Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Երեմիա ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ թէ Ռաքէլ իր տղոցը համար կու լար։
Երեմիա 31։15–ի մէջ կը կարդանք. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ, ողբի ու դառնագին լացի ձայն։ Ռաքէլ իր տղոցը համար կու լար եւ իր տղոցը համար մխիթարուիլ չէր ուզեր, վասն զի անոնք չկային’»։
Ռաքէլի երկու տղաները իրմէ առաջ չմեռան։ Ուստի թերեւս ոմանք ճշգրիտ չնկատեն Ռաքէլի մահէն 1000 տարի ետք արձանագրուած Երեմիայի խօսքերը։
Ռաքէլի անդրանիկ որդին Յովսէփն էր (Ծն. 30։22-24)։ Ետքը, ան ուրիշ որդի մը ծնաւ՝ Բենիամինը, եւ ծննդաբերութեան ատեն մահացաւ։ Ուստի հետեւեալ հարցումը կը ծագի. «Երեմիա 31։15–ը ինչո՞ւ կ’ըսէ, թէ Ռաքէլ իր տղոցը համար կու լար քանի որ ‘անոնք չկային’»։
Կ’արժէ նշել, որ առաջին տղան՝ Յովսէփ, երկու որդի ունեցաւ՝ Մանասէ եւ Եփրեմ (Ծն. 41։50-52. 48։13-20)։ Ժամանակի ընթացքին, Եփրեմի սերունդը Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան մէջ ամէնէն հզօր եւ ազդու ցեղը եղաւ ու հիւսիսային տասը ցեղերուն ներկայացուցիչը դարձաւ։ Միւս կողմէ, Ռաքէլի երկրորդ տղուն Բենիամինին ցեղը, Յուդայի ցեղին հետ մէկտեղ, հարաւային թագաւորութիւնը կազմեց։ Ուստի առումով մը կրնայ ըսուիլ, թէ Ռաքէլ կը խորհրդանշէր Իսրայէլի բոլոր մայրերը, թէ՛ հիւսիսային եւ թէ հարաւային թագաւորութիւններուն մէջ։
Երբ Երեմիա գիրքը գրի առնուեցաւ, ասորեստանցիները արդէն իսկ գրաւած էին հիւսիսային տասը–ցեղեան թագաւորութիւնը եւ անոր բնակչութեան մեծամասնութիւնը աքսորած էին։ Սակայն, Եփրեմի սերունդէն ոմանք թերեւս Յուդայի շրջանը փախած էին։ Ք.Ա. 607–ին, բաբելոնացիները Յուդայի երկու–ցեղեան թագաւորութիւնը նուաճեցին եւ գերիներ առին։ Այնպէս կը թուի, թէ անոնք այդ գերիներէն ոմանք տարին Ռամա քաղաքը, որ Երուսաղէմէն 8 քմ. դէպի հիւսիս կը գտնուէր (Եր. 40։1)։ Ոմանք թերեւս սպաննուեցան հոն՝ Բենիամինին տարածքը, ուր Ռաքէլ թաղուած էր (Ա. Թագ. 10։2)։ Ուստի իր տղոցը համար Ռաքէլին լացը կրնայ այլաբանօրէն պատկերացնել իր սուգը՝ ընդհանուր բենիամինեաններուն կամ յատկապէս Ռամայի մէջ սպաննուած բենիամինեաններուն համար։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ անիկա կ’ակնարկէ բոլոր իսրայէլացի մայրերուն սուգին՝ Աստուծոյ ծառաներուն մահուան կամ գերութեան համար։
Ամէն պարագայի, տղոցը համար Ռաքէլի սուգին մասին Երեմիայի խօսքը մարգարէութիւն մըն էր, որ դարեր ետք կատարուեցաւ, երբ Յիսուսի կեանքը վտանգի տակ էր։ Հերովդէս թագաւոր հրամայեց, որ մինչեւ երկու տարեկան արուները սպաննուին Բեթլեհէմի մէջ, որ Երուսաղէմի հարաւը կը գտնուէր։ Այսպէս, այդ տղաքը այլեւս «չկային». անոնք մեռան։ Երեւակայէ վշտահար մայրերուն լացն ու կոծը։ Կարծես անոնց աղաղակը կը հասնէր մինչեւ Ռամա, որ Երուսաղէմի հիւսիսը կը գտնուէր (Մատ. 2։16-18)։
Հետեւաբար, թէ՛ Երեմիայի եւ թէ Յիսուսի օրերուն, ‘իր տղոցը համար Ռաքէլին լացը’ տեղին արտայայտութիւն մըն էր նկարագրելու այն հրեայ մայրերուն վիշտը, որոնց որդիները ջարդուեցան։ Անշուշտ, անոնք որոնք «թշնամիին երկիրը» գացին, այսինքն մեռան, կրնան այդ թշնամիին ճիրաններէն ազատիլ՝ յարութիւն առնելով (Եր. 31։16. Ա. Կոր. 15։26)։