Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք»

«Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք»

«Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք, ո՛չ թէ այս երկրին վրայիններուն» (ԿՈՂ. 3։2

1, 2. ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ Կողոսայի մէջ ժողովքը յարձակումի տակ էր։ բ) Ի՞նչ խրատ տրուեցաւ՝ Կողոսայի եղբայրներուն օգնելու որ հաստատ մնան։

ԱՌԱՋԻՆ դարու Կողոսայի ժողովքը յարձակումի տակ էր։ Ժողովքին մէջ ոմանք Մովսիսական օրէնքին կառչիլը քաջալերելով, բաժանումներ կը պատճառէին։ Ուրիշներ կը ջատագովէին ճգնաւորութեան հեթանոսական փիլիսոփայութիւնը, որ չափազանց անձնուրացութիւն կը պարփակէր։ Պօղոս առաքեալ այս սուտ ուսուցումներուն դէմ խօսելով, կողոսացիներուն քաջալերական նամակ մը գրեց, ըսելով. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է ու աշխարհի սկզբունքներուն պէս եւ ոչ թէ Քրիստոսին վարդապետութեանը պէս» (Կող. 2։8

2 Եթէ այդ օծեալ քրիստոնեաները շարունակաբար մտածէին «աշխարհի սկզբունքներուն» մասին, անոնք մերժած պիտի ըլլային Եհովայի կողմէ եղած փրկութեան կարգադրութիւնը (Կող. 2։20-23)։ Որպէսզի կարենան Աստուծոյ հետ իրենց թանկագին փոխյարաբերութիւնը պահպանել, Պօղոս զիրենք յորդորեց. «Վերի բաներուն վրայ մտածեցէք, ո՛չ թէ այս երկրին վրայիններուն» (Կող. 3։2)։ Արդարեւ Քրիստոսի եղբայրները պէտք էր իրենց մտքին մէջ վառ պահէին երկնային անապականելի ժառանգութիւնը ստանալու իրենց յոյսը (Կող. 1։4, 5

3. ա) Օծեալ քրիստոնեաները ո՞ր յոյսը իրենց միտքը կը պահեն։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

3 Ներկայիս ալ, օծեալ քրիստոնեաները իրենց միտքը կեդրոնացած կը պահեն Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան վրայ եւ «Քրիստոսին ժառանգակիցներ» ըլլալու իրենց յոյսին վրայ (Հռով. 8։14-17)։ Բայց ի՞նչ ըսել երկրային յոյս ունեցողներուն մասին։ Պօղոսի խօսքերը ինչպէ՞ս կը կիրարկուին անոնց։ «Ուրիշ ոչխարներ»ը ի՞նչ կերպով կրնան «վերի բաներ»ը ի մտի ունենալ (Յովհ. 10։16)։ Եւ ինչպէ՞ս կրնանք բոլորս օգտուիլ վաղեմի հաւատարիմ մարդոց օրինակները նկատի առնելով, ինչպէս՝ Աբրահամ եւ Մովսէս, որոնք հակառակ անձնական դժուարութիւններու, իրենց միտքը կեդրոնացած պահեցին վերի բաներուն վրայ։

Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՎԵՐԻ ԲԱՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՄՏԱԾԵԼ

4. Ուրիշ ոչխարները ինչպէ՞ս կրնան իրենց միտքը կեդրոնացած պահել վերի բաներուն վրայ։

4 Թէեւ ուրիշ ոչխարները երկնային յոյս չունին, սակայն իրենք ալ կրնան իրենց միտքին մէջ վառ պահել վերի բաները։ Ինչպէ՞ս։ Իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնելով Եհովան եւ Թագաւորութեան շահերը (Ղուկ. 10։25-27)։ Այս նպատակով, մենք Քրիստոսին կը նայինք որպէս մեր տիպարը (Ա. Պետ. 2։21)։ Առաջին դարու մեր եղբայրներուն նման, Սատանային դրութեան մէջ սխալ պատճառաբանութիւններ, աշխարհային փիլիսոփայութիւններ եւ նիւթապաշտական կեցուածքներ կը դիմագրաւենք (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 10։5)։ Յիսուսը ընդօրինակելով, պէտք է արթուն ըլլանք մեր հոգեւորութեան սպառնացող որեւէ բանի դէմ դնելու։

5. Ինչպէ՞ս կրնանք նիւթապաշտական հետապնդումներու շուրջ մեր մտածումը քննել։

5 Արդեօք նիւթական հետապնդումներու նկատմամբ աշխարհի տեսակէտը մեզի ազդա՞ծ է։ Մեր սիրած բաները ընդհանրապէս մեր մտածումներէն եւ արարքներէն յայտնի կ’ըլլան։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ» (Մատ. 6։21)։ Ուստի, որպէսզի կարենանք բնորոշել թէ մեր սիրտը մեզ դէպի ո՛ւր կ’առաջնորդէ, լաւ է որ ատեն–ատեն մեր անձը քննենք։ Դուն քեզի հարցուր. «Շատ ժամանակ կը վատնե՞մ՝ նիւթական բաներու շուրջ մտահոգուելով, աւելի լաւ գործ մը գտնելու մասին մտածելով կամ աւելի հանգստաւէտ կեանք մը ունենալ փորձելով. թէ ոչ կը ջանամ պահպանել աչք մը, որ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնացած է» (Մատ. 6։22)։ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ անոնք, որոնք գլխաւորաբար կ’ուզեն ‘երկրի վրայ գանձեր դիզել’, իրենք զիրենք հոգեւոր լուրջ վտանգի տակ կը դնեն (Մատ. 6։19, 20, 24

6. Մարմնային հակումներու դէմ մեր տարած պայքարը ինչպէ՞ս կը շահինք։

6 Մեր անկատար մարմինը մեզ կը մղէ միջամուխ ըլլալու այնպիսի բաներու, որոնք մեր զգայարանքներուն հաճելի են (կարդա՛ Հռովմայեցիս 7։21-25)։ Եթէ Աստուծոյ սուրբ հոգին մեր կեանքին մէջ չգործէ, կրնանք «խաւարին գործեր»ուն տեղի տալ, ինչպէս՝ ‘անառակութիւններ ու գինովութիւններ եւ խառնակ անկողիններ ու պղծութիւններ’ (Հռով. 13։12, 13)։ «Երկրի վրայիններ»ուն,– մեր մարմնին հաճելի եղող բաներուն,– դէմ մեր տարած պայքարը շահելու համար, մեր միտքը պէտք է կեդրոնացած պահենք վերի բաներուն վրայ։ Ասիկա ընելը ջանք կը պահանջէ։ Ասոր համար է որ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ» (Ա. Կոր. 9։27)։ Անկասկած, որպէսզի կարենանք կեանքի մրցավազքին մէջ մնալ, չենք կրնար մեր անձին հանդէպ թոյլ գտնուիլ։ Նկատի առնենք թէ անցեալին երկու հաւատարիմ տղամարդիկ ի՛նչ ըրին «Աստուծոյ հաճելի ըլլալ»ու համար (Եբ. 11։6

ԱԲՐԱՀԱՄ «ՀԱՒԱՏԱՑ ՏԷՐՈՋԸ»

7, 8. ա) Աբրահամ ու Սառա ի՞նչ խնդիրներ դիմագրաւեցին։ բ) Աբրահամ իր միտքը ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնացուց։

7 Երբ Եհովան Աբրահամի ըսաւ որ իր ընտանիքը Քանանի երկիրը փոխադրէ, ան յօժարութեամբ ընդառաջեց։ Աբրահամի հաւատքին եւ հնազանդութեան պատճառաւ, Եհովան իրեն հետ ուխտ մը հաստատեց, ըսելով. «Քեզ մեծ ազգ պիտի ընեմ ու քեզ պիտի օրհնեմ» (Ծն. 12։2)։ Տարիներ ետք, Աբրահամ ու իր կինը՝ Սառան, տակաւին անզաւակ էին։ Արդեօք Եհովան մոռցա՞ծ էր Աբրահամի ըրած իր խոստումը։ Ասկէ զատ, Քանանի մէջ ապրիլը դիւրին չէր։ Աբրահամ ու իր ընտանիքը իրենց ետին ձգած էին իրենց տունն ու ազգականները Ուրի մէջ,– Միջագետքի բարգաւաճ մէկ քաղաքը։ Անոնք աւելի քան 1600 քմ. ճամբորդեցին Քանան հասնելու համար, ուր բնակեցան վրաններու մէջ, տոկացին սովի եւ յելուզակներու դէմ յանդիման եկան (Ծն. 12։5, 10. 13։18. 14։10-16)։ Բայց եւ այնպէս, անոնք չփափաքեցան Ուրի հանգստաւէտութեան վերադառնալ (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։8-12, 15

8 Փոխանակ «երկրի վրայիններ»ուն վրայ մտածելու, Աբրահամ «հաւատաց Տէրոջը» (Ծն. 15։6)։ Այո, ան իր միտքը վերի բաներուն ուղղեց, այն առումով որ Աստուծոյ խոստումներուն վրայ կեդրոնացաւ։ Առ ի արդիւնք, Աբրահամի հաւատքը վարձատրուեցաւ, երբ Բարձրեալ Աստուած իրեն երեւցաւ ու ըսաւ. «‘Հիմա դէպի երկինք նայէ ու աստղերը համրէ, եթէ զանոնք համրել կրնաս’։ Եւ ըսաւ անոր. ‘Քու սերունդդ այսպէս պիտի ըլլայ’» (Ծն. 15։5)։ Ասիկա որքա՜ն հաւաստիացուցիչ ըլլալու էր։ Ամէն անգամ որ Աբրահամ աստղազարդ երկինքը դիտէր, իր զարմը բազմացնելու Եհովայի խոստումը պիտի յիշէր։ Եւ Աստուծոյ յարմար տեսած ժամանակին, Աբրահամ ժառանգորդ մը ունեցաւ, ճիշդ ինչպէս որ խոստացուած էր (Ծն. 21։1, 2

9. Աբրահամի օրինակին հետեւիլը մեզ ինչպէ՞ս պիտի քաջալերէ որ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ զբաղած մնանք։

9 Աբրահամի նման, մենք եւս Աստուծոյ խոստումներուն կատարման կը սպասենք (Բ. Պետ. 3։13)։ Եթէ մեր միտքը վերի բաներուն վրայ կեդրոնացած չպահենք, մեզի կրնայ թուիլ թէ այս խոստումներուն կատարումը կ’ուշանայ, եւ կրնանք մեր հոգեւոր գործունէութիւններուն մէջ դանդաղիլ։ Օրինակ, անցեալին զոհողութիւններ ըրա՞ծ ես, որպէսզի կարենաս ռահվիրայութիւն ընել կամ այլ կերպով ծառայութիւնդ ընդարձակել։ Եթէ այո՛, գովելի ես։ Ի՞նչ ըսել ներկայ ժամանակին մասին։ Յիշէ թէ Աբրահամ իր մտքին մէջ վառ պահեց «հիմերով հաստատուած քաղաք»ը (Եբ. 11։10)։ Ան «Աստուծոյ հաւատաց եւ ան՝ իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ» (Հռով. 4։3

ՄՈՎՍԷՍ «ԱՆՏԵՍԱՆԵԼԻՆ ԿԸ ՏԵՍՆԷՐ»

10. Մովսէս որպէս պատանի ինչպիսի՞ կեանք ունէր։

10 Մովսէս ալ իր միտքը կեդրոնացած պահեց վերի բաներուն վրայ։ Պատանի տարիքին, ան «Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութիւնովը վարժուեցաւ»։ Ասիկա սովորական կրթութիւն չէր։ Եգիպտոս այդ ատեն աշխարհակալ ուժն էր, եւ Մովսէս փարաւոնին տան մէջ կ’ապրէր։ Զարմանալի չէ որ այս բարձր կրթութեան պատճառով, Մովսէս «զօրաւոր էր իր խօսքերովը ու գործերովը» (Գործք 7։22)։ Երեւակայէ թէ ասիկա ի՜նչ պատեհութիւններ կրնար բանալ անոր առջեւ։ Բայց եւ այնպէս, ան իր միտքը կեդրոնացուց աւելի վսեմ բանի մը վրայ,– Աստուծոյ կամքը կատարել։

11, 12. Մովսէս ի՞նչ կրթութիւն մեծապէս արժեւորեց, եւ ինչպէ՞ս գիտենք։

11 Մանկութեան ատեն, Մովսէսի իսկական մայրը՝ Յոքաբէդ, վստահաբար իրեն սորվեցուց հրեաներուն Աստուծոյն մասին։ Մովսէս Եհովայի մասին գիտութիւնը շա՜տ աւելի արժէքաւոր կը սեպէր, քան որեւէ հարստութիւն։ Այսպիսով, ան մերժեց այն առանձնաշնորհումներն ու պատեհութիւնները, որոնց շատ հաւանաբար պիտի տիրանար՝ փարաւոնին տան մէջ ապրելուն համար (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։24-27)։ Արդարեւ, Մովսէսի հոգեւոր կրթութիւնը եւ Եհովային հանդէպ հաւատքը մղեցին որ իր միտքը կեդրոնացնէ վերի բաներուն վրայ։

12 Մովսէս ստացաւ իր օրուան լաւագոյն աշխարհիկ կրթութիւնը, բայց զայն գործածե՞ց Եգիպտոսի մէջ իր ասպարէզը յառաջացնելու, իրեն համար անուն մը շինելու կամ նիւթական ստացուածքներ ձեռք ձգելու։ Ո՛չ։ Եթէ այդպէս ընէր, պիտի չըսուէր թէ «չընդունեց Փարաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ. քանզի աւելի աղէկ սեպեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել»։ Յստակ է թէ Մովսէս իր հոգեւոր կրթութիւնը գործածեց Եհովային նպատակը յառաջ տանելու։

13, 14. ա) Ի՞նչ բան Մովսէսի օգնեց որ Եհովայի իրեն տալիք նշանակումին որակեալ ըլլայ։ բ) Մովսէսի նման, թերեւս ի՞նչ ընելու կարիքը ունենանք։

13 Մովսէս Եհովայով եւ Իր ժողովուրդով մեծապէս հետաքրքրուած էր։ 40 տարեկանին, ան խորհեցաւ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը եգիպտական ստրկութենէն ազատագրելու պատրաստ էր (Գործք 7։23-25)։ Սակայն, նախքան Եհովան իրեն այդ նշանակումը տալը, Մովսէս այլ բանի մը կարիքը ունէր։ Ան կարիք ունէր կարգ մը յատկութիւններ մշակելու, ինչպէս՝ խոնարհութիւն, համբերութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն (Առ. 15։33)։ Ան պէտք էր մարզուէր, որպէսզի կարենար գալիք փորձութիւններուն եւ դժուարութիւններուն տոկալ։ Քանի մը տասնամեակ հովիւ ըլլալը իրեն պիտի տար այս աստուածային յատկութիւնները մշակելու հարկ եղած մարզումը։

14 Մովսէս այս գործնական մարզումէն օգտուեցա՞ւ։ Արդարեւ այո՛։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ թէ ան «շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի» (Թուոց 12։3)։ Ան խոնարհութիւն մշակած էր, ինչ որ իրեն օգնեց զանազան տեսակի մարդոց եւ անոնց դժուար խնդիրներուն հետ համբերութեամբ վարուելու (Ել. 18։26)։ Նմանապէս, թերեւս մենք ալ պէտք ունինք հոգեւոր յատկութիւններ կերտելու, որոնք պիտի օգնեն որ «մեծ նեղութենէն» անցնինք եւ Աստուծոյ արդար նոր աշխարհը մտնենք (Յայտ. 7։14)։ Ինչպէ՞ս կը վարուինք ուրիշներու հետ։ Մեր եւ ջղային կամ շատ զգայուն եղողներու ջուրը մէկ առուով կ’երթա՞յ։ Լաւ կ’ըլլայ որ Պետրոս առաքեալի խօսքերուն անսանք, որ հաւատակիցները յորդորեց. «Ամէնքը պատուեցէ՛ք, եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք» (Ա. Պետ. 2։17

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ՎԵՐԻ ԲԱՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՄՏԱԾԵԼ

15, 16. ա) Ինչո՞ւ անհրաժեշտ է որ մեր միտքը վերի բաներուն վրայ կեդրոնացնենք։ բ) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ քրիստոնեաները ընտիր վարք պահպանեն։

15 Մենք կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ (Բ. Տիմ. 3։1)։ Ուստի, որպէսզի կարենանք հոգեւորապէս արթուն մնալ, անհրաժեշտ է որ մեր միտքը վերի բաներուն վրայ կեդրոնացնենք (Ա. Թես. 5։6-9)։ Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնանք ասիկա ընել մեր կեանքի երեք մարզերու մէջ։

16 Մեր վարքը։ Պետրոս լաւ վարքի կարեւորութեան գիտակից էր։ Ան ըսաւ. ‘Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահեցէք, որպէս զի ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած’ (Ա. Պետ. 2։12)։ Ըլլանք տունը, գործատեղին, դպրոցը, զբօսանքի ատեն կամ ծառայութեան մէջ, ամէն ջանք կը թափենք որ մեր ընտիր վարքով Եհովային փառք բերենք։ Ճիշդ է որ անկատար ըլլալով բոլորս սխալներ կը գործենք (Հռով. 3։23)։ Բայց շարունակելով «պատերազմ[իլ] հաւատքին բարի պատերազմը», կրնանք մեր անկատար մարմնին դէմ յաղթանակ տանիլ (Ա. Տիմ. 6։12

17. Ինչպէ՞ս կրնանք Քրիստոս Յիսուսի մտածելակերպը որդեգրել (տե՛ս բացման պատկերը)։

17 Մեր մտածելակերպը։ Ճիշդ մտածելակերպ ունենալը սերտօրէն առնչուած է ընտիր վարք պահպանելուն։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ձեզմէ ամէն մէկը նոյն միտքը թող ունենայ, որ Քրիստոս Յիսուսին մէջ էր» (Փլպ. 2։5)։ Յիսուս ի՞նչ մտավիճակ ունէր։ Ան խոնարհ էր. եւ խոնարհութիւնը զինք մղեց իր ծառայութեան մէջ անձնազոհ ըլլալու։ Իր մտքին մէջ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէր՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներուն քարոզել (Մար. 1։38. 13։10)։ Ան Աստուծոյ Խօսքին սերտօրէն կառչեցաւ (Յովհ. 7։16. 8։28)։ Ան Սուրբ Գրութիւնները ժրաջանօրէն ուսումնասիրեց, որպէսզի կարենար անոնցմէ մէջբերել, զանոնք պաշտպանել ու բացատրել։ Խոնարհ եւ մեր ծառայութեան ու անձնական ուսումնասիրութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլալով, ա՛լ աւելի քրիստոսանման միտք պիտի ունենանք։

Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելը, Յիսուսի մտքին մէջ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէր (տե՛ս պարբերութիւն 17)

18. Ի՞նչ կարեւոր կերպով կրնանք Եհովայի գործին թիկունք կանգնիլ։

18 Մեր աջակցութիւնը։ Եհովան նպատակադրած է որ «Յիսուսին անունին ծնրադրեն երկնաւորները ու երկրաւորները» (Փլպ. 2։9-11)։ Յիսուս վսեմ դիրք ունենալով հանդերձ, խոնարհաբար իր Հօր կամքին պիտի ենթարկուի. մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք (Ա. Կոր. 15։28)։ Ինչպէ՞ս։ Ամբողջ սրտով աջակցելով «բոլոր ազգերը աշակերտել»ու գործին (Մատ. 28։19)։ Նաեւ, կ’ուզենք «բարիք ընե[լ] ամենուն», թէ՛ մեր ընկերին եւ թէ հաւատակիցներուն (Գաղ. 6։10

19. Ի՞նչ բան պէտք է վճռենք ընել։

19 Որքա՜ն երախտապարտ ենք որ Եհովան մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր միտքը վերի բաներուն վրայ կեդրոնացած պահենք։ Այս նպատակաւ, հարկ է որ «համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը» (Եբ. 12։1)։ Թող որ բոլորս մեր գործը «սրտանց [ընենք], որպէս թէ Տէրոջը», եւ մեր երկնաւոր Հայրը մեր անկեղծ ջանքերը պիտի վարձատրէ (Կող. 3։23, 24