Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դուն քեզ ուրիշներու հետ բաղդատելու դրդումին դիմադրէ՛

Դուն քեզ ուրիշներու հետ բաղդատելու դրդումին դիմադրէ՛

Գաղտնիք 2

Դուն քեզ ուրիշներու հետ բաղդատելու դրդումին դիմադրէ՛

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ։ «Ամէն մէկը թող իր գործը կշռէ եւ իր գոհունակութիւնը միայն ինքն իրեն պահէ, փոխանակ ինքզինք ուրիշներու հետ բաղդատելու» (Գաղատացիս 6։4, Անթիլիաս

ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ Ի՞ՆՉ Է։ Թերեւս հակում ունենանք մենք մեզ ուրիշներու հետ բաղդատելու,– երբեմն անոնց հետ՝ որոնք մեզմէ քիչ ունին, իսկ յաճախ անոնց հետ՝ որոնք մեզմէ աւելի զօրաւոր, աւելի հարուստ կամ աւելի տաղանդաւոր են։ Երկու պարագաներուն ալ ազդեցութիւնը բացասական է։ Սխալմամբ կ’ենթադրենք թէ անհատի մը արժէքը կ’որոշուի իր ունեցածով կամ իր կարողութիւններուն համաձայն։ Նաեւ կրնանք նախանձի զգացումներ ու մրցակցութեան հոգի գրգռել (Ժողովող 4։4

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։ Ջանա՛ դուն քեզ տեսնել ինչպէս որ Աստուած կը տեսնէ քեզ։ Թոյլ տուր որ ի՛ր տեսակէտը ազդէ արժանապատուութեան զգացումիդ։ «Մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի» (Ա. Թագաւորաց 16։7)։ Եհովա * քու արժէքդ կը չափէ, ոչ թէ քեզ այլ մարդու մը հետ բաղդատելով, այլ՝ սիրտդ կարդալով եւ մտածումներդ, զգացումներդ ու դիտաւորութիւններդ քննելով (Եբրայեցիս 4։12, 13)։ Եհովա սահմանափակումներդ կը հասկնայ եւ քեզ կը յորդորէ որ զանոնք յարգես։ Եթէ դուն քեզ ուրիշներու հետ բաղդատելով արժէքդ չափես, կա՛մ մեծամիտ պիտի դառնաս եւ կամ՝ միշտ դժգոհ։ Ուստի համեստօրէն ընդունէ, թէ ամէն բանի մէջ ուրիշները պիտի չգերազանցես (Առակաց 11։2

Յատկապէս ի՞նչ պէտք է ընես Աստուծոյ աչքին արժէք ունենալու համար։ Ան Միքիա մարգարէն ներշնչեց որ գրէ. «Քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել» (Միքիա 6։8)։ Եթէ այս խրատին հետեւիս, Աստուած քեզ պիտի հոգայ (Ա. Պետրոս 5։6, 7)։ Գոհունակութեան համար ասկէ աւելի մեծ պատճառ մը կրնա՞յ ըլլալ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 5 Աստուծոյ անունը՝ ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուի։

[Նկար՝ էջ 5]

Եհովա մեր սիրտին մէջի եղածով մեր արժէքը կը չափէ