Աստուծոյ Խօսքը համարձակութեամբ խօսէ
Աստուծոյ Խօսքը համարձակութեամբ խօսէ
«Գնա՛, իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին՝ մարգարէութիւն ըրէ՛»։—ԱՄՈՎՍԱՅ 7։15
1, 2. Ո՞վ էր Ամովս, եւ Աստուածաշունչը իր մասին ի՞նչ կը յայտնէ։
ՄԻՆՉ ծառայութեան կը մասնակցէր, Եհովայի վկայ մը քահանայի մը հետ դէմ յանդիման եկաւ։ Քահանան պոռաց. ‘Մի՛ քարոզեր։ Հեռացի՛ր այս շրջանէն’։ Վկան ի՞նչ ըրաւ։ Ան հրամանը կատարե՞ց, թէ ոչ շարունակեց Աստուծոյ խօսքը համարձակութեամբ խօսիլ։ Կրնաս գիտնալ, քանի որ այս վկան իր փորձառութիւնները արձանագրեց իր անունը կրող գիրքի մը մէջ։ Անիկա Աստուածաշունչի Ամովսայ գիրքն է։ Սակայն այդ հանդիպումին մասին աւելին գիտնալէ առաջ, նկատի առնենք Ամովսի ենթահողին մասին կարգ մը տեղեկութիւններ։
2 Ո՞վ էր Ամովս։ Ան ե՞րբ եւ ո՞ւր ապրեցաւ։ Ամովսայ 1։1–ը կը պատասխանէ. «Թեկուէի հովիւներէն Ամովսին խօսքերը, . . . Յուդայի թագաւորին Ոզիային օրերը ու Իսրայէլի թագաւորին Յովասին որդիին Յերոբովամին օրերը»։ Ամովս Յուդայի մէկ բնակիչն էր։ Անոր բնագաւառը Թեկուէ էր, Երուսաղէմի հարաւը 16 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Ան ապրեցաւ Հ.Դ.Ա. իններորդ դարու վերջաւորութեան, երբ Ոզիա թագաւորը Յուդայի վրայ կ’իշխէր, իսկ Յերոբովամ Բ. Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութեան թագաւորն էր։ Ամովս հովիւ էր։ Իրականութեան մէջ, Ամովսայ 7։14–ը կ’ըսէ թէ ան ո՛չ միայն «արջառներու հովիւ» էր, այլեւ՝ «մոլաթուզ քաղող» մը։ Ուստի ան տարուան որոշ մէկ եղանակին առժամեայ կ’աշխատէր, թուզերը ծակելով։ Այս աշխատանքը կը տարուէր, որպէսզի թուզերը արագօրէն հասուննան։ Անիկա տաղտկալի գործ մըն էր։
‘Գնա՛, Մարգարէութիւն Ըրէ՛’
3. Ամովսի մասին սորվիլը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի, եթէ քարոզելու որակեալ չզգանք։
3 Ամովս անկեղծօրէն ըսաւ. «Ես ո՛չ մարգարէ էի, ո՛չ ալ մարգարէի որդի»։ (Ամովսայ 7։14) Ան մարգարէի որդի չէր, ո՛չ ալ իբր մարգարէ մարզում ստացած էր։ Սակայն Յուդայի բոլոր ժողովուրդէն Եհովա Ամովսը ընտրեց Իր գործը կատարելու համար։ Այդ ժամանակ Աստուած չընտրեց հզօր թագաւոր մը, ուսեալ քահանայ մը կամ հարուստ իշխան մը։ Ասիկա սրտապնդիչ դաս մը կը սորվեցնէ մեզի։ Թերեւս աշխարհիկ դիրք կամ բարձր ուսում չունինք։ Բայց ասիկա պատճառ պէ՞տք է ըլլայ որ խորհինք թէ Աստուծոյ խօսքը քարոզելու որակեալ չենք։ Ամե՛նեւին։ Եհովա կրնայ մեզ զինել որ իր պատգամը ծանուցանենք նոյնիսկ դժուար թաղամասերու մէջ։ Որովհետեւ Եհովա Ամովսի պարագային ա՛յս է որ ըրաւ, օգտակար պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ խօսքը համարձակութեամբ խօսիլ փափաքող բոլոր անհատները նկատի առնեն այս խիզախ մարգարէին օրինակը։
4. Իսրայէլի մէջ մարգարէանալը ինչո՞ւ Ամովսի համար մարտահրաւէր մըն էր։
4 Եհովա Ամովսի հրամայեց. «Գնա՛, իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին՝ մարգարէութիւն ըրէ՛»։ (Ամովսայ 7։15) Այս նշանակումը մարտահրաւէր մըն էր։ Այդ ատեն Իսրայէլի տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը կը վայելէր խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ նիւթական բարգաւաճութիւն։ Շատեր «ձմեռնային տուն» եւ «ամառնային տուն» ունէին, ո՛չ թէ ցեխէ աղիւսներով շինուած, այլ՝ «տաշուած քար»երով։ Ոմանք փղոսկրեայ կահկարասիք ունէին, եւ «ցանկալի այգիներ»ու արտադրած գինին կը խմէին։ (Ամովսայ 3։15. 5։11) Հետեւաբար շատեր ինքնագոհ էին։ Արդարեւ Ամովսի նշանակուած թաղամասը կը նմանի մեզմէ ոմանց ծառայած թաղամասին։
5. Կարգ մը Իսրայելացիներ ի՞նչ անիրաւ բաներ կ’ընէին։
5 Իսրայելացիները սխալ չէին գործեր նիւթական ստացուածքներ ունենալով։ Սակայն անոնցմէ ոմանք անպարկեշտ միջոցներով հարստութիւն կը դիզէին։ Հարուստները ‘աղքատներուն զրկանք կ’ընէին’ եւ ‘տնանկները ոտքի տակ կ’առնէին’։ (Ամովսայ 4։1) Զօրաւոր վաճառականները, դատաւորներն ու քահանաները, աղքատը կողոպտելու համար դաւ կը սարքէին։ Այժմ ակնարկ մը նետենք այս մարդոց ըրածներուն վրայ։
Աստուծոյ Օրէնքը կը Բեկանուի
6. Իսրայելացին վաճառականները ի՞նչպէս կը շահագործէին ուրիշները։
6 Շուկայի մէջ անպարկեշտ վաճառականները ‘արդուն կը պզտիկցնէին’, ‘սիկղը կը մեծցնէին’ եւ նոյնիսկ «ցորենին խոտանը» կը ծախէին։ (Ամովսայ 8։5, 6) Վաճառականները իրենց յաճախորդները կը խաբէին՝ նուազ քանակ տալով, շատ սուղ գին պահանջելով ու ցածորակ ապրանք ծախելով։ Վաճառականներուն կողմէ ծայր աստիճան շահագործուելէ ետք, աղքատները կը ստիպուէին իրենք զիրենք իբր ստրուկներ ծախել։ Իսկ վաճառականները զանոնք «զոյգ մը կօշիկով» ծախու կ’առնէին։ (Ամովսայ 8։6) Երեւակայէ՛։ Այդ ագահ վաճառականները իրենց ազգակիցները կօշիկի մը արժէքին համահաւասար կը նկատէին։ Ասիկա չքաւորներուն ի՜նչ ջախջախիչ նուաստացում եւ Աստուծոյ Օրէնքին ի՜նչ ահաւոր զանցառում մըն էր։ Այսուհանդերձ այդ վաճառականները «շաբաթը» կը պահէին։ (Ամովսայ 8։5) Այո, անոնք կրօնասէր էին, բայց միայն դրսերեւոյթով։
7. Ի՞նչ բան կարելի դարձուց որ Իսրայելացի վաճառականները Աստուծոյ Օրէնքը բեկանեն։
7 Այս վաճառականները ինչո՞ւ պատիժ չկրեցին, բեկանելով Աստուծոյ Օրէնքը որ կը պատուիրէ. «Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛»։ (Ղեւտացւոց 19։18) Քանի որ Օրէնքը պարտադրող դատաւորները անոնց մեղսակիցներն էին։ Քաղաքին դրան մէջ, ուր դատերը ձեռք կ’առնուէին, դատաւորները ‘կաշառք կ’առնէին ու տնանկներուն դատը կը ծռէին’։ Փոխանակ չքաւորները պաշտպանելու, դատաւորները կաշառք առնելով անոնց հանդէպ անիրաւութեամբ կը վարուէին։ (Ամովսայ 5։10, 12) Ուստի դատաւորներն ալ Աստուծոյ Օրէնքը կ’անտեսէին։
8. Ամբարիշտ քահանաները ի՞նչ վարքի աչք կը գոցէին։
8 Մինչ այդ, Իսրայէլի քահանաները ի՞նչ դեր կը խաղային։ Ասիկա գիտնալու համար, մեր ուշադրութիւնը ուղղենք ուրիշ վայր մը։ Նկատէ թէ քահանաները «իրենց աստուածներուն տանը մէջ» ի՞նչ մեղքեր թոյլատրեցին։ Ամովսի միջոցով, Աստուած ըսաւ. «Իմ սուրբ անունս պղծելու համար տղան ու հայրը միեւնոյն աղջկան կը մտնեն»։ (Ամովսայ 2։7, 8) Իսրայելացի հայր մը ու իր որդին սեռային անբարոյութիւն կը գործէին կռապաշտական պոռնկութեան վերապահուած միեւնոյն աղջկան հետ։ Իսկ այդ ամբարիշտ քահանաները այս անբարոյութեան աչք կը գոցէին։—Ղեւտացւոց 19։29. Բ. Օրինաց 5։18. 23։17
9, 10. Իսրայելացիները ի՞նչ մարզի մէջ Աստուծոյ Օրէնքը բեկանեցին, եւ ասիկա ի՞նչպէս կը համեմատուի մեր օրերուն հետ։
9 Այլ մեղաւոր վարքի ակնարկելով, Եհովա ըսաւ. «Ամէն սեղանի քով գրաւ առնուած հանդերձներու վրայ կը պառկին եւ իրենց աստուածներուն տանը մէջ զրկուածներուն գինին կը խմեն»։ (Ամովսայ 2։8) Այո, քահանաները եւ ընդհանուր առմամբ ժողովուրդը նաեւ անտեսեցին Ելից 22։26, 27–ի մէջ արձանագրուած օրէնքը, որ կ’ըսէ թէ գրաւ առնուած հանդերձը արեւը մայր չմտած պէտք է վերադարձուի։ Փոխարէն, անոնք զայն գետինը կը փռէին եւ անոր վրայ երկննալով կ’ուտէին ու կը խմէին՝ չաստուածներու ներկայութեան։ Իսկ աղքատներէն գանձուած գումարներով, անոնք գինի կը գնէին, սուտ կրօնական տօներու ընթացքին խմելու համար։ Անոնք մաքուր պաշտամունքի ճամբայէն որքա՜ն շեղած էին։
10 Իսրայելացիները անամօթաբար կը բեկանէին Օրէնքին երկու մեծագոյն պատուիրանները,– Եհովան սիրել ու իրենց դրացին սիրել։ Այսպէս Աստուած Ամովսը ղրկեց՝ անոնց անհաւատարմութիւնը դատապարտելու համար։ Ներկայիս աշխարհի ազգերը, ի ներառեալ Քրիստոնեայ Աշխարհի ազգերը, վաղեմի Իսրայէլի ապականած վիճակը կ’արտացոլացնեն։ Մինչ ոմանք կը բարգաւաճին, բազմաթիւ ուրիշներ նիւթական գետնի վրայ կը քանդուին ու զգացականօրէն կը վնասուին, մեծ առեւտուրի, քաղաքականութեան ու սուտ կրօնքի անպարկեշտ առաջնորդներուն վատ վարքին պատճառով։ Բայց Եհովա հետաքրքրուած է այն անհատներով, որոնք կը տառապին եւ որոնք կը մղուին զինք փնտռելու։ Հետեւաբար ան իր արդի ծառաները նշանակած է որ Ամովսի գործին նման գործ մը կատարեն,– Իր խօսքը համարձակութեամբ քարոզել։
11. Ամովսի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
11 Մեր գործին եւ Ամովսի գործին միջեւ եղած նմանութիւններուն
պատճառով, մեծապէս պիտի օգտուինք անոր օրինակը նկատի առնելով։ Իրականութեան մէջ, Ամովս մեզի ցոյց կու տայ թէ (1) ի՛նչ պէտք է քարոզենք, (2) ի՛նչպէս պէտք է քարոզենք, եւ (3) ինչո՛ւ հակառակորդներ չեն կրնար մեր քարոզչութիւնը կասեցնել։ Այս կէտերը մէկ առ մէկ քննարկենք։Ի՛նչպէս Կրնանք Ամովսը Ընդօրինակել
12, 13. Եհովա ի՞նչպէս ցոյց տուաւ թէ Իսրայելացիներուն չէր հաճեր, իսկ ի՞նչ էր անոնց հակազդեցութիւնը։
12 Իբր Եհովայի Վկաներ, մեր քրիստոնէական ծառայութիւնը կը կեդրոնացնենք Թագաւորութեան քարոզչութեան ու աշակերտելու գործին վրայ։ (Մատթէոս 28։19, 20. Մարկոս 13։10) Այսուհանդերձ ուշադրութեան կը յանձնենք նաեւ Աստուծոյ ազդարարութիւնները, ինչպէս Ամովս յայտարարեց թէ Եհովա ամբարիշտները պիտի դատապարտէր։ Օրինակ, Ամովսայ 4։6-11–ը ցոյց կու տայ թէ Եհովա Իսրայէլի հանդէպ իր տհաճութիւնը կրկին անգամ յայտնեց։ Ան ժողովուրդին «հացի կարօտութիւն» տուաւ, «անձրեւը դադրեցուց», զանոնք «խորշակահարութեամբ ու դալուկով» զարկաւ եւ անոնց վրայ «ժանտախտ ղրկեց»։ Ասոնց ի տես, Իսրայէլ զղջա՞ց։ «Նորէն ինծի չդարձաք», ըսաւ Աստուած։ Արդարեւ Իսրայելացիները կրկին անգամ Եհովան մերժեցին։
13 Եհովա անզեղջ Իսրայելացիները պատժեց։ Սակայն նախ անոնք մարգարէական ազդարարութիւն մը ստացան։ Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, Աստուած յայտարարեց. «Տէր Եհովան բան մը չըներ, մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ»։ (Ամովսայ 3։7) Աստուած Նոյի յայտնեց մօտալուտ Ջրհեղեղին մասին եւ անոր ըսաւ որ ժողովուրդը ազդարարէ։ Նոյնպէս Եհովա Ամովսի ըսաւ որ վերջնական ազդարարութիւն մը տայ։ Դժբախտաբար, Իսրայէլ անտեսեց այդ աստուածային պատգամը եւ շիտակ քայլը չառաւ։
14. Ամովսի ժամանակին ու մեր օրերուն միջեւ ի՞նչ նմանութիւններ կան։
14 Անկասկած պիտի համաձայնիս թէ Ամովսի ժամանակին ու մեր օրերուն միջեւ կարգ մը ուշագրաւ նմանութիւններ կան։ Յիսուս Քրիստոս մարգարէացաւ թէ բազմաթիւ աղէտներ տեղի պիտի ունենային վերջին ժամանակի ընթացքին։ Ան նաեւ նախագուշակեց համաշխարհային քարոզչութիւն մը։ (Մատթէոս 24։3-14) Սակայն Ամովսի օրերուն նման, այսօր մարդոց մեծամասնութիւնը կ’անտեսէ թէ՛ ժամանակներուն նշանները եւ թէ Թագաւորութեան պատգամը։ Այս մարդոց համար հետեւանքը պիտի ըլլայ ի՛նչ որ անզեղջ Իսրայելացիները դիմագրաւեցին։ Եհովա զիրենք ազդարարեց. «Քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ»։ (Ամովսայ 4։12) Անոնք Աստուած դիմաւորեցին, իր աննպաստ դատավճիռը ստանալով, երբ Ասորեստան զիրենք նուաճեց։ Ներկայ անբարեպաշտ աշխարհը ‘Աստուած պիտի դիմաւորէ’ Արմագեդոնին։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Սակայն, այնքան ատեն որ Եհովայի համբերութիւնը կը շարունակուի, կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ կը յորդորենք, ըսելով. «Տէրը փնտռեցէք, որպէս զի ապրիք»։—Ամովսայ 5։6
Հակառակութիւնը Դիմագրաւենք՝ Ամովսի Նման
15-17. (ա) Ո՞վ էր Ամասիա, եւ ի՞նչպէս Ամովսի ազդարարութիւններուն հակազդեց։ (բ) Ամասիա Ամովսի դէմ ի՞նչ սուտ ամբաստանութիւններ ըրաւ։
15 Թէ ի՛նչ եւ թէ ի՛նչպէս քարոզելու մէջ կրնանք Ամովսը ընդօրինակել։ Այս իրողութիւնը աչքառու դարձուած է 7–րդ գլուխին մէջ, ուր կը հանդիպինք այն քահանային, որ յօդուածին սկիզբը յիշեցինք։ Ան «Բեթէլի քուրմը՝ Ամասիա»ն էր։ (Ամովսայ 7։10) Բեթէլ քաղաքը Իսրայէլի հաւատուրաց կրօնքին կեդրոնն էր, որ հորթի պաշտամունքը կը պարփակէր։ Արդ, Ամասիա պետական կրօնքին մէկ քահանան էր։ Ան ի՞նչպէս հակազդեց Ամովսի համարձակ քարոզչութեան։
16 Ամասիա Ամովսի ըսաւ. «Ո՛վ տեսանող, գնա՛, Յուդայի երկիրը փախի՛ր։ Հոն հաց կե՛ր եւ հոն մարգարէութիւն ըրէ՛։ Անգամ մըն ալ Բեթէլի մէջ մարգարէութիւն մի՛ ըներ, քանզի անիկա թագաւորին սրբարանն է ու թագաւորութեանը տունն է»։ (Ամովսայ 7։12, 13) Իրականութեան մէջ, Ամասիա ըսաւ. ‘Տո՛ւնդ գնա։ Մենք մեր կրօնքը ունինք’։ Ան նաեւ ջանաց կառավարութիւնը դրդել որ Ամովսի գործունէութիւնը արգիլէ, Յերոբովամ Բ. թագաւորին ըսելով. «Իսրայէլի տանը մէջ Ամովս քեզի դէմ դաւաճանութիւն կ’ընէ»։ (Ամովսայ 7։10) Այո, Ամասիա Ամովսը ամբաստանեց դաւաճանութեան յանցանքով։ Ան թագաւորին ըսաւ. «Ամովս այսպէս կ’ըսէ. ‘Յերոբովամ սուրով պիտի մեռնի ու Իսրայէլ իր երկրէն անշուշտ գերութեան պիտի երթայ’»։—Ամովսայ 7։11
17 Իր խօսքին մէջ Ամասիա երեք մոլորեցուցիչ արտայայտութիւններ գործածեց։ Ան ըսաւ. «Ամովս այսպէս կ’ըսէ»։ Բայց Ամովս բնաւ չդաւանեցաւ թէ մարգարէութեան աղբիւրը ինքն էր։ Ընդհակառակը, ան միշտ ըսած էր. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ»։ (Ամովսայ 1։3) Ամասիա նաեւ նշեց թէ Ամովս ըսած էր. «Յերոբովամ սուրով պիտի մեռնի»։ Սակայն ինչպէս Ամովսայ 7։9–ի մէջ արձանագրուած է, Ամովս մարգարէացած էր. «Յերոբովամին տանը վրայ սուրով պիտի ելլեմ [Եհովա]»։ Աստուած այս աղէտը նախագուշակեց Յերոբովամի «տանը»՝ անոր ապագայ սերունդին դէմ։ Ասկէ զատ, Ամասիա ենթադրեց թէ Ամովս ըսած էր. ‘Իսրայէլ անշուշտ գերութեան պիտի երթայ’։ Բայց Ամովս նաեւ մարգարէացած էր թէ Աստուծոյ դարձող ոեւէ Իսրայելացի, օրհնութիւններ պիտի ստանար։ Բացորոշ է թէ Ամասիա խեղաթիւրուած կէս–ճշմարտութիւններ գործածեց, Ամովսի քարոզչութիւնը պաշտօնապէս արգիլելու համար։
18. Ամասիայի ու ներկայ կղերականներուն կողմէ գործածուած մեթոտներուն միջեւ ի՞նչ նմանութիւններ կան։
18 Նկատեցի՞ր Ամասիայի եւ ներկայիս Եհովայի ժողովուրդին հակառակորդներուն կողմէ գործածուած մեթոտներուն միջեւ եղած նմանութիւնները։ Ճիշդ ինչպէս Ամասիա փորձեց Ամովսը լռեցնել, նոյնպէս այժմու քահանաներ, առաջնորդներ եւ պատրիարքներ կը ջանան Եհովայի ծառաներուն քարոզչութիւնը կասեցնել։ Ամասիա Ամովսը ամբաստանեց դաւաճանութեան յանցանքով։ Ներկայիս, կարգ մը կղերականներ նոյնպէս Եհովայի Վկաները կ’ամբաստանեն թէ ազգային ապահովութեան սպառնալիք մըն են։ Եւ ինչպէս Ամասիա Ամովսի դէմ պայքարելու համար թագաւորին օգնութեան դիմեց, նոյնպէս կղերները Եհովայի Վկաները հալածելու համար իրենց քաղաքական դաշնակիցներուն կը դիմեն։
Հակառակորդները Մեր Քարոզչութիւնը Չեն Կրնար Կասեցնել
19, 20. Ամովս Ամասիայի հակառակութեան ի՞նչպէս հակազդեց։
19 Ամովս Ամասիայի հակառակութեան ի՞նչպէս Ամովսայ 7։16, 17) Ամովս չէր վախցած։ Ի՜նչ հոյակապ օրինակ մը մեզի։ Աստուծոյ խօսքը խօսելու նկատմամբ, մեր Աստուծոյն անհնազանդ պիտի չըլլանք, նոյնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր արդի Ամասիաներ դառն հալածանք կը հրահրեն։ Ամովսի նման, կը շարունակենք ծանուցանել. «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ»։ Իսկ հակառակորդները երբեք չեն կրնար մեր քարոզչութիւնը կասեցնել, քանի որ «Տէրոջը ձեռքը» մեզի հետ է։—Գործք 11։19-21
հակազդեց։ Նախ, Ամովս քուրմին ըսաւ. «Դուն կ’ըսես թէ՝ ‘Իսրայէլի համար մարգարէութիւն մի՛ ըներ’»։ Ապա առանց վարանելու, Աստուծոյ խիզախ մարգարէն այնպիսի խօսքեր ըսաւ որ Ամասիա վստահաբար չէր ուզեր լսել։ (20 Ամասիա պէտք էր գիտնար որ իր սպառնալիքները անօգուտ էին։ Ամովս արդէն բացատրած էր թէ ինչո՛ւ երկրագունդին վրայ ոչ ոք կրնար զինք լռեցնել։ Ասիկա մեր նկատի առնելիք երրորդ կէտն է։ Ամովսայ 3։3-8–ի համաձայն, Ամովս հարցումներու եւ օրինակներու շարք մը գործածեց, ցոյց տալու համար թէ ամէն արդիւնք իր պատճառը ունի։ Ապա ան սա կիրարկումը ըրաւ. «Առիւծը մռնչեց, ո՞վ պիտի չվախնայ։ Տէր Եհովան խօսեցաւ, ո՞վ պիտի չմարգարէանայ»։ Ուրիշ խօսքով, Ամովս իր ունկնդիրներուն ըսաւ. ‘Ճիշդ ինչպէս չէք կրնար չվախնալ, երբ առիւծին մռնչիւնը լսէք, նոյնպէս ես չեմ կրնար Աստուծոյ խօսքը չքարոզել, քանի որ ասիկա ընելու Եհովայի հրամանը լսած եմ’։ Աստուածավախութիւնը կամ Եհովայի հանդէպ խոր ակնածանքը մղեց Ամովսը որ համարձակութեամբ խօսի։
21. Բարի լուրը քարոզելու Աստուծոյ պատուէրին ի՞նչպէս կ’ընդառաջենք։
21 Մենք ալ քարոզելու Եհովայի յանձնարարութիւնը կը լսենք։ Ի՞նչպէս կ’ընդառաջենք։ Ամովսի եւ Յիսուսի նախկին հետեւորդներուն նման, Եհովայի օգնութեամբ իր խօսքը համարձակութեամբ կը խօսինք։ (Գործք 4։23-31) Ո՛չ հակառակորդներուն հրահրած հալածանքը, ո՛չ ալ մեր քարոզած անհատներուն ցուցաբերած ինքնագոհութիւնը մեզ պիտի լռեցնեն։ Ամովսի նախանձախնդրութիւնը ցուցաբերելով, Եհովայի Վկաները համայն աշխարհի մէջ կը շարունակեն բարի լուրը համարձակութեամբ քարոզել։ Մարդիկը Եհովայի մօտալուտ դատաստանին մասին ազդարարելու պատասխանատուութիւնը ունինք։ Այդ դատաստանը ի՞նչ կը պարփակէ։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումին պիտի պատասխանէ։
Ի՞նչպէս պիտի պատասխանես
• Ամովս ի՞նչ պայմաններու ներքեւ իր աստուածատուր յանձնարարութիւնը կատարեց։
• Ամովսի նման, ի՞նչ պէտք է քարոզենք։
• Մեր քարոզչութիւնը ի՞նչ կեցուածքով պէտք է ընենք։
• Հակառակորդները ինչո՞ւ չեն կրնար մեր վկայութեան գործունէութիւնը կասեցնել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 6]
Աստուած թուզեր ծակող Ամովսը ընտրեց, Իր գործը ընելու համար
[Նկարներ՝ էջ 7]
Ամովսի նման, Եհովայի պատգամը համարձակութեամբ կը ծանուցանե՞ս