Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Տղամարդոց օգնէ հոգեւորապէս յառաջդիմելու

Տղամարդոց օգնէ հոգեւորապէս յառաջդիմելու

Տղամարդոց օգնէ հոգեւորապէս յառաջդիմելու

«Ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս» (ՂՈՒԿ. 5։10

1, 2. ա) Տղամարդիկ ինչպէ՞ս ընդառաջեցին Յիսուսի քարոզչութեան։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

ԱՄԲՈՂՋ Գալիլիոյ մէջ քարոզչական շրջապտոյտ մը ընելու ընթացքին, Յիսուս իր աշակերտներով նաւ մտաւ՝ ամայի տեղ մը երթալու համար։ Բայց բազմութիւն մը հետիոտն իրենց ետեւէն գնաց։ Այս բազմութեան մէջ եղողները «հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն զատ» (Մատ. 14։21)։ Ուրիշ առիթով ալ բազմութիւն մը մօտեցաւ Յիսուսին, առողջանալու եւ իր խօսքերը լսելու համար։ Այդ բազմութեան մէջ եղողները «չորս հազար այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն զատ» (Մատ. 15։38)։ Ակնյայտ է որ բազմաթիւ տղամարդիկ Յիսուսին քով եկան եւ իր ուսուցումներով հետաքրքրուեցան։ Բայց Յիսուս ակնկալեց որ տակաւին շատեր պիտի ընդառաջեն, քանի որ հրաշալի ձկնորսութիւն մը պատճառելէ ետք, ան իր աշակերտին՝ Սիմոնին ըսաւ. «Ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս» (Ղուկ. 5։10)։ Իր աշակերտները իրենց ուռկանները մարդկութեան ծովին մէջ պիտի ձգէին, ակնկալելով որ իրենց ‘որսը’ բազմաթիւ տղամարդիկ պիտի պարփակէր։

2 Ներկայիս, տղամարդիկ նոյնպէս մեր քարոզած աստուածաշնչական պատգամով կը հետաքրքրուին ու կ’ընդառաջեն (Մատ. 5։3)։ Սակայն, անոնցմէ շատեր ետ կը կենան եւ հոգեւորապէս չեն յառաջդիմեր։ Ինչպէ՞ս կրնանք անոնց օգնել։ Թէեւ տղամարդոց քարոզելու ժամանակ Յիսուս տարբեր կերպ մը չգործածեց, սակայն վստահաբար քննարկեց հարցեր, որոնք իր ատենուան տղամարդիկը կը հետաքրքրէին։ Իր օրինակը գործածելով քննարկենք, թէ ինչպէ՛ս կրնանք տղամարդոց օգնել այժմու երեք սովորական հոգերու հետ գլուխ ելլելու. 1) ապրուստ ճարել, 2) ուրիշներու կարծիքէն վախնալ, եւ 3) անատակ զգալ։

Ապրուստ ճարել

3, 4. ա) Ի՞նչ բան տղամարդոցմէ շատերուն հոգը առած է։ բ) Տղամարդոցմէ ոմանք ապրուստ ճարելը ինչո՞ւ հոգեւոր հետապնդումներէ առաջ կը դասեն։

3 Դպիր մը Յիսուսին ըսաւ. «Վա՛րդապետ, ես քու ետեւէդ պիտի գամ ուր որ երթաս»։ Սակայն երբ Յիսուս իրեն ըսաւ որ «Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ», դպիրը տատամսեցաւ։ Իր յաջորդ ճաշին ուրկէ՛ գալը կամ իր ո՛ւր ապրիլը չգիտնալը, ըստ երեւոյթին դպիրին խելքին չպառկեցաւ, որովհետեւ տեղ մը չէ նշուած թէ ան Քրիստոսի հետեւորդը եղաւ (Մատ. 8։19, 20

4 Տղամարդիկ նիւթական ապահովութիւնը յաճախ հոգեւոր հետապնդումներէ առաջ կը դասեն։ Անոնցմէ շատերուն համար, բարձրագոյն ուսում ստանալն ու բարձր վճարումով գործ մը ապահովելը առաջնակարգ տեղը կը գրաւեն։ Ըստ անոնց մտածելակերպին, դրամ շահիլը աւելի հրատապ ու գործնական է, քան որեւէ օգուտ, որ կրնայ գալ Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելէն եւ Աստուծոյ հետ սերտ փոխյարաբերութիւն մը զարգացնելէն։ Աստուածաշունչի սորվեցուցածները իրենց հաճելի կրնան ըլլալ, բայց «աշխարհիս զբաղմունքներն ու հարստութեան խաբէութիւնները» կը խեղդեն որեւէ հետաքրքրութիւն, որ թերեւս ունենան (Մար. 4։18, 19)։ Նկատի առ թէ Յիսուս իր աշակերտներուն ինչպէ՛ս օգնեց՝ իրենց նախապատուութիւնները ճշդելու համար։

5, 6. Քարոզչութեան մասնակցելու եւ ապրուստ ճարելու առնչութեամբ, ի՞նչ բան օգնեց Անդրէասին, Պետրոսին, Յակոբոսին ու Յովհաննէսին որ իրենց նախապատուութիւնները ճշդեն։

5 Անդրէաս ու անոր եղբայրը՝ Սիմոն Պետրոս, ձկնորսներ էին։ Անոնք կ’աշխատէին Յովհաննէսին, անոր եղբօր՝ Յակոբոսին, եւ անոնց հօր՝ Զեբեդէոսին հետ։ Անոնց գործը ա՛յնքան լաւ էր որ իրենց ձեռքին տակ վարձկաններ ունէին (Մար. 1։16-20)։ Երբ Անդրէաս ու Յովհաննէս Յիսուսի մասին առաջին անգամ Յովհաննէս Մկրտիչէն լսեցին, համոզուեցան թէ գտան Մեսիան։ Անդրէաս իր եղբօր՝ Սիմոն Պետրոսին յայտնեց լուրը. Յովհաննէս ալ հաւանաբար իր եղբօր՝ Յակոբոսին յայտնեց զայն (Յովհ. 1։29, 35-41)։ Յաջորդ ամիսներուն, չորս տղամարդիկն ալ Յիսուսի հետ ժամանակ անցուցին, մինչ ան կը քարոզէր Գալիլիոյ, Հրէաստանի եւ Սամարիոյ մէջ։ Ետքը, չորս աշակերտները իրենց ձկնորսութեան վերադարձան։ Անոնք հոգեւոր հարցերով հետաքրքրուած էին, բայց ծառայութիւնը իրենց առաջին հետաքրքրութիւնը չէր։

6 Ժամանակ մը ետք, Յիսուս Պետրոսին ու Անդրէասին ըսաւ որ իր ետեւէն գան ու «մարդոց որսորդ» ըլլան։ Անոնք ինչպէ՞ս ընդառաջեցին։ «Շուտ մը ուռկանները թողուցին ու անոր ետեւէն գացին»։ Յակոբոսին ու Յովհաննէսին պարագան ալ նոյնն էր։ «Անոնք ալ շուտ մը նաւն ու հայրերնին թողուցին ու անոր ետեւէն գացին» (Մատ. 4։18-22)։ Ի՞նչ բան այս տղամարդոց օգնեց որ լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեն։ Արդեօք զգացականօրէն տարուելով վայրկեանական որոշո՞ւմ մը կայացուցին։ Ո՛չ։ Նախորդ ամիսներու ընթացքին, այս տղամարդիկը Յիսուսի խօսքերը լսեցին, անոր հրաշագործութիւնները տեսան, արդարութեան նկատմամբ անոր նախանձախնդրութիւնը նկատեցին եւ անոր քարոզչութեան գտած հիանալի ընդառաջումին ականատես եղան։ Որպէս արդիւնք, Եհովայի հանդէպ անոնց հաւատքն ու վստահութիւնը ա՛լ աւելի զօրացաւ։

7. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնել, որ իր ծառաներուն հոգ տանելու Եհովայի կարողութեան ապաւինիլ սորվին։

7 Ինչպէ՞ս կրնանք Յիսուսը ընդօրինակելով Աստուածաշունչի մեր աշակերտներուն օգնել, որ Եհովային ապաւինիլ սորվին (Առ. 3։5, 6)։ Մեր ուսուցանելու կերպը այս մարզին մէջ բաւական ազդեցութիւն ունի։ Սորվեցնելու ատեն կրնանք շեշտել այն կէտը, թէ Աստուած խոստացած է առատապէս օրհնել մեզ, եթէ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնենք (կարդա՛ Մաղաքիա 3։10. Մատթէոս 6։33Թէեւ կրնանք զանազան համարներ գործածել ընդգծելու թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ծառաներուն հոգ կը տանի, սակայն պէտք չէ մոռնանք որ մեր հանդիսացած օրինակը ազդեցութիւն ունի։ Անձնական փորձառութիւններ պատմելը կրնայ մեր աշակերտներուն մեծապէս օգնել Եհովայի հանդէպ վստահութիւն կերտելու։ Կրնանք անոնց նաեւ պատմել կարգ մը քաջալերական փորձառութիւններ, որոնք նշուած են մեր հրատարակութիւններուն մէջ։ *

8. ա) Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Աստուածաշունչի աշակերտ մը ‘ճաշակէ ու տեսնէ թէ Տէրը բարի է’։ բ) Մեր աշակերտին ինչպէ՞ս կրնանք օգնել, որ անձամբ Եհովայի բարութիւնը տեսնէ։

8 Զօրաւոր հաւատք կերտելը աւելին կը պահանջէ, քան՝ կարդալ ու լսել թէ ինչպէ՛ս ուրիշներ վայելած են Եհովայի օրհնութիւնը։ Աստուածաշունչի աշակերտը նաեւ պէտք է որ անձամբ Եհովայի բարութիւնը տեսնէ։ Սաղմոսերգուն գովերգեց. «Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։ Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ» (Սաղ. 34։8)։ Աշակերտին ինչպէ՞ս կրնանք օգնել որ տեսնէ թէ Եհովան բարի է։ Ենթադրենք թէ աշակերտ մը որ ֆինանսական գետնի վրայ մտահոգուած է, նաեւ կը փորձէ ձերբազատուիլ գէշ սովորութենէ մը, ինչպէս՝ ծխել, բախտախաղ խաղալ կամ չափազանց խմիչք գործածել (Առ. 23։20, 21. Բ. Կոր. 7։1. Ա. Տիմ. 6։10)։ Եթէ աշակերտին սորվեցնենք որ գէշ սովորութենէ մը ձերբազատուելու համար աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրէ, միթէ իրեն օգնած չե՞նք ըլլար որ Եհովայի բարութիւնը տեսնէ։ Նաեւ նկատի առ թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ աշակերտը քաջալերենք որ հոգեւոր բաները առաջնակարգ տեղը դնէ՝ Աստուածաշունչի շաբաթական ուսումնասիրութեան համար ժամանակ ստեղծելով եւ քրիստոնէական ժողովներու համար նախապատրաստուելով ու ներկայ գտնուելով։ Անկասկած, իր հաւատքը պիտի զօրանայ, մինչ անձամբ կը տեսնէ թէ Եհովան իր ջանքերը ինչպէ՛ս կ’օրհնէ։

Ուրիշներու կարծիքէն վախնալ

9, 10. ա) Նիկոդէմոս եւ արիմաթացի Յովսէփ Յիսուսի հանդէպ իրենց հետաքրքրութիւնը ինչո՞ւ գաղտուկ պահեցին։ բ) Ներկայիս, ինչո՞ւ կարգ մը տղամարդիկ կը վարանին Քրիստոսին հետեւելու։

9 Հասակակիցներու ճնշումին պատճառով, կարգ մը տղամարդիկ թերեւս վարանին Քրիստոսին լիովին հետեւելու։ Նիկոդէմոս եւ արիմաթացի Յովսէփ Յիսուսի հանդէպ իրենց հետաքրքրութիւնը գաղտուկ պահեցին, քանի որ վախցան թէ միւս հրեաները ի՛նչ պիտի ըսէին կամ ընէին, եթէ այս բանը գիտցուէր (Յովհ. 3։1, 2. 19։38)։ Այս վախը երեւակայական չէր։ Յիսուսի հանդէպ կրօնական առաջնորդներուն ատելութիւնը վերջ ի վերջոյ ա՛յնքան շատցաւ որ ոեւէ անձ որ դաւանէր թէ անոր կը հաւատար, ժողովարանէն դուրս կը ձգուէր (Յովհ. 9։22

10 Ներկայիս, կարգ մը շրջաններու մէջ, եթէ տղամարդ մը չափէ դուրս հետաքրքրուի Աստուծմով, Աստուածաշունչով կամ կրօնքով, թերեւս իր գործակիցները, բարեկամները կամ ազգականները զինք ծաղրեն կամ անհանգստացնեն։ Ուրիշ շրջաններու մէջ, կրօնափոխութեան մասին խօսիլն անգամ կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։ Հասակակիցներու ճնշումը կրնայ զօրաւոր ըլլալ յա՛տկապէս երբ տղամարդ մը աշխուժօրէն կը ծառայէ զինուորութեան մէջ, քաղաքական մարզին մէջ կամ տեղական համայնքին մէջ։ Օրինակի համար, Գերմանիոյ մէջ տղամարդ մը խոստովանեցաւ. «Ինչ որ դուք Վկաներդ Աստուածաշունչին մասին կը քարոզէք, շիտակ է։ Բայց, եթէ ես այսօր Վկայ մը դառնամ, վաղը ամէն մարդ արդէն գիտցած պիտի ըլլայ։ Իմ մասիս ի՞նչ կարծիք պիտի ունենան գործակիցներս, դրացիներս եւ այն ակումբի անդամները, որուն ես ու ընտանիքս կը պատկանինք։ Ես չեմ կրնար ասիկա շալկել»։

11. Յիսուս իր աշակերտներուն ինչպէ՞ս օգնեց մարդու վախը յաղթահարելու։

11 Թէեւ Յիսուսի առաքեալներէն ոչ մէկը վախկոտ էր, սակայն բոլորն ալ մարդու վախի դէմ մաքառեցան (Մար. 14։50, 66-72)։ Յիսուս անոնց ինչպէ՞ս օգնեց որ իրենց հասակակիցներու խիստ ճնշումին դիմաց յառաջդիմեն։ Ան քայլեր առաւ իր աշակերտները յետագայ հակառակութիւններու համար նախապատրաստելու։ Ան ըսաւ. «Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ձեզ ատեն ու երբ ձեզ իրենց ընկերութենէն մերժեն ու նախատեն եւ ձեր վրայով գէշ անուն հանեն Որդի մարդոյ պատճառով» (Ղուկ. 6։22)։ Ան իր հետեւորդները նախազգուշացուց որ պէտք է ակնկալեն նախատուիլ։ Որեւէ նախատինք «Որդի մարդոյ պատճառով» էր։ Յիսուս զանոնք նաեւ հաւաստիացուց թէ Աստուած իրենց կռնակ պիտի կենար այնքան ատեն որ Անոր ապաւինէին օգնութեան ու զօրութեան համար (Ղուկ. 12։4-12)։ Աւելին, Յիսուս նորեկները հրաւիրեց որ ազատօրէն իր աշակերտներուն հետ ընկերակցին ու բարեկամանան (Մար. 10։29, 30

12. Ի՞նչ կերպերով կրնանք նորեկներուն օգնել մարդու վախը յաղթահարելու։

12 Մենք ալ պէտք է օգնենք Աստուածաշունչի աշակերտներուն, որ մարդու վախը յաղթահարեն։ Մարտահրաւէր մը դիմագրաւելը յաճախ աւելի դիւրին կ’ըլլայ երբ նախատեսուի (Յովհ. 15։19)։ Օրինակ, ինչո՞ւ աշակերտին չօգնենք որ պարզ, տրամաբանական եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած պատասխաններ սորվի ա՛յն հարցումներուն եւ առարկութիւններուն, որոնք իր գործակիցները եւ ուրիշներ կրնան յառաջ բերել։ Իր բարեկամը ըլլալու կողքին, կրնանք զինք ծանօթացնել ժողովքի միւս անդամներուն, մա՛նաւանդ անոնց, որոնք թերեւս իր նոյն հետաքրքրութիւնները ունենան։ Ամէն բանէ աւելի, հարկ է որ իրեն սորվեցնենք կանոնաւորաբար ու սրտանց աղօթել։ Ասիկա կրնայ իրեն օգնել Աստուծոյ մօտենալու եւ Եհովան իր Ապաւէնն ու Վէմը դարձնելու (կարդա՛ Սաղմոս 94։21-23. Յակոբոս 4։8

Անատակ զգալ

13. Անատակ զգալը ինչպէ՞ս կրնայ ոմանք ետ պահել հոգեւոր հարցերուն միջամուխ ըլլալէ։

13 Որոշ տղամարդիկ ետ կը կենան հոգեւոր հարցերուն միջամուխ ըլլալէ, որովհետեւ սահուն չեն կարդար կամ դիւրութեամբ չեն կրնար արտայայտուիլ, կամ՝ պարզապէս ամչկոտ են։ Կարգ մը տղամարդիկ իրենց կարծիքներն ու զգացումները հանրապէս արտայայտելը դժուար կը գտնեն։ Ուսումնասիրելու, քրիստոնէական ժողովներուն մեկնաբանութիւններ տալու կամ իրենց հաւատքը ուրիշներուն հետ բաժնելու գաղափարը կրնայ իրենց անհանգստութիւն պատճառել։ Եղբայր մը կը խոստովանի. «Երբ երիտասարդ էի, հապճեպով դէպի դուռ մը կ’երթայի, կը ձեւացնէի որ դուռը զարկի եւ կամացուկ կը հեռանայի, յուսալով որ ոեւէ մէկը զիս չլսեց կամ չտեսաւ։ . . .Տունէ տուն երթալու գաղափարը զիս ուղղակիօրէն կ’անհանգստացնէր»։

14. Յիսուսի աշակերտները ինչո՞ւ չկրցան դիւահար տղայ մը բժշկել։

14 Նկատի առ այն ինքնավստահութեան պակասը, որ Յիսուսի աշակերտները ունեցած ըլլալու էին, երբ չկրցան դիւահար տղայ մը բժշկել։ Տղուն հայրը Յիսուսին մօտենալով ըսաւ. «Իմ որդիիս ողորմէ, որ կը լուսնոտի եւ չարաչար կը տանջուի, քանզի յաճախ կրակի մէջ կ’իյնայ ու յաճախ ջուրի մէջ։ Քու աշակերտներուդ բերի ու չկրցան զանիկա բժշկել»։ Յիսուս դեւը հանեց ու այսպէս տղան բժշկուեցաւ։ Ետքը, աշակերտները Յիսուսին մօտեցան ու հարցուցին. «Մենք ինչո՞ւ չկրցանք հանել»։ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր թերահաւատութեանը համար. քանզի ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, Եթէ մանանեխի հատի չափ հաւատք ունենաք, այս լերան ըսէք, ‘Ասկէ անդին փոխադրուէ’, պիտի փոխադրուի ու բան մը անհնարին պիտի չըլլայ ձեզի» (Մատ. 17։14-19)։ Լեռնանման խոչընդոտներ յաղթահարելու համար, Եհովայի հանդէպ հաւատք ունենալը անհրաժեշտ է։ Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ անհատ մը այս կէտը անտեսէ եւ սկսի կեդրոնանալ իր կարողութիւններուն վրայ։ Ձախողութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ որ ան իր ինքնավստահութիւնը կորսնցնէ։

15, 16. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչի աշակերտի մը օգնել անատակութեան զգացումները յաղթահարելու։

15 Անատակութեան զգացումներու դէմ մաքառող անհատի մը օգնելու լաւ կերպ մըն է՝ զինք քաջալերել որ իր անձին վրայ կեդրոնանալու տեղ, Եհովայի՛ վրայ կեդրոնանայ։ Պետրոս գրեց. «Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ։ Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք» (Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Ասիկա կը պահանջէ որ Աստուածաշունչի մեր աշակերտին օգնենք որ հոգեւորութիւն զարգացնէ։ Հոգեւոր անհատը հոգեւոր բաները մեծապէս կ’արժեւորէ։ Ան Աստուծոյ Խօսքը կը սիրէ եւ «Հոգիին պտուղը» իր կեանքին մէջ կը դրսեւորէ (Գաղ. 5։22, 23)։ Ան աղօթասէր է (Փլպ. 4։6, 7)։ Աւելին, ան Աստուծոյ կը դիմէ հարկ եղած քաջութիւնն ու զօրութիւնը ստանալու համար, որպէսզի դիմագրաւէ որեւէ կացութիւն կամ յաջողապէս կատարէ որեւէ նշանակում (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 1։7, 8

16 Կարգ մը աշակերտներ թերեւս նաեւ գործնական աջակցութեան պէտք ունենան, իրենց կարդալու, զրուցելու կամ խօսելու կարողութիւնները բարելաւելու համար։ Ուրիշներ թերեւս զգան թէ արժանի չեն Աստուծոյ ծառայել, քանի որ Եհովան ճանչնալէ առաջ գէշ գործեր ըրած են։ Երկու պարագաներուն ալ, կրնանք անոնց օգնել, սէր ու համբերատարութիւն ցուցաբերելով։ Յիսուս ըսաւ. «Առողջներուն բժիշկ պէտք չէ, հապա հիւանդներուն» (Մատ. 9։12

Աւելի՛ տղամարդիկ ‘որսալ’

17, 18. ա) Մեր ծառայութեան մէջ ինչպէ՞ս կրնանք աւելի՛ տղամարդոց վկայել։ բ) Մեր յաջորդ ուսումնասիրելիք նիւթը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

17 Մեր փափաքն է որ շատ աւելի տղամարդիկ ընդառաջեն այն խորապէս գոհացուցիչ պատգամին, որ միայն Աստուածաշունչը կ’ընդգրկէ (Բ. Տիմ. 3։16, 17)։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնանք մեր ծառայութեան մէջ աւելի տղամարդիկ գտնել։ Վկայելով այն պահերուն, երբ աւելի տղամարդիկ իրենց տուները կ’ըլլան,– երեկոները, շաբաթավերջերու յետմիջօրէին կամ տօներու ընթացքին։ Երբ կարելիութիւն ըլլայ, կրնանք խնդրել որ ընտանիքի գլուխը մեզի հետ խօսի։ Յարմար եղած ատեն, թող որ արու գործակիցներուն անպաշտօն կերպով քարոզենք ու ջանանք քոյրերու անհաւատ ամուսիններուն վկայել։

18 Մինչ մեր հանդիպած իւրաքանչիւր անհատի կը քարոզենք, կրնանք վստահ ըլլալ որ գնահատող սիրտ ունեցողները դրականօրէն պիտի ընդառաջեն։ Թող որ համբերատարութեամբ օգնենք բոլոր անոնց, որոնք անկեղծօրէն ճշմարտութեամբ կը հետաքրքրուին։ Սակայն, ինչպէ՞ս կրնանք ժողովքի մկրտուած տղամարդոց օգնել որ Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ պատասխանատուութիւններ շալկելու ձգտին եւ որակեալ ըլլան։ Յաջորդ յօդուածը այս հարցումին պիտի պատասխանէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 7 Տե՛ս Եհովայի վկաներու Տարեգիրք–երը, ինչպէս նաեւ՝ Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի մէջ հրատարակուած կենսագրութիւնները։

Ինչպէ՞ս պիտի պատասխանես

• Ինչպէ՞ս կրնանք տղամարդոց օգնել, որ հոգեւոր հետապնդումները առաջին տեղը դնեն։

• Ինչպէ՞ս կրնանք նորեկներուն օգնել, որ հասակակիցներու ճնշումին հետ գլուխ ելլեն։

• Ի՞նչ բան կրնայ ոմանց օգնել, որ անատակութեան զգացումները յաղթահարեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 25]

Պատեհութիւններ կը ստեղծե՞ս բարի լուրը տղամարդոց հասցնելու

[Նկար՝ էջ 26]

Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուածաշունչի աշակերտդ նախապատրաստել փորձութիւններ դիմագրաւելու