ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱ՞Ծ Է
Աստուած կ’ուզէ որ իրեն հետ փոխյարաբերութիւն ունենաս
«Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ» (Յովհաննէս 6։44)։
ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԸ ԿԱՍԿԱԾԻՆ։ Աստուծոյ հաւատացողներէն շատեր իրեն շատ մօտ չեն զգար։ «Ինծի համար ան պարզապէս ամէն բանի Ստեղծիչն էր», կ’ըսէ Քրիսթինա՝ Իրլանտայէն կին մը, որ ամէն շաբաթ եկեղեցի կը յաճախէր։ «Բայց զինք չէի ճանչնար։ Ո՛չ մէկ անգամ զգացի թէ իրեն մօտիկ եմ»։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾԸ։ Երբ կորսուած կը զգանք, Աստուած մեզի օգնելէ չի դադրիր։ Յիսուս մեզի հանդէպ Աստուծոյ հոգածութիւնը սա կերպով լուսաբանեց. «Եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, իննսունինը ոչխարը լեռները չի՞ ձգեր ու երթար մոլորածը փնտռեր»։ Դասը ի՞նչ է։ «Այսպէս, ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի» (Մատթէոս 18։12-14)։
«Այս պզտիկներէն» իւրաքանչիւրը Աստուծոյ աչքին թանկագին է։ Ան ինչպէ՞ս ‘մոլորածը կը փնտռէ’։ Սկիզբը նշուած համարին համաձայն, Եհովան մարդիկը իրեն կը քաշէ։
Նկատի առ օրինակներ թէ Աստուած ինչպէ՛ս նախաքայլը առաւ անկեղծ անհատներ իրեն քաշելու։ Ք.Ե. առաջին դարուն, ան քրիստոնեայ աշակերտը՝ Փիլիպպոսը ղրկեց որ եթովպիացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը հանդիպի եւ անոր կարդացած աստուածաշնչական մարգարէութիւնը բացատրէ (Գործք 8։26-39)։ Յետագային, Աստուած Պետրոս առաքեալը ուղղեց որ երթայ Կոռնելիոս անունով հռոմայեցի հարիւրապետի մը տունը, որ կ’աղօթէր եւ կ’ուզէր Աստուած պաշտել (Գործք 10։1-48)։ Աստուած նաեւ Պօղոս առաքեալը եւ իր ընկերակիցները առաջնորդեց դէպի Փիլիպպէ քաղաքէն դուրս գտնուող գետ մը։ Հոն, անոնք ծանօթացան Լիդիա անունով «աստուածավախ» կնոջ մը, «որուն սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ» (Գործք 16։9-15)։
Իւրաքանչիւր պարագայի, Աստուած վստահ եղաւ որ զինք փնտռողները, զինք ճանչնալու պատեհութիւն ունենային։ Որո՞նք այսօր կ’ուղղուին մարդոց տուները եւ հանրային տեղեր, Աստուծոյ մասին Աստուածաշունչի պատգամը հաղորդելու համար։ Շատեր պիտի պատասխանեն. «Եհովայի վկաները»։ Դուն քեզի հարց տուր. «Կրնա՞յ ըլլալ որ Աստուած զիրենք կը գործածէ, որպէսզի կարենամ իրեն հետ փոխյարաբերութիւն ունենալ»։ Կը քաջալերենք որ աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրես, որ քեզ իրեն մօտեցնելու իր ջանքերուն ընդառաջես *։
^ պարբ. 8 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիտէ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել տեսաերիզը, www.ps8318.com/hy-latn կայքը այցելելով։