Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուղղամտութիւնդ Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնէ

Ուղղամտութիւնդ Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնէ

Ուղղամտութիւնդ Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնէ

«Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ» (ԱՌ. 27։11

1, 2. ա) Յոբի գիրքը Սատանայի ո՞ր մարտահրաւէրը կը նկարագրէ։ բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ, թէ Յոբի օրերէն ետք Սատանան շարունակեց Եհովան անարգել։

ԵՀՈՎԱ թոյլ տուաւ Սատանային որ Իր հաւատարիմ ծառային՝ Յոբի ուղղամտութիւնը փորձի ենթարկէ։ Որպէս արդիւնք, Յոբ կորսնցուց իր խաշինքը, զաւակներն ու առողջութիւնը։ Բայց երբ Սատանան Յոբի ուղղամտութեան ասպարէզ կարդաց, միայն Յոբը ի մտի չունէր։ Ան դաւանեցաւ. «Մորթի տեղ՝ մորթ, նաեւ մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ»։ Այս մարտահրաւէրը հարց մը յարուց, որ Յոբէն զատ ուրիշներ պարփակեց եւ անոր մահէն ետք շարունակուեցաւ (Յոբ 2։4

2 Յոբի փորձութիւններէն շուրջ 600 տարի ետք, ներշնչման ներքեւ Սողոմոն գրեց. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ» (Առ. 27։11)։ Բացայայտ է որ այդ ատեն Սատանան տակաւին Եհովայի ասպարէզ կը կարդար։ Ասկէ զատ, Յովհաննէս առաքեալին տրուած տեսիլքի մը մէջ կը նշուի թէ Սատանան, որ 1914–ին Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուելէն ժամանակ մը ետք կը վտարուի երկինքէն, Աստուծոյ ծառաները կ’ամբաստանէ։ Այո, նոյնիսկ այսօր, այս չար դրութեան վերջին օրերուն վերջին հանգրուանին, Սատանան տակաւին Աստուծոյ ծառաներուն ուղղամտութեան ասպարէզ կը կարդայ (Յայտ. 12։10

3. Յոբի գիրքէն ի՞նչ արժէքաւոր դասեր կրնանք սորվիլ։

3 Ուստի նկատի առ երեք կարեւոր դասեր, զորս Յոբի գիրքէն կը սորվինք։ Առաջին, Յոբի փորձութիւնները կը քօղազերծեն մարդկութեան իսկական թշնամին եւ Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ յարուցուած հակառակութեան աղբիւրը։ Այդ թշնամին Բանսարկուն է։ Երկրորդ, ի՛նչ փորձութիւններ ալ դիմագրաւենք, Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն ունենալը մեզ կարող պիտի դարձնէ մեր ուղղամտութիւնը պահելու։ Երրորդ, փորձութեան ներքեւ, Աստուած մեզի նեցուկ կը կանգնի, ինչպէս Յոբի աջակցեցաւ։ Ներկայիս, Եհովա ասիկա կ’ընէ իր Խօսքին, իր կազմակերպութեան ու իր սուրբ հոգիին միջոցաւ։

Իսկական թշնամին ի մտի ունեցիր

4. Ներկայ աշխարհի վիճակներուն համար ո՞վ մեղադրելի է։

4 Շատեր Սատանայի գոյութեան չեն հաւատար։ Անոնք աշխարհի վիճակներուն նկատմամբ մտահոգուելով հանդերձ, չեն զատորոշել բուն պատճառը,– Բանսարկուն։ Ճիշդ է որ մարդիկ իրենք գլխաւորաբար պատասխանատու են մարդկութեան վայերուն։ Մեր առաջին ծնողքը՝ Ադամ ու Եւա, ընտրեցին Ստեղծիչէն անկախ ըլլալ։ Անկէ ի վեր, իրարայաջորդ սերունդներ անխոհեմաբար վարուած են։ Սակայն Բանսարկուն էր որ Եւան խաբեց ու մղեց Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալու։ Ան է որ անկատար ու մահկանացու մարդկութեան մէջ յառաջ բերաւ համաշխարհային դրութիւն մը իր հակակշռին տակ։ Որովհետեւ «այս աշխարհի աստուածը» Սատանան է, մարդկային ընկերութիւնը կը ցուցաբերէ անոր հիմնական յատկանիշները,– հպարտութիւն, կռուարարութիւն, նախանձ, ընչաքաղցութիւն, խաբէութիւն եւ ըմբոստութիւն (Բ. Կոր. 4։4. Ա. Տիմ. 2։14. 3։6. կարդալ՝ Յակոբոս 3։14, 15)։ Այսպիսի յատկանիշներ առաջնորդած են քաղաքական ու կրօնական պատերազմներու, ատելութեան, փտածութեան ու անկարգութեան, որոնք մարդկութեան թշուառութեան մեծապէս նպաստած են։

5. Մեր ունեցած թանկագին գիտութեան նկատմամբ ի՞նչ կ’ուզենք ընել։

5 Որպէս Եհովայի ծառաներ, ի՜նչ թանկագին գիտութիւն ունինք։ Արդարեւ կ’ըմբռնենք թէ աշխարհի վատթարացած վիճակներուն համար ո՛վ մեղադրելի է։ Ասիկա մեզ չի՞ խթաներ որ դաշտի ծառայութեան մասնակցինք, որպէսզի գլխաւոր չարարարին ինքնութիւնը մարդոց գիտցնենք։ Իսկ ուրախ չե՞նք որ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի կողքին դիրք կը բռնենք եւ ուրիշներուն կը բացատրենք, թէ ի՛նչպէս վերջ պիտի դնէ Սատանային ու մարդկութեան վայերուն։

6, 7. ա) Ո՞վ ճշմարիտ երկրպագուներուն վրայ հալածանք կը բերէ։ բ) Ի՞նչպէս կրնանք Եղիուսի օրինակին հետեւիլ։

6 Սատանան պատասխանատու է ո՛չ միայն աշխարհի շատ մը վիշտերուն համար, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ ժողովուրդին դիմագրաւած հակառակութեան։ Ան վճռած է մեզ փորձութեան տանիլ։ Յիսուս Քրիստոս Պետրոս առաքեալին ըսաւ. «Սի՛մոն, Սի՛մոն, ահա Սատանան ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ» (Ղուկ. 22։31)։ Նոյնպէս, Յիսուսի ոտնահետքին հետեւող իւրաքանչիւր անհատ փորձութեան պիտի ենթարկուի այս կամ այն կերպով։ Պետրոս Բանսարկուն նմանցուց ‘մռնչող առիւծի, որ կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ’։ Իսկ Պօղոս ըսաւ. «Ամէն անոնք որ կ’ուզեն աստուածպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով՝ հալածանք պիտի կրեն» (Ա. Պետ. 5։8. Բ. Տիմ. 3։12

7 Երբ հաւատակից մը ողբերգութեան մը հանդիպի, պէտք չէ եզրակացնենք թէ պատասխանատուն Եհովան է։ Ինչպէս նկատի առինք, բուն թշնամին Սատանան է։ Փոխանակ աղէտեալ եղբօրմէն մենք մեզ հեռացնելու, կեղծ մխիթարիչներուն նման վարուելով, վաղեմի Եղիուսի պէս կը վարուինք, որ Յոբի խօսեցաւ որպէս իսկական բարեկամ։ Մեր եղբօր կ’օգնենք, մեր հասարակաց թշնամիին՝ Սատանայի դէմ պայքարելու (Առ. 3։27. Ա. Թես. 5։25)։ Մեր նպատակակէտն է մեր ծառայակիցին աջակցիլ, որ ամէն գնով իր ուղղամտութիւնը պահէ ու Եհովայի սիրտը ուրախացնէ։

8. Սատանան ինչո՞ւ չկրցաւ պատճառ ըլլալ որ Յոբ Եհովան չպատուէ։

8 Սատանան պատճառ եղաւ որ Յոբ նախ կորսնցնէ իր խաշինքը։ Այդ անասունները արժէքաւոր էին,– հաւանաբար իր ապրուստի միջոցը։ Բայց Յոբ զանոնք նաեւ կը գործածէր պաշտամունքի մէջ։ Իր զաւակները սրբացնելէ ետք, Յոբ «առտուն կ’ելլէր՝ անոնց ամենուն թուովը ողջակէզներ կը մատուցանէր. որովհետեւ կ’ըսէր Յոբ. ‘Կարելի է տղաքս մեղք գործեցին ու սրտերնուն մէջ Աստուծոյ հայհոյեցին’։ Միշտ այսպէս կ’ընէր Յոբ» (Յոբ 1։4, 5)։ Այսպէս ան կանոնաւորաբար Եհովայի ողջակէզներ կը մատուցանէր։ Անգամ մը որ փորձութիւնները սկսան, ասիկա անկարելի դարձաւ։ Յոբ «ստացուածք» կամ թանկարժէք բաներ չունէր, որոնցմով կարենար Եհովան պատուել (Առ. 3։9)։ Բայց ան կրնար իր շրթներով Եհովան պատուել, եւ պատուե՛ց։

Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մշակէ

9. Մեր ամէնէն թանկարժէք ստացուածքը ի՞նչ է։

9 Ըլլանք հարուստ թէ աղքատ, երիտասարդ թէ տարեց, առողջ թէ հիւանդ, կրնա՛նք Եհովայի հետ սերտ յարաբերութիւն մշակել։ Ի՛նչ փորձութիւններ ալ դիմագրաւենք, Աստուծոյ հետ զօրաւոր կապ ունենալը մեզ կարող պիտի դարձնէ որ մեր անհատական ուղղամտութիւնը պահենք եւ Եհովայի սիրտը ուրախացնենք։ Նոյնիսկ ճշմարտութեան մասին սահմանափակ գիտութիւն ունեցող անհատներ, խիզախ դիրք բռնեցին ու իրենց ուղղամտութիւնը պահեցին։

10, 11. ա) Քոյր մը ի՞նչպէս ուղղամտութեան փորձերը դիմագրաւեց։ բ) Այս քոյրը Սատանային ի՞նչ զօրաւոր պատասխան մը տուաւ։

10 Նկատի առ քոյր Վալենդինա Կարնովսքաիայի օրինակը, որ Ռուսիոյ մէջ եղող բազմաթիւ վկաներէն մէկն էր, որոնք հաւատարիմ Յոբի նման իրենց ուղղամտութիւնը պահեցին, ի հեճուկս խիստ փորձութիւններու։ 1945–ին, երբ ան շուրջ 20 տարեկան էր, եղբայր մը իրեն վկայեց։ Եղբայրը երկու անգամ եւս իրեն այցելեց Աստուածաշունչին մասին խօսելու համար, բայց անկէ ետք Վալենդինան բնաւ չտեսաւ զինք։ Այսուհանդերձ, Վալենդինան սկսաւ իր դրացիներուն քարոզել։ Ան ձերբակալուեցաւ եւ ութ տարի ճամբարի մը մէջ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ 1953–ին, երբ ան ազատ արձակուեցաւ, անմիջապէս քարոզչութեան լծուեցաւ։ Ան դարձեալ ձերբակալուեցաւ եւ այս անգամ տասը տարի բանտարկուեցաւ։ Ճամբարի մը մէջ տարիներ անցընելէ ետք, ան ուրիշ ճամբար մը տարուեցաւ, ուր կարգ մը քոյրեր կային, որոնք Աստուածաշունչ ունէին։ Օր մը քոյրերէն մէկը Վալենդինային ցոյց տուաւ Աստուածաշունչը։ Ասիկա ի՜նչ յուզիչ պահ մըն էր։ Երեւակայէ, ան միայն 1945–ին տեսած էր Աստուածաշունչը, իրեն քարոզած եղբօր քով։

11 1967–ին, Վալենդինան ազատ արձակուեցաւ, եւ վերջապէս կրցաւ ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշել Եհովայի ըրած իր նուիրումը։ Ան նախանձախնդրաբար իր ազատութիւնը գործածեց ծառայութեան մասնակցելու, մինչեւ 1969։ Այդ տարին ան դարձեալ ձերբակալուեցաւ, եւ այս անգամ երեք տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ Այսուհանդերձ, ան շարունակեց քարոզել։ Իր մահէն առաջ՝ 2001–ին, ան 44 անհատներու օգնած էր որ ճշմարտութիւնը ճանչնան։ Ան բանտերու եւ ճամբարներու մէջ 21 տարի անցուց։ Ան ամէն բանէ հրաժարելու յօժար էր, ի ներառեալ իր ազատութիւնը, որպէսզի իր ուղղամտութիւնը պահէր։ Իր կեանքին վերջաւորութեան, Վալենդինան ըսաւ. «Երբեք անձնական բնակարան չունեցայ։ Ամբողջ ինչքս մէկ ճամբրուկի մէջ էր, բայց Եհովայի ծառայելով երջանիկ ու գոհունակ էի»։ Վալենդինան ի՜նչ զօրաւոր պատասխան մը տուաւ Սատանայի, որ դաւանեցաւ թէ փորձութիւններու ներքեւ մարդիկ Աստուծոյ հաւատարիմ պիտի չմնան (Յոբ 1։9-11)։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ Վալենդինան Եհովայի սիրտը ուրախացուց, եւ թէ Եհովա անձկագին կը սպասէ այն ժամանակին, երբ զինք ու միւս հաւատարիմները պիտի վերակենդանացնէ (Յոբ 14։15

12. Եհովայի հետ մեր յարաբերութեան մէջ սէրը ի՞նչ դեր կը խաղայ։

12 Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը հիմնուած է իրեն հանդէպ մեր սիրոյն վրայ։ Աստուծոյ յատկութիւններուն վրայ կը հիանանք եւ մեր ամէն կարելին կ’ընենք իր նպատակներուն հետ ներդաշնակ ապրելու։ Բանսարկուին դաւանութիւններուն հակառակը, մենք կամաւորաբար ու անվերապահօրէն Եհովան կը սիրենք։ Այս սրտագին սէրը մեզ կը զօրացնէ որ փորձութեան ներքեւ ուղղամտութիւն պահենք։ Իր կարգին, Եհովա ‘իր սուրբերուն ճամբան կը պահէ’ (Առ. 2։8. Սաղ. 97։10

13. Եհովա իրեն համար մեր ըրած բաները ի՞նչպէս կը նկատէ։

13 Սէրը մեզ կը մղէ Եհովայի անունը պատուելու, ո՛րքան ալ մենք մեզ սահմանափակ զգանք։ Ան մեր լաւ շարժառիթները կը տեսնէ եւ մեզ չի դատեր, եթէ չկարենանք մեր ուզած բոլոր բաները ընել։ Կարեւոր է ո՛չ միայն մեր ըրածը, այլեւ՝ անոր պատճառը։ Թէեւ Յոբ վշտահար էր եւ շատ բաներու կը տոկար, բայց զինք ամբաստանողներուն խօսեցաւ Եհովայի ճամբաներուն հանդէպ իր ունեցած սիրոյն մասին (կարդալ՝ Յոբ 10։12. 28։28Յոբի գիրքին վերջին գլուխին մէջ, Աստուած Եղիփազի, Բաղդատի ու Սոփարի հանդէպ իր զայրոյթը յայտնեց, քանի որ ճշմարտութիւնը չէին խօսած։ Միեւնոյն ատեն, Եհովա Յոբի հանդէպ իր հաճութիւնը ցոյց տուաւ, չորս անգամ անոր ակնարկելով որպէս ‘ծառաս’ եւ անոր պատուիրելով որ յանցագործներուն ի նպաստ բարեխօսէ (Յոբ 42։7-9)։ Մենք ալ այնպիսի կերպով մը վարուինք, որ Եհովա մեզի հաճի։

Եհովա իր հաւատարիմ ծառաներուն նեցուկ կը կանգնի

14. Եհովա ի՞նչպէս Յոբի օգնեց, որ իր մտածումը սրբագրէ։

14 Անկատար ըլլալով հանդերձ, Յոբ իր ուղղամտութիւնը պահեց։ Երբեմն, ծայրայեղ ճնշումի ներքեւ, ան սխալ հայեցակէտ ունեցաւ։ Օրինակ, ան Եհովայի ըսաւ. «Ես քեզի կ’աղաղակեմ ու ինծի պատասխան չես տար. . . ձեռքիդ զօրութիւնովը թշնամիի պէս կը վարուիս ինծի հետ»։ Անկէ զատ, Յոբ ինքզինք արդարացնելուն անտեղի կարեւորութիւն տուաւ, երբ ըսաւ. «Յանցաւոր չեմ» եւ «Ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն չկայ ու աղօթքս մաքուր է» (Յոբ 10։7. 16։17. 30։20, 21)։ Այսուհանդերձ Եհովա ազնուօրէն Յոբի օգնեց, շարք մը հարցումներ ուղղելով, որոնք ուշադրութիւնը Յոբէն հեռացուցին։ Անոնք նաեւ զինք կարող դարձուցին, որ Աստուծոյ գերակայութիւնն ու մարդուն աննշան ըլլալը աւելի յստակօրէն տեսնէ։ Յոբ այս ուղղութիւնը ընդունեց եւ ինքզինք սրբագրեց (կարդալ՝ Յոբ 40։8. 42։2, 6

15, 16. Եհովա ներկայիս ի՞նչ կերպերով իր ծառաներուն կ’օգնէ։

15 Ներկայիս Եհովա իր ծառաներուն նաեւ քաղցր ու հաստատ ուղղութիւն կու տայ։ Ասկէ զատ, կարեւոր օգուտներ կը վայելենք։ Օրինակ, Յիսուս Քրիստոս փրկանքի զոհը հայթայթեց եւ այսպէս ճամբան հարթեց մեղքերու թողութեան։ Այդ զոհին հիման վրայ, կրնանք Աստուծոյ հետ սերտ յարաբերութիւն ունենալ, հակառակ մեր անկատարութեան (Յակ. 4։8. Ա. Յովհ. 2։1)։ Երբ փորձութիւններ դիմագրաւենք, նաեւ կ’աղօթենք Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեան ու զօրացուցիչ սատարին համար։ Անկէ զատ, լման Աստուածաշունչը ունինք, եւ եթէ զայն կարդանք ու անոր բովանդակութեան վրայ խոկանք, հաւատքի փորձերը դիմագրաւելու պատրաստ կ’ըլլանք։ Ուսումնասիրութիւնը մեզի կ’օգնէ տիեզերական գերիշխանութեան եւ մարդուն ուղղամտութեան հարցերը հասկնալու։

16 Նաեւ, մեծապէս կ’օգտուինք համաշխարհային եղբայրութեան մաս կազմելով, որուն Եհովա «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ հոգեւոր սնունդ կը հայթայթէ (Մատ. 24։45-47)։ Եհովայի վկաներու շուրջ 100,000 ժողովքները ժողովներ կը գումարուին, որոնք մեզի ցուցմունքներ կու տան ու մեզ կը զօրացնեն, որ հաւատքի փորձերը յաջողապէս դիմագրաւենք։ Գերմանիոյ մէջ ապրող Շիլա անունով վկայ պատանուհիի մը օրինակը կրնայ այս կէտը լուսաբանել։

17. Ներկայիս Եհովայի կազմակերպութեան ուղղութեան սերտօրէն կառչելուն իմաստութիւնը լուսաբանէ։

17 Օրին մէկը դպրոցին մէջ Շիլայի դասարանը առժամապէս առանց վերակացութեան ձգուեցաւ։ Անոր դասակիցները որոշեցին Ուիժա խաւաքարտը գործածել։ Շիլան անմիջապէս դասարանէն դուրս ելաւ, եւ ետքը ի՛նչ որ լսեց զինք ուրախացուց որ այս քայլը առած էր։ Մինչ Ուիժա խաւաքարտը կը գործածէին, կարգ մը աշակերտներ դեւերուն ներկայութիւնը զգացին ու շփոթութեան մատնուելով փախան։ Սակայն ի՞նչ բան Շիլայի օգնեց որ որոշէ դասարանը արագօրէն ձգել։ Շիլա կը բացատրէ. «Այս միջադէպէն քիչ առաջ, Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովի մը ընթացքին քննարկուեցան Ուիժա խաւաքարտին վտանգները։ Ուստի գիտէի ի՛նչ ընել։ Ուզեցի Եհովան հաճեցնել, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ Առակաց 27։11–ի մէջ»։ Ո՜րքան լաւ էր որ Շիլան ժողովին ներկայ էր եւ ուշի–ուշով յայտագրին հետեւած էր։

18. Անհատապէս ի՞նչ վճռած ես ընել։

18 Իւրաքանչիւրս վճռենք Աստուծոյ կազմակերպութենէն մեր ստացած ցուցմունքներուն սերտօրէն կառչիլ։ Կանոնաւորաբար ժողովներուն ներկայ գտնուելով, Աստուածաշունչը ընթերցելով, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները ուսումնասիրելով, աղօթելով եւ հասուն քրիստոնեաներու ընկերակցելով, մեզի հարկ եղած ուղղութիւնն ու զօրակցութիւնը ձեռք կը ձգենք։ Եհովա կ’ուզէ որ յաղթական ըլլանք եւ վստահ է թէ պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ։ Եհովայի անունը մեծարելու, ուղղամտութիւն պահելու եւ Եհովայի սիրտը ուրախացնելու ի՜նչ սքանչելի առանձնաշնորհում ունինք։

Կը յիշե՞ս

• Սատանան պատասխանատու է ի՞նչ վիճակներու եւ փորձութիւններու համար։

• Մեր ունեցած ամէնէն թանկարժէք ստացուածքը ի՞նչ է։

• Եհովայի հետ մեր բարեկամութեան հիմը ի՞նչ է։

• Ներկայիս ի՞նչ կարգ մը կերպերով Եհովա մեզի նեցուկ կը կանգնի։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 16]

Կը մղուի՞ս թանկագին գիտութիւնդ բաժնելու

[Նկար՝ էջ 18]

Վալենդինան յօժար էր ամէն բան զոհելու, որպէսզի իր ուղղամտութիւնը պահէր