Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ընդօրինակէ Յիսուսին քաջութիւնն ու խորատեսութիւնը

Ընդօրինակէ Յիսուսին քաջութիւնն ու խորատեսութիւնը

«Որ դուք չտեսած կը սիրէք եւ որը հիմա ալ չէք տեսներ, բայց կը հաւատաք անոր» (Ա. ՊԵՏ. 1։8

1, 2. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք փրկուողներու շարքին ըլլալ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք փրկութեան տանող ճամբուն մէջ մնալ։

ԵՐԲ Քրիստոսի աշակերտները կ’ըլլանք, կարծես թէ ճամբորդութեան մը ձեռնարկած կ’ըլլանք։ Այդ ճամբորդութիւնը մեզ կրնայ երկնային կամ երկրային կեանքի առաջնորդել։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը [մինչեւ իր ներկայ կեանքին կամ այս չար աշխարհին վերջը] համբերէ, անիկա պիտի ապրի» (Մատ. 24։13)։ Այո, եթէ հաւատարիմ մնանք, կրնանք փրկուողներու շարքին ըլլալ։ Բայց մինչ այդ, պէտք է ուշադրութիւն ընենք որ մտացիր չըլլանք կամ չկորսուինք (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ճամբորդութեան վրայ կեդրոնացած մնալ։

2 Մեր Տիպարը՝ Յիսուս, այս ճամբուն մէջ առաջնորդութիւնը առաւ։ Երբ Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած իր ճամբորդութիւնը կամ ապրելակերպը կ’ուսումնասիրենք, կը գիտնանք թէ Յիսուս ինչպիսի անձ մըն է, կը սկսինք զինք սիրել եւ հաւատալ իրեն (կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։8, 9)։ Մի՛ մոռնար որ Պետրոս առաքեալ ըսաւ, որ Յիսուս մեզի օրինակ թողուց որ իր շաւիղներուն մօտէն հետեւինք (Ա. Պետ. 2։21)։ Եթէ ուշադրութեամբ իր շաւիղներուն հետեւինք, պիտի հասնինք մեր հաւատքի «արդիւնք»ին,– փրկութիւն *։ Նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք թէ ինչպէ՛ս կրնանք Յիսուսին խոնարհութիւնն ու քնքշութիւնը ընդօրինակել։ Այժմ պիտի քննարկենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք իր քաջութիւնն ու խորատեսութիւնը ընդօրինակել։

ՅԻՍՈՒՍ ՔԱՋ Է

3. Քաջութիւնը ի՞նչ է եւ զայն ինչպէ՞ս կրնանք ունենալ։

3 Քաջութիւնը ինքնավստահութեան զգացում մըն է, որ կրնայ մեզ զօրացնել եւ կազդուրել։ Աղբիւր մը քաջութիւնը հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ. «յարատեւել հակառակութեան դիմաց», «պաշտպանել այն ինչ որ ճիշդ է» եւ «տառապանքը արժանապատուութեամբ կամ հաւատքով դիմագրաւել»։ Քաջութիւնը կապ ունի վախի, յոյսի եւ սիրոյ հետ։ Ինչպէ՞ս։ Աստուծմէ վախնալը մեզի քաջութիւն կու տայ, որ մարդոց հանդէպ մեր վախը փարատենք (Ա. Թագ. 11։7. Առ. 29։25)։ Իսկական յոյսը մեզի կ’օգնէ որ ներկայ փորձութիւններէն անդին նայինք եւ ապագան վստահութեամբ դիմագրաւենք (Սաղ. 27։14)։ Անձնազոհ սէրը մեզ կը մղէ որ քաջ ըլլանք նոյնիսկ հալածանքի ատեն (Յովհ. 15։13)։ Կրնանք քաջութիւն ունենալ՝ Աստուծոյ վստահելով եւ իր Որդիին շաւիղներուն հետեւելով (Սաղ. 28։7

4. Յիսուս ինչպէ՞ս քաջութիւն ցուցաբերեց, երբ «վարդապետներուն հետ նստեր էր» տաճարին մէջ (տե՛ս բացման պատկերը)։

4 Նոյնիսկ երբ 12 տարեկան էր, Յիսուս քաջաբար պաշտպանեց այն ինչ որ ճիշդ է։ Նկատէ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ պատանի Յիսուս «տաճարին մէջ. . . վարդապետներուն հետ նստեր էր» (կարդա՛ Ղուկաս 2։41-47)։ Այդ վարդապետները ոչ միայն Մովսիսական օրէնքին քաջածանօթ էին, այլեւ՝ զայն նսեմացնող մարդակերտ աւանդութիւններուն։ Ասով հանդերձ, Յիսուս լուռ չմնաց, հապա «անոնց բան կը հարցնէր»։ Իր տուած հարցումները վստահաբար չէին նմաներ հետաքրքիր տղու մը սովորական հարցումներուն։ Կրնանք երեւակայել, թէ Յիսուս այնքան միտք–գրգռող հարցումներ ուղղեց, որ այդ ուսեալ վարդապետները ականջ տուին ու մտածեցին։ Եւ եթէ անոնք փորձեցին զինք ծուղակը ձգել վիճելի հարցումներ ուղղելով, ձախողեցան։ Բոլոր ականջ դնողները, ներառեալ՝ վարդապետները, «կը զարմանային անոր իմաստութեանը ու պատասխաններուն վրայ»,– պատասխաններ, որոնք անկասկած պաշտպանեցին Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը։

5. Յիսուս ի՞նչ կերպերով քաջութիւն ցուցաբերեց իր ծառայութեան ընթացքին։

5 Իր ծառայութեան ընթացքին, Յիսուս զանազան կերպերով քաջութիւն ցուցաբերեց։ Ան համարձակօրէն քօղազերծեց կրօնական առաջնորդները, որոնք սուտ վարդապետութիւններով ժողովուրդը կը մոլորեցնէին (Մատ. 23։13-36)։ Ան թոյլ չտուաւ որ աշխարհը զինք ապականէր (Յովհ. 16։33)։ Ան հակառակութեան ներքեւ շարունակեց քարոզել (Յովհ. 5։15-18. 7։14)։ Ան երկու անգամ անվախօրէն տաճարը մաքրեց, ճշմարիտ պաշտամունքը ապականողները դուրս վռնտելով (Մատ. 21։12, 13. Յովհ. 2։14-17

6. Յիսուս ինչպէ՞ս քաջութիւն ցուցաբերեց իր երկրային կեանքին վերջին օրը։

6 Մեր հաւատքը կը զօրանայ, մինչ նկատի կ’առնենք թէ Յիսուս ի՛նչ քաջութիւն ցուցաբերեց իր երկրային կեանքին վերջին օրը։ Ան գիտակից էր թէ իր մատնուելէն ետք ի՛նչ իրարայաջորդ դէպքեր պիտի պատահէին, բայց ասով հանդերձ, Պասեքի ընթրիքին ատեն, Յուդային ըսաւ. «Ինչ որ պիտի ընես՝ շուտով ըրէ» (Յովհ. 13։21-27)։ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ, Յիսուս անվախօրէն իր ինքնութիւնը յայտնեց այն զինուորներուն, որոնք եկած էին զինք ձերբակալելու։ Իր կեանքը վտանգուած ըլլալով հանդերձ, Յիսուս իր աշակերտները պաշտպանեց (Յովհ. 18։1-8)։ Երբ Սենետրիոնին առջեւ կը հարցաքննուէր, խիզախօրէն հաստատեց որ ինք թէ՛ Քրիստոսը եւ թէ Աստուծոյ Որդին է, հակառակ անոր որ գիտէր թէ քահանայապետը զինք սպաննելու չքմեղանք մը կը փնտռէր (Մար. 14։60-65)։ Յիսուս հաստատօրէն մինչեւ վերջ ուղղամիտ մնաց։ Երբ տանջանքի ցիցին վրայ իր վերջին շունչը առնելու վրայ էր, յաղթական ձայնով ըսաւ. «Ամէն բան կատարուեցաւ» (Յովհ. 19։28-30

ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ

7. Պատանինե՛ր, Եհովայի անունը կրելու նկատմամբ ի՞նչ կը զգաք, եւ ինչպէ՞ս կրնաք ցոյց տալ թէ քաջ էք։

7 Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսին քաջութիւնը ընդօրինակել։ Դպրոցին մէջ։ Պատանինե՛ր, դուք ցոյց կու տաք թէ քաջ էք, երբ առանց քաշուելու ձեր Եհովայի վկայ ըլլալը կը գիտցնէք, նոյնիսկ եթէ այս մէկը նշանակէ ծաղրանքի ենթարկուիլ դասընկերներու կամ ուրիշներու կողմէ։ Այսպիսով, ցոյց կու տաք թէ կը պարծենաք Եհովայի անունը կրելով (կարդա՛ Սաղմոս 86։12)։ Թերեւս ոմանք ձեզ կը ճնշեն որ բարեշրջութեան հաւատաք։ Բայց դուք ստոյգ պատճառներ ունիք վստահութեամբ հաւատալու ստեղծագործութեան, որուն մասին Աստուածաշունչը կը խօսի։ Կրնաք գործածել Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել գրքոյկը (անգլերէնով), որպէսզի համոզիչ պատասխան մը տաք անոնց՝ որոնք «ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն» (Ա. Պետ. 3։15)։ Այդ ատեն գոհունակ պիտի զգաք, գիտնալով որ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը պաշտպանեցիք։

8. Ի՞նչ պատճառներ ունինք համարձակ քարոզելու։

8 Մեր ծառայութեան մէջ։ Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, պէտք է շարունակենք ‘համարձակ քարոզել Տէրոջմով’ (Գործք 14։3)։ Ի՞նչ պատճառներ ունինք համարձակ կամ քաջաբար խօսելու։ Գիտենք որ մեր քարոզածը ճշմարտութիւնն է, քանի որ հիմնուած է Աստուածաշունչին վրայ (Յովհ. 17։17)։ Կը գիտակցինք որ «Աստուծոյ գործակից ենք» եւ սուրբ հոգիին աջակցութիւնը ունինք (Ա. Կոր. 3։9. Գործք 4։31)։ Կը հասկնանք որ նախանձախնդրաբար վկայելով, ցոյց կու տանք որ Եհովային նուիրուած ենք եւ կը սիրենք մեր ընկերը (Մատ. 22։37-39)։ Քաջասիրտ ըլլալով, պիտի չդադրինք քարոզելէ։ Ընդհակառակը, վճռած ենք քօղազերծել այն կրօնական սուտերը, որոնք թոյլ չեն տար որ մարդիկ ճշմարտութիւնը տեսնեն (Բ. Կոր. 4։4)։ Եւ պիտի շարունակենք բարի լուրը քարոզել, չնայած անտարբերութեան, ծաղրանքին կամ հակառակութեան (Ա. Թես. 2։1, 2

9. Ինչպէ՞ս կրնանք տառապանքի ներքեւ քաջ ըլլալ։

9 Տառապանքի ներքեւ։ Երբ Աստուծոյ կը վստահինք, ան մեր հաւատքը կը զօրացնէ եւ քաջութիւն կու տայ որ դժուարութիւնները դիմագրաւենք։ Եթէ սիրելի մը մահանայ, կը սգանք, բայց մեր յոյսը չենք կորսնցներ, հապա կը վստահինք որ «ամէն մխիթարութեան Աստուածը» մեզ պիտի զօրացնէ (Բ. Կոր. 1։3, 4. Ա. Թես. 4։12)։ Եթէ ծանրօրէն հիւանդանանք կամ վիրաւորուինք, թերեւս ցաւինք, բայց զիջումներ չենք ըներ, հապա կը մերժենք որեւէ դարմանում, որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հակառակ է (Գործք 15։28, 29)։ Եթէ ընկճուինք, թերեւս «մեր սրտերը մեզ մեղադրեն», բայց քանի որ կը վստահինք Աստուծոյ, որ «մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է», չենք յանձնուիր (Ա. Յովհ. 3։19, 20. Սաղ. 34։18) *։

ՅԻՍՈՒՍ ԽՈՐԱՏԵՍ Է

10. ա) Խորատեսութիւնը ի՞նչ է։ բ) Խորատես երկրպագու մը ինչպէ՞ս կը խօսի եւ կը գործէ։

10 Խորատեսութիւն կը նշանակէ լաւ դատողութիւն,– կարենալ ճիշդը սխալէն զանազանել եւ ապա ընտրել ճիշդը ընել (Եբ. 5։14)։ Բառարան մը զայն այսպէս կը սահմանէ. «Հոգեւոր հարցերու շուրջ առողջ դատողութիւններ կատարելու կարողութիւնը»։ Խորատես երկրպագուն կը խօսի եւ կը գործէ այնպիսի կերպով, որ Աստուած կը հաճեցնէ։ Այսպիսի անձ մը կ’ընտրէ բառեր, որոնք ուրիշներուն կ’օգնեն եւ ոչ թէ կը վիրաւորեն (Առ. 11։12, 13)։ Ան «երկայնամիտ» է (Առ. 14։29)։ Ան «կ’ուղղէ իր ընթացքը», իր կեանքի ճամբորդութեան մէջ ճիշդ ուղիին կառչած մնալով (Առ. 15։21)։ Ինչպէ՞ս կրնանք խորատես ըլլալ։ Հարկ է որ սերտենք Աստուծոյ Խօսքը եւ մեր սորվածը կիրարկենք (Առ. 2։1-5, 10, 11)։ Յատկապէս օգտակար է նկատի առնել Յիսուսին օրինակը, որ ցարդ ապրած ամէնէն խորատես մարդն է։

11. Յիսուս իր խօսքերուն մէջ ինչպէ՞ս խորատեսութիւն ցուցուց։

11 Յիսուս իր բոլոր խօսքերուն ու գործերուն մէջ խորատեսութիւն ցոյց տուաւ։ Իր խօսքերուն մէջ։ Բարի լուրը քարոզելու ատեն, ան լաւ դատողութիւն գործածեց, ընտրելով «շնորհալի խօսքեր», որոնք զարմացուցին իր ունկնդիրները (Ղուկ. 4։22. Մատ. 7։28)։ Յաճախ, ան թոյլ տուաւ որ Աստուծոյ Խօսքը իր տեղը խօսի,– իր նշած կէտին թիկունք կանգնող հատուածներ կարդալով, մէջբերելով կամ ատոնց ակնարկելով (Մատ. 4։4, 7, 10. 12։1-5. Ղուկ. 4։16-21)։ Աւելին, Յիսուս Սուրբ Գրութիւնները այնպէս մը բացատրեց, որ ժողովուրդին սրտին դպաւ։ Իր յարութենէն ետք, Էմմաւուս գացող երկու աշակերտներու հետ խօսելով, Յիսուս «կը մեկնէր անոնց, ինչ որ իրեն համար բոլոր գրքերուն մէջ գրուած էր»։ Ետքը, աշակերտները իրարու ըսին. «Չէ՞ որ սրտերնիս մեր ներսիդին կը բորբոքէին, երբ ինք մեզի. . . գրքերը կը մեկնէր» (Ղուկ. 24։27, 32

12, 13. Ի՞նչ օրինակներ ցոյց կու տան, թէ Յիսուս երկայնամիտ եւ բանաւոր էր։

12 Իր զգացումներով եւ կեցուածքով։ Քանի որ Յիսուս խորատես էր, կրցաւ իր զգացումները հակակշռել եւ «երկայնամիտ» ըլլալ (Առ. 16։32)։ Ան «հեզ» էր (Մատ. 11։29)։ Միշտ կը համբերէր իր աշակերտներուն, հակառակ անոնց թերութիւններուն (Մար. 14։34-38. Ղուկ. 22։24-27)։ Ան հանդարտ մնաց, նոյնիսկ երբ իրեն հանդէպ անարդար վերաբերմունք ցուցաբերուեցաւ (Ա. Պետ. 2։23

13 Խորատեսութիւնը Յիսուսին նաեւ օգնեց բանաւոր ըլլալու։ Ան Մովսիսական օրէնքի գրութենէն անդին տեսաւ. ան Օրէնքին ոգին ըմբռնեց եւ ըստ այնմ գործեց։ Նկատի առ, զոր օրինակ, Մարկոս 5։25-34–ի արձանագրութիւնը (կարդա՛)։ Արիւնահոսութիւն ունեցող կին մը ժողովուրդին մէջէն անցնելով Յիսուսի հանդերձին դպաւ եւ բժշկուեցաւ։ Ըստ Օրէնքին, կինը անմաքուր էր, ուստի պէտք չէր ոեւէ մէկուն դպչէր (Ղեւ. 15։25-27)։ Բայց Յիսուս զինք չպախարակեց, ըմբռնելով որ «օրէնքին ծանր ծանր բաները» կ’ընդգրկեն «ողորմութիւնը ու հաւատքը» (Մատ. 23։23)։ Փոխարէն, ան քաղցրօրէն ըսաւ. «Ա՛ղջիկ, քու հաւատքդ քեզ բժշկեց. գնա խաղաղութեամբ եւ բժշկուի՛ր քու տանջանքէդ»։ Ի՜նչ սրտագրաւ օրինակ մը, թէ խորատեսութիւնը ինչպէ՛ս Յիսուսը մղեց ազնիւ գտնուելու։

14. Յիսուս ի՞նչ որոշեց ընել եւ ինչպէ՞ս կեդրոնացած մնաց իր ծառայութեան վրայ։

14 Իր ապրելակերպով։ Յիսուս ճիշդ ուղին ընտրելու մէջ խորատես գտնուեցաւ եւ այդ ուղիին կառչած մնաց։ Ան իր կեանքը բարի լուրի քարոզչութեան նուիրեց (Ղուկ. 4։44)։ Իր առած որոշումները իրեն օգնեցին որ իր գործին վրայ կեդրոնացած մնայ եւ զայն յաջողութեամբ աւարտէ։ Ան իմաստունօրէն որոշեց իր կեանքը պարզ պահել, որպէսզի կարենար իր ժամանակն ու կորովը ծառայութեան տրամադրել (Ղուկ. 9։58)։ Ան ըմբռնեց որ կարիք կար ուրիշները մարզելու, որ իր մահէն ետք գործը շարունակուէր (Ղուկ. 10։1-12. Յովհ. 14։12)։ Ան իր հետեւորդներուն խոստացաւ, որ այս գործին մէջ պարփակուած պիտի մնար «մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։19, 20

ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԷ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ԽՈՐԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ

Զատորոշէ մարդոց հետաքրքրութիւնները եւ իրենց կարիքներուն համեմատ բառեր ընտրէ (տե՛ս պարբերութիւն 15)

15. Ինչպէ՞ս կրնանք խորատես ըլլալ մեր խօսքերուն մէջ։

15 Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Յիսուսին խորատեսութիւնը։ Մեր խօսքերուն մէջ։ Երբ հաւատակիցներու հետ կը զրուցենք, կը գործածենք շինիչ բառեր եւ ոչ թէ քանդիչ խօսքեր (Եփ. 4։29)։ Երբ ուրիշներուն կը խօսինք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, մեր խօսքերը «աղով» կը համովցնենք (Կող. 4։6)։ Կը փորձենք հասկնալ թէ տանտէրերը ի՛նչ կարիքներ ունին ու ի՛նչ բաներով հետաքրքրուած են եւ ըստ այնմ կ’ընտրենք մեր բառերը։ Կը յիշենք թէ շնորհալի խօսքերը կրնան դռներ,– եւ սրտեր,– բանալ։ Ասկէ զատ, երբ մեր հաւատալիքները կը բացատրենք, թոյլ կու տանք որ Աստուածաշունչը մեր տեղը խօսի, ջանալով ամէն յարմար առիթի գործածել զայն։ Կը գիտակցինք որ Աստուծոյ Խօսքին պատգամը շա՜տ աւելի հեղինակաւոր եւ ազդու է, քան որեւէ բան, որ մենք մեզմէ կ’ըսենք (Եբ. 4։12

16, 17. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ բանաւոր ենք եւ շուտ չենք բարկանար։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք կեդրոնացած մնալ մեր ծառայութեան վրայ։

16 Մեր զգացումներով եւ կեցուածքով։ Խորատեսութիւնը մեզի կ’օգնէ որ մեր զգացումները հակակշռենք ու «ծանր [ըլլանք] բարկանալու մէջ» (Յակ. 1։19)։ Երբ ուրիշներ մեզ նեղացնեն, կը փորձենք հասկնալ թէ ինչո՛ւ այդպէս խօսեցան կամ վարուեցան։ Այս մէկը կրնայ բարկութիւնը իջեցնել եւ մեզի օգնել որ «յանցանքը ներե[նք]» (Առ. 19։11)։ Խորատեսութիւնը մեզի նաեւ կ’օգնէ որ բանաւոր ըլլանք։ Ուստի մեր հաւատակիցներէն կատարելութիւն չենք ակնկալեր, հապա իրապաշտ կ’ըլլանք, յիշելով որ թերեւս անոնք կը դիմագրաւեն խնդիրներ, որոնք լիովին չենք հասկնար։ Յօժար ենք իրենց գաղափարները մտիկ ընելու եւ երբ յարմար է, իրենց տեսակէտին համակերպելու (Փլպ. 4։5

17 Մեր ապրելակերպով։ Յիսուսի հետեւորդները ըլլալով, կը գիտակցինք թէ բարի լուրի քարոզչութեան մասնակցելէն աւելի մեծ առանձնաշնորհում մը չենք կրնար ունենալ։ Ուստի այնպիսի որոշումներ կը կայացնենք, որոնք մեզի կ’օգնեն մեր ծառայութեան վրայ կեդրոնացած մնալու։ Կ’ընտրենք հոգեւոր բաները առաջնակարգ տեղը դնել եւ մեր կեանքը պարզ պահել, որպէսզի կարենանք մեր անձը տրամադրել քարոզելու այս կարեւորագոյն գործին, առաջ որ վերջը գայ (Մատ. 6։33. 24։14

18. Ինչպէ՞ս կրնանք փրկութեան տանող ճամբուն մէջ մնալ, եւ ի՞նչ վճռած ես ընել։

18 Որքա՜ն ուրախացանք Յիսուսի կարգ մը գրաւիչ յատկութիւններուն վրայ խոկալով։ Երեւակայէ թէ որքան օգուտներ կրնանք քաղել իր միւս յատկութիւնները սերտելով եւ սորվելով իրեն նմանիլ։ Ուստի վճռենք իր շաւիղներուն մօտէն հետեւիլ։ Այդպէս ընելով, փրկութեան տանող ճամբուն մէջ պիտի մնանք եւ աւելի՛ պիտի մօտենանք Եհովային, զոր Յիսուս կատարելապէս ընդօրինակեց։

^ պարբ. 2 Ա. Պետրոս 1։8, 9–ն գրուած էր երկնային յոյս ունեցող քրիստոնեաներուն։ Սակայն, սկզբունքով, այս խօսքերը երկրային յոյս ունեցողներուն ալ կը կիրարկուին։

^ պարբ. 9 Տառապանքի ներքեւ քաջութիւն ցոյց տուողներու փորձառութիւններ կարդալու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 2000 թիւը, էջ 24-28. Զարթիր–ի 22 ապրիլ 2003 թիւը, էջ 18-21, եւ 22 յունուար 1995 թիւը, էջ 11-15 (անգլերէնով)։