Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Միջդաւանութիւն. Աստուած անոր կը հաճի՞

Միջդաւանութիւն. Աստուած անոր կը հաճի՞

«Կրօնքը մեզ կը միացնէ՞ թէ ոչ կը բաժնէ»։ Այս հարցումը ուղղուեցաւ լրագրի մը ընթերցողներուն (The Sydney Morning Herald)։ Պատասխանողներուն շուրջ 89 տոկոսը ըսաւ թէ կրօնքը մեզ կը բաժնէ։

ՄԻՋԴԱՒԱՆՈՒԹԵԱՆ թիկունք կանգնողները սակայն, տարբեր տեսակէտ ունին։ «Միջդաւանական երիտասարդներու կեդրոն»ի հիմնադիրը՝ Իպու Փէդել ըսաւ. «Ինծի ցոյց տուր կրօնք մը որ կարեկցութեամբ. . . կենսոլորտային հարցերով. . . եւ հիւրասիրութեամբ չէ հետաքրքրուած»։

Արդարեւ, պուտտայականները, կաթողիկէները, բողոքականները, հինտուները, իսլամները եւ ուրիշներ, շատ առիթներով իրենց ուժերը միացուցած են, որպէսզի աղքատութեան դէմ պայքարին, մարդկային իրաւանց համար արշաւներ ընեն, ցամաքի ականները արգիլեն կամ կենսոլորտային հարցերու վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեն։ Բազմազան կրօնքներ միասնաբար քննարկութիւններ կ’ընեն, ջանալով փոխադարձ հասկացողութիւն յառաջացնել։ Անոնք իրենց բազմազանութիւնը կը յայտնեն՝ մոմեր վառելու արարողութիւններով, տօնակատարութիւններով, երաժշտութիւններով, աղօթքներով, եւ այլն։

Արդեօք կրօնքները իրարու հետ խառնելը, անոնց միջեւ եղած բախումը լուծելու կե՞րպն է։ Աստուած միջդաւանութիւնը կը գործածէ՞ աւելի լաւ աշխարհ մը մէջտեղ բերելու համար։

Ի՞ՆՉ ԳՆՈՎ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Միջդաւանական մեծ կազմակերպութիւններէն մէկը կը պարծենայ, թէ 76 երկիրներու մէջ գործունեայ է եւ իր անդամները աւելի քան 200 կրօնական խումբեր կը ներկայացնեն։ Անոր ծանուցանած նպատակն է՝ «միջդաւանական ամէնօրեայ եւ մնայուն համագործակցութիւն յառաջացնել»։ Սակայն, ասիկա աւելի դիւրին եղած է խօսքով քան՝ գործով։ Օրինակ, անոր հիմնադիրները կ’ըսեն, թէ ստիպուեցան կանոնադրութեան բառերը ուշադրութեամբ ընտրել, որպէսզի զայն ստորագրող կրօնական խումբերը նեղ կացութեան չմատնեն։ Պատճառներէն մէկը այն էր, թէ կանոնադրութեան մէջ «Աստուած» նշելուն շուրջ անհամաձայնութիւն կար։ Հետեւաբար, Աստուծոյ որեւէ ակնարկութիւն չեղաւ։

Աստուած անտեսուելով, կրօնքը ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ։ Ասկէ զատ, այսպիսի միջդաւանական շարժում մը ի՞նչ տարբերութիւն կ’ունենայ աշխարհիկ որեւէ բարեգործական կամ մարդասիրական կազմակերպութենէ։ Այս կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ վերոնշեալ միջդաւանական կազմակերպութիւնը ինքզինք կը նկարագրէ ո՛չ թէ կրօնական, հապա որպէս «կամրջաձիգ կազմակերպութիւն»։

ԼԱՒ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՌԱՋ ՄՂԵԼԸ ԲԱՒԱՐԱ՞Ր Է

Միջդաւանութեան երեւելի ջատագով՝ Տալայ Լամա կ’ըսէ. «Բոլոր գլխաւոր կրօնական աւանդութիւնները հիմնականօրէն նոյն պատգամը կը հաղորդեն. սէր, կարեկցութիւն եւ ներողամտութիւն»։ Ան կ’աւելցնէ. «Կարեւոր բանը այն է, թէ այս յատկութիւնները մեր ամէնօրեայ կեանքին մէկ մասը պէտք է ըլլան»։

Կասկած չկայ թէ այդպիսի յատկութիւններ մեծ արժէք ունին։ Ոսկի կանոնին մէջ Յիսուս ըսաւ. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Մատթէոս 7։12)։ Սակայն, իսկական հաւատքը պարզապէս արժանիքներ յառաջ մղելու հա՞րց է։

Աստուծոյ ծառայել դաւանող կարգ մը անհատներու մասին Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Կրնամ իրենց մասին վկայել՝ թէ Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են. միայն թէ այս նախանձախնդրութիւնը հիմնուած չէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ»։ Խնդիրը ի՞նչ էր։ «Անոնք չհասկցան, թէ Աստուած ի՛նչ ձեւով կ’ուզէր արդարացնել մարդիկը», ըսաւ Պօղոս, եւ «արդարանալու իրենց հասկցած ձեւին կառչեցան» (Հռովմայեցիս 10։2, 3, Անթիլիաս)։ Աստուծոյ պահանջածը ճշգրտօրէն չգիտնալով, անոնց նախանձախնդրութիւնն ու հաւատքը իրապէս ի զուր էին (Մատթէոս 7։21-23

ՄԻՋԴԱՒԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Յիսուս ըսաւ. «Երանի՜ խաղաղութիւն ընողներուն» (Մատթէոս 5։9)։ Ան իր քարոզածը անձամբ կիրարկեց, քաջալերելով բռնութեան չդիմել եւ խաղաղութեան պատգամ տալով կրօնական տարբեր ենթահող ունեցողներու (Մատթէոս 26։52)։ Պատգամին ընդառաջողները սիրոյ անբեկանելի կապով միացան (Կողոսացիս 3։14)։ Բայց Յիսուսի նպատակը պարզապէս զանազան ենթահողերէ եկող մարդոց միջեւ կամուրջ նետե՞լ էր, որպէսզի կարենան համերաշխ ըլլալ։ Ան ուրիշներու կրօնական սովորութիւններուն մասնակցեցա՞ւ։

Փարիսեցիներու եւ սադուկեցիներու կրօնական առաջնորդները կատաղաբար Յիսուսի հակառակեցան, նոյնիսկ ջանացին զինք սպաննել։ Ան ինչպէ՞ս հակազդեց։ «Թող տուէք զանոնք. իրենք կոյր են ու կոյրերու առաջնորդ», ըսաւ իր աշակերտներուն (Մատթէոս 15։14)։ Յիսուս չուզեց այսպիսի անհատներու հետ հոգեւոր եղբայրութեան մաս կազմել։

Յետագային, քրիստոնէական ժողովք մը հաստատուեցաւ Յունաստանի Կորնթոս քաղաքին մէջ, որ հռչակաւոր էր իր բազմակարծիք եւ բազմակրօն մշակոյթով։ Այդ միջավայրին մէջ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս պիտի վարուէին։ Պօղոս առաքեալ անոնց գրեց. «Անհաւատներուն հետ օտարախառն լծակից մի՛ ըլլաք»։ Ինչո՞ւ։ Ան պատճառաբանեց. «Ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարին հետ, կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ»։ Ապա այս յորդորը տուաւ. «Ասոր համար ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք» (Բ. Կորնթացիս 6։14, 15, 17

Յստակ է թէ Աստուածաշունչը միջդաւանութիւնը կը դատապարտէ։ Բայց թերեւս հարց տաս. «Լաւ, իսկական միութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ իրագործուիլ»։

ԻՍԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՅԱՌԱՋԱՑՆԵԼ

Միջազգային անջրպետային կայանը,– երկրագունդին շուրջ թաւալող արհեստագիտական հրաշալիք մը,– գրեթէ 15 երկիրներու միացեալ ջանքերուն արդիւնքն է։ Կը կարծե՞ս թէ այս ծրագիրը պիտի իրագործուէր եթէ մասնակից ազգերը գործածուելիք յատակագծին շուրջ անհամաձայն գտնուէին։

Նոյնն է այժմու միջդաւանական շարժումին պարագան։ Թէեւ համագործակցութիւնը եւ յարգանքը կը շեշտուին, սակայն հաւատք կերտելու համար համաձայնուած ծրագիր մը չկայ։ Առ ի արդիւնք, բարոյական եւ վարդապետական հարցերը կը շարունակեն պառակտիչ ըլլալ։

Աստուածաշունչը կը բովանդակէ Աստուծոյ չափանիշները, որոնք յատակագծի մը նման են։ Կրնանք մեր կեանքը կերտել Աստուածաշունչին ըսածներուն հիման վրայ։ Անոր ուսուցումները ընդունողները կրցած են ցեղային եւ կրօնական նախապաշարումները յաղթահարել ու իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ միութեամբ գործել։ Այս բանը նախագուշակելով, Աստուած ըսաւ. «Ժողովուրդներուն շրթունքները մաքուր շրթունքներու պիտի դարձնեմ [«մաքուր լեզու մը պիտի տամ», ՆԱ], որպէս զի ամէնքը Տէրոջը անունը կանչեն ու մէկ սրտով անոր ծառայութիւն ընեն»։ Միութիւնը յառաջ կու գայ «մաքուր լեզու»էն,– Աստուծոյ սահմանած պաշտամունքի չափանիշը (Սոփոնիա 3։9. Եսայի 2։2-4

Եհովայի վկաները ջերմօրէն քեզ կը հրաւիրեն, որ Թագաւորութեան սրահը գալով տեսնես իրենց միջեւ եղող ուշագրաւ խաղաղութիւնն ու միութիւնը (Սաղմոս 133։1