Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ | ՆՈՅ

Ան եւ իր ընտանիքը պահպանուեցան

Ան եւ իր ընտանիքը պահպանուեցան

ԴՈՒՐՍԸ տեղատարափ անձրեւ կու գայ։ Իսկ տապանին մէջ, Նոյ եւ իր ընտանիքը մէկ կողմ քաշուած՝ կծկուած են։ Կրնա՞ս երեւակայել անոնց դիմագիծը խաւարին մէջ, ուր միայն ճրագին լոյսը կը շողշողայ։ Իրենց աչքերը լայն բացած, անոնք կը լսեն անձրեւին ձայնը, որ ամէն կողմէ տապանը կը հարուածէ։ Աղմուկը սոսկալի ըլլալու է։

Իր հաւատարիմ կնոջ, երեք քաջարի որդիներուն եւ անոնց կիներուն դէմքերուն նայելով, Նոյ երախտապարտ կը զգայ։ Այդ մռայլ պահուն, հաւանաբար ան կը մխիթարուի տեսնելով, որ իր սիրելիները իրեն հետ ապահով ու անվնաս են։ Վստահաբար ասիկա զինք կը մղէ, որ երախտապարտութեան աղօթք մը մատուցանէ։ Ան բարձրաձայն կ’աղօթէ, որպէսզի այդ աղմուկին մէջ իր ընտանիքը զինք լսէ։

Նոյ զօրաւոր հաւատքի տէր մարդ մըն էր։ Ա՛յս պատճառով, Եհովա Աստուած մղուեցաւ զինք ու իր ընտանիքը ազատելու (Եբրայեցիս 11։7)։ Բայց երբ անձրեւը սկսաւ, արդեօք անոնք այլեւս հաւատքի պէտք չունէի՞ն։ Ընդհակառակը, մանաւանդ այդ ատեն հրատապ էր որ այդ յատկութիւնը ունենային, քանի որ գալիք օրերուն մէջ զանազան մարտահրաւէրներ պիտի դիմագրաւէին։ Նոյնը կրնայ ըսուիլ մեր մասին, որ խռովեալ օրերու մէջ կ’ապրինք։ Ուստի, տեսնենք թէ Նոյի հաւատքէն ի՛նչ կրնանք սորվիլ։

«ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՕՐ ՈՒ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ԳԻՇԵՐ»

Դուրսը, տեղատարափ անձրեւը «քառասուն օր ու քառասուն գիշեր» տեւեց (Ծննդոց 7։4, 11, 12)։ Ջուրին մակարդակը հետզհետէ բարձրացաւ։ Այսպիսով, Նոյ տեսաւ թէ իր Աստուածը՝ Եհովան, ինչպէ՛ս միաժամանակ արդարները կը պաշտպանէր, իսկ չարերը կը պատժէր։

Ջրհեղեղը որոշ հրեշտակներու ըմբոստութեան վերջ դրաւ։ Սատանայի անձնասէր կեցուածքէն ազդուելով, բազմաթիւ հրեշտակներ երկնքի մէջ իրենց բնակութեան վայրը ձգած էին, որպէսզի կիներու հետ կենակցին։ Անոնք նեֆիլիմ կամ հսկաներ կոչուած խառնածին սերունդ մը յառաջ բերած էին (Յուդա 6. Ծննդոց 6։4)։ Անկասկած, Սատանան մեծապէս ուրախացաւ երբ այդ ըմբոստութիւնը սկսաւ, քանի որ ատիկա յաւելեալ կերպով նուաստացուց մարդկութիւնը,– երկրի վրայ Եհովայի ստեղծագործութեան գագաթնակէտը։

Բայց երբ Ջրհեղեղին ջուրերը բարձրացան, ըմբոստ հրեշտակները ստիպուեցան իրենց նիւթական մարմինները թողուլ եւ հոգեղէն ծիր վերադառնալ, այլեւս բնաւ չկարենալով կրկին նիւթականանալ։ Անոնք իրենց ետին լքեցին իրենց կիներն ու զաւակները, որոնք ի վերջոյ մնացեալ մարդոց հետ մահացան։

Շուրջ եօթը դար առաջ, Ենովքի օրերէն ի վեր, Եհովան մարդկութիւնը զգուշացուցած էր թէ ամբարիշտները պիտի բնաջնջէր (Ծննդոց 5։24. Յուդա 14, 15)։ Բայց մարդիկ երթալով աւելի չարացած էին, երկրագունդը ապականելով ու զայն բռնութեամբ լեցնելով։ Այժմ անոնք բնաջնջումի մատնուեցան։ Նոյ եւ իր ընտանիքը այս բանով ուրախացա՞ն։

Ո՛չ. ոչ ալ իրենց ողորմած Աստուածը (Եզեկիէլ 33։11)։ Եհովան ամէն բան ըրած էր որ կարելի եղածին չափ շատ մարդիկ փրկուին։ Ան Ենովքի յանձնարարած էր որ մարդիկը զգուշացնէ եւ Նոյին հրամայած էր որ տապանը շինէ։ Նոյ եւ իր ընտանիքը տասնամեակներ շարունակ բոլոր մարդոց առջեւ գործի անցած էին այս վիթխարի աշխատանքը ամբողջացնելու համար։ Ասկէ զատ, Եհովան Նոյին ուղղութիւն տուաւ, որ որպէս «արդարութեան քարոզիչ» գործէ (Բ. Պետրոս 2։5)։ Ենովքի նման, Նոյ մարդիկը զգուշացուց գալիք դատաստանէն։ Անոնց հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։ Յիսուս, որ երկնքէն դէպքերուն ականատես եղաւ, յետագային Նոյի օրուան մարդոց մասին ըսաւ. «Չգիտցան [«Ուշադրութիւն չդարձուցին», ՆԱ]՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց» (Մատթէոս 24։39

Երեւակայէ Նոյին եւ իր ընտանիքին վիճակը առաջին 40 օրերուն ընթացքին, Եհովան տապանին դուռը գոցելէ ետք։ Մինչ տեղատարափ անձրեւը կը շարունակէր օրէ օր տապանը հարուածել, Նոյ եւ իր ընտանիքը հաւանաբար սովորամոլութիւն մը հաստատեցին,– իրարու եւ իրենց բնակարանին հոգ տանիլ, ինչպէս նաեւ անասուններուն կարիքները հոգալ։ Սակայն որոշ մէկ վայրկեանին, յանկարծ ամբողջ կառուցուածքը ցնցուեցաւ ու տատանեցաւ։ Տապանը կը շարժէր։ Հետզհետէ բարձրացող ջուրերուն վրայ տապանը սկսաւ ծփալ ու «երկրէն բարձրացաւ» (Ծննդոց 7։17)։ Ասիկա ի՜նչ հոյակապ կերպով Ամենակալ Աստուծոյ՝ Եհովայի զօրութիւնը դրսեւորեց։

Նոյ երախտապարտ գտնուած ըլլալու էր, ոչ միայն քանի որ ինք եւ իր ընտանիքը ապահով էին, այլեւ՝ Եհովայի ողորմութեան համար, որ զիրենք գործածեց զգուշացնելու համար մարդիկը, որոնք այժմ տապանէն դուրս բնաջնջուեցան։ Տարիներու իրենց ծանր աշխատանքը թերեւս վարձատրելի չթուեցաւ։ Մարդիկ շա՜տ անտարբեր էին։ Պահ մը մտածէ. Ջրհեղեղէն առաջ, Նոյ հաւանաբար եղբայրներ, քոյրեր, զարմիկներ եւ զարմուհիներ ունէր. բայց եւ այնպէս, իր անմիջական ընտանիքէն զատ ո՛չ ոք իրեն մտիկ ըրաւ (Ծննդոց 5։30)։ Այժմ, մինչ ութ անհատները տապանին մէջ ապահով էին, վստահաբար մխիթարուեցան մտաբերելով այն ամբողջ ժամանակը, որ տրամադրեցին վերապրելու պատեհութիւնը մարդոց տալու համար։

Եհովան չէ փոխուած (Մաղաքիա 3։6)։ Յիսուս Քրիստոս բացատրեց, թէ մեր օրերը «Նոյի օրեր»ուն շատ պիտի նմանէին (Մատթէոս 24։37)։ Մենք յատկանշական դարաշրջանի մը մէջ կ’ապրինք, որ լեցուն է բազմաթիւ խնդիրներով, որոնք այս փտած դրութեան կործանումով վերջ պիտի գտնեն։ Ներկայիս, Աստուծոյ ժողովուրդը ե՛ւս ազդարարական պատգամ մը կը հաղորդէ բոլորին։ Արդեօք դուն այդ պատգամին պիտի ընդառաջե՞ս։ Եթէ արդէն այդ փրկարար պատգամին ճշմարտութիւնը ընդունած ես, ուրիշներուն հետ զայն պիտի բաժնե՞ս։ Նոյ եւ իր ընտանիքը մեր բոլորին օրինակ հանդիսացան։

«ՋՈՒՐԷՆ ԱԶԱՏԵՑԱՆ»

Մինչ տապանը այդ ալեկոծ ովկիանոսին վրայ կը ծփար, ութ անհատները վստահաբար հսկայ գերաններուն ճռնչիւնը լսեցին։ Ալիքներուն մեծութիւնը կամ տապանը կործանուելու հաւանականութիւնը Նոյի վախ պատճառե՞ց։ Ո՛չ։ Նոյ սկեպտիկ մը չէր, որ այսպիսի մտահոգութիւններ ունենար։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Հաւատքով Նոյ. . . տապանը շինեց» (Եբրայեցիս 11։7)։ Ան ի՞նչ բանի կը հաւատար։ Եհովան Նոյի հետ ուխտ մը ըրած էր, ըսելով որ ինք եւ իրեն հետ եղողները Ջրհեղեղէն պիտի վերապրէին (Ծննդոց 6։18, 19)։ Արդեօք տիեզերքի, երկրի եւ ապրող էակներու Ստեղծիչը չէ՞ր կրնար տապանը անվնաս պահել։ Անշո՛ւշտ կրնար։ Ուստի, Նոյ վստահ էր թէ Եհովան իր խոստումը պիտի պահէր։ Եւ իրապէս ինք ու իր ընտանիքը «ջուրէն ազատեցան» (Ա. Պետրոս 3։20

Քառասուն օր ետք, անձրեւը վերջապէս դադրեցաւ. ըստ մեր օրացոյցին՝ Ք.Ա. 2370–ի դեկտեմբերին։ Բայց Նոյի եւ անոր ընտանիքին արկածախնդրութիւնը դեռ վերջ չէր գտած։ Անասուններով լեցուն տապանը կը ծփար երկրապարփակ ծովին վրայ, որ բոլոր բարձր լեռները ծածկած էր (Ծննդոց 7։19, 20)։ Կրնանք երեւակայել Նոյը կարգադրութիւններ կը տեսնէ Սէմին, Քամին եւ Յաբեթին հետ, որպէսզի բոլոր անասունները կերակրուին եւ մաքուր ու առողջ մնան։ Անշուշտ, Աստուած որ այդ բոլոր վայրի անասունները հնազանդեցուց որ տապանը մտնեն, կրնար Ջրհեղեղին ընթացքին զանոնք այդ վիճակին մէջ պահել a։

Բացայայտ է որ Նոյ դէպքերը ուշի–ուշով արձանագրեց։ Իր արձանագրութիւնը կ’ըսէ ե՛րբ անձրեւը սկսաւ եւ ե՛րբ դադրեցաւ։ Ատիկա նաեւ կը յայտնէ, թէ ջուրերը 150 օր երկրագունդը ծածկեցին։ Ի վերջոյ, ջուրերը սկսան նուազիլ։ Յատկանշական օր մը՝ Ք.Ա. 2369–ի ապրիլին, տապանը հանգչեցաւ «Արարատ լեռներուն վրայ»։ 73 օր ետք, յունիս ամսուն, լեռներուն գագաթները սկսան երեւիլ։ Երեք ամիս ետք, սեպտեմբերին, Նոյ որոշեց տապանին պատուհանը բանալ։ Վստահաբար, այս ծանր աշխատանքը վարձատրուեցաւ, երբ տապանին մէջ լոյս եւ մաքուր օդ մտան։ Նոյ սկսաւ փորձել թէ միջավայրը ապահով եւ բնակելի էր կամ ոչ։ Ան ագռաւ մը արձակեց, որ ժամանակ մը կ’երթար ու կու գար, թերեւս տապանին վրայ հանգչելով։ Ապա, Նոյ արձակեց աղաւնի մը, որ շարունակեց տապան վերադառնալ, մինչեւ որ իրեն համար տեղ մը գտաւ (Ծննդոց 7։24–8։13

Նոյնիսկ մռայլ ժամանակներուն, Նոյ անկասկած ընտանեկան պաշտամունքի մէջ առաջնորդութիւն առաւ

Նոյի սովորամոլութիւնը հոգեւոր բաներու վրայ աւելի կեդրոնացաւ։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ ընտանիքը ինչպէ՛ս կանոնաւորաբար կը հաւաքուի միասնաբար աղօթելու եւ իրենց երկնաւոր Հօր մասին խօսելու։ Նոյ ամէն անգամ որ կարեւոր որոշում պիտի կայացնէր, Եհովային կ’ապաւինէր։ Տապանին մէջ աւելի քան մէկ տարի մնալէ ետք, Նոյ տեսաւ որ երկրագունդը ‘չորցած’ էր. բայց եւ այնպէս ան դուռը չբացաւ եւ անասունները անկէ դուրս չառաջնորդեց (Ծննդոց 8։14)։ Ընդհակառակը, ան Եհովային սպասեց։

Ընտանիքի գլուխը կրնայ շատ բան սորվիլ այս հաւատարիմ տղամարդէն։ Ան կարգապահ, ժրաջան, համբերատար էր եւ իր հոգատարութեան տակ գտնուողները պաշտպանեց։ Բայց ամէնէն կարեւորը, ան ամէն բանի մէջ նա՛խ Եհովա Աստուծոյ կամքը հաշուի առաւ։ Եթէ այս մարզերուն մէջ Նոյի հաւատքը ընդօրինակենք, մեր սիրելիները պիտի օրհնուին։

«ՏԱՊԱՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ԵԼԻՐ»

Ի վերջոյ, Եհովան Նոյի պատուիրեց. «Տապանէն դուրս ելիր դուն ու քու կինդ եւ քու որդիներդ եւ քու որդիներուդ կիները քեզի հետ»։ Նոյ հնազանդեցաւ եւ իր ընտանիքը տապանէն դուրս առաջնորդեց։ Իսկ անասունները անոնց հետեւեցան։ Ինչպէ՞ս։ Իրարանցումո՞վ։ Բնա՛ւ երբեք։ Արձանագրութիւնը կ’ըսէ, թէ անոնք «իրենց տեսակին պէս տապանէն ելան» (Ծննդոց 8։15-19)։ Մէյ մը որ դուրսն էին եւ լեռնային մաքուր օդ կը շնչէին ու արարատեան դաշտը կը դիտէին, անոնք կրցան տեսնել թէ երկրագունդը մաքրուած էր։ Նեֆիլիմները, բռնութիւնը, ըմբոստ հրեշտակները եւ ամբողջ չար ընկերութիւնը չքացած էին b։ Մարդկութիւնը նոր դարաշրջանի մը մէջ մտած էր։

Նոյ գիտէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր։ Ան սկսաւ պաշտամունք մատուցանել։ Ան զոհասեղան մը շինեց եւ «եօթնական հատ» տապան բերած մաքուր անասուններէն եւ թռչուններէն Եհովայի ողջակէզ մատուցանեց (Ծննդոց 7։2. 8։20)։ Եհովան այդ պաշտամունքին հաճեցա՞ւ։

Աստուածաշունչը Եհովայի հակազդեցութեան մասին կ’ըսէ. «Տէրը անոյշ հոտը հոտուըտաց»։ Բռնութեամբ լի երկրագունդը Աստուծոյ սիրտը տխրեցուցած էր։ Բայց այժմ այդ տխրութիւնը փոխարինուած էր հանգիստ եւ զուարթ զգացումով, քանի որ ան երկրագունդին վրայ կը տեսնէր այս հաւատարիմ երկրպագուները, որոնք վճռած էին իր կամքը կատարել։ Եհովան չակնկալեց որ անոնք կատարեալ ըլլան։ Նոյն համարը կը շարունակէ ըսել. «Մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է» (Ծննդոց 8։21)։ Նկատի առ թէ Եհովան ինչպէ՛ս յաւելեալ կերպով մարդկութեան հանդէպ իր կարեկցութիւնը արտայայտեց։

Երբ Ադամն ու Եւան ըմբոստացան, Աստուած երկիրը անիծեց՝ մշակութիւնը դժուար դարձնելով։ Բայց այժմ ան այդ անէծքը վերցուց։ Նոյի հայրը Ղամէք իր որդին Նոյ անուանած էր,– որ հաւանաբար կը նշանակէ «Հանգստութիւն» կամ «Մխիթարութիւն»,– եւ կանխագուշակած էր թէ իր որդին մարդկութիւնը այդ անէծքէն պիտի հանգստացնէր։ Նոյի աչքերը շողշողած ըլլալու էին, երբ ան գիտակցեցաւ թէ այդ մարգարէութեան կատարումը պիտի տեսնէր եւ երկրագունդը մշակման աւելի՛ պիտի ընդառաջէր։ Ուստի, զարմանալի չէ որ Նոյ շուտով երկրագործութեան ձեռնարկեց (Ծննդոց 3։17, 18. 5։28, 29. 9։20

Նոյ եւ իր ընտանիքը տապանէն դուրս ելան դէպի մաքրուած երկրագունդ

Միեւնոյն ժամանակ, Եհովան Նոյի զարմին յստակ եւ պարզ օրէնքներ տուաւ, ներառեալ՝ մարդասպանութեան եւ արեան սխալ գործածութեան մասին։ Աստուած նաեւ ուխտ մը հաստատեց մարդկութեան հետ, խոստանալով որ երկրի վրայ ապրող բոլոր էակները դարձեալ ջրհեղեղով պիտի չկործանէ։ Իր խոստումին ճշմարիտ ըլլալը ցոյց տալու համար, ան մարդկութեան փառաւոր բներեւոյթ մը տուաւ. ծիածանը։ Մինչեւ օրս, իւրաքանչիւր ծիածան որ կը տեսնենք, Եհովայի սիրալիր խոստումը կը յիշեցնէ (Ծննդոց 9։1-17

Եթէ Նոյին պատմութիւնը երեւակայութիւն մըն էր, հաւանաբար այդ ծիածանով վերջացած պիտի ըլլար։ Բայց Նոյ իսկական մարդ մըն էր, որ պարզ կեանք չվարեց։ Քանի որ այդ օրերուն մարդիկ աւելի երկար կ’ապրէին, այս հաւատարիմ տղամարդը 350 տարի ե՛ւս ապրեցաւ։ Այդ դարերուն ընթացքին ապրիլը զինք խորապէս վշտացուց։ Ան լուրջ սխալ գործեց, երբ առիթով մը գինովցաւ, բայց այդ սխալը աւելի բարդացաւ երբ իր թոռնիկը Քանան աւելի լուրջ մեղք մը գործեց,– մեղք մը՝ որ դաժան հետեւանքներ բերաւ Քանանի ընտանիքին վրայ։ Նոյ տեսաւ իր զարմը ինչպէ՛ս Նեբրովթի օրերուն կռապաշտութեան եւ բռնութեան անձնատուր եղաւ։ Բայց Նոյ նաեւ կրցաւ տեսնել իր որդին Սէմ ինչպէ՛ս հաւատքի գեղեցիկ օրինակ հանդիսացաւ իր ընտանիքին (Ծննդոց 9։21-28. 10։8-11. 11։1-11

Նոյի նման, պէտք է հաւատարիմ մնանք ի՛նչ խնդիրներ ալ դիմագրաւենք։ Երբ մեր շուրջինները Աստուած անտեսեն կամ դադրին անոր ծառայելէ, մեր հաւատքը պէտք չէ խախտի։ Եհովան այսպիսի հաւատարիմ ընթացք մեծապէս կ’արժեւորէ։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի» (Մատթէոս 24։13

a Ոմանք կ’ըսեն, թէ Աստուած անասունները թմրած վիճակի մը մէջ ձգեց, ձմեռնաքունի նման, որպէսզի անոնց սնունդի կարիքը նուազի։ Չենք գիտեր եթէ այդ էր պարագան, բայց գիտենք որ Աստուած իր խոստումը պահեց. տապանին մէջինները ապահով մնացին եւ վերապրեցան։

b Նաեւ, Եդեմի պարտէզին ամէն հետք կորսուեցաւ։ Հաւանաբար Ջրհեղեղին ջուրերը զայն անհետացուցին։ Հետեւաբար, պարտէզին մուտքը հսկող քերովբէները երկինք վերադարձան։ 1600 տարի տեւող անոնց նշանակումը ամբողջացած էր (Ծննդոց 3։22-24