Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երեխաները պէ՞տք է Աստուծոյ մասին սորվին

Երեխաները պէ՞տք է Աստուծոյ մասին սորվին

Երեխաները պէ՞տք է Աստուծոյ մասին սորվին

«Մեր ունեցած կրօնքը բաւարար է որ սկսինք զիրար ատել, բայց բաւարար չէ որ սկսինք զիրար սիրել» (ՃՈՆԱԹԱՆ ՍՈՒԻՖԹ, ԱՆԳԼԻԱՑԻ ՀԵՂԻՆԱԿ)։

ՍՈՒԻՖԹ այդ գաղափարը 18–րդ դարուն արտայայտեց. սակայն շատեր այսօր անոր հետ համամիտ են։ Իրականութեան մէջ, ոմանք կը հաւատան որ ծնողներուն պէտք չէ իրաւասութիւն տրուի, որ իրենց զաւակներուն Աստուծոյ մասին սորվեցնեն։ Անոնք կը խորհին թէ կրօնասէր ընտանիքներու մէջ մեծցած երեխաները, ձեւով մը անբարենպաստ վիճակի մէջ կ’ըլլան։

Ի՞նչ կը խորհիս։ Հետեւեալ արտայայտութիւններէն ո՞րը ամէնէն շատ տրամաբանական կը թուի։

● Ծնողներուն պէտք չէ՛ թոյլ տալ որ իրենց զաւակներուն Աստուծոյ մասին սորվեցնեն։

● Ծնողները պէտք է սպասեն մինչեւ որ իրենց զաւակները մեծնան, ապա անոնց հետ կրօնական հարցեր նկատի առնեն։

● Մինչ երեխաները փոքր են, ծնողները Աստուծոյ մասին իրենց հաւատալիքները պէտք է փոխանցեն անոնց։ Բայց երբ զաւակները հասուն դառնան, ծնողները պէտք է զիրենք քաջալերեն որ հարցին շուրջ անձամբ տրամաբանեն։

● Երեխաները Աստուծոյ մասին իրենց ծնողքին ունեցած հաւատալիքները պէտք է որդեգրեն առանց առարկելու։

Կրօնքը երեխաներուն վնաս կը հասցնէ՞

Հոգածու ո՛չ մէկ ծնող կ’ուզէ իր զաւակին վնաս հասցնել։ Սակայն իրողութիւնները թիկունք կը կանգնի՞ն ոմանց դաւանութիւններուն, որոնք չեն ուզեր Աստուծոյ մասին երեխաներուն սորվեցնել։ Տասնամեակներէ ի վեր, հետազօտիչներ շա՜տ ուսումնասիրած են ծնողին կրօնական հաւատալիքներուն ազդեցութիւնը երեխաներուն վրայ։ Անոնք ի՞նչ եզրակացութեան յանգած են։

Հետազօտիչները նկատած են թէ փոխանակ վնասակար ազդեցութիւն ունենալու, կրօնքը կրնայ երեխային աճման վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալ։ 2008–ին, պարբերաթերթի մը մէջ (Social Science Research) * հրատարակուած տեղեկագրութիւն մը նշեց. «Ի յայտ եկած է թէ կրօնքը ծնող–զաւակի յարաբերութիւնը բարելաւած է, թէ՛ մայրերուն եւ թէ հայրերուն համար»։ Այս տեղեկագրութիւնը նաեւ ըսաւ. «Կրօնքն ու հոգեւորութիւնը բազմաթիւ երեխաներու կեանքին կարեւոր մէկ մասը կը թուին ըլլալ եւ ընտանեկան յարաբերութիւններու համար կենսական են»։ Նշմարէ թէ այդ յայտնաբերումը ո՜րքան համանման է Յիսուս Քրիստոսի ըսածին. «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն» (Մատթէոս 5։3

Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ այն գաղափարին մասին, թէ երեխաները պէտք է մեծնան, ապա Աստուծոյ եւ կրօնքի մասին սորվին։ Այդ տեսակէտը կ’անտեսէ հետեւեալ իրողութիւնը. երեխայի մը միտքը դատարկ դոյլի մը նման է, որ կը սպասէ լեցուիլ։ Արդարեւ ծնողները ընտրութեան մը առջեւ կը գտնուին. կա՛մ տունէն ներս այդ «դոյլ»ը լեցնել յարմար տեսնուած բարոյական սկզբունքներով եւ հաւատալիքներով, կամ ալ թոյլ տալ տունէն դուրս եղող գաղափարներու տեղատարափին, որ երեխային միտքն ու սիրտը լեցնէ։

Ի՞նչ է գաղտնիքը

Պատմութիւնը կը փաստէ թէ կրօնքը կրնայ մոլեռանդութիւն եւ ատելութիւն հրահրել։ Ուստի ծնողները ինչպէ՞ս կրնան խուսափիլ այն արդիւնքէն, որ Ճոնաթան Սուիֆթ նկարագրեց։ Ինչպէ՞ս կրնան իրենց երեխաներուն սորվեցնել հաւատալիքներ, որոնք կ’օգնեն ուրիշները սիրելու։

Գաղտնիքը կը կայանայ երեք հարցումներու պատասխանը գտնելու մէջ. 1) Երեխաները ի՞նչ պէտք է սորվին։ 2) Որո՞նք իրենց պէտք է սորվեցնեն։ 3) Ուսուցումի ո՞ր մեթոտները մեծապէս ազդեցիկ են։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 Այս ուսումնասիրութիւնը հիմնուած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող աւելի քան 21,000 երեխաներէ, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներէն եւ ուսուցիչներէն քաղուած տեղեկութիւններու վրայ։