Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքը արդա՞ր էր

Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքը արդա՞ր էր

ԱՏԵՆ մը առաջ, Արեւմտեան երկրի մը մէջ եղեռնադատ ատեանները թերի ապացոյցներ ընդունեցին երկու տղամարդոց դէմ, որոնք մարդասպանութեան յանցանքով ամբաստանուած էին, եւ զանոնք մահուան դատապարտեցին։ Անգամ մը որ գործուած սխալը երեւան ելաւ, փաստաբանները ծանր աշխատեցան եւ կրցան դատապարտեալներէն մէկը բանտէն ազատ արձակել։ Բայց լաւագոյն փաստաբանները ոչինչ կրնային ընել երկրորդին համար,– ան արդէն իսկ մահապատիժի ենթարկուած էր։

Որովհետեւ որեւէ օրինական դրութեան մէջ արդարութիւնը կրնայ խեղաթիւրուիլ, Աստուածաշունչը կը յորդորէ. «Արդարութեան, միայն արդարութեան հետեւիր» (Բ. Օրինաց 16։20)։ Երբ դատաւորներ արդարութեան հետամուտ ըլլան, քաղաքացիները կ’օգտուին։ Աստուծոյ Օրէնքը վաղեմի իսրայէլին տուաւ օրինական դրութիւն մը, որ անաչառութեան եւ արդարութեան վրայ հիմնուած էր։ Այժմ այդ Օրէնքը քննելով պիտի տեսնենք թէ իրապէ՛ս «[Աստուծոյ] բոլոր ճամբաները արդար են» (Բ. Օրինաց 32։4

«ԻՄԱՍՏՈՒՆ, ՀԱՆՃԱՐԵՂ ԵՒ ԱՆՈՒԱՆԻ» ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐ

Մարդոց իրաւունքները կը պաշտպանուին երբ դատաւորներ որակեալ, անաչառ ու ոչ–կաշառակեր ըլլան։ Իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքը շատ կարեւորութիւն կու տար այսպիսի դատաւորներու։ Նախապէս, երբ իսրայէլացիները սկսան անապատին մէջ թափառիլ, Մովսէսի ըսուեցաւ որ «կարող մարդիկ, Աստուծմէ վախցող, ճշմարտասէր ու ագահութիւնը ատող մարդիկ» ընտրէ որպէս դատաւորներ (Ելից 18։21, 22)։ 40 տարի ետք, ան կրկին շեշտեց կարիքը «իմաստուն ու հանճարեղ եւ անուանի մարդ[ոց]», որ ժողովուրդը դատեն (Բ. Օրինաց 1։13-17

Դարեր ետք, Յուդայի Յովսափատ * թագաւորը դատաւորներուն պատուիրեց. «Նայեցէ՛ք թէ ի՛նչ կ’ընէք, քանզի ձեր դատաստանը մարդու չի վերաբերիր, հապա Տէրոջը, որ դատաստանի մէջ ձեզի հետ է։ Ուրեմն Տէրոջը վախը ձեր վրայ ըլլայ, զգուշութեամբ գործեցէք. քանզի մեր Տէր Աստուծոյն քով անիրաւութիւն, աչառութիւն ու կաշառք չկայ» (Բ. Մնացորդաց 19։6, 7)։ Այսպէս, թագաւորը դատաւորներուն յիշեցուց թէ եթէ կանխադատութիւնը կամ ագահութիւնը ազդէր իրենց որոշումներուն, Աստուած զիրենք պատասխանատու պիտի նկատէր յառաջ եկած որեւէ վնասի համար։

Երբ իսրայէլի դատաւորները այդ բարձր չափանիշներուն համաձայն կը գործէին, ազգը պաշտպանուած եւ ապահով կը զգար։ Բայց Աստուծոյ Օրէնքը նաեւ շարք մը սկզբունքներ հայթայթեց, որոնք դատաւորներուն կ’օգնէին արդար որոշումներու հասնելու, նոյնիսկ ամէնէն դժուար հարցերուն մէջ։ Այդ սկզբունքներէն ոմանք ի՞նչ են։

ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ԱՐԴԱՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՑԻՆ

Թէեւ ընտրուած դատաւորները պէտք էր իմաստուն եւ կարող մարդիկ ըլլային, սակայն անոնք իրենց կարողութիւններուն կամ հանճարին ապաւինելով չէր որ դատաստան պիտի տեսնէին։ Եհովա Աստուած անոնց տուաւ սկզբունքներ կամ ուղեգիծեր, որոնցմով կրնային ճիշդ որոշումներու հասնիլ։ Ահաւասիկ իսրայէլացի դատաւորներուն տրուած կարգ մը ուղղութիւններ։

Լման հետաքննութիւն ընել։ Մովսէսի միջոցով, Աստուած իսրայէլացի դատաւորները յորդորեց. «Ձեր եղբայրներուն խնդիրները լսեցէք ու ամէն մարդու դատը. . . արդարութեամբ դատեցէք» (Բ. Օրինաց 1։16)։ Դատաւորները կրնան արդար վճիռ արձակել, միայն եթէ հարցի մը բոլոր իրողութիւններուն տեղեակ են։ Այս պատճառով, Աստուած դատական հարցեր ձեռք առնողներուն պատուիրեց. «Աղէկ մը քննէ՛ ու հարցուփորձէ՛»։ Ատեանին մէջ, դատաւորները քրէական գործի մը նկատմամբ պէտք էր վստահ ըլլային որ ամբաստանութիւնը «ճշմարիտ ու ստոյգ է», նախքան դատը շարունակելը (Բ. Օրինաց 13։14. 17։4

Վկաներու մտիկ ընել։ Հետաքննութեան մը համար վկաներուն ըսածները շատ կարեւոր էին։ Աստուծոյ Օրէնքը նշեց. «Մարդու մը ոեւէ անօրէնութեան ու մեղքի համար, յանցաւոր ըլլալը հաստատելու համար, մէկ վկայ բաւական մի՛ սեպեր, այլ գոնէ երկու կամ երեք վկաներով պէտք է հաստատուի ամէն բան» (Բ. Օրինաց 19։15)։ Աստուծոյ Օրէնքը վկաներուն պատուիրեց. «Սուտ լուր մի՛ տանիր. անօրէնին հետ ձեռքդ մի՛ միացներ անիրաւ վկայ ըլլալով» (Ելից 23։1

Վկաներէն պարկեշտութիւն պահանջել։ Ատեանին դիմաց սուտ խօսելուն պատիժը բոլորին զօրաւոր ազդարարութիւն էր. «Դատաւորները աղէկ մը պէտք է քննեն եւ եթէ այդ վկային սուտ վկայութիւն ըրած ըլլալը հաստատուի, այն ատեն, ինչպէս անիկա իր եղբօրը ընել խորհեցաւ, նոյնը ըրէք իրեն, այս ձեւով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուցէք» (Բ. Օրինաց 19։18, 19)։ Ուստի, եթէ մարդ մը ատեանին դիմաց սուտ խօսէր ուրիշի մը ժառանգը առնելու համար, իր պատիժը պիտի ըլլար՝ նոյն չափով հատուցանել։ Եթէ մարդ մը անմեղ անձի մը մեռնիլը պատճառելու համար սուտ խօսէր, իր իսկ կեանքը պիտի կորսնցնէր։ Այս ցուցմունքը զօրաւոր պատճառ կու տար ճշմարտութիւնը խօսելու։

Անաչառութեամբ դատել։ Անգամ մը որ մատչելի բոլոր ապացոյցները ունենային, դատաւորները իրարու հետ կը խորհրդակցէին վճիռ մը որոշելու համար։ Այս հանգրուանին, Աստուծոյ Օրէնքին ուշագրաւ մէկ մանրամասնութիւնը յատկապէս կարեւոր էր. «Աղքատին աչառութիւն մի՛ ընէք եւ մեծը մի՛ շողոքորթէք. ձեր դրացին արդարութիւնով դատեցէ՛ք» (Ղեւտացւոց 19։15)։ Դատաւորները բոլոր պարագաներուն պէտք էր հարցը իր տուեալներուն համաձայն դատէին, եւ ոչ թէ խնդրոյ առարկայ անհատներուն դրսերեւոյթին կամ ընկերային դիրքին նայելով։

Այս սկզբունքները, որոնք դարեր առաջ յստակօրէն նշուած էին իսրայէլի տրուած Աստուծոյ Օրէնքին մէջ, տակաւին կրնան ներկայիս ատեաններու մէջ օգտաւէտ ըլլալ։ Երբ անոնք ի գործ դրուին, սխալ եւ անարդար դատավարութիւններէ կարելի է խուսափիլ։

Երբ Աստուծոյ Օրէնքին սկզբունքները ի գործ դրուին, անարդար դատավարութիւններէ կարելի է խուսափիլ

ԻՍԿԱԿԱՆ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ՕԳՏՈՒՈՂ ՄԱՐԴԻԿ

Մովսէս իսրայէլացիներուն ուղղեց սա հարցումը. «Ո՞ր ազգը այնչափ մեծ է, որ այսօր ձեր առջեւ դրուած այս բոլոր օրէնքին նման արդար կանոններ ու դատաստաններ ունենայ» (Բ. Օրինաց 4։8)։ Իսկապէս, ուրիշ ո՛չ մէկ ազգ այդ օգուտները կը վայելէր։ Սողոմոն թագաւորին իշխանութեան ներքեւ, երբ ան ջանաց Եհովային օրէնքները կատարել, ժողովուրդը «ապահովութեամբ կը նստէր» եւ խաղաղութիւն ու բարգաւաճութիւն կը վայելէր. անոնք «կ’ուտէին, կը խմէին եւ ուրախութիւն կ’ընէին» (Գ. Թագաւորաց 4։20, 25

Ցաւօք սրտի, իսրայէլացիները վերջ ի վերջոյ Աստուծոյ կռնակ դարձուցին։ Երեմիա մարգարէին միջոցաւ, Աստուած ըսաւ. «Ահա Տէրոջը խօսքը անարգեցին, ալ անոնց քով ի՞նչ իմաստութիւն կը մնայ» (Երեմիա 8։9)։ Առ ի արդիւնք, Երուսաղէմ «արիւնահեղ քաղաք» դարձաւ, «պղծութիւններ»ով լեցուն։ Ի վերջոյ անիկա կործանուեցաւ եւ 70 տարի անբնակ մնաց (Եզեկիէլ 22։2. Երեմիա 25։11

Եսայի մարգարէն Իսրայէլի պատմութեան ցաւալի ժամանակներուն ընթացքին ապրեցաւ։ Յետադարձ ակնարկ մը նետելով, ան մղուեցաւ Եհովա Աստուծոյ եւ իր Օրէնքին մասին մեծ ճշմարտութիւն մը յայտնելու. «Երբ քու դատաստաններդ երկրի վրայ ըլլան, աշխարհի բնակիչները արդարութիւն կը սորվին» (Եսայի 26։9

Ներշնչման ներքեւ, Եսային Մեսիական Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսին իշխանութեան մասին մարգարէացաւ. «Իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ. հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ» (Եսայի 11։3, 4)։ Որքա՜ն հիանալի հեռանկարներ բոլոր անոնց համար, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակները կը դառնան (Մատթէոս 6։10

^ պարբ. 6 Յովսափատ անունը կը նշանակէ՝ «Եհովան Դատաւոր է»։