Եհովայի յիշեցումները թող քեզ ուրախացնեն
«Քու վկայութիւններդ [«յիշեցումներդ», ՆԱ] յաւիտեան ժառանգեցի» (ՍԱՂ. 119։111)։
1. ա) Մարդիկ յիշեցումներու ինչպէ՞ս կը հակազդեն եւ ինչո՞ւ։ բ) Հպարտը ինչպէ՞ս խրատին կը հակազդէ։
ՄԱՐԴԻԿ տարբեր կերպերով ուղղութեան կը հակազդեն։ Օրինակ, ոմանք հեղինակաւոր անհատի մը յիշեցումին կ’ընդառաջեն, բայց իրենց հասակակիցին կամ նուազ հեղինակութիւն ունեցող անհատին ուղղութեան չեն ընդառաջեր։ Ոմանք խրատ ստանալով կը տխրին, կ’ընկճուին կամ կ’ամչնան. մինչդեռ ուրիշներ կը քաջալերուին եւ կը ձգտին հարցերը աւելի լաւ կերպով ձեռք առնել։ Մարդիկ ինչո՞ւ տարբեր կերպերով կը հակազդեն։ Պատճառներէն մէկը՝ հպարտութիւնն է։ Երբ հպարտը խրատ ստանայ, կը խորհի թէ ատիկա իրեն չի կիրարկուիր, ուստի զայն կը մերժէ եւ տրուած ցուցմունքէն չ’օգտուիր (Առ. 16։18)։
2. Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ Աստուծոյ Խօսքին խրատը կը գնահատեն։
2 Միւս կողմէ, ճշմարիտ քրիստոնեաները օգտակար խրատը կը գնահատեն, մանաւանդ երբ ատիկա Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած ըլլայ։ Եհովայի յիշեցումները մեզի կ’օգնեն տեսնելու սխալ վարքին վտանգները։ Օրինակ, անոնք կ’օգնեն վնասակար բաներէ խուսափելու, ինչպէս՝ նիւթապաշտութիւն, սեռային անբարոյութիւն եւ թմրեցուցիչի ու ալքոլի սխալ գործածութիւն (Առ. 20։1. Բ. Կոր. 7։1. Ա. Թես. 4։3-5. Ա. Տիմ. 6։6-11)։ Ասկէ զատ, Աստուծոյ յիշեցումներուն անսալով ‘սրտի ուրախութիւն’ կ’ունենանք (Եսա. 65։14)։
3. Սաղմոսերգուին ո՞ր կեցուածքը լաւ կ’ըլլայ որ ընդօրինակենք։
3 Մեր երկնաւոր Հօր հետ մեր թանկագին փոխյարաբերութիւնը պաշտպանելու համար, պէտք է շարունակենք իր իմաստուն ցուցմունքները կիրարկել։ Ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ, եթէ սաղմոսերգուին նոյն կեցուածքը ունենանք, որ ըսաւ. «Քու վկայութիւններդ [«յիշեցումներդ», ՆԱ] յաւիտեան ժառանգեցի, վասն զի անոնք իմ սրտիս ցնծութիւնն են» (Սաղ. 119։111)։ Սաղմոսերգուին նման՝ Եհովայի պատուէրներուն հնազանդիլը մեզ կ’ուրախացնէ՞, թէ ոչ ատեններ զանոնք բեռ կը նկատենք։ Նոյնիսկ եթէ մեզի տրուած խրատ մը մեզ ընդվզեցնէ, պէտք չէ յուսահատինք։ Կրնա՛նք անխախտ վստահութիւն մշակել, թէ Եհովայի իմաստուն պատուէրներուն հնազանդիլը մեր լաւագոյն շահին կը ծառայէ։ Նկատի առնենք երեք կերպ։
ԱՂՕԹՔԻ ՄԻՋՈՑԱՒ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԿԵՐՏԷ
4. Ի՞նչ բան Դաւիթի կեանքին մէջ բնաւ չխախտեցաւ։
4 Դաւիթ թագաւոր կեանքի մէջ վերիվայրումներ ունեցաւ, բայց Եհովայի հանդէպ իր ունեցած վստահութիւնը բնա՛ւ չխախտեցաւ։ Ան ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, իմ անձս քեզի վերցուցի։ Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացի» (Սաղ. 25։1, 2)։ Ի՞նչ բան Դաւիթի օգնեց, որ իր երկնաւոր Հօր մեծապէս վստահի։
5, 6. Դաւիթի աղօթքները ի՞նչ կը յայտնեն Եհովայի հետ իր փոխյարաբերութեան մասին։
5 Շատեր միայն վշտագին պահերուն Աստուծոյ կ’աղօթեն։ Ի՞նչ կ’ընես եթէ բարեկամդ կամ ազգականդ քեզի հետ կապի մէջ կը մնայ միա՛յն երբ դրամի կամ օգնութեան պէտք ունի։ Ժամանակի ընթացքին, կրնաս իր մղումները հարցականի տակ դնել։ Բայց Դաւիթ այդպէս չէր։ Եհովայի հետ իր փոխյարաբերութիւնը ցոյց տուաւ, թէ իրեն կը հաւատար ու զինք կը սիրէր, ի՛նչ որ ալ ըլլային իր կեանքի պարագաները,– լաւ թէ գէշ (Սաղ. 40։8)։
6 Նկատի առ թէ Դաւիթ ինչպէ՛ս Եհովան փառաբանեց եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնեց. «Ո՛վ Տէր, մեր Տէրը, ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ, որ քու փառքդ երկինքներէն վեր դրիր» (Սաղ. 8։1)։ Արդարեւ, Դաւիթ իր երկնաւոր Հօր հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունէր։ Ան ա՛յնքան տպաւորուած էր Եհովայի մեծափառութեամբ եւ շքեղութեամբ, որ «ամէն օր» զինք կը մեծարէր (Սաղ. 35։28)։
7. Եհովային հետ կանոնաւորաբար հաղորդակցիլը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգտէ։
7 Դաւիթի նման, հարկ է որ Եհովայի հետ կանոնաւորաբար հաղորդակցինք, որպէսզի Իրեն վստահինք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակ. 4։8)։ Նաեւ, աղօթքով Եհովային մօտենալը, սուրբ հոգին ստանալու կարեւոր կերպ մըն է (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։22)։
8. Ինչո՞ւ պէտք չէ կրկնուած աղօթքներ Աստուծոյ մատուցանենք։
8 Աղօթած ատեն, նոյն արտայայտութիւնները յաճախ կը կրկնե՞ս։ Եթէ այո՛, աղօթելէ առաջ քանի մը վայրկեան տրամադրէ մտածելու համար թէ ի՛նչ կ’ուզես ըսել։ Բարեկամդ կամ ազգականդ հաճելի կը գտնէ՞, եթէ ամէն անգամ որ իրեն հետ խօսիս՝ նոյն արտայայտութիւնները գործածես։ Ան թերեւս սկսի քեզի խուլ ականջ դարձնել։ Անշուշտ, Եհովան իր հաւատարիմ մէկ ծառային անկեղծ աղօթքը մտիկ պիտի ընէ։ Բայց լաւ կ’ըլլայ, որ ամէն անգամ որ աղօթենք, նոյն բաները չկրկնենք։
9, 10. ա) Մեր աղօթքները ի՞նչ բաներ կրնան պարփակել։ բ) Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել որ սրտանց աղօթենք։
9 Վստահաբար, եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ մօտենալ, մեր աղօթքները պէտք չէ մակերեսային ըլլան։ Որքա՛ն աւելի մեր սիրտը Եհովային բանանք, ա՛յնքան աւելի իրեն պիտի մօտենանք ու վստահինք։ Բայց ի՞նչ բանի մասին պէտք է աղօթենք։ Աստուծոյ Խօսքը կը պատասխանէ. «Ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ» (Փլպ. 4։6)։ Իրականութեան մէջ, ամէն ինչ որ Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութեան կամ մեր կեանքին կ’ազդէ, աղօթքի պատշաճ նիւթ է։
10 Վաղեմի հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներուն մատուցած աղօթքներէն շատ բան կրնանք սորվիլ (Ա. Թագ. 1։10, 11. Գործք 4։24-31)։ Սաղմոսները կը բովանդակեն Եհովային ուղղուած սրտագին աղօթքներ եւ երգեր։ Անոնց մէջ կը յայտնուի մարդկային ամէն զգացում,– խոր ցաւէ մինչեւ անսահման ուրախութիւն։ Այս հաւատարիմներուն արտայայտութիւններուն վրայ խոկալը կրնայ մեզի օգնել, որ իմաստալից աղօթքներ Եհովայի մատուցանենք։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅԻՇԵՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԽՈԿԱ՛
11. Ինչո՞ւ Աստուծոյ խրատներուն վրայ պէտք է խոկանք։
11 Դաւիթ ըսաւ. «Տէրոջը վկայութիւնը [«յիշեցումը», ՆԱ] ճշմարիտ է, տգէտը իմաստուն կ’ընէ» (Սաղ. 19։7)։ Նոյնիսկ երբ տգէտ կամ անփորձ ենք, կրնանք Աստուծոյ պատուէրներուն հնազանդելով իմաստուն դառնալ։ Բայց եթէ կ’ուզենք կեանքի բոլոր պայմաններուն ներքեւ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալ, պէտք է Աստուածաշունչի կարգ մը խրատներուն վրայ խոկանք։ Օրինակ, խոկալը կրնայ քեզի օգնել, որ գործին մէջ կամ դպրոցը սխալ արարքներ չգործես։ Ինչպէս նաեւ կրնայ քեզի օգնել, որ արիւնի, քրիստոնէական չէզոքութեան եւ հագուելակերպի առնչուող աստուածային սկզբունքները կիրարկես։ Աստուծոյ խրատներուն վրայ խոկալը մեզի պիտի օգնէ, որ այսպիսի պարագաներու համար նախապատրաստուինք, առաջուընէ վճռելով ինչպէ՛ս վարուիլ։ Այսպէս, ահագին սրտացաւէ կը խուսափինք (Առ. 15։28)։
12. Ի՞նչ բանի մասին մտածելը կրնայ մեզի օգնել, որ Եհովայի յիշեցումները պահենք։
12 Մինչ Եհովայի խոստումներուն կատարման կը սպասենք, մեր կենցաղակերպը ցոյց կու տա՞յ թէ հոգեւորապէս արթուն ենք։ Օրինակ, իրապէս կը հաւատա՞նք թէ Մեծ Բաբելոնը շուտով պիտի կործանուի։ Ապագայ օրհնութիւնները, ինչպէս՝ դրախտային երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ, տակաւին իսկակա՞ն են մեզի համար։ Ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր կը մնա՞նք, թէ ոչ թոյլ տուած ենք անձնական հարցերու որ մեր կեանքին մէջ առաջնահերթութիւն առնեն։ Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել յարութեան յոյսին, Եհովայի անուան սրբացման եւ իր գերիշխանութեան ջատագովման մասին։ Արդեօք անոնք մեզի համար տակաւին կարեւո՞ր հարցեր են։ Այսպիսի հարցումներու վրայ խոկալը կրնայ օգնել, որ Եհովայի ‘յիշեցումները որպէս ժառանգութիւն յաւիտեան’ պահենք (Սաղ. 119։111, ՆԱ)։
13. Առաջին դարու քրիստոնեաները ինչո՞ւ կարգ մը բաներ դժուարահասկնալի գտան. օրինակ տուր։
13 Աստուածաշունչին մէջ նշուած կարգ մը կէտեր այժմ լիովին հասկնալի չեն, քանի որ Եհովան տակաւին զանոնք չէ յստակացուցած։ Յիսուս կրկին անգամ իր առաքեալներուն ըսաւ, թէ պիտի տառապէր ու մահուան մատնուէր (կարդա՛ Մատթէոս 12։40. 16։21)։ Բայց անոնք իր ըսածը ըմբռնեցին միա՛յն իր մահէն եւ յարութենէն ետք, երբ անոնց երեւցաւ եւ «անոնց միտքը բացաւ որպէս զի գրքերը հասկնան» (Ղուկ. 24։44-46. Գործք 1։3)։ Ասկէ զատ, Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին երբ սուրբ հոգին ստացան, Քրիստոսի հետեւորդները հասկցան թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնքի՛ մէջ պիտի հաստատուէր (Գործք 1։6-8)։
14. Բազմաթիւ եղբայրներ ի՞նչ լաւ օրինակ հանդիսացան, հակառակ անոր որ վերջին օրերուն մասին սխալ հասկացողութիւն ունէին։
14 Համանման կերպով, 20–րդ դարու սկիզբը, ճշմարիտ քրիստոնեաները «վերջին օրեր»ուն նկատմամբ որոշ սխալ ակնկալութիւններ ունէին (Բ. Տիմ. 3։1)։ Օրինակ՝ 1914–ին, ոմանք խորհեցան թէ իրենց երկինք երթալը մօտալուտ էր։ Երբ իրենց փափաքածը չիրականացաւ, Սուրբ Գրութիւնները ժրաջանօրէն վերաքննելով յայտնի եղաւ, թէ քարոզչութեան հսկայ արշաւ մը տեղի պիտի ունենար (Մար. 13։10)։ Այսպէս, 1922–ին, Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ, որ այն ատեն քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւն առած էր, Սիտըր Փոյնթի մէջ (Օհայօ) տեղի ունեցած միջազգային համաժողովին ընթացքին, ըսաւ. «Ահաւասի՛կ Թագաւորը կ’իշխէ։ Դուք անոր ներկայացուցիչներն էք։ Հետեւաբար, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք, ծանուցանեցէ՛ք Թագաւորը եւ անոր թագաւորութիւնը»։ Անկէ ի վեր, ‘Արքայութեան աւետարանը’ քարոզելը Եհովայի արդի ծառաներուն առանձնայատկութիւնը եղած է (Մատ. 4։23. 24։14)։
15. Երբ իր ժողովուրդին հետ Աստուծոյ գործառնութիւններուն վրայ խոկանք, ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։
15 Լաւ է խոկալ, թէ իր ժողովուրդին համար Եհովան ի՜նչ հոյակապ կերպով իր խոստումները կատարած է, թէ՛ անցեալին եւ թէ ներկայիս։ Ասիկա մեր համոզումը կը զօրացնէ, թէ Եհովան իր նպատակը պիտի իրագործէ, ինչպէս նաեւ մեզի կ’օգնէ որ մեր մտքին ու սրտին մէջ վառ պահենք այն մարգարէութիւնները, որոնք ապագային վստահաբար տեղի պիտի ունենան։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՇՏԵԼՈՎ ԻՐԵՆ ՎՍՏԱՀԷ
16. Ծառայութեան մէջ գործօն մնալով, ի՞նչ օրհնութիւններ կը քաղենք։
16 Եհովան եռանդուն եւ գործօն Աստուած է։ Սաղմոսերգուն հարցուց. «Ո՞վ է քեզի պէս հզօր Տէր. . . քու ձեռքդ ուժով է, քու աջ ձեռքդ բարձրացած է» (Սաղ. 89։8, 13)։ Այս ուղղութեամբ, Եհովան կը գնահատէ եւ կ’օրհնէ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու մեր ջանքերը։ Ան կը նկատէ թէ իր ծառաները, ըլլան տղամարդ կամ կին, երիտասարդ կամ տարեց, «ծուլութեան հաց» չեն ուտեր (Առ. 31։27)։ Մենք մեր Ստեղծիչը կ’ընդօրինակենք եւ աստուածպետական գործունէութիւններով զբաղած կը մնանք։ Սրտանց Եհովայի ծառայելով՝ անձնապէս կը վարձատրուինք եւ զինք կը հաճեցնենք (կարդա՛ Սաղմոս 62։12)։
17, 18. Եհովայի ուղղութիւններուն հետեւելով, իրեն հանդէպ մեր վստահութիւնը ինչպէ՞ս կ’ամրանայ. օրինակ տուր։
17 Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը ինչպէ՞ս կ’ամրապնդուի, երբ զինք հաճեցնող արարքներ գործենք։ Պահ մը մտածէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ իսրայէլացիները Յես. 3։12-17)։ Պատկերացուր իսրայէլացիներուն ուրախութիւնը, երբ տեսան ջուրերուն կասեցուիլը։ Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատքը ամրացաւ, քանի որ իր ուղղութիւններուն հետեւեցան։
Խոստացեալ երկիրը մտնելու վրայ էին։ Եհովան ուխտի տապանակը կրող քահանաներուն ըսած էր, որ Յորդանան գետին մէջ մտնեն։ Բայց մինչ իսրայէլացիները գետին մօտեցան, կրնային նկատել թէ անձրեւին պատճառաւ ջուրերը շատ բարձր եւ արագընթաց էին։ Անոնք ի՞նչ պիտի ընէին։ Արդեօք պիտի բանակէի՞ն գետին ափին եւ քանի մը շաբաթ սպասէին մինչեւ որ ջուրերը նուազին։ Ո՛չ։ Անոնք բոլորովին Եհովայի վստահեցան եւ անոր ուղղութեան հետեւեցան։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. ‘Երբ քահանաներուն ոտքերը ջուրին մէջ մխուեցան, վերէն իջնող ջուրը կայնեցաւ եւ Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջ ցամաքի վրայ հաստատ կայնեցան, մինչեւ որ բոլոր Իսրայէլ ցամաքով Յորդանանէն անցաւ’ (18 Ճիշդ է որ Եհովան ներկայիս իր ժողովուրդին ի նպաստ այսպիսի հրաշքներ չի գործեր, բայց կ’օրհնէ անոնց թափած ջանքերը։ Իր գործօն ուժը զիրենք կը զօրացնէ՝ Թագաւորութեան պատգամը աշխարհի տարածքին քարոզելու։ Իսկ Եհովայի գլխաւոր Վկան՝ յարուցեալ Քրիստոս Յիսուս, իր աշակերտները հաւաստիացուց թէ այս կարեւոր գործին մէջ իրենց պիտի աջակցէր, երբ ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք. . . Ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։19, 20)։ Բազմաթիւ Վկաներ, որոնք անցեալին ամչկոտ կամ վախկոտ էին, կրնան ըսել թէ Աստուծոյ սուրբ հոգին իրենց քաջութիւն տուած է, դաշտի ծառայութեան մէջ մարդոց քարոզելու (կարդա՛ Սաղմոս 119։46. Բ. Կորնթացիս 4։7)։
19. Հակառակ մեր սահմանափակումներուն, ի՞նչ հաւաստիք ունինք։
19 Կարգ մը եղբայրներ եւ քոյրեր իւրայատուկ ֆիզիքական սահմանափակումներ ունին, հիւանդութեան կամ ծերութեան պատճառաւ։ Անոնք կրնան վստահ ըլլալ, որ «գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը» կը հասկնայ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի պարագաները (Բ. Կոր. 1։3)։ Ան կը գնահատէ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանելու մեր բոլոր ջանքերը։ Բոլորս պէտք է ի մտի ունենանք, թէ մեր փրկութիւնը գլխաւորաբար կախեալ է Քրիստոսի փրկանքի կարգադրութեան հաւատք ընծայելէն (Եբ. 10։39)։
20, 21. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք Եհովայի վստահիլ։
20 Մեր պաշտամունքը կը պարփակէ՝ մեր ժամանակը, կորովը եւ նիւթականը կարելի եղածին չափ տրամադրել Աստուծոյ ծառայութեան։ Արդարեւ, սրտանց կ’ուզենք ‘աւետարանիչի գործ գործել’ (Բ. Տիմ. 4։5)։ Իրականութեան մէջ, ուրախ ենք որ ուրիշներուն կ’օգնենք որ «ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմ. 2։4)։ Յստակ է որ Եհովան պատուելն ու փառաւորելը մեզ հոգեւորապէս կը հարստացնէ (Առ. 10։22)։ Ինչպէս նաեւ կ’օգնէ որ մեր Ստեղծիչին հանդէպ անխախտ վստահութիւն ունենանք (Հռով. 8։35-39)։
21 Ինչպէս քննարկեցինք, իմաստուն ուղղութեան համար Եհովայի վստահիլը ինքնաբերաբար չի գար. պէտք է ծանր աշխատինք, որպէսզի այդ վստահութիւնը ձեռք ձգենք։ Ուստի ամէն գնով, աղօթքի միջոցաւ Եհովայի ապաւինէ։ Խոկա՛ թէ ան իր կամքը ինչպէ՛ս անցեալին կատարած է եւ ինչպէ՛ս ապագային ալ պիտի կատարէ։ Եւ մինչ Եհովան կը պաշտես, շարունակէ իրեն վստահիլ։ Արդարեւ, Եհովայի յիշեցումները յաւիտեան պիտի տեւեն. նմանապէս, դուն ալ կրնաս յաւիտեան ողջ մնալ։