Յիսուսի յարութիւնը կեա՛նք կը նշանակէ
ՅԻՍՈՒՍԻ յարութիւնը պարզապէս անկապ վաղեմի դիպուած մը չէ, որ չնչին նշանակութիւն ունի մեզի համար։ Պօղոս առաքեալ անոր կարեւորութիւնը մատնանշեց, երբ գրեց. «Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը։ Քանզի մարդով եղաւ մահը, մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ։ Վասն զի ինչպէս Ադամով ամէնքը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով ամէնքը կենդանի պիտի ըլլան» (Ա. Կորնթացիս 15։20-22)։
Յիսուս յարուցանուեցաւ Ք.Ե. 33–ի նիսան 16–ին, տարուան այն օրը, երբ հրեաները հացահատիկի առաջին հունձքին երախայրիները Երուսաղէմի տաճարին սրբարանին մէջ Եհովա Աստուծոյ կը մատուցանէին։ Յիսուսը առաջին պտուղը կոչելով, Պօղոս ըսել ուզեց թէ ուրիշներ ալ յարութիւն պիտի առնէին։
Իր յաջորդ խօսքերով, Պօղոս բացատրեց թէ Յիսուսին յարութիւնը ի՛նչ բան կարելի դարձուցած է։ Ան ըսաւ. «Մարդով եղաւ մահը, մարդով ալ մեռելներուն յարութիւնը պիտի ըլլայ»։ Ադամէն ժառանգուած մեղքին եւ անկատարութեան պատճառով, բոլորս ալ կը մեռնինք։ Սակայն Յիսուս իր մարդկային կատարեալ կեանքը որպէս փրկանք տալով, մարդկութեան առիթ տուաւ, որ յարութեան միջոցով ազատագրուին մեղքի ու մահուան գերութենէն։ Գեղեցիկ եզրափակութեամբ, Պօղոս Հռովմայեցիս 6։23–ի մէջ կը գրէ. «Մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։
Յիսուս ի՛նք բացատրեց, թէ իր մահն ու յարութիւնը ի՛նչ նշանակութիւն ունին մեզի համար։ Իր անձին ակնարկելով, ան ըսաւ. «Պէտք է որ Որդին մարդոյ բարձրանայ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ։ Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։14-16)։
Պատկերացուր. անվերջ կեանք, առանց ցաւի, տառապանքի կամ կսկիծի (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Ի՜նչ ուրախալի հեռանկար մը։ Ուսումնական մը այսպէս արտայայտուեցաւ. «Մինչ գերեզմանները կրնան յիշեցնել թէ կեանքը որքան կարճ է, յարութիւնը կը հաւաստիացնէ թէ մա՛հը կարճ է»։ Այո, Յիսուսի յարութիւնը կեա՛նք կը նշանակէ։