‘Աստուծոյ անարժան բարութեան տնտե՞ս’ ես
‘Աստուծոյ անարժան բարութեան տնտե՞ս’ ես
«Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (ՀՌՈՎ. 12։10)։
1. Աստուծոյ Խօսքին մէջ ի՞նչ երաշխիքներ կը գտնենք։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ Խօսքը բազմիցս մեզ կը հաւաստիացնէ թէ Եհովա մեր օգնութեան պիտի փութայ, երբ վհատինք կամ սրտաբեկ ըլլանք։ Նկատի առ, զոր օրինակ, սա մխիթարական խօսքերը. «Տէրը կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ»։ «Սրտով կոտրածները կը բժշկէ ու անոնց խոցերը կը փաթթէ» (Սաղ. 145։14. 147։3)։ Ասկէ աւելի, մեր երկնաւոր Հայրը կ’ըսէ. «Ես քու Տէր Աստուածդ եմ, որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. ‘Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ’» (Եսա. 41։13)։
2. Եհովա ի՞նչպէս իր ծառաներուն օգնութիւն կը հայթայթէ։
2 Սակայն Եհովա, որ անտեսանելի երկինքը կը բնակի, ի՞նչպէս ‘մեր ձեռքէն կը բռնէ’։ Ան ի՞նչպէս ‘մեզ կը կանգնեցնէ [երբ սրտատանջութեան պատճառաւ] վար ծռինք’։ Եհովա Աստուած այլազան կերպերով այսպիսի օգնութիւն կը հայթայթէ։ Օրինակ, ան իր սուրբ հոգիին միջոցաւ «անսահման զօրութիւն» կու տայ իր ժողովուրդին (Բ. Կոր. 4։7, Անթիլիաս. Յովհ. 14։16, 17)։ Աստուծոյ ծառաները նաեւ կը զգան Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին բովանդակած պատգամին բանեցուցած կազդուրիչ զօրութիւնը (Եբ. 4։12)։ Տակաւին ուրիշ կերպ մը կա՞յ, որով Եհովա մեզ կ’ամրապնդէ։ Պատասխանը կը գտնենք Պետրոս առաքեալի առաջին նամակին մէջ։
‘Աստուծոյ անարժան բարութիւնը, որ զանազան կերպերով դրսեւորուած է’
3. ա) Պետրոս առաքեալ փորձութիւններու մասին ի՞նչ կ’ըսէ։ բ) Պետրոսի առաջին նամակին վերջաւորութեան, ի՞նչ բան կը քննարկուի։
3 Հոգիէն օծուած հաւատացեալներուն ուղղելով իր խօսքը, Պետրոս առաքեալ կը գրէ թէ անոնք վաւերական պատճառ ունին ուրախ ըլլալու, քանի որ ճոխ վարձատրութիւն իրենց կը սպասէ։ Ապա ան կ’աւելցնէ. «Թէեւ հիմա, ինչպէս հարկը կը պահանջէ, քիչ մը ատեն տրտմած էք զանազան փորձութիւններով» (Ա. Պետ. 1։1-6)։ Նկատէ «զանազան» բառը։ Անիկա կը թելադրէ թէ փորձութիւնները այլատեսակ պիտի ըլլան։ Սակայն Պետրոս հոս կանգ չ’առներ, եղբայրները տարակուսանքի մատնելով թէ արդեօք պիտի կարենա՞ն այլազան փորձութիւններու հետ գլուխ ելլել։ Փոխարէն, Պետրոս կը նշէ թէ քրիստոնեաները կրնան վստահ ըլլալ թէ Եհովա իրենց պիտի օգնէ իւրաքանչիւր փորձութիւն յաղթահարելու, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոր բնոյթը։ Այս երաշխիքը տրուած է Պետրոսի նամակին վերջաւորութեան, ուր առաքեալը «ամէն բանի վախճան»ին առնչուած հարցերու մասին կը խօսի (Ա. Պետ. 4։7)։
4. Ա. Պետրոս 4։10–ի խօսքերը ինչո՞ւ մեզի համար մխիթարական են։
4 Պետրոս կ’ըսէ. «Որչափ որ ամէն մէկը պարգեւ ստացած է, զայն օգտագործեցէք՝ իրարու ծառայելով որպէս հիանալի տնտեսներ Աստուծոյ անարժան բարութեան, որ զանազան կերպերով դրսեւորուած է» (Ա. Պետ. 4։10, ՆԱ)։ Պետրոս դարձեալ «զանազան» բառը կը գործածէ։ Իրականութեան մէջ, ան կ’ըսէ. ‘Փորձութիւնները տարբեր կերպերով կու գան, բայց Աստուծոյ անարժան բարութեան դրսեւորումներն ալ տարբեր կերպերով կու գան’։ Այս խօսքը ինչո՞ւ մխիթարական է։ Անիկա կը թելադրէ թէ մեր փորձութեան բնոյթը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, միշտ պիտի ըլլայ Աստուծոյ անարժան բարութեան մէկ դրսեւորումը, որ անոր պիտի յարմարի։ Սակայն Պետրոսի խօսքին մէջ նկատեցի՞ր թէ Եհովայի անարժան բարութիւնը ի՛նչպէս մեզի կը հաղորդուի։ Քրիստոնեայ հաւատակիցներու միջոցաւ։
«Իրարու ծառայելով»
5. ա) Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ի՞նչ պէտք է ընէ։ բ) Ի՞նչ հարցումներ կը ծագին։
5 Քրիստոնէական ժողովքի բոլոր անդամներուն Ա. Պետ. 4։8, 10, ՆԱ)։ Ուստի ժողովքին մէջ իւրաքանչիւր անհատ իր քրիստոնեայ հաւատակիցը շինելու մէջ բաժին պէտք է բերէ։ Եհովայի պատկանող թանկարժէք բան մը մեզի յանձնուած է, եւ զայն ուրիշներուն բաշխելու պատասխանատուութիւնը ունինք։ Ի՞նչ բան մեզի վստահուած է։ Պետրոս կ’ըսէ թէ անիկա «պարգեւ» է։ Ի՞նչ է պարգեւը եւ ի՞նչպէս ‘զայն կ’օգտագործենք՝ իրարու ծառայելով’։
խօսելով, Պետրոս կ’ըսէ. «Ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք»։ Ապա ան կ’աւելցնէ. «Որչափ որ ամէն մէկը պարգեւ ստացած է, զայն օգտագործեցէք՝ իրարու ծառայելով» (6. Քրիստոնեաներուն վստահուած կարգ մը պարգեւները ի՞նչ են։
6 Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ. «Ամէն բարի տուրք ու ամէն կատարեալ պարգեւ վերէն է» (Յակ. 1։17)։ Արդարեւ իր ժողովուրդին Եհովայի վստահած բոլոր պարգեւները, իր անարժան բարութեան դրսեւորումներ են։ Աչքառու պարգեւ մը, զոր Եհովա մեզի կը հաղորդէ, սուրբ հոգին է։ Այս պարգեւը մեզ կարող կը դարձնէ որ աստուածային յատկութիւններ մշակենք, ինչպէս՝ սէր, բարութիւն եւ հեզութիւն։ Այսպիսի յատկութիւններ, իրենց կարգին, մեզ կը մղեն հաւատակիցներու հանդէպ սրտագին խանդաղատանք ցուցաբերելու եւ սիրայօժար անոնց աջակցելու։ Իսկական իմաստութիւնն ու գիտութիւնն ալ մաս կը կազմեն այն բարի պարգեւներուն, զորս սուրբ հոգիին օգնութեամբ ձեռք կը ձգենք (Ա. Կոր. 2։10-16. Գաղ. 5։22, 23)։ Իրականութեան մէջ, մեր բոլոր կորովը, կարողութիւնները եւ տաղանդները կրնան պարգեւներ նկատուիլ, զորս պէտք է գործածել մեր երկնաւոր Հօր փառք ու պատիւ բերելու։ Աստուածատուր պատասխանատուութիւն ունինք մեր կարողութիւններն ու յատկութիւնները գործածելու որպէս միջոց՝ Աստուծոյ անարժան բարութեան դրսեւորումները հաւատակիցներուն հաղորդելու։
«Զայն օգտագործեցէք. . . ծառայելով». ի՞նչպէս
7. ա) «Որչափ որ» արտայայտութիւնը ի՞նչ կը թելադրէ։ բ) Մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղենք եւ ինչո՞ւ։
7 Մեր ստացած պարգեւներուն առնչութեամբ, Պետրոս նաեւ կ’ըսէ. «Որչափ որ ամէն մէկը պարգեւ ստացած է, զայն օգտագործեցէք»։ «Որչափ որ» արտայայտութիւնը կը նշէ թէ յատկութիւններուն ու կարողութիւններուն ո՛չ միայն բնոյթը կը տարբերի, այլ նաեւ՝ տարողութիւնը։ Այսուհանդերձ իւրաքանչիւրին յորդոր տրուած է որ ‘զայն [իր ստացած պարգեւը] օգտագործէ՝ ուրիշին ծառայելով’։ Ասկէ զատ, «զայն օգտագործեցէք. . . որպէս հիանալի տնտեսներ» արտայայտութիւնը պատուէր է։ Ուստի մենք մեզի հարց պէտք է տանք. ‘Արդարեւ ինծի վստահուած պարգեւները կ’օգտագործե՞մ հաւատակիցներս ամրապնդելու’ (Համեմատել՝ Ա. Տիմոթէոս 5։9, 10)։ Կամ, ‘Եհովայէ ստացած կարողութիւններս կ’օգտագործե՞մ գլխաւորաբար իմ անձիս օգտակար ըլլալու,– թերեւս հարստութիւն կամ ընկերային բարձր դիրք ձեռք ձգելու’ (Ա. Կոր. 4։7)։ Եթէ մեր պարգեւները օգտագործենք «իրարու ծառայելով», Եհովան պիտի հաճեցնենք (Առ. 19։17. կարդալ՝ Եբրայեցիս 13։16)։
8, 9. ա) Ի՞նչ են կարգ մը կերպեր, որոնցմով համայն աշխարհի մէջ քրիստոնեաներ իրենց հաւատակիցներուն կը ծառայեն։ բ) Ժողովքիդ մէջ եղբայրներ ու քոյրեր ի՞նչպէս իրարու կ’օգնեն։
8 Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ զանազան կերպեր, որոնցմով առաջին դարու քրիստոնեաները իրարու ծառայեցին (Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 15։25, 26. Բ. Տիմոթէոս 1։16-18)։ Նմանապէս այսօր, ճշմարիտ քրիստոնեաները ամբողջ սրտով կը գործադրեն՝ պարգեւները հաւատակիցներու ի նպաստ գործածելու պատուէրը։ Նկատի առ կարգ մը կերպեր, որոնցմով ասիկա տեղի կ’ունենայ։
9 Բազմաթիւ եղբայրներ ամէն ամիս ժամեր կը տրամադրեն ժողովի բաժիններ պատրաստելու։ Ժողովներուն, երբ անոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ իրենց գտած կարգ մը հոգեւոր գոհարները կը հաղորդեն, իրենց խորաթափանց խօսքերը ժողովքի բոլոր անդամները կը խթանեն որ տոկան (Ա. Տիմ. 5։17)։ Շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր ճանչցուած են՝ հաւատակիցներու հանդէպ իրենց ջերմութեամբ ու կարեկցութեամբ (Հռով. 12։15)։ Ոմանք կանոնաւորաբար ընկճուածներուն կ’այցելեն եւ անոնց հետ կ’աղօթեն (Ա. Թես. 5։14)։ Ուրիշներ փորձութիւն դիմագրաւող քրիստոնեայ հաւատակիցներու կարեկցաբար քաջալերական անկեղծ խօսքեր կը գրեն։ Տակաւին ուրիշներ ազնուօրէն կ’օգնեն ֆիզիքական սահմանափակումներ ունեցողներու, որպէսզի ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուին։ Հազարաւոր վկաներ հաւատակիցներու կ’օգնեն որ աղէտներու պատճառաւ իրենց քանդուած տուները վերաշինեն։ Այսպիսի հոգածու եղբայրներու եւ քոյրերու ցոյց տուած գորովն ու գործնական աջակցութիւնը կ’արտացոլացնէ ‘Աստուծոյ անարժան բարութիւնը, որ զանազան կերպերով դրսեւորուած է’ (Կարդալ՝ Ա. Պետրոս 4։11)։
Ո՞րը աւելի կարեւոր է
10. ա) Պօղոս Աստուծոյ մատուցած իր ծառայութեան ո՞ր երկու երեսակներով հետաքրքրուած էր։ բ) Ի՞նչպէս Պօղոսը կ’ընդօրինակենք այսօր։
10 Աստուծոյ ծառաներուն վստահուած են ո՛չ միայն հաւատակիցներուն ի նպաստ գործածուելիք պարգեւներ, այլ նաեւ՝ ընկեր արարածներու հաղորդուելիք պատգամ մը։ Պօղոս առաքեալ Եհովայի մատուցած իր ծառայութեան այս երկու երեսակները զատորոշեց։ Ան Եփեսոսի ժողովքին գրեց «Աստուծոյ անարժան բարութեան տնտեսութեան» մասին, որ իրեն տրուած էր անոնց օգտին համար (Եփ. 3։2, ՆԱ)։ Ան նաեւ նշեց. «Մենք Աստուծմէ ընտրուեցանք ու աւետարանը մեզի. . . վստահուեցաւ» (Ա. Թես. 2։4)։ Պօղոսի նման, մենք ալ կը գիտակցինք թէ մեզի վստահուած է Աստուծոյ Թագաւորութեան քարոզիչները ըլլալու նշանակումը։ Քարոզչութեան նախանձախնդրաբար մասնակցելով, կը ջանանք Պօղոսի օրինակին հետեւիլ, որ անխոնջօրէն բարի լուրը ծանուցանեց (Գործք 20։20, 21. Ա. Կոր. 11։1)։ Գիտենք թէ Թագաւորութեան պատգամը քարոզելը կրնայ կեանքեր փրկել։ Սակայն միեւնոյն ատեն, նաեւ կը ջանանք Պօղոսը ընդօրինակել, պատեհութիւններ փնտռելով որ հաւատակիցներուն ‘հոգեւոր շնորհք մը հաղորդենք’ (Կարդալ՝ Հռովմայեցիս 1։11, 12. 10։13-15)։
11. Քարոզելու եւ մեր եղբայրները շինելու մեր նշանակումները ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։
11 Այս քրիստոնէական երկու գործունէութիւններէն ո՞րը աւելի կարեւոր է։ Այս հարցումը որոշ չափով կը նմանի սա հարցումին. ‘Թռչունին երկու թեւերէն ո՞րը աւելի կարեւոր է’։ Պատասխանը յայտնի է։ Թռչունը պատշաճօրէն թռչելու համար, երկու թեւերն ալ պէտք է գործածէ։ Նոյնպէս, Աստուծոյ մատուցած մեր ծառայութեան երկու երեսակներուն պէտք է մասնակցինք, որպէսզի անթերի քրիստոնեաներ ըլլանք։ Ուստի բարի լուրը քարոզելու եւ հաւատակիցները շինելու մեր նշանակումները անյարակից սեպելու տեղ, զանոնք կը նկատենք ինչպէս Պետրոս ու Պօղոս նկատեցին,– զիրար ամբողջացնող պատասխանատուութիւններ։ Ի՞նչ կերպով։
12. Ի՞նչպէս Եհովայի ձեռքին մէջ որպէս գործիք կը ծառայենք։
12 Որպէս աւետարանիչներ, մեր ունեցած ուսուցման հմտութիւնները կը գործածենք, փորձելով Աստուծոյ Թագաւորութեան խթանիչ պատգամով մարդոց սրտին դպչիլ։ Այս կերպով՝ կը յուսանք անոնց օգնել որ Քրիստոսի աշակերտներ ըլլան։ Սակայն նաեւ կը գործածենք մեր ունեցած կարողութիւններն ու այլ պարգեւները, փորձելով հաւատակիցները քաջալերել շինիչ խօսքերով եւ օգտակար արարքներով,– Աստուծոյ անարժան բարութեան դրսեւորումներ (Առ. 3։27. 12։25)։ Այս կերպով՝ կը յուսանք անոնց օգնել որ Քրիստոսի աշակերտներ մնան։ Երկու գործունէութիւններուն մէջ,– հանրութեան քարոզել եւ «իրարու ծառայել»,– Եհովայի ձեռքին մէջ գործիք ըլլալու հոյակապ առանձնաշնորհումը ունինք (Գաղ. 6։10)։
«Իրարու գորովալից եղէ՛ք»
13. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ «իրարու ծառայել»է ետ կենանք։
13 Պօղոս իր հաւատակիցները յորդորեց. «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (Հռով. 12։10)։ Արդարեւ մեր եղբայրներուն հանդէպ խանդաղատանք ունենալը մեզ կը մղէ ամբողջ սրտով ծառայելու որպէս Աստուծոյ անարժան բարութեան տնտեսներ։ Կը գիտակցինք որ եթէ Սատանան յաջողի մեզ ետ պահել «իրարու ծառայել»է, ան կրնայ մեր միութիւնը տկարացնել (Կող. 3։14)։ Իսկ անմիասնութիւնը կրնայ քարոզչութեան հանդէպ նախանձախնդրութիւնը նուազեցնել։ Սատանան շատ լաւ գիտէ որ բաւարար է մեր այլաբանական մէկ թեւին վնաս հասցնել, որ գետին իջնենք։
14. «Իրարու ծառայել»էն որո՞նք կ’օգտուին։ Օրինակ մը տուր։
14 «Իրարու ծառայել»ը օգտակար է ո՛չ միայն անոնց, որոնք Աստուծոյ անարժան բարութիւնը կը ստանան, այլեւ անոնց՝ որոնք զայն կը հաղորդեն (Առ. 11։25)։ Օրինակ, նկատի առ Ռայանը եւ Ռանին, Իլլինոյի մէջ ապրող ամոլ մը (ԱՄՆ)։ Երբ անոնք իմացան թէ Քաթրինա ծովամրրիկը վկաներու հարիւրաւոր տուները քանդած է, եղբայրսիրութիւնը զիրենք մղեց որ իրենց գործերէն հրաժարին, իրենց յարկաբաժինը ձգեն, գործածուած կցակառք մը գնեն, զայն նորոգեն եւ դէպի Լուիզիանա ճամբորդեն, 1400 քիլոմեթր կտրելով։ Հոն անոնք մէկ տարիէ աւելի մնացին, եղբայրներուն օգնութեան տրամադրելով իրենց ժամանակը, կորովն ու նիւթական միջոցները։ 29 տարեկան Ռայան կ’ըսէ. «Օգնութեան աշխատանքներուն մէջ բաժին բերելը զիս Աստուծոյ մօտեցուց։ Տեսայ թէ ի՛նչպէս Եհովա իր ժողովուրդին հոգ կը տանի»։ Ան կ’աւելցնէ. «Տարիքով ինձմէ մեծ եղող եղբայրներու կողքին աշխատելով, եղբայրներուն ի՛նչպէս հոգ տանելու մասին շատ բան սորվեցայ։ Նաեւ անդրադարձայ թէ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ երիտասարդներուն համար ընելիք շատ բան կայ»։ 25 տարեկան Ռանի կ’ըսէ. «Երախտապարտ եմ որ ուրիշներուն օգնելու մէջ բաժին բերի։ Կեանքիս մէջ ա՛յսքան ուրախ չեմ եղած։ Գիտեմ թէ հետագայ տարիներուն պիտի շարունակեմ այս հոյակապ փորձառութենէն օգուտներ քաղել»։
15. Ի՞նչ վաւերական պատճառներ ունինք որ շարունակենք ծառայել որպէս Աստուծոյ անարժան բարութեան տնտեսներ։
15 Արդարեւ, բարի լուրը քարոզելու եւ հաւատակիցները շինելու Աստուծոյ պատուէրներուն հնազանդիլը, բոլորին օրհնութիւններ կը բերէ։ Մեր օգնած անհատները հոգեւորապէս կը զօրանան, մինչ կը վայելենք այն սրտագին ուրախութիւնը, որ միայն տալէն յառաջ կու գայ (Գործք 20։35)։ Ժողովքը աւելի ջերմ կը դառնայ, մինչ իւրաքանչիւր անդամ սիրալիրօրէն կը հետաքրքրուի միւս անդամներով։ Անկէ զատ, իրարու հանդէպ մեր ցուցաբերած սէրն ու գորովը, մեզ յստակօրէն կը բնորոշէ որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ։ Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։35)։ Ամէնէն աւելի, մեր հոգածու Հայրը՝ Եհովան կը փառաւորուի, քանի որ կարիքաւորները զօրացնելու իր փափաքը կ’արտացոլացուի իր երկրային ծառաներուն մէջ։ Արդ, ի՜նչ վաւերական պատճառներ ունինք որ մեր պարգեւը օգտագործենք «իրարու ծառայելով որպէս հիանալի տնտեսներ Աստուծոյ անարժան բարութեան»։ Պիտի շարունակե՞ս ասիկա ընել (Կարդալ՝ Եբրայեցիս 6։10)։
Կը յիշե՞ս
• Եհովա ի՞նչ կերպերով իր ծառաները կը զօրացնէ։
• Մեզի ի՞նչ վստահուած է։
• Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք մեր հաւատակիցներուն ծառայել։
• Ի՞նչ բան մեզ պիտի մղէ որ շարունակենք մեր պարգեւը օգտագործել՝ «իրարու ծառայելով»։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկարներ՝ էջ 23]
Մենք ուրիշներուն բարի լուրը կը քարոզենք եւ քրիստոնեայ հաւատակիցներուն նեցուկ կը կանգնինք