Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Ինչո՞ւ աղօթել

Ինչո՞ւ աղօթել

Թերեւս հարց տաս. ‘Եթէ Աստուած ամէն բան գիտէ, ներառեալ՝ մտածումներս եւ կարիքներս, ինչո՞ւ աղօթեմ’։ Ասիկա տրամաբանական հարցում մըն է։ Արդէն Յիսուս չըսա՞ւ որ Աստուած ‘քեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուն իրմէ չխնդրած’ (Մատթէոս 6։8)։ Անցեալին, Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորը ասոր գիտակից էր, քանի որ գրեց. «Բնաւ խօսք չկայ իմ լեզուիս վրայ, ահա, ո՛վ Տէր, դուն ամէնը գիտես» (Սաղմոս 139։4)։ Եթէ այս է պարագան, ինչո՞ւ Աստուծոյ աղօթենք։ Պատասխանելու համար, նկատի առնենք թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ աղօթքներուն մասին *։

«Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8

ԱՂՕԹՔԸ ՄԵԶ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԸ ՄՕՏԵՑՆԷ

Թէեւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Եհովա * Աստուած ամենագէտ է, բայց նաեւ ցոյց կու տայ թէ ան իր երկրպագուներուն մասին միայն տեղեկութիւններ հաւաքելով չէ հետաքրքրուած (Սաղմոս 139։6. Հռովմայեցիս 11։33)։ Իր անսահման յիշողութիւնը չի նմանիր համակարգիչի մը յիշողութեան, որ անհատներու մասին մեքենաբար տեղեկութիւններ կ’ամբարէ։ Ընդհակառակը, Աստուած խո՛րապէս հետաքրքրուած է մեզմով, մեր ամենաներքին մտածումներով, որովհետեւ կ’ուզէ որ իրեն մօտենանք (Սաղմոս 139։23, 24. Յակոբոս 4։8)։ Անոր համար Յիսուս իր հետեւորդները քաջալերեց որ աղօթեն, հակառակ անոր որ իր Հայրը շատ լաւ գիտէ մեր հիմնական կարիքները (Մատթէոս 6։6-8)։ Որքա՛ն աւելի յայտնենք մեր մտածումները մեր Արարիչին, այնքա՛ն աւելի պիտի մօտենանք իրեն։

Երբեմն, կրնայ ըլլալ որ չգիտնանք ճիշդ ի՛նչ բանի մասին աղօթել։ Այսպիսի պարագաներուն, Աստուած կրնայ մինչեւ իսկ մեր չարտայայտած զգացումները հասկնալ եւ մեր պարագաները շատ լաւ գիտնալով, մեր կարիքներուն գոհացում տալ (Հռովմայեցիս 8։26, 27. Եփեսացիս 3։20)։ Երբ անդրադառնանք թէ Աստուած նոյնիսկ անուղղակի կերպերով մեր կեանքին միջամտած է, ինքնաբերաբար իրեն մօտիկ կը զգանք։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԲՈԼՈ՞Ր ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ

Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ, թէ Ամենակալ Աստուած իր հաւատարիմ ծառաներուն աղօթքներուն կը պատասխանէ, բայց նաեւ կ’ըսէ թէ ինչո՛ւ կարգ մը աղօթքներ չի լսեր։ Օրինակի համար, երբ բռնութիւնը համատարած էր վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Աստուած իր Եսայի մարգարէին միջոցով ժողովուրդին ըսաւ. «Երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ, վասն զի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են» (Եսայի 1։15)։ Յստակ է ուրեմն, որ ամէն ով որ Աստուծոյ օրէնքները կ’արհամարհէ կամ անպատշաճ մղումներով կ’աղօթէ, չի կրնար ակնկալել որ Աստուծոյ կողմէ լսուի (Առակաց 28։9. Յակոբոս 4։3

Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհաննէս 5։14)։ Սակայն ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Աստուած իր երկրպագուներուն իւրաքանչիւր խնդրանքը պիտի շնորհէ։ Պայման չէ։ Նկատի առ Պօղոս առաքեալը, որ երեք անգամ Աստուծոյ աղաչեց որ «խայթոց մը» հանէր իր մարմնէն (Բ. Կորնթացիս 12։7, 8)։ Կրնայ ըլլալ որ ան աչքի երկարատեւ հիւանդութենէ կը տառապէր, ինչ որ զինք բաւական նեղացուցած ըլլալու էր։ Թէեւ բուժելու պարգեւը ունէր եւ նոյնիսկ յարութիւն մըն ալ տուած էր, սակայն ան ստիպուեցաւ իր այս հիւանդութեան հետ մաքառիլ (Գործք 19։11, 12. 20։9, 10)։ Թէեւ Պօղոսի աղաչանքները իր ուզած կերպով չպատասխանուեցան, բայց եւ այնպէս ան Աստուծոյ պատասխանը երախտագիտութեամբ ընդունեց (Բ. Կորնթացիս 12։9, 10

«Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհաննէս 5։14

Ճիշդ է որ Աստուածաշունչին մէջ նշուած անհատներէն ոմանց աղօթքները հրաշալի կերպով պատասխանուեցան (Դ. Թագաւորաց 20։1-7)։ Բայց ասիկա սովորական չէր, նոյնիսկ այդ օրերուն։ Հաւատացեալներէն ոմանք ընդվզեցան, երբ իրենց թուեցաւ թէ Աստուած չէր պատասխանած իրենց աղօթքներուն։ Դաւիթ թագաւոր հարցուց. «Ո՛վ Տէր, մինչեւ ե՞րբ բոլորովին զիս պիտի մոռնաս» (Սաղմոս 13։1)։ Բայց երբ այս հաւատարիմ տղամարդը անդրադարձաւ թէ Եհովան քանի՛ անգամ զինք փրկած էր, Աստուծոյ հանդէպ իր վստահութիւնը վերահաստատեց։ Նոյն աղօթքին մէջ, Դաւիթ աւելցուց. «Ես քու ողորմութեանդ յուսացի» (Սաղմոս 13։5)։ Դաւիթին պէս, ներկայիս Աստուծոյ երկրպագուները թերեւս հարկ է որ աղօթքի մէջ յարատեւեն, մինչեւ որ գիտակցին թէ Աստուած իրենց խնդրանքներուն կ’ընդառաջէ (Հռովմայեցիս 12։12

ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒՆ

Աստուած մեր իսկական կարիքներուն գոհացում կու տայ։

Հոգատար ծնող մը ամէն անգամ իր զաւակին ուզած բանը անոր ուզած ժամանակին չի տար։ Նմանապէս, Աստուած թերեւս մեր խնդրանքները չի տայ մեր ուզած կերպով կամ մեր ակնկալած ժամանակին։ Բայց կրնանք վստահ ըլլալ թէ մեր Ստեղծիչը, սիրալիր հօր մը նման, մեր իսկական կարիքներուն գոհացում պիտի տայ ճիշդ ժամանակին եւ ճիշդ կերպով (Ղուկաս 11։11-13

Աստուած թերեւս իր Խօսքին միջոցով մեր աղերսանքներուն պատասխանէ

Աստուած թերեւս անուղղակի կերպով պատասխանէ։

Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ կ’աղօթենք որ շարունակական խնդիրէ մը ազատինք, բայց հրաշալի պատասխան մը չենք առներ։ Պէ՞տք է եզրակացնենք թէ Եհովան մեզի բոլորովին չի պատասխաներ։ Ո՜չ։ Կրնայ ըլլալ որ Աստուած մեզի անուղղակի կերպերով օգնած է։ Օրինակ, թերեւս հոգատար ընկեր մը իր ամէն կարելին ըրաւ ճիշդ ժամանակին մեզի օգնելու (Առակաց 17։17)։ Չի՞ կրնար ըլլալ Աստուա՛ծ մղեց այդ հոգատար ընկերը, որ մեզի օգնէ։ Ասկէ զատ, Եհովան թերեւս իր Խօսքին միջոցով մեր աղերսանքներուն պատասխանէ։ Աստուածաշունչը կարդալով, թերեւս աւելի լաւ հասկնանք թէ ինչո՛ւ դժուար կացութեան մը մէջ ենք, եւ անոր հետ գլուխ ելլենք (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

Աստուած թերեւս հոգատար ընկերներու միջոցով ճիշդ ժամանակին մեզի օգնէ

Աստուած իր ծառաներէն մէկուն խնդիրը վերցնելու տեղ, յաճախ հարկ եղած զօրութիւնը կու տայ որ անոր հետ գլուխ ելլէ (Բ. Կորնթացիս 4։7)։ Օրինակի համար, երբ Յիսուս իր Հօր աղաչեց որ ծանր փորձութիւն մը վերցնէր իրմէ, վախնալով որ ատիկա Անոր անուան անարգանք պիտի բերէր, Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց իր Որդին զօրացնելու (Ղուկաս 22։42, 43)։ Նմանապէս, Աստուած թերեւս մտերիմ բարեկամի մը բերնով մեզի քաջալերական խօսքեր ըսէ այն պահուն՝ երբ անոնց շատ պէտք ունինք (Առակաց 12։25)։ Քանի որ աղօթքի մը պատասխանը կրնայ այսպէս անուղղակի ըլլալ, լաւ կ’ըլլայ որ ուշադիր ըլլանք թէ Աստուած մեզի ի՛նչ կերպերով կը պատասխանէ։

Աստուած յարմար ժամանակին պիտի պատասխանէ

Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Ամենակալ Աստուած «ժամանակին» ականջ կու տայ իր խոնարհ ծառաներուն աղօթքին (Ա. Պետրոս 5։6)։ Ուստի եթէ մեզի թուի թէ Եհովան կ’ուշանայ մեր անկեղծ խնդրանքները շնորհելու, պէտք չէ խորհինք թէ մեզմով չէ հետաքրքրուած։ Ընդհակառակը, քանի որ մեր հոգատար Ստեղծիչը ամէն բան գիտէ, անկասկած մեր խնդրանքներուն գոհացում կու տայ, ի մտի ունենալով թէ ի՛նչն է մեզի համար լաւագոյնը։

«Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէ՛ք, որպէս զի ձեզ ժամանակին բարձրացնէ» (Ա. Պետրոս 5։6

Օրինակ մը տանք. երեւակայէ թէ մանչ մը ունիս որ քեզմէ հեծանիւ կը խնդրէ։ Անմիջապէս իր փափաքը պիտի կատարե՞ս։ Եթէ զգաս որ ան տակաւին պատրաստ չէ հեծանիւ քշելու, թերեւս որոշես սպասել։ Բայց ժամանակ մը ետք, կրնայ ըլլալ որ իր խնդրանքը շնորհես, երբ տեսնես թէ ասիկա իր օգտին պիտի ծառայէ։ Նոյն կերպով, Աստուած թերեւս յարմար ժամանակին մեր ‘սրտին [պատշաճ] խնդրուածքները’ շնորհէ, եթէ շարունակենք աղօթել (Սաղմոս 37։4

ՎՍՏԱՀ ԵՂԻՐ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ԿԸ ԼՍԷ

Աստուածաշունչը ճշմարիտ քրիստոնեաները կը յորդորէ, որ յարատեւաբար աղօթեն։ Բայց կրնայ մէկը ըսել թէ ասիկա խօսքո՛վ դիւրին է։ Ճիշդ է որ եթէ երկարատեւ խնդիր մը կը դիմագրաւենք կամ անիրաւութեան զոհը գացած ենք, թերեւս զգանք թէ ա՛լ չենք կրնար Աստուծոյ պատասխանին սպասել։ Բայց լաւ կ’ըլլայ որ յիշենք, թէ Յիսուս ի՛նչ սորվեցուց աղօթքի մէջ յարատեւելուն մասին։

Իր առակներէն մէկուն մէջ, Յիսուս նշեց աղքատ որբեւայրի մը, որ շարունակ անիրաւ դատաւորէ մը կը խնդրէր որ իրեն իրաւունք ընէր (Ղուկաս 18։1-3)։ Թէեւ սկիզբը դատաւորը չուզեց կնոջ օգնել, բայց ետքը իր մտքին մէջ ըսաւ. «Այս որբեւարիին՝ զիս ձանձրացնելուն համար՝ իրեն իրաւունք ընեմ, որպէս զի չի գայ ամէն ատեն ինծի թախանձէ» (Ղուկաս 18։4, 5)։ Դատաւորը մտածեց որբեւայրիին խնդրանքին ընդառաջել, որպէսզի,– ինչպէս որ բնագիր լեզուին մէջ եկած է,– կինը դատաւորին «աչքին ներքեւը չհարուածէր», որ այլաբանօրէն կը նշանակէ՝ դատաւորին «համբաւին չդպչէր» *։ Եթէ անիրաւ դատաւոր մը աղքատ որբեւայրիի մը օգնեց իր համբաւը պահելու համար, ո՛րքան աւելի մեր հոգատար Աստուածը «շուտով. . . իրաւունք պիտի ընէ» բոլոր անոնց, որոնք «ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն» (Ղուկաս 18։6-8

«Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի» (Ղուկաս 11։9

Թերեւս երբեմն յոգնինք նոյն բանը կրկին անգամ խնդրելէ, բայց պէտք չէ յանձնուինք։ Երբ յարատեւաբար կ’աղօթենք, ցոյց տուած կ’ըլլանք թէ անկեղծօրէն կ’ուզենք Աստուծոյ առաջնորդութիւնը զգալ մեր կեանքին մէջ։ Նաեւ կը սորվինք զանազանել թէ Աստուած ի՛նչ կերպերով մեր խնդրանքներուն կը պատասխանէ, եւ առ ի արդիւնք իրեն աւելի՛ կը մօտենանք։ Արդարեւ, կրնա՛նք վստահ ըլլալ որ Եհովան պիտի պատասխանէ մեր պատշաճ աղօթքներուն, եթէ շարունակենք հաւատքով խնդրել (Ղուկաս 11։9

^ պարբ. 3 Եթէ կ’ուզենք որ Աստուած մեր աղօթքները լսէ, հարկ է որ անկեղծօրէն ջանանք իր պահանջներուն գոհացում տալ։ Այսպիսով պիտի զգանք աղօթքին զօրութիւնը, ինչպէս որ քննարկուած է այս յօդուածին մէջ։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 17–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներու կողմէ։

^ պարբ. 5 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, «Եհովա» Աստուծոյ անունն է։

^ պարբ. 22 Աստուածաշունչի օրերուն, Աստուած իսրայէլի դատաւորներէն կ’ակնկալէր որ յատուկ ուշադրութիւն ընծայէին որբերուն եւ որբեւայրիներուն (Բ. Օրինաց 1։16, 17. 24։17. Սաղմոս 68։5