ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍԱՏԱՆԱՆ ԻՐԱԿԱ՞Ն Է
Սատանան գոյութիւն ունի՞
«Սալվատորի մէջ մեծցած եմ։ Երբ խօսք մտիկ չընէի, մայրս ինծի կ’ըսէր. ‘Սատանան պիտի գայ քեզ առնէ’։ Ես ալ իրեն կը պատասխանէի. ‘Է թող գա՛յ’։ Ես Աստուծոյ կը հաւատայի, բայց ո՛չ Սատանային» (ՌՕԽԵԼԻՕ)։
Կը համաձայնի՞ս դեռատի Ռօխելիոյի հետ։ Այս երեք կարծիքներէն ո՞ր մէկը քեզի տրամաբանական կը թուի։
-
Սատանան իրական չէ. ան պարզապէս չարութեան խորհրդանիշ է։
-
Սատանան գոյութիւն ունի, բայց մարդ արարածը զինք շատ չի հետաքրքրեր։
-
Սատանան հոգեղէն հզօր էակ մըն է, որ մարդկութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի։
Այս կարծիքներէն իւրաքանչիւրին թիկունք կանգնող բազմաթիւ, հաւանաբար միլիոնաւոր անհատներ կան։ Բայց տարբերութիւն կ’ընէ՞ գիտնալը, թէ ո՛ր կարծիքը ճիշդ է։ Եթէ Սատանան գոյութիւն չունի, ուրեմն անոնք որոնք կը կարծեն թէ ան իրական է, խաբուած են։ Եթէ Սատանան կայ, բայց մարդիկ զինք շատ չեն հետաքրքրեր, ուրեմն շատեր պարապ տեղ իրմէ կը զգուշանան կամ կը վախնան։ Բայց եթէ Սատանան մոլորեցուցիչ մըն է, ապա ան շատերու երեւակայածէն աւելի՛ վտանգաւոր է։
Տեսնենք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը պատասխանէ հետեւեալ հարցումներուն. ի՞նչ կամ ո՞վ է Սատանան,– չարութեան խորհրդանի՞շ, թէ հոգեղէն անձ։ Եթէ Սատանան անձ մըն է, քեզի վտանգ կը սպառնա՞յ։ Եթէ այո, ինչպէ՞ս կրնաս պաշտպանուիլ։