Ինչպիսի՞ հոգի կը ցուցաբերես
Ինչպիսի՞ հոգի կը ցուցաբերես
«Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր [«ցուցաբերած», ՆԱ] հոգիին հետ ըլլայ» (ՓԼՄ. 25)։
ԿՐՆԱ՞Ս ՊԱՏԱՍԽԱՆԵԼ
Ինչո՞ւ կ’ուզենք մեր ցուցաբերած կեցուածքին մասին մտածել։
Ինչպիսի՞ կեցուածքներէ պէտք է խուսափինք եւ ինչպէ՞ս։
Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի ժողովքին մէջ պատշաճ կեցուածք ցուցաբերենք։
1. Իր նամակներուն մէջ, Պօղոս ի՞նչ բան շատ անգամ ըսաւ ժողովքներուն։
ԱՌԱՋԻՆ դարու քրիստոնեաներուն յղած իր նամակներուն մէջ, Պօղոս առաքեալ շատ անգամ ըսաւ որ կը յուսար, թէ ժողովքներուն ցուցաբերած հոգին ընդունելի էր Աստուծոյ եւ Քրիստոսին կողմէ։ Օրինակի համար, ան գաղատացիներուն գրեց. «Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր [«ցուցաբերած», ՆԱ] հոգիին հետ ըլլայ։ Ամէն» (Գաղ. 6։18)։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց ‘ձեր ցուցաբերած հոգին’ արտայայտութեամբ։
2, 3. ա) Երբ Պօղոս «հոգի» բառը գործածեց, ան ատեններ ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ բ) Մեր կեցուածքին առնչութեամբ, ի՞նչ հարցումներ պէտք է մենք մեզի ուղղենք։
2 Հոս, Պօղոս գործածեց «հոգի» բառը ակնարկելու համար մեր կեցուածքին կամ մտածելակերպին։ Այդ հոգին մեզ կը մղէ որ որոշ կերպով ըսենք կամ ընենք բաներ։ Անհատ մը կրնայ ազնիւ, նկատառու, հեզ, առատաձեռն կամ ներող ըլլալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ լաւ է ‘հեզ ու հանդարտ հոգի’ ունենալ (Ա. Պետ. 3։4)։ Միւս կողմէ, ուրիշ անհատ մը կրնայ հեգնական հոգի ունենալ կամ նիւթապաշտ ըլլալ. թերեւս ան դիւրաւ կ’ընդվզի կամ ինքնագլուխ է։ Տակաւին, ուրիշներ ունին այնպիսի կեցուածք մը, որ զիրենք կը մղէ անբարոյ գաղափարներ մտածելու կամ Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալու։
3 Ուրեմն, երբ Պօղոս գործածեց «Տէր Յիսուս Քրիստոս քու [«ցուցաբերած», ՆԱ] հոգիիդ հետ ըլլայ» նախադասութեան նման արտայայտութիւններ, ան կը քաջալերէր իր եղբայրները որ Քրիստոսը ընդօրինակեն եւ աստուածահաճոյ կեցուածք ունենան (Բ. Տիմ. 4։22. կարդա՛ Կողոսացիս 3։9-12)։ Հիմա, լաւ է որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Ինչպիսի՞ կեցուածք կը ցուցաբերեմ։ Ինչպէ՞ս կրնամ իմ կեցուածքս բարելաւել, այնպէս որ Աստուած հաճեցնէ։ Ինչպէ՞ս կրնամ ժողովքի անդամները քաջալերել, որ աստուածահաճոյ կեցուածք ունենան’։ Օրինակի համար, արեւածաղիկներու դաշտի մը մէջ, իւրաքանչիւր արեւածաղիկի փայլուն գոյնը կը նպաստէ ամբողջ դաշտին գեղեցկութեան։ Արդեօք այդ ծաղիկներուն նման կ’օգնե՞նք որ ժողովքը աւելի գեղեցիկ դառնայ։ Վստահաբար ասիկա ջանքի կը կարօտի։ Այժմ տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք աստուածահաճոյ կեցուածք ցուցաբերել։
«ԱՇԽԱՐՀԻ ՀՈԳԻ»ԷՆ ԽՈՒՍԱՓԷ՛
4. «Աշխարհի հոգին» ի՞նչ է։
4 Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն Հոգին որ Աստուծմէն է» (Ա. Կոր. 2։12)։ «Աշխարհի հոգին» ի՞նչ է։ Ատիկա նոյն հոգին է, որ Եփեսացիս 2։2–ի մէջ նշուած է. «Անոնց մէջ ժամանակին կը քալէիք այս աշխարհին բռնած ճամբովը, այս օդին իշխանութեանը իշխանին ուզածին պէս, այն ոգիին՝ որ հիմա ապստամբութեան որդիներուն ներսիդին կը ներգործէ»։ Հոս նշուած «օդ»ը կամ «աշխարհի հոգին», աշխարհի պատկանող մարդոց մտածելակերպն է։ Բառացի օդին նման, ատիկա մեզ կը շրջապատէ։ Օրինակի համար, ներկայիս բազմաթիւ մարդիկ ունին սա կեցուածքը. ‘Ո՛չ ոք թող ինծի ըսէ ի՛նչ ընեմ’, կամ ‘Իրաւունքներուդ համար պայքարէ՛’։ Անոնք Սատանայի աշխարհին «ապստամբութեան որդիներ»ն են։
5. Իսրայէլի մէջ ոմանք ի՞նչ գէշ վերաբերմունք ցուցաբերեցին։
5 Մարդիկ վաղուց այսպիսի կեցուածքներ ունեցած են։ Մովսէսի օրերուն, Կորխ իսրայէլի մէջ հեղինակութիւն ունեցողներուն դէմ ըմբոստացաւ։ Ան մասնաւորաբար Ահարոնին ու անոր որդիներուն դէմ խօսեցաւ, որոնք որպէս քահանաներ կը ծառայէին։ Հաւանաբար Կորխ անոնց անկատարութիւնները նշմարեց։ Կամ կրնայ ըլլալ որ ան խորհեցաւ թէ Մովսէս անոնց մասնայատուկ պատասխանատուութիւններ տուած էր, պարզ այն պատճառով որ անոնք իր ազգականներն էին։ Ինչ որ ալ ըլլայ անոր մտածածը, բացայայտ է որ Կորխ դադրեցաւ Եհովային մտածելակերպը ունենալէ։ Կորխ Եհովայի ընտրած տղամարդիկը անարգե՛ց, երբ ըսաւ. «Ալ հերի՛ք է. . . ինչո՞ւ Տէրոջը ժողովուրդին վրայ դուք ձեզ կը բարձրացնէք» (Թուոց 16։3)։ Համանման կերպով, Դաթան եւ Աբիրոն Մովսէսին դէմ գանգատեցան, ըսելով որ ան կը ջանար իրենց վրայ իշխել։ Երբ Մովսէս ուզեց անոնց հետ ժողվուիլ, անոնք պատասխանեցին. «Մենք չենք գար» (Թուոց 16։12-14)։ Յստակ է որ Եհովան անոնց ըմբոստ կեցուածքէն գոհ չէր, ուստի բոլոր ըմբոստները մահուան մատնեց (Թուոց 16։28-35)։
6. ա) Առաջին դարուն, կարգ մը տղամարդիկ ինչպէ՞ս սխալ կեցուածք ցուցաբերեցին։ բ) Հաւանաբար անոնք ի՞նչ խորհեցան։
6 Առաջին դարուն, կարգ մը տղամարդիկ եւս ‘տէրութիւնը անարգեցին’։ Անոնք ժողովքին մէջ հեղինակութիւն ունեցող անհատները անարգեցին՝ անոնց դէմ խօսելով (Յուդա 8)։ Այս անհատները թերեւս խորհեցան թէ արժանի էին աւելի՛ պատասխանատուութիւններ ունենալու։ Ասկէ զատ, անոնք ջանացին ուրիշներուն ազդել, որ անարգեն աստուածատուր հեղինակութիւն ունեցողները, որոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընէին ժողովքին ծառայելու համար (կարդա՛ Գ. Յովհաննէս 9, 10)։
7. Պէտք է զգոյշ ըլլանք որ ի՞նչ կեցուածք չունենանք։
7 Այսպիսի կեցուածք մը ժողովքին մէջ պէտք չէ գոյութիւն ունենայ, անոր համար պէտք է բոլորս զգոյշ ըլլանք որ չսկսինք այդ կերպով մտածել։ Երէցները կատարեալ մարդիկ չեն, ճիշդ ինչպէս որ Մովսէսին եւ Յովհաննէս առաքեալին օրերուն կատարեալ չէին։ Կրնայ ըլլալ որ երէցները ընեն սխալներ, որոնք մեզի անձնապէս ազդեն։ Եթէ այսպիսի բան մը մեզի պատահի, պէտք չէ Սատանայի աշխարհին պատկանող մարդոց կեցուածքը ունենանք, ըսելով. «Ո՞ւր է արդարութիւնը», կամ «Այս եղբայրը բնա՛ւ յարմար չէ երէց ըլլալու»։ Պէտք է յիշենք որ Եհովան ատեններ երէցներուն կարգ մը թերութիւնները կ’անտեսէ։ Արդեօք նոյնը կրնա՞նք ընել։ Ոմանք՝ որոնք լուրջ մեղքեր գործած են, իրենց օգնելու համար նշանակուած երէցներուն որոշ մէկ յատկութիւնը չհաւնելով՝
կը մերժեն անոնց հետ ժողվուիլ։ Անոնք կը նմանին այն հիւանդին, որ կը մերժէ իր հիւանդութեան դարմանումը ստանալ, քանի որ բժիշկին անձնաւորութեան մէկ գիծը չի հաւնիր։8. Ո՞ր համարները մեզի կ’օգնեն, որ ժողովքի երէցներուն հանդէպ պատշաճ կեցուածք ունենանք։
8 Մենք կրնա՛նք այս տեսակի կեցուածք չունենալ, եթէ յիշենք որ Յիսուս ‘իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղ ունի’։ Այդ «աստղ»երը կ’ակնարկեն օծեալ երէցներուն եւ ընդարձակ առումով՝ ժողովքներու երէցներուն։ Յիսուս իր ուզածին պէս կրնայ այդ աստղերը ուղղել (Յայտ. 1։16, 20)։ Ուրեմն, երէցներուն մարմինները Յիսուսին՝ ժողովքին Գլուխին՝ հակակշռին տակ են։ Երբ երէց մը սրբագրութեան պէտք ունենայ, Յիսուս՝ որ ‘կրակի բոցի պէս աչքեր ունի’ եւ ամէն բան կը տեսնէ, յարմար ժամանակին եւ պատշաճ կերպով պիտի միջամտէ (Յայտ. 1։14)։ Բայց մինչեւ որ Յիսուս գործի անցնի, մենք պէտք է յարգենք երէցները, որոնք անոր «աջ ձեռքին» մէջ են։ Պօղոս գրեց. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ» (Եբ. 13։17)։
9. ա) Քրիստոնեայ մը ի՞նչ կեցուածք թերեւս ցուցաբերէ եթէ սրբագրուի։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք լաւագոյն կերպով սրբագրութեան ընդառաջել։
9 Երբ երէցները սրբագրեն անհատ մը կամ անոր ձեռքէն առնեն որոշ պատասխանատուութիւններ, անոր կեցուածքը կրնայ փորձի ենթարկուիլ։ Երէցներ ազնուօրէն խրատ տուին երիտասարդի մը, որ տեսաերիզի վայրագ խաղերով կը զբաղէր։ Ցաւօք սրտի ան խրատը չընդունեց Սաղ. 11։5. Ա. Տիմ. 3։8-10)։ Անկէ ետք, եղբայրը սկսաւ ուրիշներուն ըսել, թէ երէցներուն որոշումին համամիտ չէր. եւ նոյնիսկ մասնաճիւղին բազմաթիւ նամակներ գրեց եւ երէցներուն մասին վատ բաներ խօսեցաւ։ Առաւել, ան ժողովքի միւս անդամները մղեց մասնաճիւղին նամակներ գրելու։ Իրականութիւնը այն է, թէ երբ մեր սխալ արարքներուն համար չքմեղանքներ կ’ընենք, ժողովքին խաղաղութի՛ւնը կը վտանգենք, ինչ որ ո՛չ ոքի կ’օգնէ։ Անոր համար, երբ կը սրբագրուինք, որքա՜ն աւելի լաւ է որ այդ մէկը պատեհութիւն նկատենք սորվելու թէ ի՛նչ են մեր տկարութիւնները, եւ ապա լուռումունջ սրբագրութիւնը ընդունինք (կարդա՛ Ողբք 3։28, 29)։
եւ քանի որ օգնական ծառայի աստուածաշնչական որակումները ա՛լ չունէր, այդ առանձնաշնորհումը ձեռքէն առնուեցաւ (10. ա) Յակոբոս 3։16-18–ը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ ճիշդ կեցուածքին եւ սխալ կեցուածքին մասին։ բ) Աստուածատուր իմաստութեան համաձայն գործելուն արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։
10 Յակոբոս 3։16-18–ը լաւ կերպով ցոյց կու տայ, թէ քրիստոնեայ մը ժողովքէն ներս ինչպիսի՛ կեցուածք պէտք է ունենայ, եւ ինչպիսի՛ կեցուածքէ պէտք է խուսափի։ Համարը կ’ըսէ. «Ուր նախանձ ու կռիւ կայ, հոն են անկարգութիւնը եւ ամէն չար բաները։ Բայց վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն, անկողմնակալ ու անկեղծ։ Արդարութեան պտուղը խաղաղութիւնով կը սերմանուի անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ’ընեն»։ Եթէ աստուածատուր իմաստութեան համաձայն գործենք, Աստուծոյ յատկութիւնները պիտի ընդօրինակենք։ Այսպէս, իրար պիտի քաջալերենք որ պատշաճ կեցուածք ցուցաբերենք եւ ժողովքին խաղաղութեան նպաստենք։
ԺՈՂՈՎՔԷՆ ՆԵՐՍ ՅԱՐԳԱԼԻՑ ՀՈԳԻ ՑՈՒՑԱԲԵՐԷ՛
11. ա) Եթէ ճիշդ կեցուածքը ունինք, ի՞նչ պիտի չընենք։ բ) Դաւիթի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
11 Պէտք է յիշենք որ Եհովա՛ն կ’ուզէ որ երէցները ‘Աստուծոյ եկեղեցին հովուեն’ (Գործք 20։28. Ա. Պետ. 5։2)։ Եւ, պէտք է յարգենք Աստուծոյ կարգադրութիւնը, ըլլա՛նք երէցներ կամ ոչ։ Եթէ ճիշդ կեցուածքը ունինք, հեղինակութիւն կամ պատասխանատուութիւն ունենալուն շատ կարեւորութիւն պիտի չտանք։ Երբ Սաւուղ սկսաւ մտածել որ Դաւիթ կրնայ իրեն տեղ թագաւոր ըլլալ, շարունակ անոր «ծուռ աչքով կը նայէր» (Ա. Թագ. 18։9)։ Թագաւորը սխալ կեցուածք ունէր եւ նոյնիսկ ուզեց Դաւիթը սպաննել։ Սաւուղի նման հեղինակութեան նկատմամբ չափազանց մտահոգուելու փոխարէն, որքա՜ն աւելի լաւ է որ Դաւիթի նման ըլլանք։ Թէեւ Դաւիթ շատ անարդարութիւններ դիմագրաւեց, բայց ան Աստուծոյ կողմէ հեղինակութիւն ունեցողները միշտ յարգեց (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 26։23)։
12. Ի՞նչ կրնանք ընել ժողովքին միաբանութիւնը պահպանելու համար։
12 Քանի որ բոլորս տարբեր տեսակէտներ ունինք, ատեններ կրնանք զիրար ջղագրգռել։ Ասիկա կրնայ նոյնիսկ երէցներուն միջեւ պատահիլ։ Աստուածաշունչը կը խրատէ՝ ցոյց տալով թէ ի՛նչ կեցուածք պէտք է ունենանք. «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք», եւ «Ինքզինքնիդ իմաստունի տեղ մի՛ դնէք» (Հռով. 12։10, 16)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ փոխանակ պնդելու որ մենք ճիշդ ենք, պէտք է ընդունինք որ յաճախ մէկէ աւելի ճիշդ մտածելակերպեր գոյութիւն ունին։ Եթէ մեր լաւագոյն ջանքը թափենք ուրիշներուն մտածելակերպը հասկնալու, ժողովքին միաբանութիւնը կը պահպանենք (Փլպ. 4։5)։
13. Կարծիք մը տալէ ետք, ի՞նչ պէտք է ընենք, ինչպէս որ Աստուածաշունչի մէկ օրինակը ցոյց կու տայ։
13 Սա կը նշանակէ՞ թէ սխալ է կարծիք տալ բանի մը շուրջ, որ կը խորհինք ժողովքէն ներս պէտք է սրբագրուի։ Ո՛չ։ Առաջին դարուն, կար հարց մը, որուն շուրջ բազմաթիւ քրիստոնեաներ չհամաձայնեցան։ Եղբայրները «վճռեցին որ Պօղոսն ու Բառնաբասը եւ մէկ քանիներ ալ անոնցմէ՝ Երուսաղէմ երթան առաքեալներուն ու երէցներուն՝ այս խնդրին համար» Գործք 15։2)։ Վստահաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրը որոշ կարծիք ունէր թէ առնելիք լաւագոյն քայլը ի՛նչ էր։ Բայց իւրաքանչիւրը իր կարծիքը տալէ եւ սուրբ հոգիին օգնութեամբ որոշումի հասնելէ ետք, ա՛լ եղբայրները չշարունակեցին իրենց անձնական կարծիքներուն մասին խօսիլ։ Ժողովքները նամակով որոշումը ստանալէ ետք, «ուրախացան տրուած մխիթարութեան համար» եւ ‘հաւատքի մէջ հաստատուեցան’ (Գործք 15։31. 16։4, 5)։ Ներկայիս եւս երբ երէցներուն հետ խօսինք մեզ մտահոգող հարցի մը շուրջ, պէտք է վստահ ըլլանք որ անոնք լրջօրէն պիտի մտածեն մեր ըսածին շուրջ եւ որոշեն եթէ հարկ կայ բան մը ընելու։
(ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒԴ ՄԷՋ ՊԱՏՇԱՃ ԿԵՑՈՒԱԾՔ ՑՈՒՑԱԲԵՐԷ՛
14. Ուրիշներու հետ մեր փոխյարաբերութեանց մէջ, պատշաճ կեցուածք ցուցաբերելու մէկ կերպը ի՞նչ է։
14 Ուրիշներու հետ մեր փոխյարաբերութեանց մէջ, պատշաճ կեցուածք ցուցաբերելու բազմաթիւ պատեհութիւններ կ’ըլլան։ Իւրաքանչիւրս շատ լաւ կ’ընենք, եթէ արագ ըլլանք ուրիշներուն ներելու մէջ, երբ մեզ ընդվզեցնեն։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ. «Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս [«Եհովան», ՆԱ] ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք» (Կող. 3։13)։ «Եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ատեններ ուրիշներուն պատճառաւ զայրանալու լաւ պատճառներ կրնանք ունենալ։ Պէտք չէ թոյլ տանք որ անհատի մը բնաւորութեան որոշ գծերը մեզ զայրացնեն, քանի որ ասիկա ժողովքին խաղաղութիւնը կը վտանգէ։ Փոխարէն, պէտք է ջանանք Եհովան ընդօրինակել՝ փափաքելով մեր եղբայրներուն ներել եւ շարունակելով անոնց հետ ծառայել։
15. ա) Յոբին օրինակէն ներելու մասին ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ բ) Աղօթքը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ պատշաճ կեցուածք ցուցաբերելու։
15 Յոբին օրինակէն կրնանք ներելու մասին սորվիլ։ Երեք տղամարդիկ զինք մխիթարելու փոխարէն անազնիւ խօսքեր ըսին իրեն։ Ասով հանդերձ, Յոբ անոնց ներեց։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ ասիկա ընէ։ Ան ‘իր բարեկամներուն համար աղօթեց’ (Յոբ 16։2. 42։10)։ Երբ ուրիշներուն համար կ’աղօթենք, թերեւս սկսինք անոնց հանդէպ տարբեր զգալ։ Եւ երբ մեր բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար կ’աղօթենք, դիւրին կ’ըլլայ շօշափել թէ Յիսուս անոնց հանդէպ ինչպէ՛ս կը զգայ (Յովհ. 13։34, 35)։ Պէտք է նաեւ աղօթքով Աստուծմէ սուրբ հոգին խնդրենք (Ղուկ. 11։13)։ Աստուծոյ հոգին մեզի պիտի օգնէ, որ մեր անձնական փոխյարաբերութիւններուն մէջ քրիստոնէական յատկութիւններ ցուցաբերենք (կարդա՛ Գաղատացիս 5։22, 23)։
ՊԱՏՇԱՃ ԿԵՑՈՒԱԾՔԴ ԱՄԲՈՂՋ ԺՈՂՈՎՔԻՆ Կ’ՕԳՏԷ
16, 17. Ինչպիսի՞ կեցուածք կ’ուզես ցուցաբերել։
16 Երբ իւրաքանչիւրս ծանր աշխատինք որ պատշաճ կեցուածք պահպանենք, ամբողջ ժողովքը կ’օգտուի։ Թերեւս այս յօդուածը քեզի օգնեց որոշելու, որ կրնաս կեցուածքդ բարելաւել եւ աւելի՛ քաջալերական դառնալ։ Այս պարագային, թոյլ տուր Աստուծոյ Խօսքին որ քեզի ցոյց տայ ինչպէ՛ս փոփոխութիւններ մտցնել (Եբ. 4։12)։ Պօղոս, որ ուզեց ժողովքներուն համար լաւ օրինակ հանդիսանալ, ըսաւ. «Ես իմ անձիս վրայով բան մը չեմ գիտեր. բայց ոչ թէ ասով կ’արդարանամ. հապա զիս դատողը Տէրն է» (Ա. Կոր. 4։4)։
17 Բոլորս կրնանք զիրար քաջալերել, որ ժողովքէն ներս պատշաճ կեցուածք պահպանենք։ Ասիկա կրնանք ընել Աստուծոյ յատկութիւնները ընդօրինակելով, մեր անձնական կարծիքներուն վրայ չպնդելով կամ չմտածելով որ արժանի ենք աւելի՛ պատասխանատուութիւններ ունենալու։ Եթէ արագ ենք ուրիշներուն ներելու եւ անոնց մասին դրականօրէն մտածելու, իրարու հետ խաղաղութեան մէջ պիտի մնանք (Փլպ. 4։8)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ երբ այս բաները ընենք, մեր ցուցաբերած հոգին թէ՛ Եհովան եւ թէ Յիսուսը պիտի հաճեցնէ (Փլմ. 25)։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 20]
Յիսուսին դերին վրայ խոկալը ինչպէ՞ս կ’ազդէ այն կերպին, որով տրուած խրատին կ’ընդառաջես