Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԻԿ ԸԼԼԱԼ

Աստուծոյ հետ կը հաղորդակցի՞ս

Աստուծոյ հետ կը հաղորդակցի՞ս

Մտերիմ բարեկամներ իրենց պարագաներուն ներած չափով իրարու հետ կը հաղորդակցին, ըլլայ ատիկա անձամբ, հեռաձայնով, ել–մակով, վիտէոյով կամ նամակով։ Ուստի Աստուծոյ մօտիկ ըլլալու համար, հարկ է որ իրեն հետ կանոնաւորաբար հաղորդակցինք։ Բայց ինչպէ՞ս։

Եհովա Աստուծոյ կրնանք խօսիլ աղօթքի միջոցով։ Սակայն աղօթքը հասակակիցի մը հետ վարած անպաշտօն զրոյցի մը չի նմանիր։ Պէտք է գիտակցինք, որ երբ կ’աղօթենք, մեր խօսքը կ’ուղղենք Արարիչին՝ տիեզերքի Բարձրեալին։ Ասիկա մեզ պէտք է մղէ որ խոր յարգանքով եւ ակնածանքով աղօթենք։ Որպէսզի Աստուած մեր աղօթքները ընդունի, նաեւ պէտք է որոշ պահանջներու գոհացում տանք։ Թուենք անոնցմէ երեքը։

Առաջին, աղօթքները պէտք է ուղղուին միմիայն Եհովա Աստուծոյ,– ոչ թէ Յիսուսին, «սուրբ»ի մը կամ արձանի մը (Ելից 20։4, 5)։ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ. «Ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ» (Փիլիպպեցիս 4։6)։ Երկրորդ, պէտք է աղօթենք Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով։ Յիսուս ի՛նք բացատրեց. «Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհաննէս 14։6)։ Երրորդ, մեր աղօթքները Աստուծոյ կամքին համաձայն պէտք է ըլլան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհաննէս 5։14) *։

Մտերիմ բարեկամներ շատ յաճախ երկկողմանի հաղորդակցութիւն կ’ունենան

Անշուշտ, մօտիկ բարեկամութիւնը երկար պիտի չտեւէ եթէ խօսակցութիւնը միակողմանի ըլլայ։ Ինչպէս որ երկու բարեկամներ իրարու հետ կը խօսին, նոյնպէս ալ թոյլ պէտք է տանք, որ Աստուած մեզի խօսի, եւ երբ խօսի պէտք է մտիկ ընենք իրեն։ Գիտե՞ս թէ Աստուած ի՛նչ կերպով մեզի կը խօսի։

Ներկայիս, Եհովա Աստուած մեզի «կը խօսի» իր գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցով (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Ինչո՞ւ այդպէս կ’ըսենք։ Նկատի առ այս լուսաբանութիւնը։ Հաշուէ թէ մօտիկ բարեկամէ մը նամակ ստացար։ Զայն կարդալէ ետք, թերեւս խանդավառօրէն ուրիշներուն ըսես. «Տեսէք ընկերս ինծի ի՛նչ կ’ըսէ»։ Բայց ընկերդ քեզի չխօսեցաւ, հապա նամակ գրեց։ Նմանապէս, երբ Աստուածաշունչը կը կարդաս, Եհովային թոյլ կու տաս որ քեզի խօսի։ Բացման յօդուածին մէջ նշուած Ճինան կ’ըսէ. «Կը խորհիմ որ եթէ կ’ուզեմ Աստուած զիս իր բարեկամը նկատէ, հարկ է որ քննեմ իր ‘նամակը’՝ Աստուածաշունչը»։ Ան կ’աւելցնէ. «Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալը զիս Աստուծոյ աւելի մօտեցուցած է»։ Եհովային թոյլ կու տա՞ս, որ ամէն օր քեզի խօսի, իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, ամէն օր կարդալով։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ աւելի մօտ զգաս։

^ պարբ. 5 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, թէ ինչպէ՛ս կրնաս աղօթքով Աստուծոյ մօտենալ, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 17–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։