ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՏ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ՄԱՐԴԻԿԸ ԱՍՏՈՒԾՄԷ ԿԸ ՀԵՌԱՑՆԵՆ
Սուտ 2. Աստուած խորհուրդ է
ԻՆՉ ՈՐ ՇԱՏԵՐ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՆ։
Քրիստոնէական կրօնքը «իր երեք գլխաւոր ճիւղերով՝ կաթողիկէութիւն, ուղղափառութիւն եւ բողոքականութիւն, կ’ընդունի թէ Աստուած մէկ է, բայց բաղկացած է երեք անձերէ. Հայրը Աստուած է, Որդին Աստուած է եւ Սուրբ Հոգին Աստուած է։ Ըստ քրիստոնէական աստուածաբանութեան, ասիկա չի նշանակեր թէ երեք աստուածներ կան, այլ՝ թէ այս երեքը մէկ Աստուած են» (The New Encyclopædia Britannica)։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ։
Յիսուս բնաւ չդաւանեցաւ թէ Աստուծոյ հաւասար էր կամ Աստուծոյ նոյն բնոյթը ունէր։ Փոխարէն ան ըսաւ. «Ես Հօրը քով կ’երթամ, վասն զի իմ Հայրս ինձմէ մեծ է» (Յովհաննէս 14։28)։ Ան նաեւ իր հետեւորդներէն մէկուն ըսաւ. «Ես կ’ելլեմ իմ Հօրս քով ու ձեր Հօրը քով եւ իմ Աստուծոյս քով ու ձեր Աստուծոյն քով» (Յովհաննէս 20։17)։
Սուրբ հոգին անձ չէ։ Նախկին քրիստոնեաները «Սուրբ Հոգիով լեցուեցան», եւ Եհովան ըսաւ. «Իմ Հոգիէս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ» (Գործք 2։1-4, 17)։ Սուրբ հոգին Երրորդութեան մաս չի կազմեր։ Անիկա Աստուծոյ գործօն ուժն է։
ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ։
Կաթողիկէ ուսումնականներ՝ Գարլ Ռահնըր եւ Հէրպէրթ Վորկրիմլըր կը բացատրեն, թէ Երրորդութիւնը «առանց յայտնութեան կարելի չէ գիտնալ եւ յայտնութենէն ետքն իսկ կարելի չէ լիովին ըմբռնել զայն»։ Իրապէս կրնա՞ս անհասկնալի անձնաւորութեան տէր անհատ մը սիրել։ Ուրեմն, Երրորդութեան վարդապետութիւնը արգելք կը հանդիսանայ որ Աստուած ճանչնանք ու սիրենք։
Մարքոն, որ նախապէս նշուեցաւ, Երրորդութիւնը խոչընդոտ կը սեպէր։ Ան կ’ըսէ. «Կարծեցի որ Աստուած իր ինքնութիւնը ինձմէ կը պահէ, եւ ասիկա պատճառ դարձաւ որ զինք հեռաւոր, խորհրդաւոր եւ անմատչելի նկատեմ»։ Բայց Աստուած «խռովութեան Աստուած չէ» (Ա. Կորնթացիս 14։33)։ Ան իր ինքնութիւնը մեզմէ չէ պահած եւ կ’ուզէ որ զինք ճանչնանք։ Յիսուս ըսաւ. «Մենք անոր երկրպագութիւն կ’ընենք, որը կը ճանչնանք» (Յովհաննէս 4։22)։
«Երբ գիտցայ որ Աստուած Երրորդութիւն մը չէ, վերջապէս կրցայ իրեն հետ անձնական փոխյարաբերութիւն հաստատել», կ’ըսէ Մարքոն։ Եթէ Եհովան իւրայատուկ անձ նկատենք, քան խորհրդաւոր օտար մը, շատ աւելի դիւրին է զինք սիրել։ «Ան որ չի սիրեր՝ Աստուած չի ճանչնար. վասն զի Աստուած սէր է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Ա. Յովհաննէս 4։8)։