Տառապանքին վախճանը մօտալո՛ւտ է
Պատկերացուր թէ կ’ապրիս տառապանքէ զերծ աշխարհի մը մէջ, ուր ոճիր, պատերազմ, հիւանդութիւն եւ բնական աղէտներ գոյութիւն չունին։ Երեւակայէ որ երբ ամէն առտու կ’արթննաս, քեզ չեն մտահոգեր խտրականութիւնը, հարստահարութիւնը կամ տնտեսական անորոշութիւնները։ Թերեւս ըսես թէ ասիկա անկարելի է։ Ճիշդ է որ ո՛չ մէկ մարդ կամ մարդակերտ կազմակերպութիւն կրնայ այսպիսի վիճակներ բերել, բայց Աստուած խոստացած է որ տառապանքին բոլո՛ր պատճառները պիտի չքացնէ, ներառեալ՝ նախորդ յօդուածին մէջ նշուած պատճառները։ Նկատի առ Աստուածաշունչին հետեւեալ խոստումները.
ԼԱՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Կ’ԻՇԽԷ
«Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (Դանիէլ 2։44)։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է։ Անոր Կառավարիչը՝ Յիսուս Քրիստոս, մարդկային բոլոր կառավարիչներուն տեղը պիտի առնէ եւ վստահ պիտի ըլլայ, որ ինչպէս երկնքի մէջ, երկրի վրայ ալ Աստուծոյ կամքը կատարուի (Մատթէոս 6։9, 10)։ Այս կառավարութիւնը պիտի չփոխարինուի որեւէ մարդկային կառավարութեամբ, քանի որ «մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին յաւիտենական թագաւորութիւնն» է։ Այսպէս, մնայուն խաղաղութիւն պիտի երաշխաւորուի (Բ. Պետրոս 1։11)։
ՍՈՒՏ ԿՐՕՆՔԸ ԿԸ ՉՔԱՆԱՅ
«Սատանան ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ’առնէ։ Ուրեմն մեծ բան մը չէ, որ անոր պաշտօնեաներն ալ արդարութեան պաշտօնեաներուն կերպարանքը առնեն։ Իրենց վերջը իրենց գործերուն համեմատ պիտի ըլլայ» (Բ. Կորնթացիս 11։14, 15)։
Սուտ կրօնքը որպէս Սատանային գործը պիտի քօղազերծուի եւ երկրագունդի երեսէն բնաջնջուի։ Կրօնական մոլեռանդութիւնն ու արիւնահեղութիւնը պիտի վերացուին։ Ասիկա թոյլ պիտի տայ ‘կենդանի ու ճշմարիտ Աստուածը’ սիրողներուն, որ զինք ‘մէկ հաւատքով’ եւ «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» պաշտեն։ Առ ի արդիւնք, խաղաղութիւնն ու միաբանութիւնը պիտի տիրեն (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։9. Եփեսացիս 4։5. Յովհաննէս 4։23)։
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՆԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՑՈՒԻ
«Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտնութիւն 21։3, 4)։
Եհովա Աստուած ասիկա կարելի պիտի ընէ իր Որդիին միջոցաւ, որ իր կեանքը մարդկութեան համար տուաւ (Յովհաննէս 3։16)։ Յիսուսի առաջնորդութեան ներքեւ, մարդկութիւնը կատարելութեան պիտի հասնի։ Այլեւս տառապանք պիտի չըլլայ, քանի որ «Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ» եւ իրենց «աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ»։ Մարդկային անկատարութիւնը եւ տառապանքը շուտով «առաջուան բաներ» պիտի ըլլան եւ «արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։
ՉԱՐ ՈԳԻՆԵՐԸ ԿԸ ՉՔԱՆԱՆ
«[Յիսուս Քրիստոս] բռնեց վիշապը, այսինքն առաջին օձը որ Բանսարկուն ու Սատանան է եւ կապեց զանիկա հազար տարի ու անդունդը ձգեց զանիկա եւ գոցեց ու վրայէն կնքեց, որ ա՛լ չմոլորեցնէ ազգերը» (Յայտնութիւն 20։2, 3)։
Սատանայական ազդեցութիւնները պիտի չքանան, երբ Սատանան եւ իր դեւերը ‘անդունդը ձգուին’,– բոլորովին անգործունեայ վիճակի մէջ։ Անոնք այլեւս պիտի չկարենան մարդիկը մղել չար արարքներու։ Ի՜նչ հանգիստ պիտի ըլլան անոնք՝ որոնք պիտի ապրին աշխարհի մը մէջ, որ Սատանային եւ չար ոգիներուն ազդեցութենէն զերծ է։
«ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐ»Ը ՎԵՐՋ ԿԸ ԳՏՆԵՆ
«Վերջին օրեր»ը վերջ պիտի գտնեն ‘մեծ նեղութեան’ վերջաւորութեան։ Յիսուս ըսաւ. «Այն ատեն այնպիսի մեծ նեղութիւն պիտի ըլլայ, որու նմանը աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։21)։
Այդ նեղութիւնը մեծ պիտի ըլլայ այն առումով, որ այդ ատեն աննախընթաց աղէտներ տեղի պիտի ունենան։ Իսկ անոր գագաթնակէտին, «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը՝ «Արմագեդոն»ը՝ տեղի պիտի ունենայ (Յայտնութիւն 16։14, 16)։
Ամէնուրեք մարդիկ, որոնք արդարութիւնը կը սիրեն, անձկագին կը սպասեն այս չար աշխարհին վախճանին։ Նկատի առ Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք քանի մը օրհնութիւնները։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՒԵԼԻ՛Ն ՊԻՏԻ ԸՆԷ
«Մեծ բազմութիւն մը» պիտի մտնէ խաղաղ նոր աշխարհը։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ, թէ անհամար «մեծ բազմութիւն մը» մեծ նեղութենէն պիտի վերապրի ու մտնէ արդար նոր աշխարհը (Յայտնութիւն 7։9, 10, 14. Բ. Պետրոս 3։13)։ Անոնք իրենց փրկութիւնը պիտի վերագրեն Յիսուս Քրիստոսի,– «Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յովհաննէս 1։29)։
Աստուածային ուսուցումը մեծ օգուտներ պիտի բերէ։ Նոր աշխարհին մէջ, «երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի» (Եսայի 11։9)։ Աստուածային ուսուցումը պիտի պարփակէ ցուցմունքներ, որոնք պիտի յստակացնեն ինչպէ՛ս բոլոր մարդոց հետ խաղաղութեամբ եւ միջավայրին հետ ներդաշնակ ապրիլ։ Աստուած կը խոստանայ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ» (Եսայի 48։17)։
Սիրելի ննջեցեալները պիտի յարուցանուին։ Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս իր բարեկամը՝ Ղազարոսը յարուցանեց (Յովհաննէս 11։1, 5, 38-44)։ Այսպիսով, ան ցոյց տուաւ այն ինչ որ աւելի մեծ տարողութեամբ պիտի ընէ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ (Յովհաննէս 5։28, 29)։
Խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը յաւիտեան պիտի տիրեն։ Քրիստոսի իշխանութեան ներքեւ, անօրէնութիւնը անցեալին պիտի պատկանի։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Քանի որ Յիսուս կրնայ սրտերը կարդալ. եւ ան իր այս կարողութիւնը պիտի գործածէ դատելու համար արդարներն ու չարերը։ Անոնք որոնք կը մերժեն իրենց չար կենցաղակերպը փոխել, պիտի չապրին Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ (Սաղմոս 37։9, 10. Եսայի 11։3, 4. 65։20. Մատթէոս 9։4)։
Նկատի առինք միայն Աստուածաշունչի քանի մը մարգարէութիւններ, որոնք ցոյց կու տան թէ մօտ ապագային մարդիկ ի՜նչ հոյակապ բաներ պիտի վայելեն։ Երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ իշխէ, յաւիտեան «խաղաղութեան առատութիւն» պիտի ըլլայ (Սաղմոս 37։11, 29)։ Եւ ցաւին ու տառապանքին բոլոր պատճառները վստահաբար պիտի չքանան, քանի որ Աստուած ինք կը խոստանայ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ. . . այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են» (Յայտնութիւն 21։5)։