ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ | ԱԲԷԼ
«Թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի»
ԱԲԷԼ բլրակողմը խաղաղութեամբ արածող իր ոչխարներուն հօտը կը դիտէ։ Ետքը, հաւանաբար իր ոչխարներէն անդին նայելով, հեռուն լոյսի նշոյլ մը կը տեսնէ։ Ան գիտէ թէ հոն բոցեղէն սուր մը շարունակ կը դառնայ, Եդեմի պարտէզին ճամբան գոցելով։ Իր ծնողները ատեն մը հոն կ’ապրէին, բայց հիմա՝ թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց զաւակներուն համար մուտքը արգիլուած է։ Պահ մը երեւակայէ, թէ Աբէլ իրիկուան զով ատենին, իր աչքերը երկինք կը սեւեռէ եւ Ստեղծիչին մասին կը խոկայ։ Արդեօք օր մը պիտի գա՞յ որ մարդոց եւ Աստուծոյ միջեւ եղած խրամատը վերցուի։ Աբէլ ճիշդ այս մէկը կը ցանկար։
Աբէլ այսօր քեզի կը խօսի։ Բայց ինչպէ՞ս։ Թերեւս ըսես թէ ասիկա անկարելի է։ Ի վերջոյ, Ադամի այս երկրորդ որդւոյն մահէն գրեթէ 60 դար անցած է, եւ անոր մարմինը շատո՜նց հողի վերածուած է։ Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ. «Մեռելները բան մը չեն գիտեր» (Ժողովող 9։5, 10)։ Ասկէ զատ, Աբէլի խօսքերէն բա՛ռ մը իսկ չէ մէջբերուած Աստուածաշունչին մէջ։ Ուստի ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ ան մեզի կը խօսի։
Պօղոս առաքեալ ներշնչուեցաւ Աբէլի մասին ըսելու. «Անով, թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի» (Եբրայեցիս 11։4)։ Աբէլ ինչո՞վ կը խօսի։ Հաւատքո՛վ։ Աբէլ առաջին մարդն էր որ այս հիանալի յատկութիւնը մշակեց։ Ան իր հաւատքը ա՛յնքան զօրաւոր կերպով ցոյց տուաւ, որ մեզի համար ընտիր օրինակ թողուց։ Եթէ Աբէլին հաւատքէն սորվինք եւ ջանանք զայն ընդօրինակել, իր արձանագրութիւնը ազդու եւ իսկական կերպով խօսած կ’ըլլայ մեզի։
Սակայն ինչպէ՞ս կրնանք Աբէլէն եւ իր հաւատքէն սորվիլ, եթէ անոր մասին շատ արձանագրութիւն չկայ Աստուածաշունչին մէջ։ Տեսնենք։
ՆՈՐԱԿԱԶՄ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԸ ՄԷՋ ՄԵԾՑԱՒ
Աբէլ մարդկային պատմութեան արշալոյսին ծնաւ։ Յետագային, Յիսուս Աբէլը «աշխարհի սկիզբ»ին առնչեց (Ղուկաս 11։50, 51)։ Ան բացայայտօրէն կ’ակնարկէր այն մարդոց, որոնք յոյս ունին մեղքէն փրկուելու։ Այնպէս կը թուի թէ աշխարհի չորրորդ մարդն ըլլալով հանդերձ, Աբէլ Աստուծոյ աչքին առաջին անձն էր, որուն մեղքերը կրնային ներուիլ *։ Յստակ է որ Աբէլ լաւ շրջանակի մը մէջ չմեծցաւ։
Թէեւ աշխարհը նոր կազմուած էր, բայց մարդկային ընտանիքին վրայ տխուր վիճակ մը կը տիրէր։ Ճիշդ է որ Աբէլի ծնողները՝ Ադամն ու Եւան, գեղեցիկ եւ եռանդուն ըլլալու էին, բայց իրենց կեանքին մէջ մեծ սխալ գործած էին, եւ ասոր գիտակից էին։ Ատեն մը, անոնք կատարեալ էին եւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունէին։ Բայց ետքը, անոնք Եհովա Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան եւ Եդեմի պարտէզէն՝ իրենց դրախտային բնակավայրէն, վռնտուեցան։ Իրենց ցանկութիւնները ամէն բանէ, մինչեւ իսկ իրենց սերունդին կարիքներէն առա՛ջ դասելով, անոնք կատարելութիւնը եւ յաւերժական կեանքը կորսնցուցին (Ծննդոց 2։15–3։24)։
Պարտէզէն աքսորուած ըլլալով, Ադամն ու Ծննդոց 3։15. 4։1)։ Արդեօք Եւան մտածե՞ց, թէ ի՛նքն էր այդ կինը եւ թէ Կայէնն էր խոստացեալ «սերունդ»ը։
Եւան կեանքը դժուար գտան։ Բայց երբ իրենց առաջին զաւակը ծնաւ, զայն Կայէն կամ «յառաջ եկած» կոչեցին եւ Եւան բացագանչեց. «Մարդ ստացայ Տէրոջմէն»։ Իր այս խօսքերէն կրնանք հասկնալ, թէ ան թերեւս ի մտի ունէր այն խոստումը որ Եհովան տուաւ պարտէզին մէջ նախագուշակելով, թէ որոշ կին մը յառաջ պիտի բերէր «սերունդ» մը, որը պիտի կործանէր այն չարը, որ մոլորեցուցած էր Ադամն ու Եւան (Եթէ այո՛, ուրեմն ցաւալիօրէն կը սխալէր։ Աւելին, եթէ Եւան եւ իր այրը Կայէնին մտքին մէջ այսպիսի գաղափարներ զարգացուցին, վստահաբար իրենց անդրանիկին անկատար մարդկային հպարտութիւնը գրգռեցին։ Ժամանակի ընթացքին, Եւան իր երկրորդ որդին ծնաւ, բայց այդ որդւոյն մասին այսպիսի մեծամիտ խօսքեր չենք գտներ։ Անոնք զինք Աբէլ կոչեցին, որ կրնայ նշանակել «արտաշնչում» կամ «ունայնութիւն» (Ծննդոց 4։2)։ Անուան այդ ընտրութիւնը ցոյց տուա՞ւ թէ անոնք Աբէլէն շատ բան չէին ակնկալեր, կարծես թէ յոյսերնին աւելի Կայէնին վրայ դրած էին։ Միայն կրնանք ենթադրել։
Ամէն պարագայի, ծնողները կրնան շատ բան սորվիլ այդ առաջին ծնողքէն։ Ձեր զաւակներուն մէջ, ձեր խօսքերով եւ արարքներով՝ հպարտութիւն, փառասիրութիւն եւ անձնասէր հակումներ պիտի զարգացնէ՞ք, թէ ոչ պիտի սորվեցնէք որ Եհովա Աստուածը սիրեն եւ ջանան անոր բարեկամները դառնալ։ Ցաւօք սրտի, առաջին ծնողները իրենց պատասխանատուութեան մէջ թերացան. բայց իրենց սերունդին համար դեռ յոյս կար։
ԱԲԷԼ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԱՒԱՏՔ ՄՇԱԿԵՑ
Մինչ երկու որդիները կը մեծնային, Ադամ հաւանաբար անոնց աշխատիլ սորվեցուց, որը անհրաժեշտ էր ընտանիքին հոգ տանելու համար։ Կայէն հողագործութիւն ընտրեց. իսկ Աբէլ՝ հովուութիւն։
Բայց Աբէլ շա՜տ աւելի կարեւոր բան մը ըրաւ։ Տարիներու ընթացքին, ան հաւա՛տք մշակեց. այն գեղեցիկ յատկութիւնը որուն մասին Պօղոս յետագային գրեց։ Պահ մը մտածէ։ Օրինակելի մարդ մը չկար որ Աբէլ անկէ սորվէր։ Ուստի ինչպէ՞ս կրցաւ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատք մշակել։ Նկատի առ երեք ստոյգ կէտեր, որոնց վրայ հաւանաբար իր հաւատքը հիմնուեցաւ։
Եհովայի ստեղծագործութիւնը։
Ճիշդ է որ Եհովան երկիրը անիծած էր, պատճառելով որ փուշ ու տատասկ բուսցնէ, որոնք արգելք եղան հողագործութեան. բայց երկրագունդը տակաւին առատօրէն ուտելիք տուաւ, որը Աբէլի ընտանիքը ողջ պահեց։ Իսկ անասուններուն՝ մէջը ըլլալով թռչուններուն ու ձուկերուն՝ վրայ անէծք չկար, ոչ ալ՝ լեռներուն, լիճերուն, գետերուն ու ծովերուն վրայ, ոչ ալ երկնքին, ամպերուն, արեւուն, լուսնին եւ աստղերուն վրայ։ Աբէլ ո՛ւր որ նայէր, բոլոր բաները Ստեղծողին՝ Եհովա Աստուծոյ գերազանց սիրոյն, իմաստութեան եւ բարութեան ապացոյցը կը տեսնէր (Հռովմայեցիս 1։20)։ Երախտապարտօրէն այդպիսի բաներու վրայ խոկալը՝ իր հաւատքը զօրացուց։
Վստահաբար, Աբէլ ժամանակ տրամադրեց հոգեւոր բաներու վրայ խոկալու համար։ Պատկերացուր թէ ան իր հօտը կ’արածէ։ Հովուութիւն
ընելը շատ քալել կը պահանջէր։ Ան ոչխարները՝ նուրբ արարածները, առաջնորդեց բլուրներու վրայ, ձորերու եւ գետերու մէջէն,– փնտռելով ամէնէն կանանչ խոտը, ջուրի լաւագոյն ակերը եւ ամէնէն ապահով հանգստավայրերը։ Աստուծոյ բոլոր արարածներուն մէջ, ոչխարները ամէնէն անօգնականը կը թուէին, կարծես թէ ծրագրուած ըլլային կարիքը ունենալու մարդուն առաջնորդութեան եւ պաշտպանութեան։ Արդեօք Աբէլ տեսա՞ւ թէ ի՛նքն ալ պէտք ունէր առաջնորդուելու, պաշտպանուելու եւ հոգատարութիւն ստանալու Անձի մը կողմէ, որը շա՜տ աւելի իմաստուն եւ զօրեղ է քան ոեւէ մարդ արարած։ Անկասկած, ան այսպիսի մտքեր աղօթքով արտայայտեց, եւ առ ի արդիւնք, իր հաւատքը հետզհետէ աւելցաւ։Աբէլ սիրառատ Արարիչի մը հաւատալու անխախտ հիմ մը գտաւ ստեղծագործութեան մէջ
Եհովայի խոստումները։
Ադամն ու Եւան իրենց որդիներուն պատմած ըլլալու էին Եդեմի պարտէզին մէջ եղած դէպքերը, որոնց պատճառով վտարուեցան այդտեղէն։ Ուստի Աբէլ խոկալու շատ բան ունէր։
Եհովան ըսաւ որ երկիրը պիտի անիծուէր։ Աբէլ յստակօրէն կրնար տեսնել փուշերն ու տատասկները, որոնցմով այդ խօսքերը կատարուեցան։ Եհովան նաեւ նախագուշակեց, թէ Եւան յղութեան եւ ծննդաբերութեան ժամանակ ցաւ պիտի քաշէր։ Մինչ իր քոյրերն ու եղբայրները ծնան՝ Աբէլ, անկասկած, հասկցաւ թէ այդ խօսքերն ալ ճիշդ ելան։ Եհովա նախագուշակեց, թէ Եւան անհաւասարակշռուած կերպով կարիքը պիտի զգար իր ամուսինին սիրոյն եւ ուշադրութեան, եւ թէ Ադամ իր կարգին պիտի տիրէր անոր վրայ։ Աբէլ իր աչքովը տեսաւ այս տխուր իրողութիւնը։ Ամէն պարագայի, Աբէլ տեսաւ թէ Եհովայի խօսքը լիովին վստահելի է։ Այսպիսով, ան վաւերական պատճառներ ունէր հաւատք ընծայելու Աստուծոյ այն խոստումին վրայ, որ «սերունդ» մը, օրին մէկը, պիտի շտկէր ամէն սխալ որ ծագում առաւ Եդեմի մէջ (Ծննդոց 3։15-19)։
Եհովայի ծառաները։
Աբէլ մարդոց մէջ որեւէ լաւ օրինակ չկրցաւ գտնել. բայց այդ ատեն, մարդիկը երկրի վրայ միակ մտացի արարածները չէին։ Երբ Ադամն ու Եւան պարտէզէն վտարուեցան, Եհովան հսկեց որ ո՛չ իրենք, ոչ ալ իրենց զաւակները մտնեն այդ երկրային Դրախտը։ Մուտքը պահպանելու համար, Եհովան դրաւ քերովբէներ՝ բարձրաստիճան հրեշտակներ, եւ՝ բոցեղէն սուրը, որ շարունակ կը դառնար (Ծննդոց 3։24)։
Երեւակայէ թէ Աբէլ տղեկ մը ըլլալով այդ քերովբէները կը տեսնէր։ Անոնց մարմնացած երեւոյթը, վստահաբար, սաստիկ զօրութիւն կ’արտացոլէր։ Շարունակ դարձող բոցավառ «սուրը» նո՛յնպէս վախ ներշնչեց։ Մինչ կը մեծնար, արդեօք Աբէլ երբեք տեսա՞ւ թէ այդ քերովբէները ձանձրացան ու իրենց պաշտօնը լքեցին։ Ո՛չ։ Օր ու գիշեր, տարիէ տարի, տասնամեակներ, այդ մտացի եւ հզօր արարածները իրենց տեղէն չշարժեցան։ Այսպիսով, Աբէլ գիտցաւ թէ Եհովա Աստուած արդար եւ անդրդուելի ծառաներ ունէր։ Աբէլ, այդ քերովբէներուն մէջ Եհովայի հանդէպ այնպիսի հաւատարմութիւն ու հնազանդութիւն տեսաւ, որոնք չէր կրնար գտնել իր ընտանիքին մէջ։ Կասկած չկայ թէ այդ հրեշտակներուն օրինակը իր հաւատքը զօրացուց։
Մինչ Աբէլ կը խոկար այն բոլոր բաներուն վրայ, որոնք Եհովան յայտնած էր Իր անձին մասին՝ ստեղծագործութեան, աստուածային խոստումներուն եւ Իր ծառաներուն միջոցով, ան անդրադարձաւ թէ իր հաւատքը հետզհետէ կը զօրանար։ Աբէլի օրինակը մեզի կը խօսի, այդպէս չէ՞։ Այս արձանագրութիւնը յատկապէս պատանիները կը հաւաստիացնէ, թէ կրնա՛ն Եհովա Աստուծոյ հանդէպ անկեղծ հաւատք մշակել, ինչ որ ալ ըլլայ իրենց ընտանիքին կեցուածքը։ Ստեղծագործութեան սքանչելիքները մեր շուրջը ըլլալով, ամբողջ Աստուածաշունչը մեր ձեռքը ունենալով եւ հաւատքի տէր անհատներու բազմաթիւ օրինակներ գիտնալով, բաւարար հիմեր ունինք հաւատք կերտելու։
ԱԲԷԼԻՆ ԶՈՀԸ ԻՆՉՈ՛Ւ ԳԵՐԱԶԱՆՑԵՑ
Մինչ Եհովայի հանդէպ Աբէլի հաւատքը կ’աճէր, ան ուզեց զայն գործով ցոյց տալու կերպ մը գտնել։ Սակայն մարդ արարածը տիեզերքի Ստեղծիչին ի՞նչ կրնար տալ։ Աստուած վստահաբար մարդոցմէ որեւէ նուէր կամ օգնութիւն ստանալու պէտք չունէր։ Ժամանակի ընթացքին, Աբէլ խորիմաստ ճշմարտութիւն մը ըմբռնեց. եթէ ան,– ճիշդ շարժառիթով,– պարզապէս իր ունեցուածքին լաւագո՛յնը Եհովային ընծայէր, իր սիրառատ երկնաւոր Հայրը պիտի հաճէր իրեն։
Ուստի Աբէլ իր հօտէն կարգ մը ոչխարներ պատրաստեց ընծայելու։ Ան ոչխարներուն լաւագոյն անդրանիկները ընտրեց եւ անոնց պարարտները ընծայեց։ Մինչ այդ, Կայէնն ալ Աստուծոյ օրհնութիւնն
ու հաճութիւնը փնտռեց, իր բերքէն ընծայ պատրաստելով։ Բայց իր շարժառիթը Աբէլինին պէս չէր։ Տարբերութիւնը մէջտեղ ելաւ, երբ եղբայրները իրենց ընծաները ներկայացուցին։Ադամի երկու որդիները, հաւանաբար, զոհասեղաններ ու կրակ գործածեցին, եւ թերեւս իրենց ընծաները ներկայացուցին քերովբէներուն աչքին առջեւ, որոնք Եհովայի միակ ներկայացուցիչներն էին այդ ատեն երկրի վրայ։ Եհովան պատասխանեց։ Կը կարդանք. «Տէրը Աբէլին ու անոր ընծային նայեցաւ» կամ հաւնեցաւ (Ծննդոց 4։4)։ Թէ Աստուած իր հաճութիւնը ինչպէ՛ս դրսեւորեց, արձանագրուած չէ։ Սակայն Եհովան ինչո՞ւ Աբէլին հաճեցաւ։
Արդեօք ընծա՞ն էր պատճառը։ Աբէլին ներկայացուցած ընծան ապրող, շնչաւոր արարած մըն էր, որուն թանկարժէք կենսարիւնը թափուեցաւ։ Արդեօք Աբէլ անդրադարձա՞ւ թէ իր զոհը որքա՛ն արժէքաւոր պիտի ըլլար։ Դարե՜ր ետք, Աստուած անարատ գառնուկի մը զոհը գործածեց, որպէսզի Իր կատարեալ Որդւոյն՝ «Աստուծոյ Գառ»ին զոհը պատկերացնէր, որուն անմեղ արիւնը պիտի թափուէր (Յովհաննէս 1։29. Ելից 12։5-7)։ Բայց այս տեղեկութեան մեծ մասը վստահաբար Աբէլի գիտութենէն կամ հասկացողութենէն գերիվեր էր։
Ինչ որ վստահօրէն գիտենք՝ հետեւեալն է. Աբէլ իր ունեցածին լաւագո՛յնը ընծայեց։ Եհովան ոչ միայն զոհին հաճեցաւ, այլ նաեւ՝ մարդուն։ Աբէլ Եհովայի հանդէպ սէրէ՛ մղուած եւ անկե՛ղծ հաւատքով գործեց։
Բայց Կայէնին պարագան տարբեր էր։ Եհովան «Կայէնին ու անոր ընծային չնայեցաւ» (Ծննդոց 4։5)։ Արդեօք Կայէնին ընծան ինքնին սխա՞լ էր։ Ո՛չ, որովհետեւ յետագային, Աստուծոյ օրէնքը թոյլ տուաւ որ իր ծառաները երկրի բերքէն ընծայեն (Ղեւտացւոց 6։14, 15)։ Բայց Աստուածաշունչը Կայէնին համար կ’ըսէ թէ «իր գործերը չար էին» (Ա. Յովհաննէս 3։12)։ Այժմու շատ մը անհատներու նման, Կայէն բացայայտօրէն խորհեցաւ, թէ աստուածավախութիւն ցուցադրելը բաւարար էր։ Եհովայի հանդէպ իսկական հաւատքի կամ սիրոյ պակասը անմիջապէս յայտնի դարձաւ իր արարքներով։
Երբ Կայէն տեսաւ թէ Եհովայի հաճութիւնը չէ շահած, արդեօք ջանա՞ց Աբէլին լաւ օրինակէն սորվիլ։ Ո՛չ։ Իր եղբօրը դէմ բարկութեամբ բորբոքեցաւ։ Եհովան տեսա՛ւ թէ ինչ կը պատահէր Կայէնի սրտին, եւ համբերութեամբ անոր հետ տրամաբանեց։ Աստուած Կայէնը զգուշացուց, որ եթէ իր ընթացքը շարունակէր, լուրջ մեղք պիտի գործէր։ Ան նաեւ «ընդունելի» ըլլալու յոյսը տուաւ Կայէնին, եթէ միայն իր ճամբաները փոխէր (Ծննդոց 4։6, 7)։
Աստուծոյ ազդարարութեան ականջ տալու տեղ, Կայէն իր կրտսեր եղբօր ըսաւ որ դաշտ երթան, եւ հո՛ն, իրեն վստահող Աբէլին վրայ յարձակեցաւ եւ սպաննեց զինք (Ծննդոց 4։8)։ Առումով մը, Աբէլ դարձաւ կրօնական հալածանքի առաջին զոհը, առաջին մարտիրոսը։ Ան մեռած էր, բայց իր պատմութիւնը տակաւին չէր վերջացած։
Այլաբանօրէն խօսելով, Աբէլին արիւնը Եհովա Աստուծոյ բողոքեց վրէժխնդրութեան կամ արդարութեան համար։ Աստուած ալ արդարութիւն գործեց, չար Կայէնը պատժելով իր ոճիրին համար (Ծննդոց 4։9-12)։ Աւելի կարեւորը, Աբէլին հաւատքին արձանագրութիւնը այսօր մեզի կը խօսի։ Իր կեանքի տեւողութիւնը,– թերեւս գրեթէ 100 տարի,– շատ կարճ էր այդ ժամանակաշրջանին ապրող մարդոց համար. բայց Աբէլ աստուածահաճոյ կեանք մը վարեց։ Ան մեռաւ, գիտնալով որ իր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի, սէրն ու հաւանութիւնը ունէր (Եբրայեցիս 11։4)։ Ուստի կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աբէլ Եհովայի անսահման յիշողութեան մէջ է, եւ յարութեան կը սպասէ դրախտային երկրի մը վրայ (Յովհաննէս 5։28, 29)։ Զինք հոն պիտի տեսնե՞ս։ Այո՛, պիտի կարենաս՝ եթէ վճռես լսել Աբէլին մինչ կը խօսի ե՛ւ ընդօրինակել անոր հոյակապ հաւատքը։
^ պարբ. 8 «Աշխարհի սկիզբ» թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնը կը պարփակէ սերմեր ցրուելու գաղափարը, որ կը նշանակէ վերարտադրութիւն։ Ուստի «Աշխարհի սկիզբ»ը մարդկային առաջին սերունդին կ’ակնարկէ։ Սակայն Յիսուս ինչո՞ւ «աշխարհի սկիզբ»ը կապեց Աբէլին եւ ոչ թէ Կայէնին հետ, որը ծնած առաջին մարդն էր։ Կայէնի որոշումներն ու արարքները ցոյց տուին, թէ կամովին ըմբոստացած էր Եհովա Աստուծոյ դէմ։ Ուստի տրամաբանական է եզրակացնել, թէ իր ծնողներուն պէս, Կայէն յարութիւն առնողներուն եւ փրկուողներուն շարքին պիտի չըլլայ։