Յոբայ գիրքէն աչքառու կէտեր
Եհովայի խօսքը կենդանի է
Յոբայ գիրքէն աչքառու կէտեր
ՅՈԲ նահապետ կը բնակի Հուսի երկրին մէջ, որ այժմ Արաբիոյ մէջ է։ Միեւնոյն ժամանակ բազմաթիւ Իսրայելացիներ Եգիպտոսի մէջ կ’ապրին։ Իսրայելացի մը չըլլալով հանդերձ, Յոբ Եհովա Աստուծոյ մէկ երկրպագուն է։ Անոր մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ»։ (Յոբայ 1։8) Ասիկա այն ժամանակաշրջանը ըլլալու է, որ կ’իյնայ Եհովայի երկու աչքառու ծառաներուն՝ Յովսէփի ու Մովսէս մարգարէի՝ ապրած ժամանակներուն միջեւ։
Մովսէս, Յոբայ գիրքին հաւանական գրողը, թերեւս Յոբի մասին լսեց, երբ 40 տարի Մադիամի երկրին մէջ բնակեցաւ, Հուսի երկրին մօտ։ Մովսէս կրնար Յոբի վերջին տարիներուն մասին տեղեկանալ, երբ Իսրայելացիները Հուսի երկրին մօտ կը գտնուէին, անապատին մէջ իրենց 40 տարուան թափառման վերջաւորութեան։ * Յոբի փորձառութիւնը ա՛յնքան գեղեցիկ ոճով գրուած է, որ գիրքը գրական գլուխ–գործոց մը նկատուած է։ Ասկէ աւելի, անիկա հետեւեալ հարցումներուն կը պատասխանէ. բարի մարդիկը ինչո՞ւ կը տառապին։ Եհովա ինչո՞ւ թոյլ տուած է որ չարութիւնը գոյանայ։ Անկատար մարդիկ կրնա՞ն Աստուծոյ հանդէպ իրենց ուղղամտութիւնը պահել։ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին մէկ մասը ըլլալով, Յոբայ գիրքին պատգամը նոյնիսկ այսօր կենդանի ու զօրեղ է։—Եբրայեցիս 4։12
«ԿՈՐՍՈՒԻ ԱՅՆ ՕՐԸ, ՈՐՈՒՆ ՄԷՋ ԵՍ ԾՆԱՅ»
Օր մը Աստուծոյ ներկայութեան Սատանան Յոբի ուղղամտութիւնը հարցականի տակ կը դնէ։ Եհովա մարտահրաւէրը կ’ընդունի եւ Սատանայի թոյլ կու տայ որ Յոբի վրայ իրարայաջորդ աղէտներ բերէ։ Բայց Յոբ կը մերժէ ‘Աստուծոյ հայհոյել’։—Յոբայ 2։9
Յոբի երեք բարեկամները կու գան, որպէսզի «ցաւակից ըլլան անոր»։ (Յոբայ 2։11) Անոնք գետինը կը նստին առանց խօսք մը ըսելու, իսկ Յոբ լռութիւնը խզելով կ’ըսէ. «Կորսուի այն օրը, որուն մէջ ես ծնայ», ‘ինչո՞ւ այն երախաներուն պէս չեղայ՝ որոնք երբեք լոյս չտեսան’, կամ ծնան մեռած։—Յոբայ 3։3, 11, 16
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
1։4—Յոբի որդիները իրենց ծննդեան տարեդարձը կը տօնէի՞ն։ Ո՛չ։ Բնագրային լեզուին մէջ «օր» եւ «ծննդեան օր» բառերը իրարմէ տարբեր են, իւրաքանչիւրը իր իմաստը ունենալով։ (Ծննդոց 40։20) Յոբայ 1։4–ի մէջ գործածուած է «օր» բառը եւ ո՛չ թէ «ծննդեան օր» բառը, նշելով ցերեկուան ժամերը։ Ըստ երեւոյթին, Յոբի եօթը որդիները տարին անգամ մը՝ եօթը օր տեւող ընտանեկան հաւաքոյթ մը կը սարքէին։ Այդ շաբթուան ընթացքին, իւրաքանչիւրը «իր օրը» իր տան մէջ խնճոյք կը սարքէր։
1։6. 2։1—Որո՞նք կրնային Եհովայի առջեւ ներկայանալ։ Եհովայի առջեւ ներկայացան. Աստուծոյ միածին Որդին՝ Բանը, հաւատարիմ հրեշտակները, Աստուծոյ հրեշտակային ըմբոստ որդիները, ի ներառեալ՝ Բանսարկուն։ (Յովհաննու 1։1, 18) Սատանան ու իր դեւերը երկինքէն վռնտուեցան միայն երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուեցաւ 1914–ին։ (Յայտնութիւն 12։1-12) Անոնց թոյլ տալով որ իր առջեւ ներկայանան, Եհովա բոլոր հոգեղէն արարածներուն ուշադրութեան յանձնեց Սատանայի մարտահրաւէրն ու անոր յարուցած հարցերը։
1։7. 2։2—Եհովա Սատանայի հետ ուղղակի՞ խօսեցաւ։ Աստուածաշունչը մանրամասնութիւններ չի տար թէ Եհովա ի՛նչպէս կը հաղորդակցի հոգեղէն արարածներու հետ։ Սակայն Միքիա մարգարէն տեսիլքի մը մէջ տեսաւ հրեշտակ մը, որ Եհովայի հետ ուղղակի կը հաղորդակցէր։ (Գ. Թագաւորաց 22։14, 19-23) Ուստի այնպէս կը թուի թէ առանց միջնորդի, Եհովա Սատանայի հետ խօսեցաւ։
1։21—Յոբ ի՞նչ կերպով կրնար իր ‘մօր արգանդը’ վերադառնալ։ Որովհետեւ Եհովա Աստուած «գետնին հողէն» ձեւակերպեց մարդը, «մայր» բառը հոս այլաբանօրէն գործածուած է՝ երկրին ակնարկելով։—Ծննդոց 2։7
2։9—Յոբի կինը թերեւս ի՞նչ տրամադրութիւն ունէր, երբ իր ամուսինին ըսաւ որ Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռնի։ Յոբ եւ իր կինը նոյն վնասները կրեցին։ Ան վստահաբար վշտացած էր տեսնելով իր աշխոյժ ամուսինին հիւծուիլը՝ զզուելի հիւանդութեամբ մը։ Ան իր սիրելի զաւակները կորսնցուցած էր։ Թերեւս այս բոլորին պատճառով ան ա՛յնքան շուարած էր, որ շատ կարեւոր կէտ մը նկատի չառաւ,– Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութիւնը։
Դասեր՝ մեզի համար.
1։8-11. 2։3-5. Ինչպէս Յոբի պարագան ցոյց կու տայ, պատշաճ արարքներու եւ խօսքերու կողքին, ուղղամտութիւնը կը պահանջէ որ Եհովայի ծառայելու շիտակ շարժառիթը ունենանք։
1։21, 22. Նպաստաւոր եւ տհաճ պայմաններու ներքեւ Եհովայի հաւատարիմ մնալով, Սատանայի ստախօս ըլլալը կը փաստենք։—Առակաց 27։11
2։9, 10. Յոբի նման, հաւատքի մէջ հաստատ պէտք է մնանք, նոյնիսկ եթէ ընտանիքի անդամներ մեր հոգեւոր հետապնդումները չեն արժեւորեր կամ մեր վրայ ճնշում կը բանեցնեն որ համակերպինք կամ մեր հաւատքը լքենք։
2։13. Հոգեւորութիւն չունենալով, Յոբի բարեկամները Աստուծոյ ու իր խոստումներուն մասին ըսելիք ո՛չ մէկ մխիթարական խօսք ունէին։
«ԻՄ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՍ ՁԵՌՔԷ ՊԻՏԻ ՉՁԳԵՄ»
Յոբի երեք բարեկամները իրենց զրոյցներուն մէջ կը շեշտեն սա հիմնական կէտը. Յոբ շատ գէշ բան մը ըրած ըլլալու է, որ Աստուած զինք խստօրէն կը պատժէ։ Նախ Եղիփազ կը խօսի, ապա Բաղդատ՝ աւելի կծու խօսքեր ուղղելով, իսկ Սոփար կը գործածէ ա՛լ աւելի կործանարար լեզու մը։
Յոբ իր այցելուներուն սխալ պատճառաբանութիւնները կը մերժէ։ Չհասկնալով թէ Աստուած ինչո՛ւ թոյլատրած է որ տառապի, ան կը ջանայ ինքզինք արդարացնել։ Այսուհանդերձ ան կը սիրէ Աստուած եւ կը բացագանչէ. «Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ»։—Յոբայ 27։5
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
7։1. 14։14—Ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ «պատերազմ»ը։ Յոբ ա՛յնքան շատ նեղութիւն քաշեց, որ կեանքը ծանր՝ պարտադիր աշխատանք նկատեց։ (Յոբայ 10։17) Իսկ քանի որ Շէօլի մէջ անհատ մը հարկադրաբար ժամանակ կ’անցընէ, իր մահէն մինչեւ յարութիւնը, Յոբ այդ ժամանակը նմանցուց պարտադիր ծառայութեան։
7։9, 10. 10։21. 16։22—Այս խօսքերը ցոյց կու տա՞ն թէ Յոբ յարութեան չէր հաւատար։ Այս համարներուն մէջ Յոբ կը խօսի իր անմիջական ապագային մասին։ Հաւանաբար ան ըսել ուզեց՝ թէ եթէ մեռնէր, իր ժամանակակիցներէն ո՛չ մէկը պիտի կարենար զինք տեսնել։ Անոնց տեսանկիւնէն դիտուած, ինք ո՛չ պիտի վերադառնար իր տունը, ո՛չ ալ կրկին ճանաչում պիտի ստանար, մինչեւ Աստուծոյ նշանակած ժամանակը։ Յոբ նաեւ թերեւս ըսել ուզեց, թէ ո՛չ ոք ինքնիրմէ կրնայ Շէօլէն վերադառնալ։ Յոբայ 14։13-15–ը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ Յոբ ապագայ յարութեան մը կը հաւատար։
10։10—Եհովա ի՞նչպէս ‘Յոբը կաթի պէս թափեց ու պանիրի պէս թանձրացուց’։ Ասիկա բանաստեղծական ոճով կը նկարագրէ թէ Յոբ ի՛նչպէս կազմուեցաւ իր մօր արգանդին մէջ։
19։20—Յոբ ի՞նչ ըսել ուզեց՝ «միայն ակռաներուս կաշիովը [«մորթով», ԱՎ] ազատեցայ» արտայայտութեամբ։ Ըսելով թէ ինք ազատեցաւ բանի մը մորթով՝ որ ըստ երեւոյթին մորթ չունի, Յոբ թերեւս ըսել ուզեց թէ ինք գրեթէ ոչինչ բանով ազատեցաւ։
Դասեր՝ մեզի համար.
4։7, 8. 8։5, 6. 11։13-15. Շուտով պէտք չէ ենթադրենք թէ նեղութեան մէջ եղող անհատը՝ իր ցանածը կը հնձէ եւ Աստուծոյ հաճութիւնը չունի։
4։18, 19. 22։2, 3. Մեր խրատները պէտք է հիմնուած ըլլան Աստուծոյ Խօսքին վրայ, եւ ո՛չ թէ՝ անձնական կարծիքներու վրայ։—Բ. Տիմոթէոս 3։16
10։1. Դառնութիւնը Յոբը կուրցուց, այնպէս որ իր տառապանքին համար ուրիշ հաւանական պատճառներ նկատի չառաւ։ Երբ տառապինք, պէտք չէ դառնանանք, մանաւանդ քանի որ խնդրոյ առարկայ հարցերուն մասին յստակ հասկացողութիւն ունինք։
14։7, 13-15. 19։25. 33։24. Մեր վրայ Սատանայի բերած որեւէ փորձութեան ընթացքին, յարութեան յոյսը կրնայ մեզի ոյժ տալ։
16։5. 19։2. Մեր խօսքերը ուրիշները պէտք է քաջալերեն ու ամրացնեն, եւ ո՛չ թէ զայրացնեն։—Առակաց 18։21
22։5-7. Անփաստ ամբաստանութիւններու հիման վրայ տրուած խրատը անարժէք ու վնասաբեր է։
27։2. 30։20, 21. Ուղղամտութիւն պահելը կատարելութիւն չի պահանջեր։ Յոբ սխալ կերպով Աստուած քննադատեց։
27։5. Միայն Յոբ կրնար իր ուղղամտութիւնը իրմէ հեռացնել, քանի որ անհատին ուղղամտութիւնը կախեալ է Աստուծոյ հանդէպ իր սէրէն։ Ուստի Եհովայի հանդէպ զօրաւոր սէր պէտք է մշակենք։
28։1-28. Մարդը գիտէ թէ երկրի գանձերը ո՛ւր կը գտնուին։ Մինչ զանոնք կը փնտռէ, իր հնարամտութիւնը զինք կ’առաջնորդէ դէպի ստորերկրեայ ճամբաներ, զորս ո՛չ մէկ հեռատես գիշատիչ թռչուն կրնայ տեսնել։ Սակայն աստուածային իմաստութեան աղբիւրը Եհովայի վախն է։
29։12-15. Կարիքաւորներուն հանդէպ կամովին հաւատարիմ սէր ցուցաբերելու ենք։
31։1, 9-28. Յոբ մեզի օրինակ հանդիսացաւ, մերժելով՝ անլուրջ սիրախօսութիւնը, շնութիւնը, ուրիշներուն հետ անիրաւօրէն ու անգթօրէն վարուիլը, նիւթապաշտութիւնն ու կռապաշտութիւնը։
«ՀՈՂԻ ՈՒ ՄՈԽԻՐԻ ՎՐԱՅ ԿԸ ԶՂՋԱՄ»
Եղիուս անունով երիտասարդ մը համբերութեամբ բանավէճը կ’ունկնդրէ։ Այժմ ան կը խօսի եւ կը սրբագրէ Յոբն ու զինք տանջող երեք անհատները։
Երբ Եղիուս իր ըսելիքը կը վերջացնէ, Եհովա մրրիկին մէջէն կը պատասխանէ Յոբի։ Ան Յոբի տառապանքին համար բացատրութիւն մը չի տար։ Սակայն շարք մը հարցումներ ուղղելով, Ամենակալը Յոբի ուշադրութեան կը յանձնէ Իր ահեղ զօրութիւնը եւ անհուն իմաստութիւնը։ Յոբ կը խոստովանի թէ հասկացողութեամբ չխօսեցաւ ու կ’ըսէ. «Իմ անձս կ’արհամարհեմ, հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։ (Յոբայ 42։6) Անոր փորձութիւնը վերջ գտնելով, անոր ուղղամտութիւնը կը վարձատրուի։
Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանել.
32։1-3—Եղիուս ե՞րբ հասաւ։ Որովհետեւ Եղիուս բոլո՛ր խօսակցութիւնները ունկնդրեց, ուրեմն ներկայ էր ու իրենց մօտ նստած էր, երբ Յոբ սկսաւ խօսիլ՝ իր երեք բարեկամներուն լռութեան եօթը օրերուն վերջ դնելով։—Յոբայ 3։1, 2
34։7—Յոբ ի՞նչպէս ‘հայհոյութիւնը ջուրի պէս խմող’ մարդու մը նման էր։ Իր վշտացած վիճակին մէջ, Յոբ երեք այցելուներուն հեգնանքը իրե՛ն ուղղուած սեպեց, թէեւ անոնք խորքին մէջ Աստուծոյ դէմ կը խօսէին։ (Յոբայ 42։7) Ուստի ան ծաղրանքը կամ հայհոյութիւնը խմեց, ինչպէս մէկը հաճոյքով ջուր կը խմէ։
Դասեր՝ մեզի համար.
32։8, 9. Իմաստութիւնը միայն տարիքի բերմամբ ձեռք չի ձգուիր։ Անիկա կը պահանջէ Աստուծոյ Խօսքին հասկացողութիւնը եւ իր հոգիին առաջնորդութիւնը։
34։36. Մեր ուղղամտութիւնը կ’ապացուցանուի, կերպով մը ‘մինչեւ վերջը փորձուելով’։
35։2. Եղիուս խօսելէ առաջ՝ ուշի–ուշով մտիկ ըրաւ ու բուն հարցը բնորոշեց։ (Յոբայ 10։7. 16։7. 34։5) Քրիստոնեայ երէցները խրատ տալէ առաջ՝ ամենայն ուշադրութեամբ մտիկ պէտք է ընեն, իրողութիւնները ստուգեն եւ յարակից հարցերը յստակօրէն հասկնան։—Առակաց 18։13
37։14. 38։1–39։30. Եհովայի զօրութիւնն ու իմաստութիւնը յայտնող իր սքանչելի գործերուն վրայ խոկալը, մեզ կը խոնարհեցնէ եւ կ’օգնէ տեսնելու թէ իր գերիշխանութեան ջատագովումը աւելի կարեւոր է, քան՝ մեր անձնական շահերը։—Մատթէոս 6։9, 10
40։1-4. Եթէ զգանք թէ Ամենակարողին դէմ պիտի տրտնջանք, ‘մեր ձեռքը մեր բերանին վրայ պէտք է դնենք’։
40։15–41։34. Բեհեմովթը (գետաձին) եւ Լեւիաթանը (կոկորդիլոսը) ի՜նչ զօրութիւն ունին։ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ տոկալու համար, կարիք ունինք որ Արարիչը մեզի զօրութիւն տայ։—Փիլիպպեցիս 4։13
42։1-6. Եհովայի խօսքը լսելով եւ իր զօրութեան յայտնութիւնները վերյիշելով, Յոբ ‘Աստուած տեսաւ’, կամ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը նկատեց։ (Յոբայ 19։26) Ասիկա իր մտածելակերպը ճշդեց։ Երբ Աստուածաշունչի հիման վրայ սրբագրութիւն ստանանք, իսկոյն մեր սխալը պէտք է ընդունինք եւ հարկ եղած ճշդումը ընենք։
«Յոբին համբերութիւնը» մշակէ
Յոբայ գիրքը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ մարդոց տառապանքին համար ո՛չ է Աստուած պատասխանատու է, այլ՝ Սատանան։ Աստուած երկրի վրայ չարութիւնը թոյլատրելով, մեզի պատեհութիւն կու տայ որ անհատապէս պատասխան տանք, թէ Եհովայի գերիշխանութեան եւ մեր ուղղամտութեան հարցերուն մէջ ի՛նչ է մեր կեցուածքը։
Յոբի նման, Եհովան սիրող բոլոր անհատները պիտի փորձուին։ Յոբի պատմութիւնը մեզ կը հաւաստիացնէ թէ կրնանք տոկալ եւ մեզի կը յիշեցնէ թէ մեր խնդիրները առյաւէտ պիտի չտեւեն։ Յակոբու 5։11–ը կ’ըսէ. «Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք»։ Եհովա Յոբը վարձատրեց, քանի որ իր ուղղամտութիւնը պահեց։ (Յոբայ 42։10-17) Ի՜նչ հոյակապ յոյս մը մեզի տրուած է,– դրախտային երկրի վրայ յաւիտենական կեանք։ Ուստի Յոբի նման թող վճռենք մեր ուղղամտութիւնը պահել։—Եբրայեցիս 11։6
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 2 Յոբայ գիրքը կը ծածկէ աւելի քան 140 տարի, Հ.Դ.Ա. 1657–ի եւ 1473–ի միջեւ։
[Նկարներ՝ էջ 16]
‘Յոբի համբերութենէն’ ի՞նչ կրնանք սորվիլ