Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Ո՞վ են Եհովայի վկաները

Ո՞վ են Եհովայի վկաները

«Տարիներէ ի վեր Մայքը կը ճանչնայի։ Ան Եհովայի վկայ մըն է։ Բայց իր կրօնքը միշտ գլուխս կը դարձնէր։ Եհովան ո՞վ է։ Վկաները ինչո՞ւ տօները չեն տօներ։ Մայքը տարօրինակ կրօնքի՞ մը կը պատկանէր» (Պէքի, Քալիֆորնիա, ԱՄՆ)։

«Երբ դրացիս եւ իր ընտանիքը սկսան Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, ես ինծի ըսի. ‘Ի՞նչ ըսել է «Եհովայի վկաներ»։ Տարօրինակ է որ կրօնք մը այսպէս կոչուի’» (Զենոն, Օնթարիօ, Քանատա)։

«Ես ու կինս կը կարծէինք որ Եհովայի վկաները եկած են մեր յանցաւոր ըլլալու զգացումները օգտագործելու, քանի որ եկեղեցին չենք։ Եւ մենք կը մտածէինք որ եթէ մեր փնտռածները հիմնական եկեղեցիներուն քով չենք գտներ, Եհովայի վկաներուն պէս տարօրինակ աղանդի մը քով երէկուընէ պիտի չգտնենք» (Քենթ, Ուաշինկթըն, ԱՄՆ)։

«Անկեղծօրէն կ’ըսեմ, ո՛չ գիտէի անոնք ո՛վ են, ոչ ալ ինչի՛ կը հաւատան» (Սեսիլի, Էսպիերկ, Դանիա)։

Շատ հաւանաբար տեսած ես Եհովայի վկայ մը դռնէ–դուռ կամ հանրային տեղ մը կը քարոզէ, աստուածաշնչական հրատարակութիւններ կը բաշխէ եւ Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութիւն կ’առաջարկէ։ Թերեւս այս պարբերաթերթը անոնցմէ առած ես։ Բայց թերեւս տակաւին կը հարցնես, թէ անոնք իսկապէս ո՛վ են։ Թերեւս վերը յիշուած անձերէն մէկուն պէս կը մտածես։

Եթէ այսպիսի հարցումներ ունիս, պատասխանները ո՞ւր կրնաս գտնել։ Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ, թէ Եհովայի վկաները իսկապէս ինչի՛ կը հաւատան, իրենց ծառայութեան եւ պաշտամունքի վայրերուն համար պէտք եղած դրամը ուրկէ՛ կ’ապահովուի, եւ անոնք ինչո՛ւ դուռդ կը զարնեն եւ հանրային տեղերը հետդ կը խօսին։

Վերը նշուած Սեսիլին կ’ըսէ. «Եհովայի վկաներուն մասին շատ կը կարդայի համացանցին վրայ։ Կարգ մը տարաձայնութիւններ լսեցի եւ շատ մը սխալ կարծիքներու ականջ տուի։ Այսպիսով, Եհովայի վկաներուն մասին լաւ գաղափար չկազմեցի»։ Սակայն ետքը Սեսիլին ուղղակի Եհովայի վկաներուն հետ խօսեցաւ եւ իր հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ ստացաւ։

Կ’ուզե՞ս Եհովայի վկաներուն մասին հարցումներուդ ճի՛շդ պատասխանները առնել։ Քեզ կը քաջալերենք որ այս նիւթին շուրջ ամէնէն շատ տեղեկութիւն ունեցողներուն հարցնես, այսինքն՝ Եհովայի վկաներուն, որոնք այս պարբերաթերթը կը հրատարակեն (Առակաց 14։15)։ Կը յուսանք որ յաջորդ յօդուածները քեզի օգնեն գիտնալու, թէ մենք ո՛վ ենք եւ ինչի՛ կը հաւատանք, ինչպէս նաեւ՝ հասկնալու թէ մեր ըրած գործը ի՛նչ է։