համար, Եհովա վճռած էր որ Մովսէս Իսրայէլը պիտի չանցընէր Յորդանանի անդիի կողմը։ (Թուոց 20։7-12. 27։12, 13) Մովսէս Աստուծոյ աղաչեց՝ ըսելով. «Շնորհք ըրէ՛, որ անցնիմ ու Յորդանանի անդիի կողմի բարի երկիրը . . . տեսնեմ»։ Թէեւ Մովսէս այդ երկիրը չմտաւ, բայց բացայայտ է որ ան Փասգա լեռը բարձրանալէ ու երկրին զանազան շրջանները տեսնելէ ետք, գիտակցեցաւ որ «բարի երկիր» էր։ Այդ երկրին մասին ի՞նչ տեսակէտ կազմած ես։—Բ. Օրինաց 3։25-27

16, 17. (ա) Վաղեմի Խոստացեալ Երկիրը ի՞նչպէս տարբեր է արդի երկրէն։ (բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել թէ Խոստացեալ Երկիրը ատենօք դրախտի մը նման էր։

16 Եթէ կարծիքդ հիմնես շրջանին արդի երեւոյթին վրայ, թերեւս մտապատկերես ժայռոտ անապատներ եւ հեղձուցիչ տաքութիւն ունեցող, անջրդի ու աւազալից երկիր մը։ Սակայն Աստուածաշունչի ժամանակներուն այդ շրջանը ընդհանուր առմամբ շատ տարբեր էր։ Պարբերաթերթի մը մէջ (Scientific American), ջուրի եւ հողի մասնագէտ Տոքթ. Ուոլթըր Ս. Լոտըրմիլք բացատրեց թէ այս շրջանի երկիրը «հազար տարի չարաչար գործածուելով վնասուած է»։ Այս գիւղատնտեսը գրեց. «Այդ երբեմնի բարեբեր երկիրը փոխարինող ‘անապատը’, մարդ արարածին գործն է, եւ ո՛չ թէ՝ բնութեան»։ Իրականութեան մէջ, անոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուին թէ «այս երկիրը ատենօք արօտավայրերով հարուստ դրախտ մըն էր»։ Բացորոշ է թէ մարդկային չարաշահութիւնը վնաս հասցուց «արօտավայրերով հարուստ դրախտ»ին։ *

17 Աստուածաշունչի բովանդակութեան վրայ խոկալով, կրնաս տեսնել թէ այդ եզրակացութիւնը տրամաբանական է։ Մտաբերէ ինչ որ Եհովա Մովսէսի միջոցով ժողովուրդին ըսաւ. «Ձեր մտնելու ու ժառանգելու երկիրը լեռներու ու հովիտներու երկիր մըն է. երկնքի անձրեւին ջրովը կը ջրուի. այնպիսի երկիր մըն է, որ քու Տէր Աստուածդ կը խնամէ»։—Բ. Օրինաց 11։8-12

18. Եսայեայ 35։2–ը աքսորուած Իսրայելացիներուն ի՞նչ գաղափար տուաւ Խոստացեալ Երկրին մասին։

18 Խոստացեալ Երկիրը ա՛յնքան դալարագեղ ու բարեբեր էր, որ անոր կարգ մը շրջանները յիշելն իսկ, անհատին միտքը դրախտային վիճակներ կը բերէր։ Ասիկա յայտնի է Եսայեայ 35–րդ գլուխին մարգարէութենէն, որ սկզբնական կիրարկում ունեցաւ, երբ Իսրայելացիները Բաբելոնէն վերադարձան։ Եսայի նախագուշակեց. «Անիկա բոլորովին պիտի ծաղկի եւ ցնծութեամբ ու երգերով պիտի ուրախանայ։ Անոր պիտի տրուի Լիբանանին փառքը, Կարմեղոսին ու Սարօնին վայելչութիւնը. անոնք Տէրոջը փառքը, մեր Աստուծոյն վայելչութիւնը պիտի տեսնեն»։ (Եսայեայ 35։2) Լիբանանի, Կարմեղոսի եւ Սարօնի ակնարկելը, Իսրայելացիներուն միտքին մէջ գոհացուցիչ ու հաճելի պատկեր մը ստեղծած ըլլալու էր։

19, 20. (ա) Վաղեմի Սարօնի շրջանը նկարագրէ։ (բ) Դրախտի նկատմամբ մեր յոյսը զօրացնելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

19 Նկատի առ Սարօնը,– Սամարիայի բլուրներուն եւ Մեծ ծովուն՝ կամ Միջերկրական ծովուն միջեւ գտնուող ծովեզերեայ հարթավայր մը։ (Տես էջ 10–ի վրայ գտնուող լուսանկարը։) Անիկա իր գեղեցկութեան ու արգասաբերութեան համար հռչակաւոր էր։ Ջրարբի ըլլալով, անիկա արածելու ընտիր վայր մըն էր, իսկ հիւսիսային մասերուն մէջ կաղնեստաններ ունէր։ (Ա. Մնացորդաց 27։29. Երգ Երգոց 2։1. Եսայեայ 65։10) Արդ, Եսայեայ 35։2–ը կը նախագուշակէր վերահաստատում մը եւ շքեղափայլ ու դրախտանման երկիր մը։ Այդ մարգարէութիւնը նաեւ կ’ակնարկէր հաճելի հոգեւոր դրախտի մը, որ հետագային Պօղոս տեսիլքի մէջ տեսաւ։ Վերջապէս, այս մարգարէութիւնը, ուրիշ մարգարէութիւններու կողքին, մարդկութեան վերապահուած երկրային դրախտին նկատմամբ մեր յոյսը կը զօրացնէ։

20 Մինչ կ’ապրինք մեր հոգեւոր դրախտին մէջ, կրնանք անոր հանդէպ մեր գնահատութիւնը աւելցնել եւ երկրային Դրախտին վերաբերեալ մեր յոյսը ամրացնել։ Ի՞նչպէս։ Խորապէս ըմբռնելով ինչ որ կը կարդանք Աստուածաշունչին մէջ։ Աստուածաշնչական նկարագրութիւնները եւ մարգարէութիւնները յաճախ կը յիշեն մասնայատուկ վայրեր։ Կը փափաքի՞ս գիտնալ թէ անոնք ո՛ւր կը գտնուէին եւ ի՛նչ էր իրենց դիրքը միւս աշխարհագրական վայրերուն առնչութեամբ։ Յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ թէ ի՛նչպէս կրնաս օգտակար կերպով ասիկա ընել։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 16 Տէնիս Պէլի իր գիրքին մէջ (The Geography of the Bible) կ’ըսէ. «Աստուածաշնչական ժամանակներէն ի վեր, բուսականութեան տեսակները շատ մեծ փոփոխութեան ենթարկուած են»։ Պատճա՞ռը։ «Երբ մարդը փայտի կարիք ունեցաւ թէ՛ վառելանիւթի եւ թէ շինարարութեան համար . . . սկսաւ ծառերը կտրել, ուստի երկիրը օդին կատաղի յարձակումներուն ենթարկուեցաւ։ Այս կերպով կենսոլորտը խանգարելով, կլիման . . . աստիճանաբար անոր կործանման ամենէն կարեւոր ազդակը դարձաւ»։

Կը յիշե՞ս

• Պօղոս առաքեալ տեսիլքի մէջ ի՞նչ «դրախտ» տեսաւ։

Եսայեայ 35–րդ գլուխին սկզբնական կատարումը ի՞նչ էր, եւ անիկա ի՞նչպէս կապ ունի տեսիլքի մէջ Պօղոսի տեսածին հետ։

• Ի՞նչպէս կրնանք մեր հոգեւոր դրախտին հանդէպ մեր գնահատութիւնը աւելցնել եւ երկրային Դրախտին վերաբերեալ մեր յոյսը ամրացնել։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 10]

Սարօնի դաշտը, Խոստացեալ Երկրին մէջ արգասաբեր շրջան մը

[Նկարին աղբիւրը]

Pictorial Archive (Near Eastern History) Est.

[Նկար՝ էջ 12]

Մովսէս գիտակցեցաւ որ անիկա «բարի երկիր» մըն էր