Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Յիսուս չարագործին երկնային կեանք մը խոստացա՞ւ

Յիսուս չարագործին երկնային կեանք մը խոստացա՞ւ

Ըստ Վերստուգուած աշխարհաբար թարգմանութեան, Յիսուս իր քովի՝ մահապատիժի ենթարկուող չարագործին խոստացաւ. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի, ‘Դուն այսօր ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’» (Ղուկաս 23։43)։ Սակայն Աստուածաշունչի ա՛յլ թարգմանութիւններ, Յիսուսին խօսքերը հետեւեալ ձեւով կը թարգմանեն. «Ճշմարիտ կ’ըսեմ քեզի այսօր, ‘Դուն ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս’»։ Ուրկէ՞ գիտենք թէ Յիսուս չարագործին չըսաւ թէ այդ նոյն օրը իրեն հետ երկինք պիտի երթար։

Նախ նկատի առնենք, թէ այդ չարագործը երկնային կեանք ստանալու որակումներ ունէր կամ ոչ։ Երկնային հեռանկար ունեցող մարդիկ պէտք է մկրտուած ըլլան ջուրով ու սուրբ հոգիով. այսպէս՝ Յիսուսին հոգիէն–ծնած աշակերտներ դառնալով (Յովհաննէս 3։3, 5)։ Ուրիշ պահանջք մըն է ենթարկուիլ Աստուծոյ բարոյական չափանիշներուն եւ դրսեւորել յատկութիւններ, ինչպէս՝ անկեղծութիւն, ուղղամտութիւն եւ կարեկցութիւն (Ա. Կորնթացիս 6։9-11)։ Ասկէ զատ, անոնք պէտք է հաւատարիմ մնան Աստուծոյ եւ Քրիստոսի, մինչեւ իրենց երկրային կեանքին աւարտը (Ղուկաս 22։28-30. Բ. Տիմոթէոս 2։12)։ Միայն այս պահանջներուն գոհացում տալով է որ կրնան փաստել, թէ արժանի են յարութեան եւ որակեալ են ա՛յն ծանրակշիռ պատասխանատուութեան, որ երկինքը իրենց վերապահուած է,– Քրիստոսին հետ հազար տարի ծառայել որպէս քահանաներ եւ թագաւորներ՝ ի նպաստ մարդկութեան (Յայտնութիւն 20։6

Բայց Յիսուսի քովի անհատը ապրեցաւ որպէս չարագործ եւ այդպէս ալ մեռաւ (Ղուկաս 23։32, 39-41)։ Ճիշդ է որ յարգալից վերաբերմունք ցուցաբերեց, երբ ան Յիսուսին ըսաւ. «Յիշէ՛ զիս, երբ քու թագաւորութիւնովդ գաս» (Ղուկաս 23։42)։ Սակայն ան մկրտուած չէր եւ հոգիէն–ծնած Յիսուսի աշակերտ մը չէր դարձած. իր կեանքի ընթացքով իր ուղղամտութիւնն ու հաւատարմութիւնը չէր փաստած։ Տրամաբանական կը թուի՞, թէ Յիսուս անոր պիտի խոստանար երկնային թագաւորութիւն մը՝ իր հաւատարիմ հետեւորդներուն հետ, որոնք մինչեւ վերջ Աստուծոյ հանդէպ ուղղամիտ մնացած էին (Հռովմայեցիս 2։6, 7

Լուսաբանենք։ Եթէ մէկը դրամդ գողնալուն համար քեզմէ ներողութիւն խնդրէ, թերեւս որոշես իրեն դէմ դատ չբանալ։ Բայց արդեօք ընտանիքիդ հոգատարութիւնը կամ գործդ իրեն պիտի վստահի՞ս։ Այդպիսի պատասխանատուութիւններ կու տաս միայն անոնց, որոնց վրայ լման վստահութիւն ունիս։ Նմանապէս, անոնք որոնք երկնային կեանքի յոյսը կը ստանան, պէտք է վստահութեան անխախտ հիմ մը տան, թէ վեր պիտի բռնեն Աստուծոյ արդար չափանիշները, երբ իշխեն մարդկութեան վրայ (Յայտնութիւն 2։10)։ Չարագործը, վերջին վայրկեանին իր աղաչանքին մէջ ակներեւաբար անկեղծ ըլլալով հանդերձ, այդպիսի հիմ մը չտուաւ։

Բայց Յիսուս չարագործին չըսա՞ւ, թէ իրեն հետ երկինք պիտի ըլլար այդ նոյն օրը։ Ասիկա կարելի չէր, քանի որ նոյնինքն Յիսուս երկինք չգնաց միեւնոյն օրը։ Փոխարէն, ան երեք օր «երկրի սրտին մէջ» էր,– գերեզմանը (Մատթէոս 12։40. Մարկոս 10։34)։ Նոյնիսկ իր յարութենէն ետք, ան երկրի վրայ 40 օր կեցաւ, առաջ որ երկինք համբառնար (Գործք 1։3, 9)։ Ուստի չարագործը չէր կրնար այդ նոյն օրը Յիսուսի հետ երկինք ելլել։

Այդ պարագային, չարագործը ինչպիսի՞ դրախտ մը պիտի մտնէր։ Յարութենէն ետք, ան երկրայի՛ն դրախտին մէջ պիտի ըլլայ, որուն վրայ Յիսուս պիտի իշխէ (Գործք 24։15. Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Դրախտին եւ Աստուծոյ պահանջներուն մասին աւելի՛ն գիտնալու համար, խօսէ ոեւէ Եհովայի վկայի մը հետ։