Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ո՛չ մէկը կրնայ ծառայել երկու տիրոջ

Ո՛չ մէկը կրնայ ծառայել երկու տիրոջ

«Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. . . չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային» (ՄԱՏ. 6։24

1-3. ա) Ներկայիս շատեր ի՞նչ դրամական խնդիրներ կը դիմագրաւեն, եւ ոմանք ինչպէ՞ս կը փորձեն զանոնք լուծել (տե՛ս բացման պատկերը)։ բ) Երեխայ մեծցնելու նկատմամբ ի՞նչ մտահոգութիւններ կը ծագին։

«ՃԷՅՄՍԸ՝ ամուսինս, ամէն օր գործէն շատ յոգնած կը վերադառնար, բայց իր եկամուտը մեր առօրեայ պէտքէն միայն քիչ մը աւելին կը ծածկէր», կը պատմէ Մարիլին *։ «Ես կ’ուզէի իր բեռը թեթեւցնել եւ մեր մանչին՝ Ճիմիին, գնել իր դպրոցակիցներուն վայելած լաւ բաներէն ոմանք»։ Մարիլին նաեւ կ’ուզէր իր ազգականներուն օգնել, եւ ապագային համար մէկ կողմ դրամ դնել։ Իր բարեկամուհիներէն շատեր, դրամ շահելու համար, ուրիշ երկիրներ ճամբորդած էին։ Սակայն երբ ինք անձամբ լրջօրէն մտածեց ճամբորդելու մասին, խառնաշփոթ յոյզեր ունեցաւ։ Ինչո՞ւ։

2 Մարիլին կը վախնար ձգելու իր թանկագին ընտանիքը եւ իրենց հոգեւոր կայուն յայտագիրը։ Սակայն, ան տրամաբանեց թէ ուրիշներ որոշ ատենուան մը համար ճամբորդած էին, եւ այնպէս կ’երեւէր թէ իրենց ընտանիքը հոգեւորապէս լաւ էր։ Բայց ան հարց կու տար թէ ինչպէ՛ս հեռուէն պիտի մեծցնէր Ճիմին։ Արդեօք պիտի կարենա՞ր համացանցին միջոցաւ իր տղան յաջողապէս մեծցնել «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփ. 6։4

3 Մարիլին ուղղութիւն փնտռեց։ Ամուսինը չէր ուզեր որ ան ճամբորդէ, թէեւ ըսաւ թէ պիտի չփորձէր արգելք հանդիսանալ։ Երէցներ եւ ժողովքին մէջ ուրիշներ խրատեցին որ չճամբորդէ, բայց քանի մը քոյրեր զինք քաջալերեցին՝ ըսելով. «Եթէ ընտանիքդ կը սիրես, պէտք է երթաս։ Տակաւին պիտի կարենաս Եհովային ծառայել»։ Կասկածներ ունենալով հանդերձ, Մարիլին հրաժեշտ տուաւ Ճէյմսին ու Ճիմիին, եւ գործի համար արտասահման ճամբորդեց։ «Շատ երկար պիտի չբացակայիմ», խոստացաւ ան։

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

4. Ինչո՞ւ շատեր կը ճամբորդեն, իսկ անոնց երեխաներուն ո՞վ հոգ կը տանի։

4 Եհովան չ’ուզեր որ իր ծառաները ծանր աղքատութեան մէջ ապրին։ Ճամբորդութիւնը ամէնէն հին ճարերէն մէկն է, որուն մարդիկ դիմած են աղքատութենէն ազատելու համար (Սաղ. 37։25. Առ. 30։8)։ Յակոբ նահապետ սովամահութենէ խուսափելու համար, իր տղաքը Եգիպտոս ղրկեց ուտելիք գնելու համար (Ծն. 42։1, 2) *։ Ներկայիս, ճամբորդել ընտրողներուն մեծամասնութիւնը իրենց տուները չեն ձգեր քանի որ սովամահ են։ Սակայն, անոնք թերեւս մեծ պարտքեր ունին։ Ուրիշներ պարզապէս կը փափաքին որ իրենց ընտանիքները աւելի ճոխ կեանք վարեն։ Տկար տնտեսութեան ներքեւ իրենց նպատակակէտերը չկարենալով իրականացնել, շատեր վերջ ի վերջոյ իրենց ընտանիքէն հեռու կ’ապրին, իրենց երկրէն ներս կամ դուրս։ Յաճախ անոնց երեխաներուն հոգ կը տանին կողակիցը, տարիքով աւելի մեծ եղբայրը կամ քոյրը, մեծ հայրն ու մեծ մայրը, ուրիշ ազգականներ, կամ բարեկամներ։ Թէեւ ճամբորդող անհատը չ’ուզեր իր կողակիցէն կամ երեխայէն հեռանալ, սակայն կը զգայ թէ ուրիշ ճար չունի։

5, 6. ա) Յիսուս ուրախութեան եւ ապահովութեան մասին ի՞նչ սորվեցուց։ բ) Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց ո՞ր նիւթական բաներուն մասին աղօթել։ գ) Եհովան ի՞նչ կերպով մեզ կ’օրհնէ։

5 Յիսուսի օրերուն, շատեր նոյնպէս աղքատ էին, եւ թերեւս կը խորհէին թէ աւելի ուրախ եւ աւելի ապահով պիտի ըլլային եթէ աւելի դրամ ունենային (Մար. 14։7)։ Բայց Յիսուս կ’ուզէր որ մարդիկ իրենց յոյսը ուրիշ բանի վրայ դնեն։ Ան կ’ուզէր որ մարդիկ ապաւինին մնայուն հարստութեան Աղբիւրին՝ Եհովային։ Ան Լերան քարոզին մէջ բացատրեց, թէ իսկական ուրախութիւնը եւ ապահովութիւնը կախեալ են ո՛չ նիւթական բաներէ, ոչ ալ մեր ջանքերէն, հապա մեր երկնաւոր Հօր հետ մեր բարեկամութենէն։

6 Իր տիպար աղօթքին մէջ, Յիսուս մեզի սորվեցուց աղօթել ո՛չ թէ նիւթական ապահովութեան համար, հապա մեր ամէնօրեայ կարիքներուն՝ «մեր ամէն օրուան հաց»ին համար։ Ան յստակօրէն իր ունկնդիրներուն ըսաւ. «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի՛ դիզէք. . . հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը» (Մատ. 6։9, 11, 19, 20)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզ պիտի օրհնէ, ինչպէս որ կը խոստանայ։ Աստուծոյ օրհնութիւնը իր հաճութիւնը ունենալէն աւելի է. Ան կ’երաշխաւորէ տալ ամէն բան որուն իրապէս կարիք ունինք։ Արդարեւ, իսկական ուրախութիւն եւ ապահովութիւն ունենալուն միակ կերպն է՝ վստահիլ մեր հոգածու Հօր, եւ ոչ թէ դրամին (կարդա՛ Մատթէոս 6։24, 25, 31-34

7. ա) Եհովան երեխաներ մեծցնելուն պատասխանատուութիւնը որո՞ւն տուած է։ բ) Ինչո՞ւ երկու ծնողներն ալ իրենց զաւակները մեծցնելուն մէջ պարփակուած պէտք է ըլլան։

7 ‘Առաջ խնդրել Աստուծոյ արդարութիւնը’ կը պարփակէ ընտանեկան պարտաւորութիւնները նկատել ինչպէս որ Եհովան կը նկատէ։ Մովսիսական օրէնքը կ’ընդգրկէ սա սկզբունքը, որ քրիստոնեաներուն կը կիրարկուի. ծնողներ իրենց զաւակներուն պէտք է հոգեւոր մարզում տան (կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։6, 7)։ Աստուած այս պատասխանատուութիւնը տուած է երկու ծնողներուն, եւ ոչ թէ մեծ հօր ու մեծ մօր կամ ուրիշին։ Սողոմոն թագաւոր ըսաւ. «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր» (Առ. 1։8)։ Եհովան կ’ուզէ որ երկու ծնողները բառացիօրէն միասին ըլլան, որպէսզի երկուքն ալ մասնակցութիւն բերեն իրենց զաւակներուն սորվեցնելու եւ առաջնորդելու մէջ (Առ. 31։10, 27, 28)։ Երբ երեխաները ամէն օր կը լսեն իրենց ծնողքին խօսակցութիւնը Եհովային մասին եւ կը տեսնեն թէ ինչպէ՛ս անոնք իրեն կը ծառայեն, կը սորվին նոյն բանը ընել։

ՉՍՊԱՍՈՒԱԾ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ

8, 9. ա) Յաճախ ի՞նչ փոփոխութիւններ կ’ըլլան երբ ծնող մը իր ընտանիքէն հեռու ապրի։ բ) Բաժանումը ի՞նչ զգացական եւ բարոյական վնասներ կը պատճառէ։

8 Արտասահման երթալէ առաջ, ճամբորդող անհատները կը փորձեն հաւանական վտանգները եւ զոհողութիւնները կշռադատել, բայց քիչեր կը նախատեսեն իրենց ընտանիքը ետին ձգելուն բոլոր հետեւանքները (Առ. 22։3) *։ Հազիւ թէ Մարիլին ճամբորդած էր, ան սկսաւ ընտանիքէն հեռու մնալուն ցաւը քաշել։ Իր ամուսինն ու զաւակն ալ նոյնպէս տառապեցան։ Պզտիկ Ճիմին շարունակ իրեն կը հարցնէր. «Ինչո՞ւ զիս ձգեցիր»։ Մինչ ծրագրուած ամիսները տարիներու փոխուեցան, Մարիլին նկատեց մտահոգեցուցիչ փոփոխութիւններ ընտանիքէն ներս։ Ճիմին ա՛լ աւելի քիչ կը խօսէր իրեն հետ եւ այլեւս չէր ուզեր իր զգացումները բաժնել։ Մարիլին տխրելով կ’ըսէ. «Ինծի հանդէպ իր սէրը անհետացաւ»։

9 Երբ ծնողներ ու զաւակներ մէկտեղ չապրին որպէս ընտանիք, անոնք կրնան զգացական եւ բարոյական վնասներ կրել *։ Զաւակները որքա՛ն տարիքով պզտիկ ըլլան եւ բաժանումը որքա՛ն երկար ըլլայ, վնասը այնքա՛ն մեծ կ’ըլլայ։ Մարիլին Ճիմիին բացատրեց, թէ իր օգտին համար կը զոհուէր։ Բայց Ճիմիին կը թուէր թէ իր մայրը զինք լքած էր։ Սկիզբը ան իր մօր բացակայութենէն դժգոհ էր։ Բայց ետքը, երբ իր մայրը այցելելու կու գար, անոր ներկայութենէն դժգոհ կ’ըլլար։ Ինչպէս է պարագան իրենց ծնողներէն բաժնուած զաւակներուն, Ճիմին կը զգար թէ իր մայրը այլեւս իրաւունք չունի որ զինք սիրէ եւ իրեն հնազանդի (կարդա՛ Առակաց 29։15

Համացանցով չե՛ս կրնար զաւակդ ողջագուրել (տե՛ս պարբերութիւն 10)

10. ա) Երբ ծնողներ իրենց ներկայութեան փոխարէն նուէրներ տան, ասիկա երեխաներուն ինչպէ՞ս կ’ազդէ։ բ) Ի՞նչ բան կը պակսի երբ ծնողը կը փորձէ հեռուէն մեծցնել իր զաւակները։

10 Թէեւ Մարիլին փորձեց իր բացակայութիւնը ծածկել, դրամ եւ նուէրներ ղրկելով, բայց անդրադարձաւ թէ իր տղան իրմէ կը հեռացնէր եւ անգիտակցաբար կը սորվեցնէր որ աւելի սիրէ դրամը, քան իր ծնողքը կամ նոյնիսկ Եհովան (Առ. 22։6)։ «Մի՛ վերադառնար», կ’ըսէր Ճիմին։ «Միայն թէ նուէրներ ղրկէ՛»։ Մարիլին սկսաւ գիտակցիլ թէ չէր կրնար իր զաւակը հեռուէն մեծցնել՝ նամակներու, հեռաձայնի կամ առցանց զրոյցի միջոցաւ։ Ան կը բացատրէ. «Համացանցով չե՛ս կրնար զաւակդ ողջագուրել կամ համբուրելով գիշեր բարի ըսել»։

Մինչ կողակիցէդ հեռու ես, ի՞նչ վտանգ կը դիմագրաւես (տե՛ս պարբերութիւն 11)

11. ա) Աշխարհիկ գործի համար իրարմէ հեռու ապրիլը ինչպէ՞ս կ’ազդէ ամուսնացած զոյգին։ բ) Մարիլինը ինչպէ՞ս գիտակցեցաւ թէ պէտք է իր ընտանիքին միանայ։

11 Նաեւ, Եհովայի եւ Ճէյմսին հետ Մարիլինին փոխյարաբերութիւնը վնասուեցաւ։ Իր քրիստոնէական ընկերակցութիւնը եւ ծառայութիւնը եղան շաբաթը միայն մէկ օր կամ աւելի նուազ, եւ ստիպուած էր իր գործատիրոջ դէմ դնել, որ կ’ուզէր իրեն հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Եւ քանի որ Ճէյմս ու Մարիլին իրենց խնդիրներուն մասին չէին կրնար իրարու հետ խօսիլ, ուրիշներուն հետ կը բաժնէին իրենց զգացումները, եւ քիչ մնաց որ սեռային անբարոյութիւն գործեն։ Մարիլին գիտակցեցաւ թէ թէեւ ինք ու իր ամուսինը շնութիւն չգործեցին, բայց իրարմէ հեռու ապրելով չէին կրնար իրարու զգացական եւ սեռային կարիքները գոհացնելու Աստուածաշունչի ուղղութեան հետեւիլ։ Անոնք չէին կրնար իրարու ինքնաբուխ խորհուրդներ փոխանակել, ժպտիլ, քնքշօրէն ձեռք բռնել, փաթթուիլ, ‘սիրոյ’ արտայայտութիւններ ընել կամ ամուսնական «պարտքը» վճարել (Երգ 1։2. Ա. Կոր. 7։3, 5)։ Եւ անոնք չէին կրնար իրենց զաւակին հետ լիովին Եհովան պաշտել։ «Երբ համաժողովի մը մէջ իմացայ թէ Եհովայի մեծ օրէն վերապրելու համար անհրաժեշտ է ընտանեկան կանոնաւոր պաշտամունքը, գիտակցեցայ թէ հարկ էր որ տուն վերադառնայի», կ’ըսէ Մարիլին։ «Պէտք էր որ սկսէի հոգեւոր եւ ընտանեկան կեանքս վերաշինել»։

ԼԱՒ ԽՐԱՏ ԵՒ ՎԱՏ ԽՐԱՏ

12. Աստուածաշնչական ի՞նչ խրատ կարելի է տալ անոնց, որոնք իրենց ընտանիքէն հեռու կ’ապրին։

12 Երբ Մարիլին որոշեց տուն վերադառնալ, ոմանք իրեն լաւ խրատներ տուին, իսկ ուրիշներ՝ վատ խրատներ։ Ժողովքին երէցները զինք գովեցին իր հաւատքին ու քաջութեան համար։ Բայց ուրիշներ, որոնք եւս իրենց կողակիցէն ու ընտանիքէն հեռու կ’ապրէին, զինք չքաջալերեցին։ Փոխանակ իր լաւ օրինակին հետեւելու, անոնք փորձեցին իր միտքը փոխել։ «Դուն շուտով հոս պիտի վերադառնաս», ըսին անոնք։ «Տուն վերադառնալով ինչպէ՞ս պիտի կարենաս ծայրը ծայրին բերել»։ Այսպիսի վհատեցուցիչ մեկնաբանութիւններ ընելու փոխարէն, հաւատակիցներ պէտք է «խրատեն նորահասակ կիները՝ որպէս զի այրերնին եւ զաւակնին սիրեն. . . [ըլլան] տնաշէն»՝ իրենց տան մէջ աշխատող, «որ չըլլայ թէ Աստուծոյ խօսքին հայհոյուի» (կարդա՛ Տիտոս 2։3-5

13, 14. Ընտանեկան ակնկալութիւններէն առաջ Եհովան դասելը ինչո՞ւ հաւատք կը պահանջէ. լուսաբանէ՛։

13 Ճամբորդող անհատներէն շատեր մեծցած են մշակոյթներու մէջ, ուր ամէն բանէ առաջ կը դասուին աւանդութիւնը եւ ընտանիքին,– մանաւանդ ծնողներուն,– հանդէպ պարտաւորութիւնը։ Քրիստոնեայէն զօրաւոր հաւատք կը պահանջուի, որպէսզի կարենայ Եհովան հաճեցնելու համար որոշ աւանդութեան մը չհետեւիլ կամ ընտանիքին ուզածը չընել։

14 Նկատի առ Քարենի պատմութիւնը. «Երբ տղաս՝ Տան ծնաւ, ամուսինս ու ես արտասահման կ’աշխատէինք, եւ վերջերս սկսած էի Աստուածաշունչը սերտել։ Ընտանիքիս բոլոր անդամները կ’ակնկալէին որ Տանը հայրենիք՝ ծնողքիս քով ղրկեմ, մինչեւ որ մեր նիւթական վիճակը աւելի լաւ ըլլայ»։ Երբ Քարեն պնդեց որ Տանին ինք հոգ տանի, իր ազգականները,– մէջը ըլլալով ամուսինը,– իրեն ծոյլ կոչեցին եւ ծաղրանքի առարկայ դարձուցին։ «Իրականութեան մէջ, այդ ժամանակ լիովին չհասկցայ թէ Տանը քանի մը տարի ծնողքիս քով ձգելուս մէջ ի՛նչ սխալ բան կայ», կ’ըսէ Քարեն։ «Բայց գիտէի թէ Եհովան մեր մանչը մեծցնելու պարտականութիւնը տուած է մեզի՝ ծնողքին»։ Երբ Քարեն դարձեալ յղի եղաւ, իր անհաւատ ամուսինը պահանջեց վիժում ընել։ Քարենի նախապէս առած ճիշդ որոշումը իր հաւատքը զօրացուցած էր, եւ ան անգամ մը եւս Եհովային կողմը դիրք բռնեց։ Այժմ ինք, իր ամուսինը եւ երկու զաւակները ուրախ են որ իրարմէ չբաժնուեցան։ Եթէ Քարեն իր զաւակներէն մէկը կամ երկուքը ուրիշին յանձնէր, արդիւնքը շատ տարբեր պիտի ըլլար։

15, 16. ա) Պատմէ իր ծնողքէն բաժնուած քրոջ մը փորձառութիւնը։ բ) Քոյրը ինչո՞ւ որոշեց իր աղջկան առնչութեամբ տարբեր ընթացքի հետեւիլ։

15 Վիքի անունով Վկայ մը կը պատմէ. «Քանի մը տարի մեծ մայրս զիս մեծցուց, մինչ ծնողքս կրտսեր քոյրս կը մեծցնէին։ Երբ ծնողքիս միացայ, իրենց հանդէպ զգացումներս փոխուած էին։ Քոյրս ազատօրէն իրենց կ’արտայայտուէր, կը փաթթուէր եւ իրենց հետ սերտ յարաբերութիւն կը վայելէր։ Ես ծնողքիս մօտիկ չէի զգար, եւ նոյնիսկ երբ չափահաս դարձայ, իսկական զգացումներս իրենց արտայայտելը դժուար կը գտնէի։ Ես ու քոյրս մեր ծնողքը հաւաստիացուցած ենք թէ երբ ծերանան, իրենց հոգ պիտի տանինք։ Բայց ես ասիկա պիտի ընեմ առ ի պարտականութիւն, իսկ քոյրս՝ սէրէ մղուած։

16 «Այժմ մայրս ինձմէ կը խնդրէ որ աղջիկս իրեն ղրկեմ, ճիշդ ինչպէս որ զիս իր մօր ղրկեց։ Փափկանկատօրէն մերժեցի», կ’ըսէ Վիքին։ «Ես ու ամուսինս կ’ուզենք մեր զաւակը Եհովային ճամբաներուն մէջ մեծցնել։ Եւ չեմ ուզեր աղջկանս հետ ապագայ փոխյարաբերութեանս վնասել»։ Վիքին ըմբռնած է թէ միակ յաջող ընթացքն է՝ Եհովան եւ իր սկզբունքները նիւթական նպատակակէտերէ եւ ընտանեկան ակնկալութիւններէ առաջ դասել։ Յիսուս յստակօրէն ըսաւ. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել», Աստուծոյ ու մամոնային (Մատ. 6։24. Ել. 23։2

ԵՀՈՎԱՆ ՄԵՐ ՋԱՆՔԵՐԸ «ԿԸ ՅԱՋՈՂՑՆԷ»

17, 18. ա) Ի՞նչ բանի մէջ քրիստոնեաները միշտ ընտրելու պատեհութիւն ունին։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

17 Մեր Հայրը՝ Եհովան, կը խոստանայ թէ մեզի պիտի տայ ամէն բան՝ որուն իսկապէս կարիք ունինք, եթէ Թագաւորութիւնը ու իր արդարութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք (Մատ. 6։33)։ Ուստի, ճշմարիտ քրիստոնեաները միշտ ընտրելու պատեհութիւն ունին։ Եհովան կը խոստանայ ապահովել «ազատութեան միջոց մը», կամ ելք մը, որ չի պահանջեր աստուածաշնչական սկզբունքներ բեկանել, ի՛նչ որ ալ ըլլան մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։13)։ Երբ Եհովային ‘կը սպասենք’ եւ իրեն ‘կը վստահինք’՝ աղօթքով իմաստութիւն եւ ուղղութիւն խնդրելով ու իր պատուէրներուն եւ սկզբունքներուն հետեւելով, այն ատեն ի նպաստ մեզի «պիտի գործէ» (Սաղ. 37։5, 7, ԱԾ)։ Ան պիտի օրհնէ մեր անկեղծ ջանքերը, որ միայն իրեն ծառայենք որպէս միակ ճշմարիտ Տէրը։ Եթէ զինք առաջին տեղը դնենք, ան մեր կեանքը ‘պիտի յաջողցնէ’ (համեմատէ՛ Ծննդոց 39։3

18 Բաժանումին առթած վնասը չէզոքացնելու համար ի՞նչ կարելի է ընել։ Ի՞նչ գործնական քայլեր կրնանք առնել, որպէսզի կարենանք մեր ապրուստը ճարել, առանց ընտանիքէն հեռու ապրելու։ Եւ այս առնչութեամբ, ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները սիրալիրօրէն քաջալերել որ ճիշդ որոշումներ կայացնեն։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումները պիտի քննարկէ։

^ պարբ. 1 Անունները փոխուած են։

^ պարբ. 4 Ամէն անգամ որ Եգիպտոս ճամբորդեցին, Յակոբի որդիները հաւանաբար առաւելագոյնը երեք շաբաթ իրենց ընտանիքներէն հեռու մնացին։ Երբ յետագային Յակոբ ու իր որդիները Եգիպտոս փոխադրուեցան, իրենց կիներն ու զաւակները իրենց հետ տարին (Ծն. 46։6, 7

^ պարբ. 8 Տե՛ս Զարթի՛ր–ի փետրուար 2013 թիւը, էջ 6-9 (անգլերէնով)։

^ պարբ. 9 Շատ մը երկիրներէ տեղեկագրութիւններ կը նշեն, թէ արտասահման աշխատելու համար, կողակիցէն կամ զաւակներէն հեռու ապրիլը լուրջ խնդիրներու առաջնորդած է։ Ասոնք կը պարփակեն՝ մէկ կամ երկու կողակիցներուն կողմէ անհաւատարմութիւն, միասեռականութիւն կամ ազգապղծութիւն, եւ զաւակներու պարագային՝ դպրոցական եւ վարուելակերպի խնդիրներ, յարձակողական ըլլալ, մտահոգութիւն, ընկճուածութիւն կամ անձնասպանութեան հակում։