Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրօնքը եւ դրամը

Կրօնքը եւ դրամը

Էսթել * իր զաւակներուն հետ կանոնաւորաբար եկեղեցի կը յաճախէր։ «Մեր քահանային ըսի, թէ կը փափաքիմ Աստուածաշունչին մասին աւելի՛ն սորվիլ», կ’ըսէ ան։ Բայց քահանան բնա՛ւ չառաջարկեց իրեն սորվեցնել։ Ի վերջոյ, ան դադրեցաւ եկեղեցի երթալէ։ Էսթել կ’ըսէ. «Եկեղեցիի պաշտօնեաները ինծի նամակ մը ուղարկեցին, ըսելով որ եթէ չեմ կրնար եկեղեցի երթալ, առնուազն դրամը ղրկեմ։ Մտածեցի, թէ ‘անոնք չե՛ն հետաքրքրուած թէ եկեղեցի կը յաճախեմ կամ ոչ։ Անոնք միա՛յն դրամս կ’ուզեն’»։

Անժելինան, որ միշտ կրօնասէր եղած է, ըսաւ. «Եկեղեցիիս մէջ, իւրաքանչիւր արարողութեան ընթացքին հանգանակութեան ափսէն երեք անգամ կը ներկայացուէր, եւ մեզմէ կ’ակնկալուէր իւրաքանչիւր անգամ դրամ զետեղել։ Անոնք միշտ դրամ կը խնդրէին։ Ես ինծի կ’ըսէի. ‘Ասոնք Աստուծոյ հոգին չունին’»։

Շրջանիդ մէջ կրօնքները ուղղակի կամ անուղղակի կերպով ճնշում կը բանեցնե՞ն դրամ ձեռք ձգելու համար։ Արդեօք այս բանը ընելը Աստուածաշունչին ուսուցումներուն հետ ներդաշնա՞կ է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՍՈՐՎԵՑՆԷ

Յիսուս՝ քրիստոնէութեան հիմնադիրը, ըսաւ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատթէոս 10։8)։ Աստուածաշունչի պատգամը անգին է եւ բոլոր ուզողներուն պէտք է մատչելի ըլլայ։

Նախկին քրիստոնեաները ինչպէ՞ս ժողովքի ծախսերը հոգացին։

Ամէն մէկը կու տար ‘ինչպէս իր սրտովը կը յօժարէր, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ’ (Բ. Կորնթացիս 9։7)։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ձեզմէ մէկուն նեղութիւն չտալու համար գիշեր ու ցորեկ գործեցինք, ձեզի Աստուծոյ աւետարանը քարոզեցինք» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։9)։ Պօղոս վրանագործութեամբ զբաղեցաւ, որպէսզի իր անձնական ծախսերը գոցելով՝ շարունակէր ծառայել (Գործք 18։2, 3

ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ ԱՅԴ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԻՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՈՀԱՑՈՒՄ ԿՈՒ ՏԱՆ

Եհովայի վկաները Թագաւորութեան սրահ կոչուող համեստ ժողովատեղիներու մէջ կը ժողվուին։ Ծախսերը ինչպէ՞ս կը ծածկուին։ Հանգանակութեան ամաններ բնա՛ւ չեն ներկայացուիր։ Ոչ ալ անհատներու նամակներ կ’ուղարկուին նուիրատուութիւն խնդրելու համար։ Փոխարէն, հոգեւոր յայտագիրը գնահատողները կրնան սրահին նուիրատուութեան տուփին մէջ գումար մը զետեղել։

Կրօնքը ինչպէ՞ս պէտք է ֆինանսաւորուի

Այս պարբերաթերթը տպելն ու առաքելը վստահաբար ծախսի կը նայի։ Բայց անոր մէջ բնա՛ւ չես տեսներ առեւտրական ծանուցում կամ նուիրատուութիւն ընելու հրաւէր, քանի որ պարբերաթերթին գլխաւոր նպատակակէտն է՝ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը մատակարարել։

Ի՞նչ կը խորհիս. արդեօք այս կարգադրութեան հոգին ներդաշնա՞կ է Յիսուսի խրատին եւ նախկին քրիստոնեաներու օրինակին հետ։

^ պարբ. 2 Այս յօդուածաշարքին մէջ կարգ մը անուններ փոխուած են։