ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ
«Վե՛րջապէս իսկական ազատութիւն գտայ»
-
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ՝ 1981
-
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ
-
ՆԱԽԱՊԷՍ՝ ԱՆԱՌԱԿ ՈՐԴԻ
ԱՆՑԵԱԼՍ։
Ծնած եմ Օհայոյի գետեզերքը գտնուող Մաունտզվիլ գիւղաքաղաքին մէջ, հիւսիսային Ուէսթ Վըրճինիա, ԱՄՆ։ Տունին մէջ երեք մանչ մէկ աղջիկ էինք։ Ես երկրորդն էի։ Այսպէս, տունէն ներս յաճախ խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր։ Ջանասէր, պարկեշտ եւ սիրալիր ծնողք մը ունէի։ Իսկ ֆինանսական գետնի վրայ ինքնաբաւ էինք։ Որպէս Եհովայի վկաներ, ծնողքս իր լաւագոյնը ըրաւ, որ փոքր տարիքէն իսկ՝ մեր մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները քանդակէ։
Բայց պատանեկութեանս շրջանին, սիրտս արդէն սկսած էր շեղիլ ծնողքիս սորվեցուցածներէն, հարց տալով՝ որ արդեօք Աստուածաշունչի սկզբունքներով առաջնորդուած կեանք մը կրնա՛ր իմաստալից կամ գոհացուցիչ ըլլալ։ Խորհեցայ որ իսկապէս ուրախ ըլլալու միակ կերպը՝ բացարձակապէս ազատ ըլլալն է։ Շատ չանցած, դադրեցայ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելէ։ Մեծ եղբայրս եւ քոյրս ալ նոյն ըմբոստ ընթացքին հետեւեցան։ Ծնողքս ջանք չխնայեց մեզի օգնելու համար, բայց մենք մերժեցինք ընդառաջել։
Այդ ատեն մտքէս չանցաւ իսկ՝ որ այդպէս կոչուած ազատութիւնը, որուն կը տենչայի, զիս մոլութեան ճանկերուն մէջ պիտի առաջնորդէր։ Օր մը, երբ դպրոցէն դէպի տուն կը քալէի, բարեկամս ծխախոտ հրամցուց եւ ես ընդունեցի։ Այդ օրուընէ սկսեալ, ուրիշ շատ մը վնասաբեր սովորութիւններ ալ որդեգրեցի։ Ժամանակի ընթացքին, թմրեցուցիչի եւ խմիչքի անձնատուր եղայ, նաեւ անբարոյ կեանք մը վարեցի։ Յաջորդող տարիներուն, հետզհետէ աւելի ծանր թմրեցուցիչներ գործածեցի եւ անոնց ստրուկը դարձայ։ Այս մոլութիւններուն մէջ ընկղմած, սկսայ թմրեցուցիչ ծախել՝ անբարոյ կենցաղս շարունակելու համար։
Թէեւ կը ջանայի խղճմտանքս անտեսել, բայց ան կանոնաւորաբար ինծի կը յիշեցնէր, թէ սխա՛լ կեանք մը կը վարէի։ Կը զգայի թէ արդէն ես ինծի վնասած էի եւ ա՛լ ետդարձ չկար։ Հակառակ անոր որ հաւաքոյթներուն եւ երգահանդէսներուն մարդոցմով շրջապատուած էի, յաճախ մինակ եւ ընկճուած կը զգայի։ Ատեններ, կը մտաբերէի թէ ծնողքս որքա՜ն պարկեշտ ու լաւ մարդիկ էին եւ կ’անդրադառնայի թէ որքա՜ն շեղած էի։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։
Թէեւ իմ անձիս նկատմամբ յոյսս կտրած էի, բայց ուրիշները չէին կտրած։ 2000–ին, ծնողքս զիս Եհովայի վկաներու նահանգային համաժողովին հրաւիրեց։ Վարանելով գացի։ Սակայն անակնկալի եկայ, երբ մեծ եղբայրս եւ քոյրս ալ ներկայ գտնուեցան։
Համաժողովին մէջ, յիշեցի թէ շուրջ տարի մը առաջ նոյն վայրին մէջ ռոք երգահանդէսի մը ներկայ եղած էի։ Եւ երկու առիթները հակադրելով՝ խորապէս ցնցուեցայ։ Երգահանդէսի ընթացքին, վայրը աղբով լեցուն էր եւ ծխախոտի մուխով՝ ծածկուած. ներկաները թշնամական էին եւ նուագը ընկճիչ պատգամ մը կը հաղորդէր։ Մինչդեռ, համաժողովի ընթացքին, շրջապատուած էի իրապէս ուրախ մարդոցմով, որոնք ջերմօրէն ինծի բարի գալուստ մաղթեցին, թէեւ տարիներէ ի վեր զիս չէին տեսած։ Վայրը մաքուր էր իսկ ներկայացուած պատգամը՝ յուսալի։ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան դրական ազդեցութիւնը տեսնելով, սկսայ հարց տալ թէ ինչո՛ւ զայն մերժած էի (Եսայի 48։17, 18)։
«Աստուածաշունչը ինծի զօրութիւն տուաւ, որպէսզի թմրեցուցիչ ծախելն ու գործածելը դադրեցնեմ, եւ աւելի լաւ անհատ մը դառնամ»
Համաժողովէն անմիջապէս ետք, որոշեցի քրիստոնէական ժողովքին վերադառնալ։ Մեծ եղբայրս ու քոյրս նոյնպէս համաժողովէն դրականօրէն ազդուելով, որոշեցին նոյն քայլը առնել։ Եւ այսպէս երեքս ալ ընդունեցինք Աստուածաշունչը դարձեալ ուսումնասիրել։
Յակոբոս 4։8–ը ինծի մեծապէս ազդեց, որ կ’ըսէ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ»։ Գիտակցեցայ, որ եթէ կ’ուզէի Աստուծոյ մօտենալ, կենցաղս պէտք է փոխէի։ Ուրիշ փոփոխութիւններու կողքին, պէտք է դադրէի ծխելէ եւ թմեցուցիչն ու ալքոլը սխալ կերպով գործածելէ (Բ. Կորնթացիս 7։1)։
Հին բարեկամներս լքեցի եւ զանոնք փոխարինեցի Եհովայի վկաներով։ Ինծի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրող քրիստոնեայ երէցը յատկապէս ձեռնտու եղաւ։ Ան կանոնաւորաբար ինծի կը հեռաձայնէր ու կ’այցելէր, եւ ինձմով մօտէն կը հետաքրքրուէր։ Մինչեւ օրս, ան իմ ամենամօտիկ բարեկամներէս մէկն է։
2001–ի գարնան, Աստուծոյ ըրած նուիրումս խորհրդանշեցի ջուրի մկրտութեամբ,– մեծ եղբայրս ու քոյրս եւս։ Կրնաս երեւակայել ծնողքիս եւ հաւատարիմ կրտսեր եղբօրս ուրախութիւնը, երբ մեր ընտանիքը վերջապէս միացաւ Եհովայի պաշտամունքին մէջ։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։
Անցեալին կը խորհէի թէ Աստուածաշունչի սկզբունքները չափազանց կաշկանդիչ են, բայց այժմ զանոնք անգին պաշտպանութիւն կը նկատեմ։ Աստուածաշունչը ինծի զօրութիւն տուաւ, որպէսզի թմրեցուցիչ ծախելն ու գործածելը դադրեցնեմ, եւ աւելի լաւ անհատ մը դառնամ։
Առանձնաշնորհում ունիմ Եհովայի վկաներու համաշխարհային եղբայրութեան մէկ անդամը ըլլալու, որոնք իսկապէս զիրար կը սիրեն եւ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ միացած են (Յովհաննէս 13։34, 35)։ Իսկ այս եղբայրութեան իւրայատուկ մէկ օրհնութիւնը կինս՝ Ատրիանն է, որ խորապէս կը սիրեմ ու կ’արժեւորեմ։ Մեր Ստեղծիչին միասնաբար ծառայելը մեզ շատ կ’ուրախացնէ։
Անձնասէր կեանք մը հետապնդելու փոխարէն, այժմ կամաւորաբար կը ծառայեմ որպէս լիաժամ քարոզիչ, մարդոց սորվեցնելով թէ ինչպէ՛ս կրնան իրենք ալ Աստուծոյ Խօսքէն օգտուիլ։ Ասիկա ընելը զիս մեծապէս կ’ուրախացնէ։ Կրնամ խոր համոզումով ըսել, թէ Աստուածաշունչը կեանքս փոխեց։ Ես վե՛րջապէս իսկական ազատութիւն գտայ։