Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Ծառայութեան տարեկան տեղեկագրութեան թիւերը ի՞նչ կը նշանակեն։

Ամէն տարի, ակնկառոյց կը սպասենք ծառայութեան տեղեկագրութեան, որ կը հրատարակուի Տարեգիրք–ին եւ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկի փետրուար թիւին մէջ։ Կը հրճուինք տեսնելով թէ Թագաւորութեան համաշխարհային քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ, Եհովայի ժողովուրդը խմբովին ի՛նչ բաներ իրագործած է։ Բայց տեղեկագրութենէն լաւագոյնս օգտուելու համար, հարկ է որ խորագիրները շիտակ կերպով հասկնանք, ինչպէս նաեւ՝ թիւերուն նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը ունենանք։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

Ծառայութեան տարի։ Ասիկա կը սկսի մէկ տարուան սեպտեմբեր ամիսէն մինչեւ միւս տարուան օգոստոս ամիսը։ Տարեգիրք–ը ծառայութեան նախորդ տարուան տեղեկագրութիւնը կը բովանդակէ։ Օրինակ՝ 2011–ի Տարեգիրք–ը կը բովանդակէ 2010–ի ծառայութեան տարուան տեղեկագրութիւնը, որ սկսաւ 1 սեպտեմբեր 2009–ին եւ վերջ գտաւ 31 օգոստոս 2010–ին։

Հրատարակիչներու գագաթ թիւը եւ միջին թիւը։ «Հրատարակիչներ»ը կ’ընդգրկեն Եհովայի մկրտուած վկաները, ինչպէս նաեւ՝ չմկրտուած անհատներ, որոնք Թագաւորութեան քարոզիչներ ըլլալու որակեալ են։ «Հրատարակիչներու գագաթ թիւը» ծառայութեան տարուան որեւէ ամսուան մէջ տեղեկագրուած բարձրագոյն թիւն է, եւ կրնայ պարփակել ուշացած տեղեկագիրներ, որոնք չէին ներկայացուած նախորդ ամսուան մէջ։ Այս կերպով՝ կարգ մը հրատարակիչներ երկու անգամ կը հաշուըւին։ Սակայն, հրատարակիչներու գագաթ թիւը չի պարփակեր այն հրատարակիչները, որոնք ծառայութեան մասնակցեցան բայց մոռցան իրենց տեղեկագիրները ներկայացնել։ Ուստի կարեւոր է որ իւրաքանչիւր հրատարակիչ ամէն ամիս իսկոյն իր տեղեկագիրը ներկայացնէ։ «Հրատարակիչներու միջին թիւը» ցոյց կու տայ, թէ ծառայութեան տարուան իւրաքանչիւր ամսուան մէջ քանի՛ հրատարակիչ իրենց տեղեկագիրները ներկայացուցին։

Ընդհանուր ժամեր։ Ըստ 2011–ի Տարեգիրք–ին, Եհովայի վկաները աւելի քան 1,6 միլիառ ժամ դաշտի ծառայութեան յատկացուցին։ Սակայն, ասիկա չի ներկայացներ բոլոր այն ժամերը, զորս մեր պաշտամունքին կը յատկացնենք, քանի որ չի պարփակեր այն ժամանակը՝ զոր կանոնաւորաբար կը տրամադրենք որոշ գործունէութիւններու, ինչպէս՝ հովուել, ժողովներու ներկայ գտնուիլ եւ Աստուածաշունչը անձամբ ուսումնասիրել ու խոկալ։

Ծախսուած դրամը։ 2010–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին, Եհովայի վկաները աւելի քան 155 միլիոն տոլար ծախսեցին՝ մասնաւոր ռահվիրաներու, միսիոնարներու եւ ճամբորդող տեսուչներու համար, որպէսզի անոնք իրենց դաշտի ծառայութեան նշանակումներուն մէջ յարատեւեն։ Բայց այս գումարը չի պարփակեր աստուածաշնչական հրատարակութիւններ արտադրելու ծախսերը, ոչ ալ բոլոր մասնաճիւղերու մէջ ծառայող աւելի քան 20,000 կամաւոր պէթէլականներուն հոգ տանելու տրամադրուած դրամը։

Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն մասնակցողներ։ Ասիկա մկրտուած անհատներու թիւն է, որոնք համայն աշխարհի մէջ, Յիշատակատօնի խորհրդանիշներուն կը մասնակցին։ Արդեօք ասիկա երկրի վրայ օծեալներուն թիւը կը ներկայացնէ՞։ Պայման չէ։ Քանի մը ազդակներ,– ի ներառեալ անցեալի կրօնական հաւատալիքներ կամ նո՛յնիսկ մտային եւ զգացական անհաւասարակշռութիւն,– կրնան պատճառ դառնալ որ ոմանք սխալ կերպով խորհին, թէ երկնային կոչում ունին։ Ուստի, երկրի վրայ օծեալներուն ճշգրիտ թիւը գիտնալու կերպ մը չունինք, ոչ ալ պէտք ունինք գիտնալու։ Կառավարիչ մարմինը բոլոր մասնակցողներուն մասին ցանկ մը չի պահեր, քանի որ օծեալներու աշխարհածաւալ ցանց մը չի վարեր։ *

Արդարեւ գիտենք թէ «մեր Աստուծոյն [օծեալ] ծառաներ»էն ոմանք երկրի վրայ պիտի ըլլան, երբ մեծ նեղութեան կործանարար հովերը արձակուին (Յայտ. 7։1-3)։ Մինչ այդ, օծեալները առաջնորդութիւն պիտի առնեն բանի մը մէջ, որ մեր ծառայութեան տարուան տեղեկագրութեամբ կ’ապացուցանուի,– մարդկութեան պատմութեան մէջ քարոզելու եւ ուսուցանելու մեծագոյն գործը։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 յունիս 2009 թիւին «Հաւատարիմ տնտեսը եւ անոր Կառավարիչ մարմինը» յօդուածը, էջ 31։