Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի՛ն ծառայենք

Եհովայի՛ն ծառայենք

«Ջանքի մէջ թուլասիրտ մի՛ ըլլաք. . . Տէրոջը ծառայեցէ՛ք» (ՀՌՈՎ. 12։11

1. ա) «Ծառայ» կամ «ստրուկ» բառը մարդոց մեծամասնութեան ի՞նչ կը յիշեցնէ։ բ) Հռովմայեցիս 12։11–ի մէջ նշուած ստրկութիւնը ինչպէ՞ս տարբեր է։

ՄԱՐԴՈՑ մեծամասնութիւնը երբ «ծառայ» կամ «ստրուկ» բառը լսէ, կ’երեւակայէ անհատ մը, որ իր տիրոջ կողմէ կը ղեկավարուի եւ գէշ վերաբերմունքի կ’ենթարկուի։ Բայց Աստուծոյ ծառան ըլլալը տարբեր բան է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ քրիստոնեան կրնայ սիրառատ Տէրոջ մը ստրուկը ըլլալ։ Իրականութեան մէջ, երբ Պօղոս առաքեալ քաջալերեց քրիստոնեաները որ ‘Տէրոջը ծառայեն’, անոնց կարծես կ’ըսէր թէ Աստուծոյ ծառայեն՝ քանի որ Զինք կը սիրեն (Հռով. 12։11)։ Ասիկա ի՞նչ տեսակի ծառայութիւն կամ ստրկութիւն է։ Ինչպէ՞ս կրնանք Սատանային եւ իր աշխարհին ծառան չդառնալ։ Իսկ Եհովային ստրուկը ըլլալով ու անոր հաւատարմօրէն ծառայելով ի՞նչ օգուտներ կը քաղենք։

«ԵՍ ԿԸ ՍԻՐԵՄ ԻՄ ՏԷՐՍ»

2. ա) Իսրայէլացի մը ինչո՞ւ կրնար որոշել ստրուկ մնալ։ բ) Ծառայի մը ականջը ծակելը ի՞նչ բան ցոյց կու տար։

2 Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքը մեզի կ’օգնէ հասկնալու, թէ Եհովային ստրուկը ըլլալու համար ի՛նչ պահանջուած է։ Եբրայեցի ստրուկը իր ծառայութեան եօթներորդ տարին ազատ դուրս կ’ելլէր (Ել. 21։2)։ Բայց Եհովան յատուկ կարգադրութիւն մը ըրաւ այն ստրուկին, որ իրապէս իր տէրը կը սիրէր ու կը փափաքէր անոր միշտ ծառայել։ Տէրը պէտք է իր ծառան դրանը կամ դրանդիքներուն մօտեցնէր եւ անոր ականջը հերիւնով ծակէր (Ել. 21։5, 6)։ Ինչո՞ւ այդպէս պիտի ընէր։ Եբրայերէն լեզուին մէջ, հնազանդութեան գաղափարը կապ ունի լսելու կամ մտիկ ընելու հետ։ Ուստի իր ականջը ծակել տալով, ծառան ցոյց կու տար որ կ’ուզէր շարունակել իր տիրոջ հնազանդօրէն ծառայել։ Ասիկա կը նմանի մեր նուիրումին։ Երբ մեր անձերը Եհովային նուիրենք, կարծես կ’ըսենք թէ կ’ուզե՛նք իրեն հնազանդիլ, քանի որ զինք կը սիրենք։

3. Եհովային ինչո՞ւ կը նուիրուինք։

3 Մկրտուելէ առաջ, մենք որոշեցինք Եհովային ծառայել կամ իր ստրուկները դառնալ։ Մենք Եհովայի նուիրուեցանք, քանի որ փափաքեցանք իրեն հնազանդիլ եւ իր կամքը կատարել։ Ո՛չ ոք մեզ ճնշեց այս քայլը առնելու։ Նո՛յնիսկ պատանիները կը մկրտուին միայն անձամբ Եհովայի նուիրուելէ ետք,– եւ ոչ թէ պարզապէս իրենց ծնողները հաճեցնելու։ Մեր երկնաւոր Տէրը՝ Եհովան սիրելը քրիստոնէական նուիրումին հիմն է։ Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք» (Ա. Յովհ. 5։3

ԱԶԱՏ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀԱՆԴԵՐՁ՝ ԾԱՌԱՆԵՐ ԵՆՔ

4. «Արդարութեան ծառայ» դառնալու համար ի՞նչ բանի հարկ կայ։

4 Որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ Եհովան կարելի դարձուցած է որ իր ծառաները ըլլանք։ Քրիստոսի փրկանքի զոհին հաւատալը մեզի թոյլ կու տայ, որ մեղքին լուծէն ազատինք։ Թէեւ տակաւին անկատար ենք, բայց կամաւորաբար Եհովայի եւ Յիսուսի հեղինակութիւնը ընդունած ենք։ Պօղոս ասիկա յստակ կերպով բացատրեց իր ներշնչեալ նամակներէն մէկուն մէջ. «Ձեր անձերը մեղքի մեռած սեպեցէք, բայց Աստուծոյ կենդանի՝ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով»։ Ապա զգուշացուց. «Չէ՞ք գիտեր թէ որու որ անձերնիդ իբր ծառայ ընծայէք հնազանդելու, ծառայ կ’ըլլաք անոր՝ որուն որ կը հնազանդիք, թէ՛ մեղքի՝ որ մահուան կը տանի եւ թէ՛ հնազանդութեան որ՝ արդարութեան։ Բայց գոհութիւն Աստուծոյ, որ թէեւ դուք մեղքի ծառայ էիք, սակայն սրտանց հնազանդեցաք այն վարդապետութեան գաղափարին, որ ձեզի յանձնուեցաւ։ Ուստի դուք մեղքէ ազատուելով՝ արդարութեան ծառայ եղաք» (Հռով. 6։11, 16-18)։ Նշմարէ թէ առաքեալը կ’ըսէ՝ «սրտանց հնազանդեցաք»։ Արդարեւ, Եհովայի ըրած մեր նուիրումը մեզ «արդարութեան ծառայ» կը դարձնէ։

5. Բոլորս ի՞նչ ներքին պայքար կը մղենք եւ ինչո՞ւ։

5 Բայց եւ այնպէս, մեր նուիրումին համաձայն ապրելու համար, մղելիք երկու տեսակ պայքար ունինք։ Նախ նկատի առնենք մեր անկատարութիւնը։ Պօղոս, որ այս պարագան եւս դիմագրաւեց, գրեց. «Ներսի մարդուն նայելով՝ Աստուծոյ օրէնքին կը հաւնիմ. բայց ուրիշ օրէնք մը կը տեսնեմ իմ անդամներուս մէջ, որ իմ մտքիս օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կ’ընէ մեղքի օրէնքին, որ իմ անդամներուս մէջ է» (Հռով. 7։22, 23)։ Անկատար ըլլալով, մեր մարմնային հակումներուն դէմ շարունակական պայքար ունինք։ Պետրոս առաքեալ մեզ յորդորեց. «Ազատներու պէս ըլլալով եւ ո՛չ թէ ձեր ազատութիւնը չարութեան ծածկոցի մը պէս գործածելով, հապա Աստուծոյ ծառաներու պէս» (Ա. Պետ. 2։16

6, 7. Սատանան ինչպէ՞ս այս աշխարհը հրապուրիչ կը ցուցնէ։

6 Իսկ մեր երկրորդ պայքարն է՝ մարտնչիլ այս աշխարհին դէմ, որ դեւերուն ազդեցութեան տակ է։ Սատանան, այս աշխարհին իշխանը, իր զէնքերը մեզի դէմ գործածելով՝ կ’ուզէ Եհովայի եւ Յիսուսի հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը խորտակել։ Ան կը ջանայ մեզ իր ստրուկները դարձնել, մեզ փորձելով որ իր փտած ազդեցութեան տեղի տանք (կարդա՛ Եփեսացիս 6։11, 12Այս ուղղութեամբ անոր գործածած կերպերէն մէկն է՝ իր աշխարհը հրապուրիչ ցուցնել։ Յովհաննէս առաքեալ զգուշացուց. «Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան որ աշխարհի մէջ է՝ մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է» (Ա. Յովհ. 2։16

7 Նիւթապէս հարուստ ըլլալու ցանկութիւնը աշխարհին մէջ համատարած է։ Սատանան յառաջ կը մղէ այն գաղափարը, թէ դրա՛մը մարդուս ուրախութիւն կու տայ։ Մեծ վաճառատուներ ամէն տեղ են։ Գովազդները կը քաջալերեն այնպիսի կենցաղակերպ մը, որ ստացուածքներ դիզելու եւ զբօսանքի վրայ կեդրոնացած է։ Ճամբորդութեան գործակալութիւնները յարմար գիներով հետաքրքրական վայրեր երթալու պտոյտներ կ’առաջարկեն։ Արդարեւ, մեր շրջապատը կարծես կոչ կ’ընէ որ մեր կենցաղակերպը փոխենք,– բայց ըստ աշխարհի՛ն չափանիշներուն։

8, 9. Ի՞նչ լուրջ վտանգ մը կայ եւ ինչո՞ւ։

8 Պետրոս զգուշացուց առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքի այն անդամներուն առնչութեամբ, որոնք սկսած էին աշխարհիկ տեսակէտ որդեգրել, ըսելով. «Անոնք ցորեկուան մէջ եղած զեղխութիւնը զուարճութիւն կը սեպեն։ Արատ ու բիծ են, իրենց խաբէութիւններովը զուարճանալով՝ երբ ձեզի հետ կերուխումի կը նստին։ Քանզի ունայնութեան հպարտ խօսքեր ընելով՝ գիջութիւններով, մարմնի ցանկութիւններով կը խաբեն զանոնք որ քիչ մը առաջ փախեր էին անոնցմէ՝ որ մոլորութեան մէջ կը պտըտին. անոնց ազատութիւն կը խոստանան, բայց իրենք ապականութեան ծառաներ են. վասն զի ինչ բանէ որ մէկը յաղթուի, անոր ծառայ կ’ըլլայ» (Բ. Պետ. 2։13, 18, 19

9 «Աչքերու ցանկութիւնը» գոհացնելը անհատին ազատութիւն չի տար։ Ընդհակառա՛կը, ան այս աշխարհի աներեւոյթ իշխանին՝ Բանսարկու Սատանային ստրուկը կը դառնայ (Ա. Յովհ. 5։19)։ Նիւթապաշտութեան ստրուկը դառնալու վտանգը շատ լուրջ է։ Անիկա ստրկութիւն մըն է, որմէ ձերբազատուիլը դիւրին չէ։

ԳՈՀԱՑՈՒՑԻՉ ԳՈՐԾ

10, 11. ա) Ներկայիս, որո՞նք Սատանային մասնայատուկ թիրախն են։ բ) Աշխարհիկ ուսումը ինչպէ՞ս կրնայ պատանիներուն առջեւ խոչընդոտներ դնել։

10 Ինչպէս որ Եդեմի մէջ ըրաւ, ներկայիս ե՛ւս Սատանան անփորձները իր թիրախը դարձուցած է։ Պատանիները մասնայատուկ կերպով իր թիրախն են։ Ան չ’ուրախանար երբ պատանի մը, կամ ոեւէ մէկը, կամաւորաբար Եհովայի ծառան դառնայ։ Այս գերթշնամին կ’ուզէ որ բոլոր անոնք որոնք Եհովայի նուիրուած են, անհաւատարիմ ըլլան։

11 Վերադառնանք ականջը–ծակուած ծառային օրինակին։ Ականջը ծակելու ատեն, ան վստահաբար ժամանակաւոր ցաւ կը զգար։ Բայց ցաւը շուտով կ’անցնէր, ստրկութեան մնայուն նշան մը ձգելով։ Նմանապէս, երբ պատանին որոշէ իր հասակակիցներէն տարբեր ընթացք ընտրել, այս մէկը կրնայ իրեն համար դժուար, նոյնիսկ տանջալից ըլլալ։ Սատանան յառաջ կը մղէ այն գաղափարը, թէ իր աշխարհին մէջ ասպարէզը կը գոհացնէ անհատը։ Բայց քրիստոնեաները պէտք է հաշուի առնեն իրենց հոգեւոր կարիքը գոհացնելու կարեւորութիւնը։ Յիսուս սորվեցուց. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն» (Մատ. 5։3)։ Նուիրուած քրիստոնեաները կ’ապրին Աստուծո՛յ կամքը ընելու եւ ոչ թէ Սատանային կամքը։ Անոնք հաճոյքով Աստուծոյ Խօսքը կը կարդան եւ անոր վրայ «ցորեկ ու գիշեր» կը խոկան (կարդա՛ Սաղմոս 1։1-3Բայց, այժմու ուսման դասընթացքները կրնան քրիստոնեան ա՛յնքան խճողել, որ քիչ ժամանակ կ’ունենայ խոկալու եւ իր հոգեւոր կարիքները գոհացնելու։

12. Ներկայիս, պատանիները ի՞նչ ընտրութեան առջեւ կը գտնուին։

12 Աշխարհիկ տէրը կրնար քրիստոնեայ ստրուկի մը կեանքը դժուար դարձնել։ Կորնթացիներուն յղած իր առաջին նամակին մէջ, Պօղոս հարցուց. «Ծառա՞յ էիր երբ կանչուեցար»։ Ապա խրատեց. «Հոգ մի՛ ըներ. բայց եթէ կրնաս ազատ ըլլալ, զայն ընտրէ» (Ա. Կոր. 7։21)։ Ուստի, ստրկութենէն դուրս գալը նախընտրելի էր։ Ներկայիս, բազմաթիւ երկիրներու մէջ, դպրոց յաճախելը պարտադիր է մինչեւ որոշ տարիք։ Ապա, աշակերտները ընտրութեան առջեւ կը գտնուին. կա՛մ ուսումը շարունակել, կամ ալ կանգ առնել։ Եթէ անհատը ընտրէ բարձրագոյն ուսում առնել՝ պարզապէս այս աշխարհին մէջ ասպարէզ ունենալու համար, դժուար կը դառնայ որ լիաժամ կերպով Եհովային ծառայէ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։23

Ո՞ր տիրոջ պիտի ծառայես

ԲԱՐՁՐԱԳՈ՞ՅՆ ԹԷ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄ

13. Ինչպիսի՞ ուսում ամէնէն շատ կ’օգտէ Եհովայի ծառաներուն։

13 Պօղոս կողոսացի քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս» (Կող. 2։8)։ Բազմաթիւ մտաւորականներ կը սորվեցնեն ‘փիլիսոփայութիւն ու փուճ խաբէութիւն, որ մարդոց աւանդութեան պէս է’։ Բարձրագոյն ուսումը, որ այսպիսի ուսուցումներ կը բովանդակէ, յաճախ աշակերտներուն չի փոխանցեր հարկ եղած գործնական հմտութիւններ, ոչ ալ զանոնք ամէնօրեայ կեանքին կը պատրաստէ։ Ասոր հակապատկերը, Եհովայի ծառաները կ’ընտրեն ուսում մը, որ իրենց կ’օգնէ անհրաժեշտ հմտութիւններ զարգացնելու, որպէսզի պարզ կեանք վարելով Աստուծոյ ծառայեն։ Անոնք լուրջի կ’առնեն Տիմոթէոսի ուղղուած Պօղոսի խրատը. «Աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է։ [Իսկ] կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք» (Ա. Տիմ. 6։6, 8)։ Փոխանակ աշխարհիկ դիրքեր եւ տիտղոսներ ձեռք ձգելու, ճշմարիտ քրիստոնեաները դաշտի ծառայութեան մէջ լիովին բաժին բերելով՝ կը կեդրոնանան «յանձնարարութեան թուղթեր» ունենալու վրայ, այսինքն՝ անհատներ, որոնց օգնած են Յիսուսի աշակերտները ըլլալու (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 3։1-3

14. Ըստ Փիլիպպեցիս 3։8–ին, Պօղոս ինչպէ՞ս նկատեց Աստուծոյ եւ Քրիստոսի ստրուկը ըլլալու իր առանձնաշնորհումը։

14 Նկատի առ Պօղոս առաքեալի պարագան։ Ան հրէական Օրէնքի ուսուցիչ՝ Գամաղիէլի միջոցաւ ուսում ստացած էր։ Անոր ուսումը կրնայ համեմատուիլ այժմու համալսարանական ուսման հետ։ Բայց Պօղոս ի՞նչ մտածեց, երբ զայն համեմատեց Աստուծոյ եւ Քրիստոսի ծառան ըլլալուն հետ։ Ան գրեց. «Բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար. որուն համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ, որպէս զի Քրիստոսը շահիմ» (Փլպ. 3։8)։ Պօղոսի տեսակէտը կրնայ օգնել պատանի քրիստոնեաներուն եւ անոնց ծնողներուն, որ ուսման նկատմամբ իմաստուն որոշումներ կայացնեն (տե՛ս պատկերները)։

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄԷՆ ՕԳՏՈՒԷ

15, 16. Եհովայի կազմակերպութիւնը ի՞նչ ուսում կը հայթայթէ եւ անոր նպատակը ի՞նչ է։

15 Համալսարաններու մէջ ինչպիսի՞ վիճակ կը տիրէ։ Հոն անհատները յաճախ ազատօրէն կ’ըմբոստանան ու կառավարութեան եւ ա՛յլ հեղինակութիւններու դէմ իրենց բարկութիւնը կը ցուցնեն (Եփ. 2։2)։ Առ ի հակապատկեր, Եհովայի կազմակերպութիւնը գերագոյն ուսումը կու տայ, խաղաղ պայմաններու ներքեւ։ Իւրաքանչիւրս պատեհութիւն ունինք Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի շաբաթական յայտագրէն օգտուելու։ Ասկէ զատ, մասնայատուկ դասընթացքներ կան ամուրի ռահվիրայ եղբայրներու համար (Ամուրի եղբայրներու աստուածաշնչական դպրոց) եւ ամուսնացած ռահվիրայ զոյգերու համար (Քրիստոնեայ զոյգերու աստուածաշնչական դպրոց)։ Այս աստուածպետական ուսումը մեզի կ’օգնէ Եհովային՝ մեր երկնաւոր Տէրոջ հնազանդելու։

16 Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–ին կամ Դիտարանի գրադարան–ի խտասկաւառակին միջոցաւ, կրնանք ճոխ հոգեւոր գանձեր փնտռել։ Այսպիսի աստուածաշնչական ուսման գլխաւոր նպատակն է՝ Եհովան պաշտել։ Անիկա մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս ուրիշներուն օգնել որ Աստուծոյ բարեկամը դառնան (Բ. Կոր. 5։20)։ Ապա, անոնք իրենց կարգին պիտի կարենան ուրիշներու սորվեցնել (Բ. Տիմ. 2։2

ԾԱՌԱՅԻՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

17. Գերագոյն ուսումը ընտրելը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։

17 Տաղանդներու առակին մէջ, երկու հաւատարիմ ծառաները գովասանք ստացան, եւ իրենք ու իրենց տէրը ուրախացան, ինչպէս նաեւ իրենց յաւելեալ գործ վստահուեցաւ (կարդա՛ Մատթէոս 25։21, 23Ներկայիս գերագոյն ուսումը ընտրելը ուրախութիւն եւ վարձատրութիւններ կը բերէ։ Նկատի առ Մայքլին օրինակը։ Ան դպրոցին մէջ ա՛յնքան փայլուն աշակերտ էր, որ իր ուսուցիչները զինք ժողովի հրաւիրեցին եւ քննարկեցին համալսարան յաճախելու իր հեռանկարը։ Անոնք անակնկալի եկան, երբ Մայքլ փոխարէն ընտրեց հակիրճ դասընթացքներ առնել, որպէսզի կարենայ իր ծախսերը հոգալ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ։ Ան կը զգա՞յ թէ ձեւով մը բան մը կորսնցուց։ Մայքլ կ’ըսէ. «Աստուածպետական ուսումը որ ստացած եմ որպէս ռահվիրայ,– եւ այժմ որպէս երէց ժողովքին մէջ,– անգին է։ Վայելած օրհնութիւններս ու առանձնաշնորհումներս շահելիք դրամս շատ կը գերազանցեն։ Իրապէս ուրախ եմ, որ չընտրեցի բարձրագոյն ուսման հետամուտ ըլլալ»։

18. Ինչո՞ւ կ’ընտրես գերագոյն ուսումը ստանալ։

18 Գերագոյն ուսումը մեզի կը սորվեցնէ Աստուծոյ կամքը եւ կ’օգնէ որ անոր ծառայենք։ Անիկա մեզի յոյս կու տայ, որ «ապականութեան ծառայութենէն» ազատինք եւ ի վերջոյ ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’ ունենանք (Հռով. 8։21)։ Ամէնէն կարեւորը, կը սորվինք թէ ինչպէ՛ս կրնանք լաւագոյն կերպով ցոյց տալ, թէ իրապէս կը սիրենք մեր երկնաւոր Տէրը՝ Եհովան (Ել. 21։5