Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Բաժակ մը եւս»

«Բաժակ մը եւս»

«Բաժակ մը եւս»

ԱԼԷՆ սկսաւ ալքոլը չափազանց գործածելու, երբ 11 տարեկան էր։ * Ան եւ իր բարեկամները անտառին մէջ կը խաղային, ֆիլմերու մէջ իրենց տեսած դերասանները ընդօրինակելով։ Ալէնի եւ իր բարեկամներուն ընդօրինակած դերակատարները երեւակայական էին, բայց անոնց խմած խմիչքը իրական էր։

Թոնին 40 տարեկան էր, երբ աստիճանաբար սկսաւ աւելի խմելու,– ամէն իրիկուն մէկ կամ երկու բաժակէ մինչեւ հինգ կամ վեց բաժակ։ Ի վերջոյ, ան այլեւս չէր կրնար համրել օրուան ընթացքին իր խմած բաժակները։

Ալէն իր ալքոլամոլութեան համար օգնութիւն խնդրեց։ Իսկ Թոնին մերժեց հոգածու ընտանիքին ու բարեկամներուն առաջարկած օժանդակութիւնը։ Այժմ Ալէն ողջ ըլլալով՝ կը պատմէ իր պատմութիւնը, բայց Թոնին քանի մը տարի առաջ մահացաւ ինքնաշարժի արկածով, մինչ չափազանց խմած էր։

Նոյնիսկ երբ անհատ մը առանձին չափազանց խմէ, հետեւանքները անխուսափելիօրէն կը պարփակեն ուրիշները, յաճախ ողբերգական կերպով։ Ալքոլի սխալ գործածութիւնը յաճախ ազդակ մըն է՝ հայհոյելու եւ ֆիզիքապէս վնասելու մէջ, յարձակումներու եւ ոճիրի մէջ, ինքնաշարժի եւ գործի արկածներու մէջ, եւ բազմաթիւ առողջապահական խնդիրներու մէջ։ Խմիչքի չափազանց գործածութեան պատճառաւ, ամէն տարի ընկերութիւնը միլիառաւոր տոլարներ կը վնասէ, բացի անհատներու, ընտանիքներու եւ երեխաներու կրած անձնական ու զգացական վնասներէն։

Այսուհանդերձ, ՄՆ առողջապահական ազգային ինստիտուտը կը նշէ. «Ան որ կանոնաւորաբար խմիչք կը խմէ, պայման չէ որ ալքոլամոլ է, իսկ ալքոլի վերաբերեալ խնդիր ունեցող բոլոր անհատները ամէն օր չեն խմեր»։ Ալքոլամոլ չեղողներէն շատեր չափազանց խմելու սովորութիւնը զարգացուցած են՝ առանց անդրադառնալու։ Ուրիշներ մերթ ընդ մերթ ոգելից ըմպելի կը գործածեն, բայց իւրաքանչիւր անգամ կը խմեն աւելի քան հինգ բաժակ։

Եթէ խմիչք պիտի խմես, ո՞րքանը չափազանց կը սեպես։ Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ ե՛րբ պէտք չէ «բաժակ մը եւս» խմես (Առակաց 23։29, 30, Contemporary English Version)։ Յաջորդ յօդուածները այս նիւթին շուրջ օգտալից տեղեկութիւններ նկատի պիտի առնեն։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Կարգ մը անուններ փոխուած են։