Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տեսիլքներ՝ հոգեղէն ծիրին մասին

Տեսիլքներ՝ հոգեղէն ծիրին մասին

Տեսիլքներ՝ հոգեղէն ծիրին մասին

ԱՉՔԵՐԴ ո՛րքան ալ դէպի երկինք սեւեռես, հոգեղէն անձ մը պիտի չտեսնես. ո՛րքան ալ ականջդ սրես, մէկուն ձայնը պիտի չլսես։ Այսուհանդերձ, կրնաս վստահ ըլլալ թէ հոգիներ գոյութիւն ունին։ Անոնք շատ ուշիմ ու զօրաւոր են, եւ իւրայատուկ անուններ ու անձնաւորութիւններ ունին։ Ոմանք մեզի բարիք կ’ընեն, իսկ ուրիշներ կ’ուզեն մեզի վնասել։ Բոլորն ալ մեզմով հետաքրքրուած են։

Ճշմարիտ Աստուածը Հոգի մըն է (Յովհաննէս 4։24)։ Ան ունի յատուկ անուն մը, որ զինք բազմաթիւ չաստուածներէն կը զատորոշէ։ Անոր անունը Եհովա է (Սաղմոս 83։18)։ Սաղմոսերգուն գրեց. «Տէրը մեծ է ու խիստ գովելի։ Անիկա բոլոր աստուածներուն վրայ ահաւոր է, վասն զի ազգերուն բոլոր աստուածները կուռքեր են, բայց Եհովան երկինքը ստեղծեց։ Փառք ու վայելչութիւն կայ անոր առջեւ, զօրութիւն ու գեղեցկութիւն՝ անոր սրբարանին մէջ» (Սաղմոս 96։4-6

Տեսիլքներ՝ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին

Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ» (Յովհաննէս 1։18)։ Անոր երեւոյթն ու վայելչութիւնը մեր հասկացողութենէն վեր են, ինչպէս որ ի ծնէ կոյր եղողին համար գոյները անըմբռնելի են։ Բայց ինչպէս որ լաւ ուսուցիչ մը խրթին բաները աշակերտներուն հասկնալի բառերով կը բացատրէ, նոյնպէս Աստուած, իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցով, մեզի անտեսանելի եղող բաները տեսանելի բաներով կը նկարագրէ։ Վաղեմի հաւատարիմներուն տրուած ներշնչեալ տեսիլքներով, Եհովա մեզի կ’օգնէ երկնային գաւիթները պատկերացնելու եւ հոն բնակողներուն հետ մեր առնչութիւնը հասկնալու։

Օրինակ՝ Եզեկիէլ մարգարէին տրուած մէկ տեսիլքը Եհովայի փառքը կ’առնչէ կրակին, պայծառութեան, շափիւղայ քարին ու ծիածանին։ Այլ տեսիլքի մը մէջ, Յովհաննէս առաքեալ կը տեսնէ Եհովան Իր գահին վրայ նստած եւ կ’ըսէ թէ Աստուծոյ «տեսքը նման էր յասպիս եւ սարդիոն քարերու», աւելցնելով թէ «գահին շուրջը կար ծիածան մը՝ տեսքով զմրուխտի նման»։ Այսպիսի նկարագրութիւններ մեզի կ’ըսեն, թէ Եհովայի ներկայութիւնը հազուագիւտ ու շլացուցիչ գեղեցկութեամբ, վայելչութեամբ եւ անդորրութեամբ յատկանշուած է (Յայտնութիւն 4։2, 3, ԱԾ. Եզեկիէլ 1։26-28

Դանիէլ մարգարէն ալ Եհովայի մասին տեսիլք մը ստացաւ, որուն մէջ տեսաւ՝ «բիւրաւորներ [հրեշտակային արարածներ] անոր [Եհովայի] առջեւ կը կայնէին» (Դանիէլ 7։10)։ Ասիկա ի՜նչ սքանչելի տեսարան մը ըլլալու էր։ Մէկ հրեշտակ տեսնելը՝ նոյնիսկ տեսիլքի մը մէջ՝ կրնայ երկիւղ ներշնչել, ուր մնաց՝ բիւրաւոր կատարեալ հրեշտակային արարածներ։

Աստուածաշունչին մէջ հրեշտակները շուրջ 400 անգամ յիշուած են, եւ անոնց շարքին են՝ սերովբէներ ու քերովբէներ։ Աստուածաշունչին մէջ «հրեշտակ» թարգմանուած յունարէն եւ եբրայերէն բառերը կը նշանակեն «պատգամաբեր»։ Հետեւաբար, հրեշտակները կրնան իրարու հետ հաղորդակցիլ, եւ մարդոց հետ անցեալին հաղորդակցած են։ Հրեշտակները նախապէս երկրի վրայ ապրած մարդ արարածներ չեն։ Եհովա այս հոգեղէն էակները ստեղծեց մարդուն ստեղծագործութենէն շա՜տ առաջ (Յոբ 38։4-7

Դանիէլի տեսիլքին մէջ, հրեշտակներու բազմութիւնները հաւաքուած էին արտակարգ դէպքի մը ականատես ըլլալու համար։ Դանիէլ տեսաւ «Որդի մարդոյ նման մէկը» Եհովայի գահին կը մօտենայ, որ ստանայ «իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն», «որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն» (Դանիէլ 7։13, 14)։ «Որդին մարդոյ»՝ հոգեղէն ծիրին մէջ գլխաւոր անձնաւորութիւն մը՝ յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսն է, որուն իշխանութիւն կը շնորհուի ամբողջ երկրագունդին վրայ։ Շուտով անոր իշխանութիւնը պիտի փոխարինէ մարդկային բոլոր կառավարութիւնները եւ հիւանդութեան, վիշտին, հարստահարութեան, աղքատութեան եւ նոյնիսկ մահուան վերջ պիտի դնէ (Դանիէլ 2։44

Յիսուսի գահակալութիւնը վստահաբար մեծապէս ուրախացուց հաւատարիմ հրեշտակներու բազմութիւնները, որոնք մարդկութեան համար լաւագոյնը կը փափաքին։ Սակայն ցաւօք սրտի, բոլոր հոգեղէն արարածները այդ կերպով չզգացին։

Աստուծոյ եւ մարդու թշնամիներ

Մարդկային պատմութեան սկիզբը, հրեշտակներէն մէկը, պաշտուելու ցանկութեամբ կլանուած, Եհովայի դէմ ելաւ եւ ինքզինք Սատանայ ըրաւ, որ կը նշանակէ «Հակառակորդ»։ Սատանան՝ չարութեան ծայրագոյն մարմնացումը, Եհովայի՝ սիրոյ մարմնացումին, թունդ հակառակորդն է։ Ուրիշ հրեշտակներ Սատանայի ըմբոստութեան միացան։ Աստուածաշունչը զանոնք դեւեր կը կոչէ։ Սատանայի նման, դեւերը իրենք զիրենք մարդկութեան անողոք թշնամիները դարձուցած են։ Երկրի վրայ գոյացած տառապանքին մեծ մասը,– անարդարութիւնը, հիւանդութիւնը, աղքատութիւնն ու պատերազմները,– անոնց ազդեցութեան հետեւանքն է։

Թէեւ քրիստոնեայ աշխարհի շատ մը եկեղեցիներու մէջ Սատանայի մասին խօսիլը հնամենի բան մը դարձած է, բայց Աստուածաշունչի Յոբ գիրքը այս ըմբոստ հրեշտակին անձնաւորութեան ու շարժառիթներուն վրայ լոյս կը սփռէ։ Անիկա կ’ըսէ. «Օր մը՝ Աստուծոյ որդիները գացին Տէրոջը առջեւ կայնելու։ Սատանան ալ գնաց անոնց հետ»։ Աստուծոյ հետ խօսակցելով, Սատանան անպատկառօրէն Յոբը ամբաստանեց, թէ Աստուծոյ կը ծառայէր միմիայն հատուցումի փոխարէն։ Իր դաւանութիւնը ապացուցանել ջանալով, Սատանան Յոբի վրայ մեծ նեղութիւն բերաւ, անոր խաշինքը եւ բոլոր տասը զաւակները սպաննելով։ Անկէ ետք, ան Յոբի ամէն մարմինը գէշ պալարներով զարկաւ։ Սատանայի բոլոր յարձակումները չկրցան իր խօսքը փաստել (Յոբ 1։6-19. 2։7

Վաւերական պատճառներ կան, թէ Եհովա ինչո՛ւ այսքան երկար ատեն Սատանային հանդուրժած է. բայց ան յաւիտեան պիտի չհանդուրժէ։ Շուտով Բանսարկուն պիտի բնաջնջուի։ Արդէն իսկ սկզբնական քայլեր առնուած են, եւ ասոնք Յայտնութիւն գիրքին մէջ նկարագրուած են, ուր վարագոյրը կը բացուի՝ հոգեղէն ծիրին մէջ այլ կարեւոր դէպք մը յայտնելու, զոր այլապէս երբեք պիտի չկարենայինք տեսնել։ Կը կարդանք. «Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ [յարուցեալ Յիսուս Քրիստոս] ու իր հրեշտակները վիշապին [Սատանայ] հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ, բայց չկրցան դէմ կենալ։ Երկնքի մէջ ալ՝ տեղ չգտնուեցաւ անոնց։ Ուստի վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ» (Յայտնութիւն 12։7-9

Նկատէ թէ կ’ըսուի, որ Սատանան «բոլոր աշխարհ մոլորեցուց»։ Ան մարդիկը կը մոլորեցնէ կրօնական սուտեր յառաջ տանելով, զանոնք Եհովայէ եւ անոր Խօսքէն հեռացնելու համար։ Այդ սուտերէն մէկը այն է՝ թէ մահուան ատեն ամէն ոք հոգեղէն ծիր կը փոխադրուի։ Այս գաղափարը զանազան տարբերակներ ունի։ Օրինակ՝ Ափրիկէի եւ Ասիոյ մէջ, շատեր կը հաւատան թէ մահուան ատեն մարդիկ հոգեղէն աշխարհ մը կը փոխադրուին, ուր իրենց նախահայրերը կը բնակին։ Քաւարանի եւ դժոխքի ուսուցումներն ալ հիմնուած են այն գաղափարին վրայ, թէ անհատ մը մահէն ետք կը շարունակէ ապրիլ։

Մահէն ետք՝ երկնայի՞ն կեանք

Սակայն ի՞նչ կրնայ ըսուիլ համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներու հաւատացած այն գաղափարին մասին, թէ բոլոր բարի մարդիկը երկինք կ’երթան։ Ճիշդ է որ կարգ մը բարի մարդիկ հոն կ’երթան, բայց անոնց թիւը փոքր է, համեմատելով այն միլիառաւորներուն հետ, որոնք մեռած են։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ 144,000 անհատներ ‘երկրէն պիտի գնուին’ եւ որպէս «քահանաներ» պիտի ծառայեն ու «երկրի վրայ թագաւորեն» (Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1, 3)։ Անոնք Որդի մարդոյ՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ մէկտեղ, պիտի կազմեն երկնային կառավարութիւն մը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Այդ կառավարութիւնը Սատանայի եւ անոր դեւերուն վերջ պիտի դնէ եւ երկրագունդը դրախտի պիտի վերածէ։ Ապագային, մեռնողներուն մեծամասնութիւնը ետ կեանքի պիտի բերուի, այդ երկրային Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու հեռանկարով (Ղուկաս 23։43

Արդ, առ ի ամփոփում, հոգեղէն ծիրին մէջ բազմութիւններ կը բնակին։ Անոնց մէջ գերագոյնը Եհովա Աստուածն է, ամէն կեանքի Արարիչը։ Բիւրաւոր հրեշտակներ անոր հաւատարմօրէն կը ծառայեն։ Այլ հրեշտակներ՝ Սատանայի առաջնորդութեամբ, Եհովայի դէմ ըմբոստացան եւ կը ջանան մարդիկը մոլորեցնել։ Ասկէ զատ, սահմանափակ թիւով անհատներ երկրէ «գնուած» կամ ընտրուած են, երկինքի մէջ մասնայատուկ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու համար։ Ասիկա ի մտի ունենալով, այժմ նկատի առնենք թէ հոգեղէն ծիրին մէջ որո՛նց հետ կարելի է հաղորդակցութեան մէջ գալ, եւ ինչպէ՛ս պէտք է հաղորդակցինք։