Գիտէի՞ր
Գիտէի՞ր
Անդրանիկ տղուն ծննդեան իրաւունքին ի՞նչ առանձնաշնորհումներ ու պատասխանատուութիւններ կ’ընկերակցէին։
▪ Նահապետական ժամանակներէն ի վեր, Աստուծոյ ծառաները անդրանիկ տղուն շնորհեցին մասնայատուկ իրաւունքներ։ Հօր մահէն ետք, երիցագոյն որդին ընտանիքին գլուխին պատասխանատուութիւնները կը ստանձնէր։ Ան ընտանիքին հոգ կը տանէր եւ տան մէջ ապրող անդամներուն վրայ հեղինակութիւն ունէր։ Անդրանիկը նաեւ ընտանիքը կը ներկայացնէր Աստուծոյ առջեւ։ Թէեւ բոլոր որդիները ժառանգութիւն մը կը ստանային, բայց անդրանիկին կ’իյնար գլխաւոր ժառանգութիւնը։ Միւս որդիներուն ժառանգած ինչքին հետ համեմատած, անդրանիկը կրկնապատիկ բաժին կը ստանար։
Նահապետներուն օրերուն, երիցագոյն որդին կրնար իր անդրանկութեան իրաւունքը կորսնցնել։ Օրինակ՝ Եսաւ ծննդեան իրաւունքը իր կրտսեր եղբօր ծախեց (Ծննդոց 25։30-34)։ Յակոբ իր անդրանիկ որդիին՝ Ռուբէնին ծննդեան իրաւունքը Յովսէփին փոխանցեց։ Ռուբէն իր անբարոյ վարքին պատճառաւ այս առանձնաշնորհումը կորսնցուց (Ա. Մնացորդաց 5։1)։ Սակայն մովսիսական օրէնքին ներքեւ, մէկէ աւելի կին ունեցող մարդը չէր կրնար ծննդեան իրաւունքին օգուտները փոխանցել մէկ կնոջ անդրանիկէն միւս կնոջ անդրանիկին, պարզապէս քանի որ երկրորդ կինը աւելի կը սիրէր։ Հայրը պէտք էր յարգէր այն իրաւունքը, որ բնականաբար իր անդրանիկին կը պատկանէր (Բ. Օրինաց 21։15-17)։
Դպիրներն ու փարիսեցիները ինչո՞ւ «գրապանակներ» կը կրէին։
▪ Յիսուս իր կրօնական հակառակորդները՝ դպիրներն ու փարիսեցիները՝ քննադատեց, քանի որ «իրենց գրապանակները» կը լայնցնէին (Մատթէոս 23։2, 5)։ Այդ կրօնական խումբերուն յարողները իրենց ճակատին կը կապէին փոքրիկ, սեւ, քառանկիւն կամ ուղղանկիւն կաշիէ տուփեր։ Անոնք նաեւ զանոնք կը կապէին իրենց թեւին ներսի կողմը, սրտին մօտ։ Տուփին մէջ կը դնէին աստուածաշնչական հատուածներ։ Այսպիսի գրապանակներ կրելու սովորութիւնը ծագում առաւ բառացի մեկնաբանութենէն Աստուծոյ ուղղութեան, զոր իսրայէլացիներուն տուաւ. «Այս խօսքերը որոնք ես այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան. . . Զանոնք նշանի համար ձեռքիդ վրայ կապէ ու ճակատանոցի համար աչքերուդ մէջտեղը թող ըլլան» (Բ. Օրինաց 6։6-8)։ Յայտնի չէ թէ գրապանակներ կրելու սովորութիւնը ճիշդ ե՛րբ սկսաւ, բայց ուսումնականներուն մեծամասնութիւնը զայն կը վերագրէ մ.թ.ա. երրորդ կամ երկրորդ դարուն։
Յիսուս երկու պատճառով այս սովորութիւնը քննադատեց։ Առաջին, դպիրներն ու փարիսեցիները իրենց գրապանակները կը լայնցնէին, որպէսզի ուրիշներուն ցոյց տային թէ ո՜րքան բարեպաշտ էին։ Երկրորդ, այս խումբերը իրենց գրապանակը սխալ կերպով կը նկատէին հմայեակ կամ բժժանք, որ զիրենք պիտի պաշտպանէր։ Անաստուածաշնչական հրատարակութիւններու մէջ այս տուփերուն համար գործածուած յունարէն բառը՝ ֆիլաքթերիոն, թարգմանուած է «առաջապահ», «ամրութիւն» կամ «պաշտպանութեան միջոց»։