Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դրամը իսկական երջանկութեան աղբի՞ւրն է

Դրամը իսկական երջանկութեան աղբի՞ւրն է

Դրամը իսկական երջանկութեան աղբի՞ւրն է

ՍՈՆԻԱ Սպանիոյ մէջ ծնած էր։ Մանկութեան շրջանին, ան իր մօր հետ Եհովայի վկաներու ժողովներուն յաճախած էր։ Բայց երբ մեծցաւ, ան փոխադրուեցաւ Լոնտոն (Անգլիա), եւ ի վերջոյ սկսաւ ելեւմտական շուկային մէջ աշխատիլ։

Սոնիա իր գործը կը սիրէր։ Ան շատ դրամ կը շահէր եւ մեծ գումարներով ներդրումներ կ’ընէր։ Հետաքրքրաշարժ զբաղում մըն էր, եւ ան յաջողութիւն կը գտնէր։ Սոնիա կանոնաւորաբար օրը 18 ժամ կ’աշխատէր, իսկ կարգ մը գիշերներ միայն երկու կամ երեք ժամ կը քնանար։ Իր գործը իր կեանքն էր։ Սակայն, յանկարծ ամէն բան փուլ եկաւ։ Սոնիա զօրաւոր կաթուած մը ունեցաւ,– գուցէ իր ճնշիչ ապրելակերպին պատճառով։ Ան միայն 30 տարեկան էր։

Սոնիայի մարմնին մէկ կողմը անդամալուծուեցաւ, եւ բժիշկները վստահ չէին որ պիտի կարենար անգամ մը եւս խօսիլ։ Մայրը անմիջապէս Անգլիա ճամբորդեց՝ անոր հոգ տանելու համար։ Երբ Սոնիա դարձեալ սկսաւ քալել, մայրը իրեն ըսաւ. «Ես ժողովքային հանդիպումներուն պիտի երթամ, եւ դուն ալ հետս պէտք է գաս, քանի որ չեմ կրնար քեզ առանձին ձգել»։ Սոնիա համամիտ գտնուեցաւ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

Սոնիա կը մտաբերէ. «Հոն լսած բոլոր բաներս շիտակ թուեցան։ Սքանչելի էր։ Երբ առաջին անգամ Թագաւորութեան սրահ գացի, շատեր զիս դիմաւորեցին, եւ ուրախութեամբ ընդունեցի անոնցմէ մէկուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Նախկին ծանօթներս դադրած էին ինծի այցելութիւններ տալէ, բայց նոր բարեկամներս ջերմ ու հոգածու էին»։

Աստիճանաբար Սոնիա իր խօսելու կարողութիւնը վերագտաւ, եւ հոգեւորապէս յառաջդիմեց։ Մէկ տարի չանցած, ան մկրտուեցաւ։ Իր նոր բարեկամներէն շատեր լիաժամ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ էին, եւ ան կրնար նկատել թէ անոնք ո՜րքան երջանիկ էին։ Ան մտածեց. ‘Կ’ուզեմ անոնց պէս ըլլալ. կը փափաքիմ Եհովա Աստուծոյ լաւագոյնս տալ’։ Այժմ Սոնիա կը ծառայէ որպէս լիաժամ քարոզիչ։

Սոնիա իր փորձառութենէն ի՞նչ սորված է։ «Թէեւ շատ դրամ կը շահէի, սակայն գործիս ճնշումն ու անապահովութիւնը զիս մտատանջ եւ ապերջանիկ ըրած էին։ Կ’անդրադառնամ թէ կեանքի մէջ ամէնէն կարեւոր բանը, երկնաւոր Հօրս՝ Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն ունենալն է։ Այժմ ես իրապէս երջանիկ եմ»։

Պօղոս առաքեալ գրեց. «Բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթսիրութիւնն է, որուն մէկ քանիները անձնատուր ըլլալով՝ հաւատքէն մոլորեցան ու ինքզինքնին շատ ցաւերով խոցեցին» (Ա. Տիմոթէոս 6։10)։ Սոնիա կրնայ վկայել, թէ այս խօսքերը ճշմարիտ են։