ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ
«Այլեւս չեմ զգար թէ աշխարհը պէտք է փոխեմ»
-
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ՝ 1966
-
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ՝ ՖԻՆԼԱՆՏԱ
-
ՆԱԽԱՊԷՍ՝ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ
ԱՆՑԵԱԼՍ։
Ծնած եմ Կեդրոնական Ֆինլանտայի Եուվասքիւլա քաղաքը։ Մանկութենէս ի վեր բնութիւնը կը սիրեմ։ Ընտանիքս յաճախ պտոյտներ կ’ընէր մեր քաղաքը շրջապատող հրապուրիչ անտառներու մէջ եւ գեղեցիկ լիճերու մօտերը։ Նաեւ անասունները կը սիրեմ։ Երբ փոքր էի, ամէն անգամ որ կատու կամ շուն տեսնէի, կ’ուզէի զանոնք ողջագուրել։ Երբ մեծցայ, անասուններու հանդէպ մարդոց վերաբերմունքը տեսնելով՝ սկսայ նեղանալ։ Ժամանակի ընթացքին, անդամակցեցայ կազմակերպութեան մը, որ անասուններու իրաւունքները կը պաշտպանէ։ Հոն, նոյնախոհ մարդոց ծանօթացայ։
Անասուններուն իրաւունքները պաշտպանելու համար, ազդուօրէն արշաւներ ըրինք։ Տեղեկութիւններ բաշխեցինք եւ բողոքի արշաւներ ու ցոյցեր կազմակերպեցինք մուշտակի խանութներուն եւ այն տարրալուծարաններուն դէմ, որոնք անասուններու վրայ փորձեր կ’ընեն։ Նոյնիսկ նոր կազմակերպութիւն մը հաստատեցինք, անասունները պաշտպանելու համար։ Քանի որ ծայրայեղ քայլեր կ’առնէինք մեր դատը յառաջացնելու համար, յաճախ հեղինակութիւններու հետ խնդիրներու մէջ կ’իյնայինք։ Քանի մը անգամ ձերբակալուեցայ եւ դատարան տարուեցայ։
Անասուններու նկատմամբ իմ ունեցած մտահոգութեանս կողքին, աշխարհին չորս կողմը պատահած խնդիրները ե՛ւս զիս կը նեղացնէին։ Ի վերջոյ, քանի մը կազմակերպութիւններու հետ գործակցեցայ, ինչպէս՝ «Միջազգային համաներում» կազմակերպութիւնը եւ Կրինփիս։ Ամբողջ կորովս տրամադրեցի անոնց գործունէութիւններուն աջակցելու։ Աղքատներուն, անօթիներուն եւ ա՛յլ կարիքաւորներու թիկունք կանգնեցայ։
Բայց կամաց–կամաց գիտակցեցայ, թէ չէի կրնար աշխարհը փոխել։ Թէեւ այս կազմակերպութիւնները կրցան կարգ մը փոքր խնդիրներ լուծել, բայց յարաբերաբար մեծ խնդիրները կը վատթարանային։ Այնպէս կը թուէր թէ չարիքը ազդած էր ամբողջ աշխարհին եւ ո՛չ ոք այս մէկով հետաքրքրուած էր։ Անկարող զգացի։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։
Անօգնական ըլլալու զգացումը զիս տխրեցուց եւ սկսայ Աստուծոյ ու Աստուածաշունչին
մասին մտածել։ Նախապէս Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրած էի։ Թէեւ գնահատեցի թէ Վկաները ազնիւ էին եւ ինծի հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին, բայց պատրաստ չէի ապրելակերպս փոխելու։ Այս անգամ հարցերը տարբեր էին։Աստուածաշունչս առի եւ կարդալու սկսայ։ Անիկա իմ վէրքերուս իսկական բալասան էր։ Նշմարեցի բազմաթիւ համարներ, որոնք մեզի կը սորվեցնեն որ անասուններուն հետ ազնուօրէն վարուինք։ Օրինակ, Առակաց 12։10–ը կ’ըսէ, թէ «արդարը իր անասուններուն հոգ կը տանի»։ Նաեւ զատորոշեցի, թէ Աստուած աշխարհի խնդիրներուն պատճառը չէ։ Ընդհակառակը, մեր խնդիրները վատթարացած են, քանի որ մարդոց մեծամասնութիւնը Անոր առաջնորդութեան չի հետեւիր։ Եհովայի սէրն ու երկայնամտութիւնը զիս խորապէս տպաւորեցին (Սաղմոս 103։8-14)։
Այդ ժամանակներուն էր որ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին կտրօնը լեցուցի եւ ղրկեցի։ Շուտով Վկայ զոյգ մը դուռս զարկաւ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն առաջարկեց եւ ես ընդունեցի։ Ինչպէս նաեւ սկսայ Վկաներուն ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Առ ի արդիւնք, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սրտիս մէջ արմատ նետեց։
Աստուածաշունչին շնորհիւ կրցայ բազմաթիւ փոփոխութիւններ կատարել։ Ծխելն ու չափազանց խմելը դադրեցուցի։ Երեւոյթս մաքրեցի ու խօսակցութիւնս սրբագրեցի։ Եւ աշխարհիկ հեղինակութեան հանդէպ կեցուածքս ճշդեցի (Հռովմայեցիս 13։1)։ Ինչպէս նաեւ լքեցի անբարոյ կենցաղակերպս,– կեանքի մարզ մը, որուն մէջ շատ ազատութիւն առած էի։
Ինծի համար ամէնէն դժուար փոփոխութիւնն էր՝ քաղաքային կազմակերպութիւններու հանդէպ տեսակէտս ճշդել։ Ասիկա ինծի հետ ժամանակ առաւ։ Սկիզբը, զգացի թէ եթէ հրաժարէի, կարծես թէ այս կազմակերպութիւններուն դաւաճանած պիտի ըլլայի։ Բայց, սկսայ գնահատել թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր աշխարհին միակ իսկական յոյսն է։ Ուստի, որոշեցի ամբողջ կորովս տրամադրել ա՛յդ Թագաւորութեան աջակցելու եւ ուրիշներուն օգնելու որ անոր մասին սորվին (Մատթէոս 6։33)։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։
Որպէս գործիչ, սովորութիւն ունէի մարդիկը երկու խումբի դասելու. լաւ կամ գէշ։ Եւ պատրաստ էի գէշ մարդոց դէմ գործի լծուելու։ Բայց Աստուածաշունչին շնորհիւ, ա՛լ ատելավառ կեցուածք չունիմ ուրիշներու հանդէպ։ Փոխարէն, կը ջանամ ամէն տեսակի մարդոց հանդէպ սէր մշակել (Մատթէոս 5։44)։ Ուրիշ կերպերու կողքին, այս սէրը կը ցուցաբերեմ՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը բաժնելով ուրիշներուն հետ։ Ուրախ եմ տեսնելով որ ինչպէ՛ս այս բարեգործութիւնը խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն կը յառաջացնէ, ինչպէս նաեւ մարդոց իսկական յոյս կու տայ։
Երբ հարցերը Եհովային յանձնեցի, մտքի խաղաղութիւն ունեցայ։ Համոզուած եմ, որ ան Ստեղծիչն ըլլալով, թոյլ պիտի չտայ որ մարդիկն ու անասունները առյաւէտ սխալ վերաբերմունքի զոհը երթան, ինչպէս նաեւ ան թոյլ պիտի չտայ որ մեր գեղեցիկ երկրագունդը կործանուի։ Ընդհակառա՛կը, իր Թագաւորութեան միջոցաւ բոլոր վնասները շուտով պիտի յեղաշրջէ (Եսայի 11։1-9)։ Շա՜տ ուրախ եմ այս ճշմարտութիւնները գիտնալով, բայց մանաւանդ կ’ուրախանամ երբ օգնեմ ուրիշներուն որ անոնց հաւատան։ Այլեւս չեմ զգար թէ աշխարհը պէտք է փոխեմ։