Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛վ երէցներ, «յոգնած հոգին» պիտի թարմացնէ՞ք

Ո՛վ երէցներ, «յոգնած հոգին» պիտի թարմացնէ՞ք

Անժէլա *, իր 30–ական տարիքին մէջ եղող ամուրի քոյր մը, քիչ մը ջղագրգիռ է։ Ան երէցներուն կը սպասէ։ Արդեօք անոնք իրեն ի՞նչ պիտի ըսեն։ Ճիշդ է որ ան քանի մը ժողովներէ բացակայեցաւ, բայց ամբողջ օրը տարեցներուն հոգ տանելէն կը յոգնի։ Իր առօրեայ մտահոգութիւններուն կողքին, ան իր մօր առողջութեամբ խորապէս մտահոգուած է։

Եթէ դո՛ւն Անժէլայի պիտի այցելէիր, արդեօք այս «յոգնած հոգին» ինչպէ՞ս պիտի քաջալերէիր (Եր. 31։25)։ Բայց նախ, ինչպէ՞ս պիտի նախապատրաստուէիր թարմացուցիչ հովուական այցելութիւն կատարելու։

ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ ՆԿԱՏԻ ԱՌ

Ատեններ բոլորս կը յոգնինք մեր աշխարհիկ գործին կամ աստուածպետական պատասխանատուութիւններուն պատճառաւ։ Օրինակ, երբ Դանիէլ մարգարէն անհասկնալի տեսիլք մը ստացաւ, ըսաւ. «Թալկացայ» (Դան. 8։27, ԱԾ)։ Յետագային, Գաբրիէլ հրեշտակը իրեն օգնութիւն հայթայթեց։ Աստուծոյ այդ պատգամաւորը Դանիէլի հասկացողութիւն տուաւ, հաւաստիացուց որ Եհովան անոր աղօթքները լսած էր եւ ըսաւ թէ ան տակաւին «Աստուծոյ սիրելին» էր (Դան. 9։21-23)։ Ուրիշ առիթով, ա՛յլ հրեշտակի մը արտասանած լաւ–ընտրուած բառերը այս յոգնած մարգարէն զօրացուցին (Դան. 10։19

Այցելութիւնը ընելէ առաջ, նկատի առէք հաւատակիցին պարագաները

Համանման կերպով, յոգնած կամ յուսահատ հաւատակիցին այցելելէ առաջ, ժամանակ տրամադրէ անոր պարագաներուն մասին մտածելու։ Ան ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ։ Այս խնդիրները ինչպէ՞ս զինք ուժասպառ կ’ընեն։ Ան ի՞նչ լաւ յատկութիւններ կը ցուցաբերէ։ Ռիչըրտ, որ աւելի քան 20 տարիէ երէց մըն է, կ’ըսէ. «Կը կեդրոնանամ եղբայրներուն ունեցած զօրաւոր կէտերուն վրայ։ Անոնց այցելելէ առաջ, անոնց պարագաները ուշի–ուշով նկատի առնելը կը դիւրացնէ որ գտնեմ կերպեր, որոնցմով կրնամ զիրենք քաջալերել»։ Եթէ ուրիշ երէց մը քեզի պիտի ընկերակցի, կրնաք միասնաբար նկատի առնել ձեր հաւատակիցին պարագան։

ՁԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ՀԱՆԳՍՏԱՑՈՒՑԷՔ

Հաւանաբար կը համաձայնիս, թէ անհատ մը կը տատամսի իր անձնական զգացումներուն մասին խօսելու։ Լուսաբանենք. հաւատակիցդ թերեւս դժուար գտնէ այցելող երէցներուն իր սիրտը բանալ։ Ինչպէ՞ս կրնաս ճամբան հարթել խօսակցութեան։ Անկեղծ ժպիտ մը եւ քանի մը հաւաստիացուցիչ բառեր կրնան լաւ ազդեցութիւն ունենալ։ Մայքլ, որ աւելի քան 40 տարիէ երէց մըն է, իր այցելութիւնները յաճախ սա կերպով կը սկսի. «Իրականութեան մէջ, երէցի մը ամէնէն գեղեցիկ առանձնաշնորհումներէն մէկն է՝ եղբայրներուն այցելել իրենց տան մէջ եւ զանոնք մօտէն ճանչնալ։ Ուստի, անձկագին կը սպասէի մեր այս հանդիպումին»։

Թերեւս յարմար ըլլայ որ այցելութեան սկիզբը սրտագին աղօթք մը ընես։ Պօղոս առաքեալ իր աղօթքներուն մէջ պատշաճօրէն ընդգծեց իր եղբայրներուն հաւատքը, սէրը եւ համբերութիւնը (Ա. Թես. 1։2, 3)։ Երբ արտայայտուիս թէ եղբօրդ լաւ յատկութիւններուն նկատմամբ ինչպէ՛ս կը զգաս, իրականութեան մէջ քու եւ իր սիրտը շինիչ խօսակցութեան մը համար պատրաստած կ’ըլլաս։ Խօսքերդ կրնան նաեւ սփոփիչ ազդեցութիւն ունենալ։ Ռէյ անունով փորձառու երէց մը կ’ըսէ. «Ատեններ մեր իրագործած լաւ բաները կը մոռնանք։ Ուստի, երբ մէկը մեզի զանոնք յիշեցնէ, կը թարմանանք»։

ՀՈԳԵՒՈՐ ՇՆՈՐՀՔ ՄԸ ՏՈՒՐ

Պօղոսին նման, կրնաս «հոգեւոր շնորհք մը» տալ, աստուածաշնչական կէտ մը բաժնելով հաւատակիցիդ հետ, նոյնիսկ մէկ համար միայն գործածելով (Հռով. 1։11)։ Օրինակ, ընկճուած եղբայր մը թերեւս անարժէք զգայ, ինչպէս որ սաղմոսերգուն ինքզինք «ծուխի մէջ դրուած տիկի» նմանցուց (Սաղ. 119։83, 176)։ Այդ արտայայտութեան մասին հակիրճ բացատրութիւն տալէ ետք, թերեւս եղբօր յայտնես թէ վստահ ես որ ինք Աստուծոյ պատուէրները ‘չէ մոռցած’։

Համանման կերպով, կորսուած դրամին լուսաբանութիւնը թերեւս քրոջ մը սրտին դպչի, որ ժողովքէն հեռացած է կամ հոգեւորապէս դանդաղած է (Ղուկ. 15։8-10)։ Կրնայ ըլլալ որ այդ կորսուած դրամը մէկ մասն էր թանկարժէք մանեակի մը, որ արծաթ դրամներէ կազմուած էր։ Այդ լուսաբանութիւնը քննարկելով, կրնաս անոր օգնել նշմարելու որ ինք ժողովքին արժէքաւոր մէկ մասն է։ Անկէ ետք, թերեւս ընդգծես թէ Եհովան որքա՜ն իրմով հետաքրքրուած է որպէս իր գառնուկը։

Սովորաբար մեր հաւատակիցները իրենց կարդացած համարները քննարկելով կ’ուրախանան։ Ուստի, ջանա՛ միայն դուն չխօսիլ։ Եղբօր հետ նպատակայարմար համար մը կարդալէ ետք, կրնաս ընտրել բանալի բառ մը կամ նախադասութիւն մը եւ խնդրել որ զայն մեկնաբանէ։ Օրինակ, Բ. Կորնթացիս 4։16–ը կարդալէ ետք, երէց մը կրնայ հարցնել. ‘Կրնա՞ս մտածել կերպերու մասին, որոնցմով Եհովան քեզ ‘կը նորոգէ’ կամ կը զօրացնէ’։ Այս մօտեցումով կրնաք իսկապէս ‘զիրար քաջալերել’ (Հռով. 1։12, Անթիլիաս

Սովորաբար մեր հաւատակիցները իրենց կարդացած համարները քննարկելով կ’ուրախանան

Կրնաս նաեւ հաւատակից մը թարմացնել, քննարկելով Աստուածաշունչէն անձնաւորութիւն մը, որ համանման պարագայէ անցաւ։ Ընկճուած հաւատակիցի մը համար, յարմար պիտի ըլլայ նկատի առնել Աննայի կամ Եպափրոդիտոսի օրինակը, որոնք ատեններ յուսահատելով հանդերձ, Աստուծոյ աչքին թանկարժէք մնացին (Ա. Թագ. 1։9-11, 20. Փլպ. 2։25-30)։ Եթէ պարագան ներէ, Աստուածաշունչէն կարգ մը ընտիր օրինակներ քննարկէ։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼ

Հաւատակիցին այցելելէ ետք, շարունակէ իրեն հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել (Գործք 15։36)։ Օրինակ, այցելութեան աւարտին, իրարու հետ քարոզելու կարգադրութիւն կրնաս ընել։ Երբ Պեռնարտ անունով փորձառու երէց մը դարձեալ հանդիպի այն հաւատակիցին, որուն այցելած էր, խոհեմութեամբ կ’ակնարկէ տրուած խրատին, հարցնելով. «Ամէն բան լաւ կ’ընթանա՞յ»։ Այսպիսի անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելով, կարող պիտի ըլլաս որոշել եթէ յաւելեալ օգնութեան հարկ կայ։

Որեւէ ժամանակէ աւելի, մեր եղբայրներն ու քոյրերը կարիք ունին զգալու թէ իրենց հոգ կը տանիս, կը հասկնաս եւ կը սիրես (Ա. Թես. 5։11)։ Ուստի, հովուական այցելութիւն ընելէ առաջ, ժամանակ տրամադրէ խոկալու այցելելիք հաւատակիցիդ պարագային վրայ։ Զայն աղօթքի նիւթ դարձուր։ Յարմար համարներ ընտրէ։ Այսպէս պիտի գտնես «յոգնած հոգին» թարմացնելու յարմար բառերը։

^ պարբ. 2 Անունները փոխուած են։