Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարի լուր՝ 500 լեզուներով

Բարի լուր՝ 500 լեզուներով

Բարի լուր՝ 500 լեզուներով

ՌՈՒԱՆՏԱՅԻ մէջ քաղաքացիական պատերազմի մը ընթացքին, թարգմանիչներու խմբակ մը իրենց տուներն ու ստացուածքները ձգելով կը փախչին։ Սակայն անոնք իրենց դիւրատար համակարգիչները իրենց հետ գաղթակայան կը տանին։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի շարունակեն քինյառուանտա լեզուով թարգմանել Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ։

Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ, երիտասարդուհի մը մինչեւ ուշ գիշեր իր համակարգիչը կը գործածէ, դիմանալով յոգնութեան, հեղձուցիչ օդին եւ ելեկտրական հոսանքի ընդհատման, որ թարգմանութեան գործը կը խանգարէ։ Անոր նպատակակէ՞տը։ Տպագրութեան ժամկէտը յարգել։

Այս թարգմանիչները կը գտնուին շուրջ 2300 կամաւորներու մէջ, որոնք աշխարհի տարածքին աւելի քան 190 վայրերու մէջ կը գործեն։ Անոնք 20-90 տարեկան են եւ անխոնջօրէն կ’աշխատին, որպէսզի մարդիկ 500 լեզուով Աստուածաշունչի պատգամէն մխիթարութիւն ստանան (Յայտնութիւն 7։9

Բազմալեզու բնակչութեան հասնիլ

Վերջին տարիներուն, Եհովայի վկաներու թարգմանութեան գործը աննախընթաց տարողութեամբ մեծցած է։ Օրինակ՝ 1985–ին, Դիտարան–ը 23 լեզուով միաժամանակ հրատարակուեցաւ,– այդ ատենուան համար արտակարգ իրագործում մը։ Ներկայիս, Դիտարան–ը 176 լեզուով մատչելի է եւ բոլորն ալ միաժամանակ հրատարակութիւններ են, կարելի դարձնելով որ համայն աշխարհի մէջ ընթերցողները նոյն տեղեկութիւնը միեւնոյն ատեն ուսումնասիրեն։

Շուրջ 50 լեզուով, Դիտարան–ը միակ պարբերաթերթն է որ կանոնաւորաբար լոյս կը տեսնէ։ Ինչո՞ւ։ Առեւտրական տպարանները տեղական լեզուներով հրատարակութիւններ տպելու քիչ դրդապատճառներ ունին։ Բայց Եհովայի վկաները համայն աշխարհի մէջ յօժարակամ նուիրատուութիւններ կ’ընեն, որպէսզի Աստուծոյ Խօսքը եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւնները ամէնուրեք մատչելի ըլլան (Բ. Կորնթացիս 8։14

Մարդիկ իրենց լեզուով ներկայացուած Աստուածաշունչի պատգամը մեծապէս կ’արժեւորեն։ Օրինակ՝ վերջերս աստուածաշնչական հրատարակութիւններ լոյս տեսած են միսքիդոյերէն լեզուով, որ կը խօսուի Նիքարակուայի մէջ շուրջ 200,000 հոգիի կողմէ։ Կին մը միսքիդոյերէն լեզուով Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ * գիրքը ապսպրած էր, եւ երբ զայն ստացաւ, տեղական վարդապետ մը ներկայ էր։ Գեղեցիկ գիրքը տեսնելով, վարդապետը ուզեց առնել զայն, նոյնիսկ առաջարկելով կնոջ տալ 20 քիլոկրամ սրճահատիկ։ Բայց կինը մերժեց։

Անցեալ տասնամեակին, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հրատարակութիւններ թարգմանուեցան Մեքսիքայի շուրջ 15 բնիկ լեզուներով, ի ներառեալ՝ մայա, նաուաթլերէն ու ցոցիլերէն։ Տասը տարի չանցած, այդ երկրին մէջ բնիկ լեզուներ ու համրերու լեզու գործածող Եհովայի վկաներու ժողովքներուն թիւը բարձրացաւ 72–էն աւելի քան 1200–ի։ Եհովայի վկաները Աստուածաշունչի պատգամը մարդոց սրտին մէջ կը ցանեն, բայց Աստուծոյ կը ձգեն, որ ճշմարտութեան սերմերը աճեցնէ (Ա. Կորնթացիս 3։5-7

Աստուածաշունչի արդի թարգմանութիւն մը՝ 80 լեզուներով

Վերջին տարիներուն, Եհովայի վկաները ծանր աշխատելով արտադրած են 80 լեզուներով Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը, ամբողջութեամբ կամ մասնակի։ Ընդառաջումը ի՞նչ եղած է։ Հարաւային Ափրիկէի մէջ, թսուանա լեզուով Աստուածաշունչին մասին Վկայ մը ըսաւ. «Ի՜նչ սքանչելի գործիք մը։ Ասիկա Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ գնահատութիւնս պիտի աւելցնէ։ Գործածուած լեզուն դիւրընթեռնլի եւ հաճելի է»։ Թսոնկա լեզուով ընթերցող մը Մոզամպիկէն գրեց. «Թէեւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ուրիշ հրատարակութիւններ ունէինք, բայց Աստուածաշունչը չունենալով մեր պարագան կը նմանէր որոտում ու կայծակ ունենալուն՝ առանց անձրեւի։ Այժմ անձրեւը տեղաց, Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը թսոնկա լեզուով լոյս տեսնելով»։

Անոնք որոնք Աստուածաշունչի բովանդակած բարի լուրը կը թարգմանեն ու կը բաշխեն, արտակարգ կերպով մը վաղեմի մարգարէութիւն մը կը կատարեն։ Յիսուս Քրիստոս ինք ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Ցուցագիծ՝ էջ 13]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մատչելի է՝ լման կամ մասնակի

1950 1*

1970 7*

1990 13*

2000 36*

2010 80*

ՈՒՐԻՇ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1950 88*

1960 125*

1970 165*

1980 190*

1990 200*

2010 500*

*ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ

[Նկարներ՝ էջ 12, 13]

Շուրջ 2300 կամաւորներ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ կը թարգմանեն 500 լեզուներով

ՊԵՆԻՆ

ՍԼՈՎԵՆԻԱ

ԵԹՈՎՊԻԱ

ԲՐԻՏԱՆԻԱ