Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
Անցեալին, մեր հրատարակութիւնները յաճախ կը նշէին տիպեր ու հակատիպեր, բայց վերջերս այս մէկը քիչ անգամ ըրած են։ Ինչո՞ւ։
Դիտարան–ի 15 սեպտեմբեր 1950 թիւը հետեւեալ կերպով սահմանեց «տիպ»ը եւ «հակատիպ»ը. «Տիպը կը պատկերացնէ կամ կը ներկայացնէ բան մը, որ ապագային պիտի ըլլայ։ Հակատիպը տիպին ներկայացուցած բանին իրականութիւնն է։ Տիպը պատշաճօրէն կրնայ կոչուիլ շուք, իսկ հակատիպը՝ իրականութիւնը»։
Շատ տարիներ առաջ, մեր հրատարակութիւնները նշեցին թէ բազմաթիւ հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ, ինչպէս՝ Դեբօրա, Եղիուս, Յեփթայէ, Յոբ, Ռախաբ եւ Ռեբեկա, օծեալներուն կամ «մեծ բազմութեան» տիպ կամ շուք էին (Յայտ. 7։9)։ Օրինակ, ըսուեցաւ որ Յեփթայէ, Յոբ եւ Ռեբեկա կը ներկայացնէին օծեալները, իսկ Դեբօրա եւ Ռախաբ կը նախապատկերացնէին մեծ բազմութիւնը։ Սակայն վերջին տարիներուն, այսպիսի համեմատութիւններ չենք ըրած. ինչո՞ւ։
Սուրբ Գրութիւնները ցոյց կու տա՛ն, թէ կարգ մը անհատներ ծառայեցին իբրեւ աւելի մեծ բանի մը տիպ։ Գաղատացիս 4։21-31–ի մէջ, Պօղոս առաքեալ կը նշէ Հագարի ու Սառայի առնչուած իրադարձութիւններ եւ կ’ըսէ թէ «այս բաները այլաբանօրէն կը մեկնուին»։ Հագար՝ Աբրահամի աղախինը, ներկայացուց իսրայէլը, որ Մովսիսական օրէնքով Եհովայի կապուած էր։ Բայց Սառան՝ «ազատ կինը», խորհրդանշեց Աստուծոյ կինը, Իր կազմակերպութեան երկնային մասը։ Պօղոս Եբրայեցիս նամակին մէջ առնչեց թագաւոր–քահանայ Մելքիսեդեկը Յիսուսի, ցցուն ընելով երկուքին միջեւ եղած մասնայատուկ նմանութիւններ (Եբ. 6։20. 7։1-3)։ Նաեւ, Պօղոս Եսային ու անոր զաւակները կը համեմատէ Յիսուսի ու անոր օծեալ հետեւորդներուն հետ (Եբ. 2։13, 14)։ Ան ներշնչման ներքեւ գրեց. ուստի ուրախութեամբ կ’ընդունինք իր ըսածը այդ տիպերուն մասին։
Սակայն, նոյնիսկ երբ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ անհատ մը ուրիշ անհատի մը տիպն է, պէտք չէ եզրակացնենք թէ տիպին կեանքին մէջ ամէն մանրամասնութիւն կամ միջադէպ, աւելի մեծ բան մը կը պատկերացնէ։ Օրինակ, թէեւ Պօղոս կը նշէ թէ Մելքիսեդեկ Յիսուսի տիպն է, բայց ոչինչ կ’ըսէ այն իրողութեան շուրջ, Ծն. 14։1, 18)։
որ առիթով մը Մելքիսեդեկ հաց ու գինի հանեց Աբրահամի համար, երբ ան յաղթանակ տարաւ չորս թագաւորներու վրայ։ Հետեւաբար աստուածաշնչական հիմ չկայ՝ այդ միջադէպին մէջ թաքցուած իմաստ մը գտնելու (Քրիստոսի մահուան յաջորդող դարերուն, կարգ մը գրողներ ծուղակը ինկան՝ Սուրբ Գիրքին մէջ ամէն տեղ տիպեր տեսնելով։ Համայնագիտարան մը Որոգինէսի, Ամբրոսիոսի եւ Յերոնիմոսի ուսուցումները նկարագրելով կ’ըսէ. «Անոնք Սուրբ Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած ամէն միջադէպի ու դէպքի մէջ, նոյնիսկ եթէ աննշան են, փնտռեցին տիպեր,– եւ անշուշտ գտան։ Ամէնէն պարզ ու սովորական պարագան անգամ կը կարծուէր որ իր մէջ կը թաքցնէր ամէնէն խրթին ճշմարտութիւնը. . . նոյնիսկ՝ Փրկիչին յարութենէն ետք աշակերտներուն բռնած ձուկերուն թիւը,– ոմանք որքա՜ն ջանացած են այդ թիւ 153–ին նշանակութիւնը գիտնալ» (The International Standard Bible Encyclopaedia)։
Օգոստինոս Հիպպոնացի շատ բան գրեց այն առիթին մասին, երբ Յիսուս հինգ գարիէ հաց ու երկու ձուկ գործածելով կերակրեց շուրջ 5000 տղամարդ։ Որովհետեւ գարին կը նկատուէր որ ցորենէն նուազ արժէք ունէր, Օգոստինոս եզրակացուց թէ հինգ հացերը ներկայացնելու են Մովսէսի հինգ գիրքերը (ենթադրելով «Հին Կտակարան»ին նուազ արժէք ունենալը)։ Իսկ երկու ձուկե՞րը։ Ան պատճառով մը զանոնք նմանցուց թագաւորի մը եւ քահանայի մը։ Տիպեր ու հակատիպեր փնտռելու տենչ ունեցող ուրիշ ուսումնական մը պնդեց, որ Յակոբի կողմէ շիկաթանով Եսաւի ծննդեան իրաւունքը գնելը պատկերացուց Յիսուսի կողմէ իր կարմիր արիւնով երկնային ժառանգը գնելը մարդկութեան համար։
Եթէ այսպիսի բացատրութիւններ անհաւանական կը թուին, ուրեմն կը հասկնաս հարցին դժուարութիւնը։ Մարդ արարածը չի կրնար գիտնալ, թէ Աստուածաշունչի ո՛ր հատուածները գալիք բաներու շուք են եւ ո՛ր հատուածները՝ չեն։ Ամէնէն յստակ ընթացքը սա է. երբ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ անհատ մը, միջադէպ մը կամ առարկայ մը, ուրիշ բան մը կը ներկայացնէ, զայն այդ հանգամանքով կ’ընդունինք։ Այլապէս, պէտք է վարանինք սեպելու թէ որոշ անձ մը կամ պատմութիւն մը հակատիպ ունի, երբ մասնայատուկ աստուածաշնչական հիմ չկայ։
Արդ, Աստուածաշունչի նշած դէպքերէն ու օրինակներէն ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ։ Հռովմայեցիս 15։4–ը (ԱԾ) կ’ըսէ. «Նախապէս գրուած ամէն ինչ՝ գրուեցաւ որ մե՛նք սորվինք, որպէսզի յոյս ունենանք՝ համբերութեամբ ու Գիրքերուն մխիթարութեամբ»։ Պօղոս կ’ըսէր որ առաջին դարուն իր օծեալ եղբայրները կրնային կարեւոր դասեր քաղել այն միջադէպերէն, որոնք Սուրբ Գրութիւններուն մէջ արձանագրուած էին։ Սակայն, Աստուծոյ ծառաները ամէն սերունդի մէջ, ըլլա՛ն օծեալներէն կամ «ուրիշ ոչխարներ»էն, «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրի՛ն կամ ոչ, կրնան օգտուիլ,– եւ օգտուած են,– «նախապէս գրուած ամէն ինչ»ի բովանդակած դասերէն (Յովհ. 10։16. Բ. Տիմ. 3։1)։
Փոխանակ այդ պատմութիւններուն մեծամասնութիւնը սեպելու թէ կը կիրարկուի միայն մէկ դասակարգի, ըլլա՛յ օծեալ դասակարգը կամ մեծ բազմութիւնը, եւ միայն մէկ ժամանակամիջոցի, երկու դասակարգերէն եւ որեւէ ժամանակաշրջանի պատկանող Աստուծոյ ծառաները կրնա՛ն պատմութիւններէն քաղուած բազմաթիւ դասերը իրենց անձին կիրարկել։ Այսպէս, զոր օրինակ, հարկ չկայ Յոբ գիրքը կիրարկելու միայն Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին օծեալներուն փորձառութիւններուն։ Աստուծոյ բազմաթիւ երկրպագուներ, տղամարդ թէ կին, օծեալներէն ե՛ւ մեծ բազմութենէն, Յոբի նման նեղութիւններ դիմագրաւած են եւ ‘տեսա՛ծ են Տէրոջ իրենց շնորհած վախճանը, որովհետեւ Տէրը բազմագութ է, եւ արգահատող’ (Յակ. 5։11, ԱԾ)։
Նկատի առ հետեւեալը. այժմու ժողովքներուն մէջ, չե՞նք գտներ տարեց կիներ, որոնք նոյնքան հաւատարիմ են որքան Դեբօրան. ընտիր երիտասարդ երէցներ, որոնք նոյնքան իմաստուն են որքան Եղիուսը. քաջասիրտ ռահվիրաներ, որոնք նոյնքան նախանձախնդիր են որքան Յեփթայէն. եւ հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ, որոնք նոյնքան համբերատար են որքան Յոբը։ Որքա՜ն երախտապարտ ենք, որ Եհովան պահպանեց «նախապէս գրուած ամէն ինչ», որպէսզի «յոյս ունենանք. . . Գիրքերուն մխիթարութեամբ»։
Ուրեմն, այս պատճառներով է որ վերջերս մեր հրատարակութիւնները կեդրոնացած են Աստուածաշունչի պատմութիւններէն քաղուած դասերուն վրայ, փոխանակ ջանալու գտնել տիպ ու հակատիպ օրինակներ եւ կիրարկումներ։