Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի հաւատարմութիւնը եւ ներողամտութիւնը գնահատէ

Եհովայի հաւատարմութիւնը եւ ներողամտութիւնը գնահատէ

«Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն» (ՍԱՂ. 86։5

1, 2. ա) Հաւատարիմ եւ ներող բարեկամները ինչո՞ւ կը գնահատենք։ բ) Ո՞ր հարցումները նկատի պիտի առնենք։

ԻՍԿԱԿԱՆ բարեկամը ինչպէ՞ս կը սահմանես։ Էշլի անունով քոյր մը կ’ըսէ. «Իսկական բարեկամը ա՛յն է՝ որ միշտ պատրաստ է քեզի օգնելու եւ կը ներէ երբ սխալիս»։ Բոլորս կը գնահատենք այն բարեկամները, որոնք հաւատարիմ ու ներող են, քանի որ մեզի կ’օգնեն ապահով եւ սիրուած զգալու (Առ. 17։17

2 Եհովան մեր ամենահաւատարիմ եւ ներող Բարեկամն է։ Սաղմոսերգուն զինք սապէս կը նկարագրէ. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող ես եւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն» (Սաղ. 86։5)։ Ի՞նչ կը նշանակէ հաւատարիմ ե՛ւ ներող ըլլալ։ Եհովան այդ գեղեցիկ յատկութիւնները ինչպէ՞ս կը ցուցաբերէ։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք իր օրինակին հետեւիլ։ Պատասխանները մեզի պիտի օգնեն, որ մեր լաւագոյն Բարեկամին՝ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը խորացնենք։ Ինչպէս նաեւ մեզի պիտի օգնեն որ մեր բարեկամութիւնները ամրացնենք (Ա. Յովհ. 4։7, 8

ԵՀՈՎԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ Է

3. Հաւատարիմ ըլլալ ի՞նչ կը նշանակէ։

3 Հաւատարմութիւնը ջերմ յատկութիւն մըն է, որ իր մէջ անձնուիրութիւն կը պարփակէ։ Հաւատարիմ անհատը փոփոխական եւ անհաստատ չէ։ Փոխարէն, ան իր սէրը ցոյց կու տայ՝ շարունակ օգնելով եւ աջակցելով իր բարեկամին. եւ այսպէս կը վարուի նոյնիսկ ամենադժուար պարագաներու ներքեւ։ Աստուածաշունչը Եհովան որպէս «հաւատարիմ» կը նկարագրէ։ Իրեն չափ հաւատարիմ մէկը չկայ (Յայտ. 16։5, ՆԱ

4, 5. ա) Եհովան ի՞նչ կերպերով հաւատարմութիւն կը ցուցաբերէ։ բ) Ինչո՞ւ կը քաջալերուինք երբ Եհովայի հաւատարմութեան մասին մտածենք։

4 Եհովան ինչպէ՞ս հաւատարմութիւն կը ցուցաբերէ։ Ան իր հաւատարիմ երկրպագուները բնաւ չի թողուր։ Այդ երկրպագուներէն մէկը՝ Դաւիթ թագաւոր Եհովայի հաւատարմութեան մասին վկայեց՝ ըսելով. «Հաւատարիմին հետ հաւատարիմ կ’ըլլաս» (Բ. Թագ. 22։26, ՆԱ)։ Երբ Դաւիթ փորձութիւններու առջեւ գտնուէր, Եհովան հաւատարմօրէն զինք կ’առաջնորդէր, կը պաշտպանէր եւ կ’ազատէր (Բ. Թագ. 22։1)։ Դաւիթ շօշափեց, թէ Եհովան ո՛չ թէ խօսքով, հապա գործո՛վ իրեն հանդէպ հաւատարիմ էր։ Եհովան ինչո՞ւ Դաւիթի հանդէպ հաւատարիմ գտնուեցաւ։ Քանի որ Դաւիթ ի՛նք «հաւատարիմ» էր։ Եհովան իր երկրպագուներուն հաւատարմութիւնը կ’արժեւորէ, եւ զանոնք կը վարձատրէ՝ իր հաւատարմութիւնը ցոյց տալով (Առ. 2։6-8

5 Շատ կը քաջալերուինք երբ մտածենք թէ Եհովան իր ծառաներուն հանդէպ որքա՜ն հաւատարիմ կը գտնուի։ Ռիտ անունով հաւատարիմ եղբայր մը կ’ըսէ. «Իսկապէս կ’օգտուիմ երբ կը կարդամ թէ Եհովան ինչպէ՛ս Դաւիթի հետ վարուեցաւ դժուար ժամանակներուն։ Նոյնիսկ երբ Դաւիթ կը փախչէր ու քարայրներու մէջ կ’ապրէր, Եհովան միշտ իրեն նեցուկ կանգնեցաւ։ Այս մէկը շատ քաջալերական կը գտնեմ։ Ասիկա ինծի կը յիշեցնէ, թէ ի՛նչ պարագայէ ալ անցնիմ եւ որքա՛ն ալ վիճակը վատ թուի, Եհովան ինծի օգնական պիտի ըլլայ, այնքան ատեն որ իրեն հաւատարիմ կը մնամ»։ Անկասկած դուն ալ համանման զգացումներ ունիս (Հռով. 8։38, 39

6. Ուրիշ ի՞նչ կերպերով Եհովան հաւատարմութիւն կը ցուցաբերէ, եւ ասիկա իր երկրպագուներուն ինչպէ՞ս կ’օգտէ։

6 Ուրիշ ո՞ր կերպերով Եհովան հաւատարմութիւն կը ցուցաբերէ։ Կերպերէն մէկը այն է՝ թէ Եհովան իր անձնական չափանիշներուն կը հետեւի։ Ան մեզ կը հաւաստիացնէ. «Մինչեւ ձեր ծերութիւնը ես նոյնն եմ» (Եսա. 46։4)։ Եւ ան միշտ որոշումներ կը կայացնէ իր անփոփոխ չափանիշներուն համաձայն (Մաղ. 3։6)։ Ասկէ զատ, Եհովան հաւատարմութիւն կը ցուցաբերէ, իր խոստումները միշտ կատարելով (Եսա. 55։11)։ Քանի որ Եհովան հաւատարիմ է, իր բոլոր հաւատարիմ երկրպագուները կ’օգտուին։ Ինչպէ՞ս։ Երբ մեր լաւագոյնը ընենք որ Եհովայի օրէնքներուն հնազանդինք, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզ օրհնելու իր խոստումը պիտի պահէ (Եսա. 48։17, 18

ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

7. Աստուծոյ հաւատարմութիւնը ընդօրինակելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։

 7 Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի հաւատարմութիւնը ընդօրինակել։ Կերպերէն մէկն է՝ քայլեր առնել դժուար պարագաներ դիմագրաւողներուն թիկունք կանգնելու համար (Առ. 3։27)։ Օրինակ՝ կը ճանչնա՞ս հաւատակից մը որ վհատած է, թերեւս առողջապահական խնդիրներու, ընտանեկան հակառակութեան կամ անձնական ձախողութիւններու պատճառաւ։ Ինչո՞ւ նախաձեռնութիւնը չառնես զինք «բարի խօսքերով ու մխիթարական խօսքերով» քաջալերելու (Զաք. 1։13) *։ Այսպէս ընելով, կը փաստես թէ հաւատարիմ ու իսկական բարեկամ մըն ես, մէկը որ «եղբօրմէն աւելի մտերիմ» է (Առ. 18։24

8. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի հաւատարմութիւնը ընդօրինակել, զոր օրինակ՝ ամուսնութեան ծիրէն ներս։

8 Նաեւ կրնանք Եհովայի հաւատարմութիւնը ընդօրինակել, երբ մեր սիրելիներուն հանդէպ ուղղամիտ գտնուինք։ Օրինակ՝ եթէ ամուսնացած ենք, գիտենք որ պէտք է մեր կողակիցին հաւատարիմ մնանք (Առ. 5։15-18)։ Ուրեմն պէտք չէ նոյնիսկ բռնենք այն ճամբան, որ շնութեան կ’առաջնորդէ (Մատ. 5։28)։ Ասկէ զատ, մեր հաւատակիցներուն հանդէպ հաւատարիմ կը գտնուինք, երբ խոյս տանք բամբասանքէ ու զրպարտութենէ, մերժելով այսպիսի բացասական խօսակցութիւններ տարածել կամ նոյնիսկ մտիկ ընել (Առ. 12։18

9, 10. ա) Մասնաւորաբար որո՞ւն հանդէպ կ’ուզենք հաւատարիմ մնալ։ բ) Եհովայի պատուէրներուն հնազանդիլը ինչո՞ւ միշտ դիւրին պիտի չըլլայ։

9 Ամէն բանէ աւելի կ’ուզենք Եհովայի հաւատարիմ մնալ։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս մէկը ընել։ Ջանալով հարցերը իր տեսանկիւնէն դիտել, այսինքն՝ իր սիրածը սիրել եւ իր ատածը ատել, եւ ապա աստուածահաճոյ կեանք վարել (կարդա՛ Սաղմոս 97։10Որքա՛ն աւելի մեր խորհուրդներն ու զգացումները Եհովայի խորհուրդներուն ու զգացումներուն հետ ներդաշնակ ըլլան, այնքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ իր պատուէրներուն հնազանդիլ (Սաղ. 119։104

10 Ճիշդ է որ միշտ դիւրին պիտի չըլլայ Եհովայի պատուէրներուն հնազանդիլ։ Հաւատարիմ մնալու համար թերեւս շատ ջանք թափենք։ Օրինակ՝ կարգ մը ամուրիներ կ’ուզե՛ն ամուսնանալ, բայց տակաւին յարմար կողակից մը չեն գտած Եհովայի երկրպագուներուն մէջ (Ա. Կոր. 7։39)։ Ամուրի քոյր մը կը նկատէ թէ իր անհաւատ աշխատակիցները միշտ կը ջանան զինք հաւանական կողակիցի մը ծանօթացնել։ Թերեւս ան շատ մինակ կը զգայ։ Բայց ան լուրջ ջանք կը թափէ որ Եհովայի հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահպանէ։ Այսպիսի քրիստոնեաներ հաւատարմութեան հոյակապ օրինակներ են։ Վստահաբար, Եհովան պիտի վարձատրէ բոլոր անոնք՝ որոնք դժուար պարագաներու ներքեւ իրեն հաւատարմօրէն կը ծառայեն (Եբ. 11։6

«Եղբօրմէն աւելի մտերիմ բարեկամ կայ» (Առ. 18։24)։ (Տե՛ս  պարբերութիւն 7)

‘Իրարու ներեցէք’ (Եփ. 4։32)։ (Տե՛ս  պարբերութիւն 16)

ԵՀՈՎԱՆ ՆԵՐՈՂ Է

11. Ի՞նչ կը նշանակէ ներող ըլլալ։

11 Եհովայի ամէնէն սիրելի յատկութիւններէն մէկն է՝ ներելու իր կամեցողութիւնը։ Ի՞նչ կը նշանակէ ներող ըլլալ։ Հիմնականօրէն կը նշանակէ վիրաւորողին յանցանքը մէկդի դնել, եթէ ասիկա ընելու վաւերական պատճառ կայ։ Ասիկա չի նշանակեր թէ ներող անհատը վիրաւորանքը կ’անտեսէ կամ պատահածը կ’ուրանայ։ Փոխարէն, ան կ’որոշէ չվրդովիլ։ Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ, թէ Եհովան սրտանց զղջացողները ‘կը ներէ’ (Սաղ. 86։5

12. ա) Եհովան ինչպէ՞ս ներողամտութիւն կը ցուցաբերէ։ բ) Պետրոս ի՞նչ ըսել ուզեց երբ ըսաւ, թէ ‘մեղքերը կրնան ջնջուիլ’։

12 Եհովան ինչպէ՞ս ներողամտութիւն կը ցուցաբերէ։ Երբ Եհովան ընտրէ ներել, ան «առատապէս կը ներէ»։ Ան թէ՛ ամբողջովին եւ թէ մնայուն կերպով կը ներէ (Եսա. 55։7)։ Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Եհովան ամբողջովին կը ներէ։ Նկատի առ Գործք 3։19–ի հաւաստիքը (կարդա՛)։ Պետրոս առաքեալ իր ունկնդիրները յորդորեց որ ‘ապաշխարեն ու դարձի գան’։ Երբ մեղանչողը իսկապէս զղջայ, ան խորապէս իր վատ ընթացքին նկատմամբ ցաւ կը զգայ։ Նաեւ կը վճռէ նոյն մեղքը դարձեալ չգործել (Բ. Կոր. 7։10, 11)։ Ասկէ զատ, սրտանց զղջալը մեղանչողը կը մղէ, որ ‘դարձի գայ’, այսինքն՝ լքէ իր վատ ընթացքը եւ աստուածահաճոյ ընթացք բռնէ։ Եթէ Պետրոսի ունկնդիրները այսպէս զղջային, արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլար։ Պետրոս ըսաւ որ անոնց ‘մեղքերը կրնային ջնջուիլ’։ «Ջնջուիլ» արտայայտութիւնը կու գայ յունարէն բառէ մը, որ կը նշանակէ «սրբուիլ, աւրուիլ, մաքրուիլ»։ Ուրեմն, երբ Եհովան կը ներէ, կարծես թէ մեր մեղքերը կը սրբէ։ Առ ի արդիւնք, ան ամբողջովին կը ներէ (Եբ. 10։22. Ա. Յովհ. 1։7

13. «Ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ» արտայայտութիւնը ինչպէ՞ս մեզ կը հաւաստիացնէ։

13 Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Եհովան մնայուն կերպով կը ներէ։ Ասիկա յստակ կը դառնայ Երեմիայի մէկ մարգարէութեան միջոցաւ, որ առնչուած է օծեալ քրիստոնեաներուն (կարդա՛ Երեմիա 31։34Եհովան կ’ըսէ. «Անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ»։ Այսպիսով, Եհովան մեզ կը հաւաստիացնէ թէ երբ ներէ, ա՛լ չի մտածեր մեր մեղքերուն մասին, որպէսզի մեզ կրկին անգամ մեղադրէ կամ պատժէ։ Փոխարէն, ան այդ մեղքերը կը ներէ եւ մնայուն կերպով իր կռնակին ետեւ կը նետէ (Հռով. 4։7, 8

14. Եհովայի ներողամտութեան վրայ խոկալով ինչպէ՞ս կրնանք մխիթարուիլ. օրինակ մը տուր։

14 Եհովայի ներողամտութեան վրայ խոկալով կրնանք մխիթարուիլ։ Նկատի առ հետեւեալ օրինակը. տարիներ առաջ, քոյր մը՝ որ պիտի կոչենք Իլէյն, վտարուեցաւ։ Քանի մը տարի ետք, ան վերահաստատուեցաւ ժողովքին մէջ։ Իլէյն կը խոստովանի. «Թէեւ ես ինծի եւ ուրիշներուն ըսի թէ կը հաւատա՛մ որ Եհովան ինծի ներած է, բայց միշտ կը զգայի թէ ան կերպով մը ինձմէ հեռու է կամ թէ ուրիշներ իրեն աւելի՛ մօտ են եւ ինք անոնց համար աւելի՛ իրական է»։ Սակայն Իլէյն մխիթարուեցաւ՝ խոկալով կարգ մը պատկերաւոր խօսքերու վրայ, որոնք Եհովայի ներողամտութիւնը կը նկարագրեն։ Ան կ’աւելցնէ. «Ինծի հանդէպ Եհովայի սէրն ու գուրգուրանքը աննախընթաց կերպով զգացի»։ Օրինակի համար, հետեւեալ գաղափարը զինք շատ մխիթարեց. երբ Եհովան կը ներէ, կարծես թէ մեզ կը մաքրէ՛ մեր մեղքերէն։ Ուստի, հարկ չունինք առյաւէտ յանցաւոր զգալու *։ Իլէյն կ’ըսէ. «Գիտակցեցայ որ չէի հաւատացած թէ Եհովան կրնայ ինծի ամբողջովին ներել, եւ կը խորհէի որ այս բեռը առյաւէտ պիտի կրէի։ Գիտեմ թէ ժամանակ պիտի առնէ, բայց սկսած եմ զգալ թէ իրապէս կրնամ աւելի՛ մօտենալ Եհովային, եւ կը զգամ որ կռնակէս բեռ մը վերցուեցաւ»։ Արդարեւ, ի՜նչ սիրառատ ու ներող Աստուծոյ կը ծառայենք (Սաղ. 103։9

ԵՀՈՎԱՅԻ ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

15. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի ներողամտութիւնը ընդօրինակել։

15 Կրնանք Եհովայի ներողամտութիւնը ընդօրինակել, երբ ընտրենք ուրիշներուն ներել (կարդա՛ Ղուկաս 17։3, 4Յիշէ թէ երբ Եհովան կը ներէ, ա՛լ չի մտածեր մեր մեղքերուն մասին։ Ուստի, երբ ուրիշներուն ներենք, մենք ալ կրնանք մոռնալ՝ հարցը մեր կռնակին ետեւ նետելով եւ ապագային հին տետրակներ չբանալով։

16. ա) Ներող ըլլալ կը նշանակէ՞ վիրաւորանքը անտեսել կամ թոյլ տալ ուրիշներուն որ մեզ շահագործեն. բացատրէ։ բ) Որպէսզի Աստուած մեզի ներէ, ի՞նչ պէտք է ընենք։

 16 Ներող ըլլալ կը նշանակէ՞ վիրաւորանքը անտեսել կամ թոյլ տալ ուրիշներուն որ մեզ շահագործեն։ Ո՛չ։ Այլ՝ ատիկա հիմնականօրէն կը նշանակէ չվրդովիլ։ Կարեւոր է որ յիշենք թէ Աստուծոյ կողմէ ներուելու համար, պէտք է ուրիշներու հետ մեր գործառնութեանց մէջ իր ներողամտութիւնը ընդօրինակենք (Մատ. 6։14, 15)։ Վերջ ի վերջոյ, Եհովան կարեկցաբար կը յիշէ թէ «մենք հող ենք» (Սաղ. 103։14)։ Ուստի, երբ ուրիշներ մեզի դէմ բան մը ըսեն կամ ընեն, պէտք է յիշենք թէ անոնք մեզի պէս անկատար են, եւ սրտանց մղուինք անոնց ներելու (Եփ. 4։32. Կող. 3։13

Քեզ վիրաւորող անհատին համար անկեղծօրէն աղօթէ (Տե՛ս  պարբերութիւն 17)

17. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել, որ մեզ վիրաւորող հաւատակիցի մը ներենք։

 17 Անշուշտ, միշտ դիւրին չէ ներել։ Նոյնիսկ առաջին դարու կարգ մը օծեալ քրիստոնեաներուն համար մարտահրաւէր էր լուծել իրենց միջեւ ծագած խնդիրները (Փլպ. 4։2)։ Եթէ հաւատակից մը մեզ վիրաւորած է, ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել։ Նկատի առ Յոբի պարագան։ Ան խորապէս վիրաւորուեցաւ երբ իր «բարեկամները»՝ Եղիփազ, Բաղդատ ու Սոփար, անհիմն ամբաստանութիւններով զինք անարգեցին (Յոբ 10։1. 19։2)։ Վերջաւորութեան, Եհովան այդ ամբաստանողները յանդիմանեց եւ պահանջեց որ Յոբին երթան ու իրենց մեղքերուն համար ընծայ ներկայացնեն (Յոբ 42։7-9)։ Բայց Եհովան Յոբէն ալ բան մը պահանջեց։ Ի՞նչ էր այդ։ Յոբ զինք ամբաստանողներուն համար պէտք է աղօթէր։ Ան այս մէկը ըրաւ եւ Եհովան զինք օրհնեց, քանի որ ներող հոգի ունէր (կարդա՛ Յոբ 42։10, 12, 16, 17Ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։ Մեզ վիրաւորող անհատին համար անկեղծօրէն աղօթելը մեզի պիտի օգնէ որ չվրդովինք։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԵՀՈՎԱՅԻ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԼԻՈՎԻՆ ԳՆԱՀԱՏԵԼ

18, 19. Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել Եհովայի սիրալիր անձնաւորութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնել։

18 Վստահաբար թարմացուցիչ էր Եհովայի սիրալիր անձնաւորութեան տարբեր երեսակները նկատի առնել։ Տեսանք թէ ան դիւրամերձ, անաչառ, առատաձեռն, խոհեմ, հաւատարիմ եւ ներող է։ Անշուշտ, տակաւին սորվելիք շատ բան ունինք։ Իր մասին առյաւէտ սորվելով պիտի ուրախանանք (Ժող. 3։11)։ Պօղոս առաքեալի հետ համամիտ ենք, որ ըսաւ. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը»,– չնշելու համար ա՛յլ յատկութիւններ, ինչպէս՝ սէրը եւ մեր քննարկած վեց յատկութիւնները (Հռով. 11։33

19 Թող բոլորս շարունակենք Եհովայի սիրալիր անձնաւորութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը խորացնել։ Ասիկա կրնանք ընել, եթէ ծանօթանանք իր յատկութիւններուն, անոնց վրայ խոկանք, եւ ապա զանոնք մեր կեանքին մէջ կիրարկենք (Եփ. 5։1)։ Երբ այսպէս ընենք, անկասկած ա՛լ աւելի պիտի համաձայնինք սաղմոսերգուին հետ, որ տաղերգեց. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի» (Սաղ. 73։28

^ պարբ. 7 Այս առնչութեամբ օգտակար առաջարկներու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 ապրիլ 1995 թիւին «Վերջերս ոեւէ մէկը քաջալերա՞ծ էք» յօդուածը եւ 1 յուլիս 1995 թիւին «Իրարու սիրոյ եւ բարեգործութեան մղենք—ինչպէ՞ս» յօդուածը։

^ պարբ. 14 Տե՛ս Եհովայի մօտեցիր գիրքը, գլուխ 26, պարբերութիւն 10 (անգլերէնով)։